ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՍԷՐԸ

«Բարեկամական սէրը» կը կոչուի «եղբայրսիրութիւն», երբ ուրիշին մեծ արժէքը կ՚ըմբռնուի եւ կ՚արժեւորուի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ուրիշին «մեծ արժէք» եղող գեղեցկութիւնը, որ անոր ֆիզիքական կամ հոգեբանական հրապոյրներուն հետ չի շփոթուիր, մեզի թոյլ կու տայ անոր անձին սրբազնութիւնը փորձարկելու, առանց սակայն անոր անձին տիրապետելու բուռն ըղձանքին։

Գեղեցկագիտական (=Esthétique, connaissance du beau) զգացումը կ՚աղքատանայ, ուրախութիւնն ալ կը փարի սպառումի ընկերութեան մէջ, ուր ամէն ինչ եղած է գնուելու՝ իւրացուելու, տիրանալու կամ սպառելու համար, նաեւ մարդի՛կը…։ Գթասրտութիւնը, ընդհակառակն, արտայայտութիւնն է այն սիրոյն՝ որ եսասէր եւ եսամոլ տիրապետումի բաղձանքէն կը ձերբազատուի։ Ան մեզ կ՚առաջնորդէ անձի մը դիմաց անհո՜ւն ուրախութեամբ ցնծալու, միանգամայն վախնալու, որ իրեն վնաս չհասցնենք կամ զինք իր ազատութենէն չզրկենք։

Ուրիշին սէրը կ՚ըմբռնէ ճաշակը անով զմայլելու եւ գեղեցիկը արժեւորելու, ինչպէս նաեւ անձին սրբազնութիւնը՝ որ կայ իմ կարիքներէս անդին։ Ասիկա ինծի թոյլ կու տայ անոր բարիքը փնտռելու, երբ գիտեմ՝ թէ ան չի կրնար ի՛մս ըլլալ եւ կամ երբ ֆիզիքապէս տգեղցած, կռուազան կամ խանգարիչ դարձած է։

Ահա՛ թէ ի՛նչու մարդուն նուէր կ՚ընեն, որովհետեւ զինք կը սիրեն։

Սիրոյ գեղագիտական արտայայտութիւնը կը գտնուի այն նայուածքին մէջ, որ «ուրիշ»ը կը սեւեռէ անոր անձին համար, նոյնիսկ եթէ ան հիւանդ է, ծեր է կամ զուրկ՝ նկատառելի հրապոյրէ։ Արժեւորել գիտցող ակնարկը հսկա՛յ կարեւորութիւն ունի, զոր մերժելն ալ՝ վնաս կը հասցնէ ընդհանուր առմամբ։ Ամուսինները՝ այր եւ կին, եւ զաւակները երբեմն ինչե՜ր չեն ըներ, որպէսզի դիտուին եւ նկատի առնուին։ Բազմաթիւ վէրքերու եւ տագնապներու պատճառն այն է, որ մենք կը դադրինք զիրար դիտելէ։

Ընտանիքներու մէջ լսուած կարգ մը գանգատները եւ կամ պահանջները սա իրականութեան արտայայտութիւնն են. «Ամուսինս ինծի չի՛ նայիր, կարծես թէ իրեն համար ես անտեսանելի դարձած ըլլամ», «Հաճիս ինծի նայէ՛, երբ հետդ կը խօսիմ», «Կինս այլեւս ինծի չի՛ նայիր, անոր աչքերը այլեւս զաւակներուս վրայ են», «Տանս մէջ՝ ես ո՛չ ոքի համար գոյութիւն ունիմ, զիս ո՛չ իսկ կը նկատեն՝ իբր թէ գոյութիւն չունենայի»։ Սէրը աչքերը կը բանայ եւ ամէն բանէ աւելի՝ ան թոյլ կու տայ, որ տեսնուի, թէ մարդ արարածը ի՛նչ կ՚արժէ։

Հարկ է մշակել դիտել սիրող այս հրճուանքը։ Արդարեւ, մարդ արարածը սիրելու համար ստեղծուած ըլլալով, ուստի յայտնի է, թէ միատեղ բաժանուած բանէ մը աւելի մեծ ուրախութիւն չկայ. «Նուիրէ՛ եւ ստացի՛ր, հոգերդ ցրուէ՛, ուրախութիւնը բանտին մէջ չե՛ն փնտռեր». (ՍԻՐԱՔ ԺԴ 16)։ Կեանքի ուրախութիւնները ամենախոր ա՛յն ատեն կը ժայթքին, երբ կարելի կ՚ըլլայ ուրիշները ուրախացնել, ուրիշներուն երջանկութիւն տալ, երկինքէն առաջ։ Քաղցր եւ ոգեւորիչ է ուրիշին հաճոյք պատճառելը եւ զայն ուրախացնելը։ Եղբայրսիրութեան պատճառած այս գոհացումը վայելելը՝ արդիւնքը չէ՛ ինքնահաւան մարդուն սնափառութեան, այլ՝ սիրո՛ղ անձին, որ սիրելով՝ հաճոյք կը զգայ, կը բացուի դէպի «ուրիշ»ը եւ անոր մէջ բեղմնաւոր կը դառնայ։

Ուրախութիւնը, այլուստ, կը վերանորոգուի տառապանքին մէջ։ Ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Որքան պայքարի մը մէջ վտանգը մեծ էր, նո՛յնքան ալ յաղթանակին մէջ ուրախութիւնը մե՛ծ պիտի ըլլայ»։ Մարդկային քիչ ուրախութիւններ այնքան խորունկ եւ ուրախալից են, ո՛րքան երբ զիրար սիրողներ միատեղ կը նուաճեն բան մը՝ որ իրենց երկուքէն մեծ ջանք մը պահանջեց։ Իրական «բարեկամ»ը ա՛յն է՝ որուն մասին կ՚ըսես.- երանի՜ որ զայն ճանչցեր եմ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 3, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026