ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Բազմիցս գրուած ու քննարկըւած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ազգային Եկեղեցի» ըլլալու իրողութիւնը։ Անշուշտ, այդ «ազգային» արտայայտութիւնը տասնամեակներ շարունակ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած է, սակայն, բոլորս ալ գիտենք, որ Հայ Եկեղեցին մեկուսացած հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու փոխարէն՝ հայ ազգին անբաժան մէկ մասնիկը եղած է. հաստատութիւն՝ որ հայ ազգին պարգեւեց հայոց այբուբենը, գիր-գրականութիւն, պատմութիւն եւ շատ աւելին: Հաստատութիւն՝ որ տեսաւ բազմաթի՜ւ թագաւորութիւններ, բազմաթի՜ւ հալածանքներ ու դժուարութիւններ, սակայն, յաջողեցաւ իր հազարեօթհարիւր տարուան գոյութիւնը պահպանել: Այս բոլորը կը դիտենք որպէս դրական, սակայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «…պատմական գործօնները Հայ Եկեղեցին դարձուցած են հզօր ազգային հաստատութիւն, ինչ որ ստուեր ձգած է անոր հոգեւոր ինքնութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան վրայ»։ Պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն, եկեղեցին հոգեւորը գրեթէ ձգած ստիպուած եղած է զբաղիլ ազգայինով եւ այդ մէկը պատճառ եղած է, որ եկեղեցին իր պարտաւորութիւնը հոգեւորէն բաժնէ երկու մասի՝ նաեւ ազգայինի։ Եթէ Հայաստանի պատմական անցեալը նման ըլլար եւրոպական որոշ երկիրներու, ապա Հայ Եկեղեցւոյ պարագան կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ։ Այսօր կան բազմաթիւ երկիրներ, ուր եկեղեցին լոկ հոգեւոր առաքելութեամբ կը զբաղի եւ հեռու կը մնայ ազգայինէն՝ քաղաքականէն, սակայն, հայ ժողովուրդի պարագան այդպէս չէ եւ այդպէս չէր կրնար ըլլալ: Հայ ժողովուրդը երբ չունէր թագաւորութիւն, չունէր իշխանութիւն՝ Հայ Եկեղեցին էր ազգային կեանքի կազմակերպիչը։ Այդպէս էր 1000-ական թուականներուն. այդպէս էր դար մը առաջ եւ այդպէս է այսօր։ Պատմութիւնը կը փաստէ, թէ 1915-էն ետք եկեղեցին հայկական գաղութներն ու ազգային կեանքը կարգաւորելու համար ի՜նչ մեծ աշխատանք տարաւ։ Սփիւռքի մէջ առաջին հայկական դպրոցները եղան եկեղեցիները եւ հայ ժողովուրդը առաջին իսկ վայրկեանէն առաջնահերթ նկատեց Հայ Եկեղեցւոյ կառուցումը, որովհետեւ եթէ չըլլար եկեղեցին՝ ազգութիւնն ու ինքնութեան զգացումը կրնար շատ աւելի նուազիլ՝ ինչ որ տեսած ենք որոշ գաղութներու պարագային: 

Կարդացէ՛ք որոշ արեւմտահայ գրողներու աշխատութիւնները. օրինակի համար, կարդացէ՛ք Վահրամ Մավեանի գրութիւնները։ Անոնց մէջ պիտի տեսնէք, որ ինչպէս օտարութեան մէջ ապրող հայը իր ազգութիւնը պահելու համար կու գար եկեղեցի՝ նոյնիսկ շատ անգամ առանց արարողութեան մասնակցելու։ Եկեղեցի գալը շատերու համար հոգեւոր սնունդէն աւելի ազգային գիտակցութեան վերականգնում էր պարզապէս: Այս բոլորը պատճառ եղած են, որ շատ անգամ հայ ժողովուրդը Հայ Եկեղեցին հոգեւոր կեդրոնի փոխարէն՝ ազգային գիտակցութեան ու մշակոյթի պահպանման կեդրոն որպէս տեսնէ: 

Անշուշտ, Արամ Ա. Կաթողիկոս այս բոլորը արդարացի չի գտներ. եկեղեցին ինչքան ազգային, նոյնքան եւ տեղ մը աւելի հոգեւոր սնուցում պէտք է ջամբէ ժողովուրդին։ Եթէ այսօր սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդը օտար ամուսնութիւն կը կնքէ, այդտեղ իր խօսքն ու դերը պէտք է ունենայ եկեղեցին՝ ինչպէս անցեալին։ Երբ ազգային գիտակցութիւն, դաստիարակութիւն ըսենք, ազգայինին մէջ ինքնաբերաբար տեղ կը գտնէ նաեւ հոգեւորը, որովհետեւ դարեր շարունակ մտաւորականներ հայ ըլլալու գաղափարին հաւասար դիտած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալու կարեւորութիւնը: 

Եկեղեցին պէտք է այսօր հաւասարութիւն յաջողի ստեղծել իր ազգային ու հոգեւոր առաքելութեան միջեւ։ Իրականութեան մէջ, երկու տարբեր իրողութիւններ են՝ երկու տարբեր կարողութիւններ։ Արամ Ա. չ՚առաջարկեր մոռնալ ազգայինը եւ կեդրոնանալ հոգեւորին վրայ, ո՛չ ալ կ՚առաջարկէ հոգեւորը մոռնալ ու կեդրոնանալ ազգայինին վրայ. Կ՚առաջարկէ հաւասարակշռել եւ առաջնահերթութիւնները ճշդել, որպէսզի ազգայինին համար հոգեւորը եւ հոգեւորին համար ազգայինը զոհ չդառնայ: 

Կար ժամանակ, որ Հայ Եկեղեցին կը պայքարէր իր գոյութիւնը ապահովելով։ Այսօր այդ վտանգը գրեթէ վերցուած է անոր վրայէն, սակայն, այդ վտանգին տեղ եկած է նորը՝ արդիական ու կենսունակ մնալու հրամայականը, որովհետեւ եթէ եկեղեցին ինքզինք չվերանորոգէ, ժամանակ մը ետք պիտի վերածուի թանգարանի եւ թանգարանները հին ու ժամանակավրէպ արժէքներն են, որ կը ցուցադրեն։ Եկեղեցին մարդոց յիշողութեան մէջ ո՛չ թէ անցեալ, այլ պարտի ներկայ ըլլալ, որովհետեւ այսօր եւս եկեղեցին ունի ընելիք՝ նոյնիսկ շատ անգամ անցեալէն շատ աւելի։ Առողջ հաստատութիւն մը պայքարով կարելի է կենդանի պահել, սակայն, երբ հարցը արտաքինէն աւելի ներքին է՝ շատ աւելի վտանգաւոր է։ Անցեալին պայքարը թշնամիներուն դէմ էր, այլ կրօնի ներկայացուցիչներու հետ էր, այսօր պայքարը օտարէն աւելի մենք մեզի դէմ կը մղենք: 

Մեր մաղթանքն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսութիւնները՝ նուիրապետական աթոռներով զիրար հալածելու եւ մէկը միւսէն աւելի «վեր» երեւելու փոխարէն՝ ձեռք ձեռքի տալով դէպի բարօր ապագայ առաջնորդեն Հայ Եկեղեցին, որովհետեւ այսօր հայ երիտասարդը շատ ակնկալիքներ ունի եկեղեցիէն եւ եկեղեցին մանրուքներով զբաղելու փոխարէն՝ պէտք է առաջնահերթ դարձնէ զանոնք:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Դպրո՛ցն է ազգային իմացական կառուցուածքի հիմնասիւնը. դպրո՛ցն է մտաւոր վերածնութեան խոշորագոյն ազդակը:

ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026