ՏԻԵԶԵՐՔ ՏԵՍ ՈՒ ԼՍԷ ԱՆՁԸ ՄԵՐ (Գ.)

Վերապրեցնելով-գերխտացնելով ամենաժամանակը, որպէսզի անվերջ ծնունդ մը դառնան բոլոր ապրուած ու ենթադրեալ ապրումները։ Յիշատակերտումը, ինքնին յիշատակները  եւ յաւերժ փնտռուած՝ պայծառ ապրումները մարդկային ըլլալու հիմքն են:

Ինչքան տիեզերական է «ամէն ինչ», այնքան նոյն այդ «ամէն ինչը» մանրուքներով կը բանի:

Առտու արթնցայ շատ ուրախ ու լուսաւոր երազէ մը, որուն մէջ ես չէի, ինչքան մարդկայնական ամենամեծար հենք մը, առատութիւն մը հոգիի, լոյսի ու լուսարձակման: Հոն ես մը կար կախուած ամենայնութեամբ մը՝ տարածքն ու արժեբանութիւնը պարուրող, հոն ես էի չեսացած, հոն ամէնուն եսն էր եսացած: Առտուայ լոյսին ու յաջորդականութեան հետ կար շօշափումս, դէմքս, տարերքս ու անծայր առաքելութիւնը, կար այսօրը ամենակալ ու անցեալը հուժկու (նոյնինքն տիեզերքի տեսքով ու լինելութեամբ): Կամ ես այոյով ու ոչով մը, ինչքան ալ բացակային՝ միլիառաւոր մարդիկ եկած ու ապրած եւ ինչքան ալ սպասեմ գալիք եկող  միլիառաւոր մարդոց ու գոյերուն՝ տիեզերքով մը մեզ բանող ու թափանցիկացնող:

 Մարդոց հետ ու մարդոց համար․ իջնել տունէն եւ մեծ ու փոքր ճամբորդութիւնները փորագրել հոգեբանականութեան վրայ։ Հաւանաբար, այս է այսօրուայ կամ մշտական առաքելութիւնը մեր:

Այս տեղէն Տիգրան թագաւորը անցած է, կամ հոս ալ անձ մը գծած է տիեզերք ու իրեն հետ տիեզերք կը հոտի ամէն ինչ, ես ալ հպիմ շուքի մը, ամպի մը, բոյր մը տարածեմ կամ ներառեմ դիրքեր ոգեղէն։ Չէ որ կարօտալի տենդ մը միշտ կը սաւառնի մեր վրայ:

Մարդոց հետ յիշատակներու բաժնեկցումը եւ ակամայ մտային մարդամաղումը ինչքա՜ն կը յուզէ մեզ, չունինք չափիչ մը մարդկային, նաեւ փողոց փողոցի ետեւէն կը բացուին կեանքերը, գոյաբանութիւնը, տարերքներն ու հատուցուածութեան մե՜ծ պապակը:

Մարդակերտումը կը նուաղի ու թուի, թէ անկարելի է ամէն օր կերտել զայն, կամ մենք ամէն քայլի ու արարգագործման հետ կը գտնենք, որ ուրիշ ենք, հասկցող ու հասկնալի չենք այս ժամանակին մէջ: Սակայն, քանի տեղ մը կանք, օդանաւերէն դիտուած քաղաքները կը պարզեն բաց վերքագործում ու վերքաբուժում մը:

Ես օդանաւի պատուհանին քով կը սիրեմ նստիլ՝ մա՛նաւանդ գիշերը, քանի երբ անցնի օդանաւը շատ բարձր թռիչքով ու վարէն տեսնուին քաղաքներու աղօտ լոյսերն ու մարդկային կեանքերը՝ ամենահզօր, ամենախորհրդաւոր ու ամենայուզիչ պատկերներէն մէկը կը պարզուի:

Գիշերով տիեզերքին մէջ ու քաղաքներու-հաւաքականութիւններու լոյսերը:

Ի՞նչ է կոչը,

ու՞ր է ժամանակը

եւ ո՞վ ենք մենք․

այս երեք հարցումները կը սլանան՝ ուրուագծելով կարիք մը, տենչ մը տենդագին կամ տենդ մը տենչակերտ: Ըլլալը, ՀԻՄԱՆ ու սլացքը անցեալացած-ներկայացուած կը պսպղայ այդ լոյսերուն հետ․

-Ո՜հ, տիեզերք լսէ՛ մեզ, դուն մէկ ես, դուն սկիզբ ու վերջ չունիս, դուն գոյն ես մարմնացած ու կայացած յաւիտենականօրէն: Դժուար է ըսել այս բոլորը՝ մա՛նաւանդ գիշերները ու քնանալէ առաջ, բայց, մենք տակաւին արթնցող էակներ ենք ու կեանքակերտացած:

Անցեալով կայ կեանք մը, որ կանգուն է մեզի հետ ու կերտող է ամէն շարժում, ան փչուող է ամէն շունչի մէջ եւ նոյն սէրն ու կարօտը ըմբոշխման, որոնք բարձրագոյն արուեստն են եւ որոնք մխրճուած են անցեալին մէջ ու կը յամենան ըլլալու սրտախլումներ քաղցրագոյն:

Վերաարտաձեւուածը անցեալով ու կերտումը մեզ կը տանին տեղ մը, ուր պահային հրաշքը մեզ կը դարձնէ թեւածող ու տիեզերական: Մենք հոն ենք, ուր կայ ընկալումներու ընկալումը, ապրումներու ապրումը եւ կատարեալի բանալին:

Անցեալով կայ կեանք մը, որ կանգուն է մեզի հետ եւ կերտող է ամէն շարժում ու փչուող է ամէն շունչի մէջ եւ նոյն սէրն ու կարօտը, որոնք ըմբոշխման բարձրագոյն արուեստն են եւ որոնք մխրճուած են անցեալին մէջ ու կը յամենան ըլլալու քաղցրագոյն վիճակներ:

Վերաարտաձեւուածը անցեալով ու կերտումը մեզ կը տանին տեղ մը, ուր պահային հրաշքը մեզ կը դարձնէ թեւածող ու տիեզերական: Մենք հոն ենք, ուր կայ ընկալումներու ընկալումը, ապրումներու ապրումը եւ կատարեալի բանալին: Եւ այդ պայթումը… Ո՜հ, զգացման զգայնամոլութեամբ զօդուած այդ գեղեցիկ պայթումը, որ կարծես մեզ կը դարձնէ ինքնին լոյսը ամէն ինչին ու տիեզերքը խաղալիք մը մեր զգացման մէջ կամ մեր գերապրումի մը դաւանանքը:

Կ՚ուզեմ տեսնել ՆԱՍԱ-ի կեդրոնը, մանկութեանս փափաքներէն մէկն էր, ուր կը դիտենք մենք տիեզերքը աւելի ցայտուն կերպով եւ ուր կը սպասուի, որ մէկն ալ մեզ դիտէ: 

Աստուածային աչքեր, դիտուածային չափաբաժնութիւն, մեր արտադրական-գոյաբանական ինքնարտացոլանք կամ վերաքաղ․ չենք գիտեր ի՛նչ է այդ… ու կը մնայ հարցը բաց ու յաւերժական. 

Տիեզերք դիտէ՛ մեզ ու տես այսօր ալ անձս:

•​վերջ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026