ՉՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔ - ՉՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Որոշ ժամանակ հայը ապրեցաւ այն հոգեբանութեամբ՝ ինքզինք համոզելով, թէ սփիւռքի մէջ իր գոյութիւնը ճակատագրի մը անարդար հետեւանքն էր։ Գաղթականներու առաջին սերունդը ակամայ հասած էր այդտեղ եւ կայք հաստատած։ Այս հոգեբանութիւնը որոշ ժամանակ արդարացի թուեցաւ՝ մա՛նաւանդ Հայաստանի ոչ-անկախութեան տարիներուն, անկախութենէն ետք է, որ այդ հոգեբանութիւնը առերեսուեցաւ իրականութեան։ Սփիւռքի գոյութիւնը ճակատագիրէն աւելի ընտրութեան հարց է, կամեցողութեան հարց է։ Անշուշտ, սփիւռքը չընդունեց եւ մինչեւ օրս չ՚ընդունիր այդ մէկը, որովհետեւ դաստիարակութեամբ կը հաւատայ, թէ ինք կ՚ապրի, կը ստեղծագործէ Հայաստանի համար, ազատ ու անկախ Հայաստան մը ունենալու տեսլականով։ Վերացական գետնի վրայ այս է սփիւռքի գոյութեան նպատակը, սակայն, իրական գետնի վրայ վիճակը տարբեր է։ Ահաւասի՛կ, ունինք ազատ ու անկախ Հայաստան մը, եթէ իրաւացի է այդ դաստիարակութիւնը, ապա հայրենիքը իր դռները բացած է իւրաքանչիւր հայու դիմաց՝ անկախ իր քաղաքական ու ներքին պայմաններէն, որովհետեւ եթէ քաղաքական ու ներքին պայմանները ներգաղթի արգելք են, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկել հզօր ու միացեալ Հայաստան մը ուզելու գաղափարը, որովհետեւ նման Հայաստան ստեղծելը գործ կ՚ենթադրէ: 

«Հզօր սփիւռք - հզօր Հայաստան» արտայայտութիւնը իր մէջ ունի հայ հոգեբանութիւն մը։ Սկզբնական օրերէն մինչեւ այսօր սփիւռքը կ՚ուրանայ այն ճշմարտութիւնը, որ օտարութեան մէջ հայութիւնը կը նահանջէ։ Հզօր սփիւռք արտայայտութիւնը մխիթարութիւն մըն է անոր համար, որով կրնայ «ցոյց տալ», թէ հզօր սփիւռքի մէջ հայը կը շարունակէ հայ մնալ։ Այս «հզօր» արտայայտութիւնը ինչքան ալ Հայաստանի «լաւ» վիճակը ցոյց տալու համար գործածուի, իրականութեան մէջ, սփիւռքի գոյութիւնն է, որ կը պաշտպանէ. պէտք է հարց տալ. հզօր սփիւռք ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ։ Օրինակի համար՝ Ամերիկայի, Գանատայի կամ զարգացած այլ երկիրներու մէջ իրենց մայրենին չգիտցող երիտասարդներու գոյութիւնը այդ հզօրութեան մաս կը կազմէ՞. սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող օտար ամուսնութիւններու աճը այդ հզօրութեան մաս կը կազմէ՞. իսկ հայկական մշակոյթը օտար մշակոյթներու ազդեցութեան տակ աղաւաղելը մաս կը կազմէ՞ այդ հզօրութեան։ Եթէ ո՛չ, ապա հզօրութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ. նիւթական կարողութի՞ւնը. եթէ այո՛, այդ պարագային դարձեալ ունեցած չենք ըլլար հզօր Հայաստան մը, որովհետեւ հայրենիքի մը հզօրութիւնը իր ներքին ուժին, իր բարգաւաճումին մէջ է։ Երկիր մը հզօր կ՚ըլլայ, երբ կը յաջողի իր ներքին տնտեսական անկախութիւնը ձեռք բերել։ Հայրենիք մը հզօր կը դառնայ, երբ կը սկսի արտադրել այն՝ ինչ կը սպառէ։ Սփիւռքի նիւթական «ողորմութենէն» կախեալ հայրենիք մը երբեք չի՛ կրնար հզօր ըլլալ, որովհետեւ սփիւռքի նիւթական աջակցութիւնը ինչքան ալ անկեղծ ու բարեսիրական նպատակներով կատարուի, վերջաւորութեան հայրենիքին համար կը ստեղծէ կախուածութիւն մը եւ կախուածութեան մէջ հզօր չե՛ն ըլլար: Սփիւռքի օժանդակութիւնը կրնայ հացով կերակրել, սակայն, ցորենի արտեր չի կրնար ստեղծել, որովհետեւ ցորենի արտը մարդուժ կը պահանջէ եւ այս պարագային սփիւռքէն՝ ներգաղթ. ո՞ր մէկը առաջնահերթ է մեզի համար. ունենալ կախուածութիւն եւ ունենալ հաց, թէ ունենալ ցորենի արտեր ու տէրը ըլլալ սեփական հացի գոյութեան: 

Տասնամեակներ շարունակ կը լսենք նոյնը. սփիւռքը իր ներդրումը ունեցաւ հայրենիքի զարգացման մէջ։ Վստահաբար այս մէկը կարելի չէ մերժել, սակայն, ներդրումը եւս տեղ մը պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ։ Այս մէկը որպէս «զոհողութիւն» պէտք չէ ներկայացնել, որովհետեւ հայրենիքի մէջ արարելը շատ աւելի մեծ զոհողութիւն է, քան սփիւռքէն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելը: 

Սփիւռքի օժանդակութիւնը հայրենիքի հզօրացումէն աւելի սեփական խղճի հանգստութեան միջոց մըն է։ Սփիւռքահայը ի՛ր կամքով կը շարունակէ մնալ հայրենիքէն դուրս եւ իր խիղճին հանգստութիւն տալու եւ իր «հզօր» ըլլալը փաստելու համար նիւթապէս հայրենիքին քով կը շարունակէ մնալ։ Միւս կողմէ, այս երեւոյթէն կը տուժէ հայրենիքը, որովհետեւ սփիւռքէն կախուածութիւնը կամայ ակամայ կը յետաձգէ հայրենիքի սեփական ուժը ստեղծելու լուրջ ու առաջնահերթ հարցը: Հայաստան կը սպասէ սփիւռքի ներդրումին եւ իր սեփական տնտեսութեան աճը կը ձգձգէ, իսկ սփիւռքը նիւթական աջակցութեամբ իր գոյութիւնը կ՚ամրապնդէ օտարութեան մէջ եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք ծնունդ կ՚առնէ՝ «Հզօր սփիւռք - հզօր Հայաստան» կարգախօսը: 

Պատկերացուցէք, որ տուն մը ունի լաւապէս մարզուած չորս զաւակներ՝ որոնք կ՚ապրին երկիրէն դուրս։ Օր մը այդ անմարդաբնակ տունը գողերը կը խուժեն. այս պարագային օտարութեան մէջ գտնուող զաւակներու գոյութիւնը՝ որքան ալ մարզուած ըլլան անոնք, իրական գետնի վրայ ո՛չ մէկ արդիւնք պիտի տայ։ Գողը պիտի կողոպտէ ու թալանէ, որովհետեւ մարզուած զաւակներուն հեռաւոր գոյութիւնը պիտի չկրնայ արգելք հանդիսանալ։ Մեր սփիւռքի վիճակն ալ նոյնն է. ունինք մարզուած սփիւռք մը՝ որ վստահած է իր նիւթական հարստութեան, սակայն, երբ գողը մտնէ՝ այդ բոլորը անիմաստ են, որովհետեւ տան պաշտպանութիւնը տեղ մը ներկայութիւն կը պահանջէ: 

Լաւապէս գիտենք, թէ եկեղեցին, դպրոցը, ակումբն ու միութիւնները սփիւռքի հայութեան համար ի՜նչ մեծ ու դրական նշանակութիւն ունին ու ունեցան, սակայն, անոնց գոյութեան մէջ կայ ոչ-դրական երեւոյթ մը եւս։ Սփիւռքի մէջ հիմնուած հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, ակումբը, մամուլը եւ այլ արժէքներ պատճառ եղան, որ սփիւռքը մնայուն գոյութիւն ըլլայ։ «Հայը սփիւռքի մէջ նոր Հայաստան ստեղծեց», արտայայտութիւնը ինչքան ալ դրական թուի, իր մէջ ունի բացասական կողմ մը։ Հայը ինչո՞ւ օտարութեան փոխարէն Հայաստան մը չստեղծեց Հայաստանի մէջ՝ իր սեփական հողին վրայ. օտարութեան մէջ Հայաստան ստեղծող հայը թող վերադառնայ հայրենիք եւ նոյն այդ շինարարութեան ոգին թող հայրենի հողին վրայ ի գործ դնէ: Եթէ հզօր սփիւռքի հզօր զաւակը իր ապագայ գոյութիւնը չի՛ տեսներ հայրենի հողին վրայ, ապա այդ «հզօր»ութիւնը ո՞վ ի՛նչ ընէ… վերջապէս կորսուելու ենթակայ է:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մենք բաւական պատճառներ ունինք հպարտ ըլլալու իբրեւ հայ, որպէսզի պէտք չըլլայ քօղարկել աննպաստը, նամանաւանդ երբ այդ աննպաստը մասնայատուկ չէ հայուն:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026