ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՄՈՒՐԱՐ ԻՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ»
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան՝ 2026-2031 շրջանի ծրագրին։ Նախօրէին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն ներկայացուցած էր ծրագիրը՝ ընդդիմադիր երեսփոխաններու հետ բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանը երէկ հաստատեց կառավարութեան ծրագիրը։ Այս առթիւ երեսփոխանները կատարեցին քուէարկութիւն, որու արդիւնքով ծրագրին ի նպաստ ձայներուն թիւը եղաւ 63, դէմ ձայներուն թիւն էր 24։
Կառավարութեան ծրագրի հաւանութեան արժանանալէ վերջ, Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ արտաքին ու ներքին օրակարգի բազմաթիւ թէժ խնդիրներուն։ «Այսօր Կեդրոնական Ասիան աշխարհի ռազմավարական կարեւոր կէտերէն մին է՝ ընդ որում մշակութային հարուստ ժառանգութեան։ Այսօր Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններէն իւրաքանչիւրը իր մոտելով յաջողած եւ յաջող է», ըսաւ վարչապետը։
Այս փուլին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ խօսեցաւ՝ վերջին շրջանին իր կողմէ յաճախ բարձրաձայնուած Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան մասին։ Վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Չորրորդ Հանրապետութիւնը չ՚երթար մուրալ զանազան աշխարհաքաղաքական բեւեռներու մէջ իր գոյութեան իրաւունքը։ Չորրորդ Հանրապետութիւնը ամէնօրեայ աշխատանքով կը վաստակի իր ապրելու, զարգանալու իրաւունքը»։