ԹԷԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ, ՍԱԿԱՅՆ, ԲԱՑԱՌԻԿ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ դէպի Վան կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ուխտագնացութիւնը թէեւ հերթական էր, սակայն, առանձնացաւ իր մթնոլորտով եւ այդ առումով դարձաւ իսկապէս բացառիկ։ Պոլիսէն Վան մեկնած ուխտաւորներուն միացած էին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակիցները։ Հայաստանէն եւ այլ սփիւռքեան կեդրոններէ ալ ուխտաւորներ համախմբուեցան Վանայ լճի Աղթամար կղզիին վրայ, ուր կը գտնուի Ս. Խաչ՝ երբեմնի եկեղեցին, որ ներկայիս վերածուած է թանգարանի եւ ուր տարին անգամ մը կը մատուցուի Ս. Պատարագ։ Արդէն աւելի քան տասնհինգ տարիէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթաց մըն է այս մէկը, որ կը համարուի նոր շրջանի աւանդութիւն մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Վան մեկնեցաւ՝ գլխաւորելու համար ուխտագնացութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան, որ երէկ առաւօտ պատմական տաճարին մէջ մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչ սրբազանն ալ խորանէն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Նորին Ամենապատուութեան։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր մասնակցութիւն բերին Վանի Ս. Պատարագին։ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ ալ կային արարողութեան մասնակիցներու շարքին՝ մանաւանդ, որ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան Իսթանպուլ փութացած էր ընկերակցութեամբ Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեանի։
Երէկուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանին առընթերակայ էին՝ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտատ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կղզիի վրայ տեղի ունեցաւ բացօթեայ անդաստան։ Ուխտագնացութեան բոլոր մասնակիցները հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ ունեցան եւ վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Վանէն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցներն ալ երէկ երեկոյեան վերադարձան քաղաքս։
ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑ
Վանի կեցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նահանգապետարան։ Ան հիւրընկալուեցաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էին Վանի երեսփոխաններ Պուրհան Քարաքիւթիւք եւ Քայհան Թիւրքմենօղլու, ինչպէս նաեւ ոստիկան զօրաց հրամանատարը՝ զօրավար Միւճահիտ Աւքըրան։ Նահանգապետարանէն ներս Նորին Ամենապատուութեան եւ կուսակալին միջեւ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուսակալի անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական իշխանութիւններու բոլոր օղակներուն, որոնց համախումբ աշխատանքով տարիներէ ի վեր դէպի Վան ուխտագնացութիւնները կը կազմակերպուին խաղաղ ու հանգիստ մթնոլորտի մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
