«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՚ԸՆԷ՝ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԼԻԱՐԺԷՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ երկիրը պէտք է հարեւաններուն հետ իրականացնէ տարածաշրջանային ծրագրեր։ Խաչատուրեան համոզուած է, թէ Հայաստան պէտք է հարեւաններուն հետ տարածաշրջանային ծրագրեր իրականացնէ, որպէսզի սա ապահովէ երկարատեւ խաղաղութիւն։ Իր խօսքով՝ այսպէսով փոխադարձ վստահութիւն կը ձեւաւորուի, խնդիրները հնարաւորինս առանց միջնորդներու կը լուծուին եւ համատեղ տարածաշրջանային ծրագրերու իրականացման ճանապարհով հնարաւոր կ՚ըլլայ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել եւ այդ պարագային ալ Հայաստան իսկապէս պիտի դառնայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»։
Ամփոփելով դէպի Չեխիա պաշտօնական այցելութիւնը՝ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց հետեւեալը. «Երբ կը նայիք, թէ ապագային ինչ տեղի կրնայ ունենալ մեր տարածաշրջանէն ներս, ապա եթէ յաւելեալ խնդիրներ չյառաջանան եւ մենք փորձենք մեր հարցերը լուծել մեր հարեւաններուն հետ՝ առանց որեւէ միջնորդի, համոզուած եմ, թէ յաջողութիւններ պիտի ունենանք՝ անկախ ամէն ինչէ»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան նշեց, որ ներկայիս տարածաշրջանէն ներս ձեւաւորուած է նոր իրավիճակ մը, կան խաղաղութեան եւ համագործակցութեան համար անհրաժեշտ հնարաւորութիւններ, ցանկութիւն եւ պատրաստակամութիւն։
Այս ամբողջին մէջ Վահագն Խաչատուրեան առանձնապէս անդրադարձաւ TRIPP-ին։ Իր կանխատեսումներով՝ ապագային ուժանիւթի, ինչու չէ նաեւ այլ ոլորտներու համատեղ ծրագրեր կրնան ըլլալ, որոնք մեծ օգուտ կրնան ապահովել ո՛չ միայն Հայաստանին, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ «Հայաստան պարտաւոր է օգտագործել տարածաշրջանային համագործակցութեան համար ստեղծուած հնարաւորութիւնը եւ գործնականին մէջ դառնալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»։ Հիմա մենք նոր հնարաւորութիւն ունինք եւ պարտաւոր ենք այդ հնարաւորութիւնը օգտագործելու», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան։
Ի լրումն այս բոլորին, Վահագն Խաչատուրեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործնըթացին մասին։ Նախագահին խօսքով՝ երկու երկիրներու սահմանային անցակէտերը պատրաստ են սահմանի բացման եւ տեղաշարժին։ Երեւան ներկայիս ամէն ինչ կ՚ընէ՝ Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման համար։
Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ սահմանային անցակէտերը արդէն պատրաստ են անհրաժեշտ աշխատանքներու՝ այսինքն մարդոց, ապրանքներու եւ փոխադրամիջոցներու տեղաշարժին համար։
Իր խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը դիտարկուի նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման համատեսքին մէջ։ Հայաստան այս պահուն իսկ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու, իսկ սահմանային ենթակառուցուածքներու մէջ իրականացուած աշխատանքները հնարաւորութիւն կու տան սպասարկել մարդոց, ապրանքներու եւ փոխադրամիջոցներու։
Բնականոնացման գործընթացի զանազան փուլերը յիշեցնելով՝ նախագահը դիտել տուաւ, որ կան քանի մը գաղափարներ, որոնց մէկ մասը իրականացման փուլի մէջ կը գտնուի։ Ան երկու երկիրներու համագործակցութեան գործնական օրինակներու շարքին նշեց Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնումը եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած գործարարներու համաժողովը։
Վահագն Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ նոյն մօտեցումը կը վերաբերի նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն։ «Այստեղ խնդիրը սա համատեղ իրականացնելու ժամկէտն է։ Հիմա մենք պէտք է կարողանանք այս գործընթացը յառաջ տանիլ, որովհետեւ իրականութեան մէջ իրենք ալ շահագրգռուած են, մենք ալ շահագրգռուած ենք։ Չկայ որեւէ կողմ, որ դէմ կ՚արտայայտուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման կամ բարելաւման», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան, ըստ որու՝ երկու երկիրներու միջեւ շփումներու աշխուժացումը կը նպաստէ փոխադարձ վստահութեան աստիճանական ամրապնդման եւ համապատասխան կառոյցներու միջեւ աւելի գործնական համագործակցութեան։ «Կարեւորը այն է, որ հետզհետէ աւելի վստահելի կը դառնանք իրարու համար։ Կարեւոր է, որ կը կարողանանք խօսիլ Թուրքիոյ մեր գործընկերներուն հետ, շփումները աւելի խտացած եւ աւելի յստակ դարձած են», շարունակեց նախագահը։
Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման Հայաստանի տեսակէտէ խոստացած հեռանկարներուն անդրադառնալով՝ Վահագն Խաչատուրեան ըսաւ. «Մենք հնարաւորութիւն կը դառնանք՝ որպէս երկիր, որ ելք չունի դէպի ծով, օգտագործել Միջերկրականի թրքական նաւահանգիստները։ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխատանքը հարեւան երկիրներու հետ լիարժէք տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ։ Եկէք գնահատենք այն, ինչ ունինք այսօր։ Ի հարկէ, ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի մեր հարեւան երկիրներուն հետ լիարժէք տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատուին»։