ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

Եթէ մարդկութեան ծառայելու համար մարդս գործի լծող դրդապատճառը Աստուծոյ հանդէպ մարդուն ունեցած սէ՛րն է, ալ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգիլել զայն։ Արդարեւ, մարդ կոչուած է իր նմանին ծառայելու, քանի որ Յիսուս՝ Ի՛նք ալ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ…

Եւ այս կոչումին ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն, տառապա՞նք, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը…». (ՀՌՈՎՄ. Ը 35)։ Քրիստոսի սէ՛րն է, որ հաւատացեալը կը ստիպէ ծառայելու՝ անշահախնդիր, առանց որեւէ ակնկալութեան։ Ուստի, եկեղեցական ընդհանուր պատմութեան մէջ ալ կարելի է նկատել միեւնոյնը։ Առաջին դարէն մինչեւ մեր օրերը ապրող, գրեթէ բոլոր ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատացեալներ, հոգեւորականներ, քարոզիչներ եւ մէկ խօսքով՝ անմահ հոգիներու փրկութեան հանդէպ այրող անկեղծ սիրտ եւ ջերմ փափաք ունեցողներ, շատ համեստ շրջանակներէ սերած ըլլալով, համեստ պայմաններով Աստուծոյ՝ մեծ «գործ»ին խոնարհ ծառաները եւ ջահակիրները հանդիսացան։ Անոնք փրկութեան Աւետարանը՝ «Բարի Լուր»ը տարածեցին։ Անձնական աշխատանքով եւ քարոզչութիւնով թանկագին հոգիներ շահեցան Յիսուս Քրիստոսի համար։

Այս վկայութիւնը տալու համար, հաւատացեալը որքա՜ն ուշադիր եւ զգոյշ ապրելու է, որ գայթակղութեան պատճառ չըլլայ։ Այլ որպէս «լոյսի որդիներ», լոյս ըլլալու է մարդոց առջեւ, վկայ եւ տիպար… մտածումով, խօսքով, գործով, ամբողջ կեանքով, վարմունքով, ապրելակերպով։

«Ես մարմինս կը ճնշեմ եւ կը նուաճեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ ես ինքս խոտելի գտնուիմ», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Թ 27)։

Պօղոս առաքեալ մարդկութեան փրկութիւնով մտահոգուած եւ Սուրբ Հոգիէն մղուած կը պատմէ, որ մարդիկ չյետաձգեն այս շատ կենսական նիւթը եւ կ՚ըսէ. «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի։ Ահա հիմա՛ է ընդունելի ժամանակը, հիմա՛ է փրկութեան օրը»։ Այս օրը յետաձգել ճշմարիտ մշակին գործը չէ՛…

Պօղոս առաքեալ հոգիներու երկինք հասնելուն պատճառ եղաւ, որոնք երկինքի ճամբաներուն մէջ ուրախութեամբ կը ցնծան այն բնագաւառներուն մէջ՝ որ Յիսուս Քրիստոս այդ տեղերը պատրաստելու գնաց։

Ուստի, հաւատացեալին կը մնայ աւելի անձնուրաց բծախնդիր ապրիլ հոգեւոր կեանքը՝ անշահախնդիր ծառայել անմահ հոգիներու փրկութեան՝ եւ սատարել անոնց հոգեւոր աճման։ Երանելի՜ է այն հաւատացեալը, եթէ իր ծառայութեան փոխարէն ստանայ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն փառքի, հոգեւոր ուրախութեան եւ պարծանքի պսակները։

Ծառայենք, օգնենք մեր նմաններուն, քանի որ մեր սկզբնական կոչումը իրերօգնութիւն է՝ ծառայել իրարու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 29, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2026