ՀԱՄԲԵՐՈՂ ՄԱՐԴԸ

«Համբերող մարդ» կը նշանակէ այն անձը՝ որ համբերատար է, հոգեպէս տոկուն եւ չարքաշ է, երկայնամիտ է. կը հանդուրժէ, բարկութեան չի գրգռուիր, չի ջղայնանար, ներողամիտ կը գտնուի, չի գանգատիր, չի դժգոհիր, խաղաղութեամբ եւ յոյսով կը սպասէ. կը սպասէ եւ երբեմն կը սպասէ նոյնիսկ առա՛նց յոյսի…

Աշխարհի մարդը անընդունակ է ընդհանրապէս աւետարանաշունչ եւ հոգեւոր համբերութեան։ Համբերութիւնը՝ գործադրելը դժուար առաքինութիւն մըն է։ Ուստի, հոգեւոր համբերութիւնը միա՛յն Սուրբ Հոգին կրնայ ներմուծել եւ միայն Սուրբ Հոգիին լեցունութեամբ կարելի է ունենալ։ Ան մաս կը կազմէ Տէր Յիսուսի խոստացած «աւելի կեանք»ին՝ որ միայն բոլորանուէր հաւատացեալի՛ն յատուկ է. (ՅՈՎՀ. Ժ 10)։

Դժուարութիւններու չե՞ս տոկար, քեզի անախորժ ունակութիւն ունեցող ընկերոջդ կամ ներողութիւն պատճառող դրացիիդ չե՞ս հանդուրժեր, ներողամիտ չե՞ս ըլլար անոր, կեանքի դժբախտ պարագաներուդ համար կը գանգատի՞ս, այս կա՛մ այն նեղութեան կամ դժուարութեան առջեւ չե՞ս յաջողիր «ակռայ սեղմել», այո՛, ասով հանդերձ դեռ «հաւատացեալ» չե՛ս կատարելապէս, քանի որ քեզի կը պակսի Սուրբ Հոգիին լեցունութիւնը՝ «աւելի՛ կեանք»ը, որ յաղթական կեանքի բանալին է։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Համբերութիւն պէտք է ձեզի…». (ԵԲՐ. Ժ 36)։ Ուստի, մարդս ե՞րբ պէտք ունի համբերութեան։ Զոր օրինակ, երջանիկ կամ մեծահարուստ մարդուն կարելի՞ է ըսել, թէ ան իր երջանկութեան եւ կամ հարստութեան մէջ համբերութեան կը կարօտի։ Իսկ յաջողակ մարդուն համար կրնա՞ն ըսել, թէ ան պէտք է հանդուրժէ յաջողութեան։ Գալով մեծահարուստ մարդուն, ըսե՞նք, որ ան պէտք չէ գանգատի հարստութենէն։ Ծիծաղելի պիտի չըլլա՞ր, եթէ շարունակ ուրախ մարդու մը պատուիրէինք՝ «համբերէ՛ ուրախութիւններու»։

Ո՛չ, կեանքի ուրախ եւ երջանիկ պարագաներու կամ բարեբախտ եւ յաջող պայմաններու մէջ համբերատարութեան կամ երկայնամտութեան կարիք չունի մարդը։ Ասոնք պէ՛տք ունի ան, ընդհակառակը, դժուարութիւններու եւ չարչարանքներու մէջ, կեանքի անախորժ եւ անտանելի կացութիւններու մէջ, մէկ խօսքով՝ կեանքի ճնշիչ պայմաններու մէջ, ճիշդ ա՛յնպէս ինչպէս զինուորը զէնքի պէտք ունի պատերազմի ժամանակ։

Ուրեմն, շատ բնական, իրաւացի եւ արդարացի կարելի է գտնել Պօղոս առաքեալի յորդորները իր հաւատակիցներուն. «Նեղութիւններու համբերէ՛» կամ «Նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք»։ Յակոբոս առաքեալ եւս համբերութիւնը կը կցէ եւ կը միացնէ տառապանքներուն եւ ո՛չ թէ ուրախ պարագաներուն, երբ կ՚ըսէ. «Չարչարանքներու եւ համբերութեան օրինակ առէք մարգարէները… Յոբի համբերութիւնը լսած էք դուք…». (ՅԱԿ. Ե 10)։

Եւ իրօք, ո՞վ չէ իմացած Յոբի դժբախտ պատմութիւնը։ Իր գլխուն «պայթած» պատուհասներէն առաջ, իր բարգաւաճ եւ երջանիկ օրերուն մէջ, համբերութիւնը անհեթեթ եւ անիմաստ բան մը պիտի ըլլար Յոբի։ Բայց, երբ բացի իր շունչէն, կորսնցուց ամէն բան։ Յոբ համբերութեան, համբերատարութեան, հոգեւոր տոկունութեան, անտրտունջ եւ համակերպ հոգիի գեղեցկագոյն օրինակը ցոյց տուաւ իր հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Տէրը տուաւ եւ Տէրը առաւ. օրհնեա՛լ ըլլայ Տիրոջ անունը». (ՅՈԲ. Ա 21)։ Եւ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ՝ «Այս բոլորին մէջ Յոբ իր շրթունքներով չմեղանչեց». (ՅՈԲ. Բ 10)։

Եւ անշուշտ, Յոբ իր սրտո՛վ ալ մեղանչած չեղաւ, քանի որ բերանը սրտի աւելցուքէն կը խօսի։ Համբերութիւնը, ուրեմն, անհրաժեշտ ազդակ մը կը հանդիսանայ հոգեւոր կեանքի աճման, զարգացման եւ պտղաբերման համար։ Ան հոգեւոր կարիք մըն է, ան պահանջք մը, պէ՛տք մըն է։ Եւ ան ինչո՞ւ պահանջք մը, կարիք մըն է։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարուելով ստանա՛ք խոստումը». (ԵԲՐ. Ժ 36)։ Կը հետեւի, թէ համբերութիւնը Աստուծոյ կա՛մքն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 27, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026