ԽՕՍՔՈՎ ԴԻՒՐԻՆ Է. ԳՈՐԾՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ

Իւրաքանչիւրս ունինք սկզբունքներ, համոզումներ ու որոշ դիրքորոշումներ, որոնք որպէս հիմք ունենալով կը փորձենք ապահովել մեր գոյութիւնը. սակայն, միշտ հաւատարիմ չենք ըլլար անոնց նկատմամբ: Յաճախ կը կարծենք, որ այս կամ այն սկզբունքին տէրն ենք, խօսքով կը հաստատենք այդ մէկը, սակայն, երբ իրականութեան դէմ յանդիման գտնուինք, ամբողջովին տարբեր դիրքորոշում մը կ՚ունենանք։ Այս բոլորին մասին աւելիով սկսայ մտածել, երբ տեսայ, թէ հոգեւորական մը ինչպէս երես դարձուց իր մտերիմ բարեկամէն՝ վերջինիս կատարած սխալին պատճառով: Այս կէտին է, որ սկզբունքն ու իրականութիւնը կու գան զիրար հակասել, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ ներողամտութիւն, անյիշաչարութիւն քարոզող եկեղեցականը ի՛նք կը դժուարանայ կատարել այն՝ ինչ կը քարոզէ եւ երբ քարոզն ու կեանքը զիրար հակասեն, այդտեղ լուրջ թերացում մը պէտք է փնտռել: 

Թէ՛ եկեղեցականի, թէ՛ ծնողքի, թէ՛ ուսուցիչի եւ թէ ղեկավարի պարագային ամենէն մեծ քարոզը, դասն ու դաստիարակութիւնը ապրուած կեանքի օրինակն է։ Պատկերացուցէ՛ք հայրենասիրութիւն քարոզող, սակայն, իր գործերով հայրենիքին դաւաճանող «հայրենասէր» մը։ Անոր խօսքը ինչքանո՞վ ազդու պիտի ըլլայ՝ եթէ գործը ամբողջութեամբ հակառակն է այն խօսքին, որուն հաւատալ կը ձեւանայ. կամ ո՞վ կը հաւատայ արդարադատութեան մասին խօսող դատաւորի մը, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին արդարութեան փոխարէն սեփական շահը կը հետապնդէ։ Խօսքը իմաստ կը գտնէ անձի մը մօտ միայն այն ժամանակ, երբ գործի կը վերածուի: 

Որպէսզի այս բոլորը աւելի հասկնալի ըլլայ, տանք իրական օրինակ մը։ Կարգ մը եկեղեցականներ կ՚ուզեն, որ եկեղեցական կարգէն հեռացող նախկին եկեղեցականներ Մայր Աթոռ չայցելեն։ Կարգ մը եկեղեցականներ կարգաթողները կը տեսնեն որպէս «թշնամի»՝ հակառակ անոր, որ խորաններուն վրայէն թշնամին նոյնիսկ սիրել կը քարոզեն։ Եօթանասուն անգամ եօթ անգամ ներել քարոզողները՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ յանկարծ իրենց քարոզներէն ամբողջովին հակառակ կը վարուին։ Առիթով մը կարգաթող եկեղեցականի մը մայրը՝ նախկին տիրամայր մը Մայր Աթոռ կը գտնուէր եւ եկեղեցական մը իր շուրջիններուն հետեւեալը ըսաւ. «Այս կինը ի՞նչ գործ ունի այստեղ»։ Կինը լսեց այդ մէկը եւ վշտացաւ։ Կը հասկնանք, որ Քրիստոս առիթով մը ըսաւ, որ անոնց գործերուն մի՛ նայիք՝ սակայն ըսածները գործադրեցէք, բայց երբ խօսքն ու գործը ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութիւններու վրայ գտնուին, ինքնաբերաբար վստահութիւնն ալ կը կորսուի: 

Բոլորս ալ կ՚ուզենք, որ մեր շրջապատը չսխալի. բոլորս ալ կ՚ուզենք շրջապատուած ըլլալ անձերով, որոնք ո՛չ միայն ճիշդը գիտեն, այլեւ ճիշդը կ՚ընեն, ճիշդը կ՚ապրին, սակայն, սխալները անհրաժեշտ են՝ քննութեան ենթարկելու մեր սկզբունքներն ու համոզումները։ Օրինակի համար, խաղաղութեան ժամանակ բոլորը հայրենասէր եւ հայրենիքի համար նահատակ դառնալու պատրաստ կը դառնան, պատերազմի ժամանակ է, որ ոմանց կեղծ, իսկ ոմանց ճշմարիտ ըլլալը կը պարզուի։ Պատերազմի ժամանակ նահատակ դառնալու պատրաստ եղողներէն շատ շատեր կ՚անհետանան: Այդ իսկ պատճառով բացասական երեւոյթները մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտ են՝ տարբերելու համար ճշմարիտը սուտէն:

Այս բոլորը ի միտի ունենալով՝ մարդ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր սկզբունքներն ու համոզումները։ Իւրաքանչիւրս ունինք համոզումներ. կը հաւատանք, որ եթէ մեր եղբայրը սխալի ու ներողութիւն խնդրէ՝ կը ներենք. իրական գետնի վրայ մեր այդ սկզբունքներէն քանի՞ն կեանքի կը վերածուի: 

Ի դէպ ըսենք. սկզբունքը կեանքի կոչելը մեր պատկերացուցածին պէս դիւրին չէ։ Մեր թուականէն տասնամեակ մը առաջ մարդասպան մը սպաննեց ութ աղջնակ։ Դատավարութեան ընթացքին անոնց ծնողները անէծքի ու ատելութեան խօսք բարձրացուցին, սակայն, անոնցմէ միայն մէկը ըսաւ հետեւեալը. «Դուն պատճառ եղար, որպէսզի ես կարենամ գործադրել այն՝ որուն կը հաւատամ. այն՝ ինչ որ Տէրը ըսաւ, որ ընեմ։ Ներեցէ՛ք. ես քեզ կը ներեմ»: Վստահաբար, այս խօսքերը զոհուած երիտասարդի մը հօրը համար դիւրին չեն, սակայն, խօսքը գործի վերածելը այս երեւոյթը ունի: 

Վստահաբար դժուար է այս բոլորը ընել, սակայն, որպէս լուծում կ՚առաջարկենք հետեւեալը. Աստուածաշունչի ամենէն կենդանի պատգամը մեր կարծիքով հետեւեալն է. «Ինչ որ կ՚ուզէք ձեզի ընեն՝ նոյնը ըրէք անոնց»։ Որպէս մարդ բոլորս ալ սխալական ենք. բոլորս ալ կամայ թէ ակամայ կրնանք այս կամ այն սխալին մէջ յայտնուիլ եւ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք մեզ ներեն՝ պարտաւոր ենք նոյնպէս մենք ներել։ Կեանքի մէջ սխալելու եւ չսխալելու միջին մը գոյութիւն չունի. կայ սխալ եւ կայ ճիշդ եւ որպէս սկզբունք եթէ այս մէկը սխալ է մեզի համար՝ ապա զայն ի գործ դնողը ով ալ ըլլայ, պարտի շարունակել մնալ սխալ։ Վստահաբար, բոլորին ներել հնարաւոր չէ՝ մանաւանդ եթէ անձը այդ նոյն սխալը բազմիցս կը կրկնէ. բայց վիճակը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ քարոզողներ, դաստիարակողներ հակառակ մնան իրենց քարոզներէն ու սկզբունքներէն: 

Արդ, կը հաւատանք, որ մերօրեայ սերունդը խօսքերով չի տարուիր։ Եթէ անցեալին լաւ քարոզներով ու ճառերով մարդիկ կ՚ոգեւորուէին ու կ՚ազդուէին, այսօր վիճակը քիչ մը տարբեր է։ Մարդիկ այսօր միայն գործերով կ՚ոգեւորուին (թէեւ ներկայ ընկերութիւնը կը փաստէ, որ շատ անգամ գործը եւս կրնայ խաբել՝ եթէ կը կատարուի յատուկ նպատակի մը համար)։ Պարզապէս պէտք է բոլորս վերատեսութեան ենթարկենք մեր սկզբունքները, դարձեալ սահմանենք մեր ճիշդերն ու սխալները եւ մեր կեցուածքը որդեգրենք իրական կեանքի օրինակներու հիման վրայ։ Խօսքը ձրի է. բոլորը կրնան խօսիլ, սակայն, այդ խօսքը կեանքի կոչողներն են ճշմարիտ քաջերը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երբ ձեր մէկ բարեկամը վատութիւն մը գործէ ուրիշին հանդէպ եւ դուք պատահաբար գտնուիք անոր զոհին առջեւ՝ բնազդաբար կը մտնէք յանցապարտ հոգեվիճակի մը մէջ, նոյնիսկ եթէ մեղսակցութեան որեւէ բաժին ունեցած չըլլաք:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2026