ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԳԻԾԵՐԸ
Իր յատուկ պատկերն ու գծագրութիւնը ունի իւրաքանչիւր ամիս մանուկներու դասագիրքերուն, առաւել եւս՝ հայերէն դասագիրքերուն մէջ… հայոց այբուբենն ու Մաշտոցն է, օրինակ, հոկտեմբերը, նոյեմբերը՝ անձրեւ, դեկտեմբերը՝ Կաղանդ պապա, ձիւնեմարդ է յունուարը, վզկապ, ձեռնոց ու փոթորիկ է մարտը, ապրիլը՝ եղեռնի յուշարձան մը (այսուհետեւ հաւանաբար փոխուի), մայիսը վարդ ու ծաղիկ է, ամրան երեք ամիսները՝ ծովափ ու հովանոց:
Իսկ սեպտեմբերը՞:
Հայերէնի թէ՛ ֆրանսերէնի դասագիրք՝ միեւնո՛յնն է. գիրք, տետրակ, աշակերտ ու դպրոց է սեպտեմբերին դիմաց գծուող պատկերը:
Դարերէ իվեր չէ փոխուած այս կարգն ու աւանդոյթը, երբ մեզի հասած պատմութիւններէն գիտցած ենք, թէ Տիրն էր հին ժամանակներու գիրի ու դպրութեան աստուածը, գլխաւոր աստուածահօր՝ Արամազդի ատենադպիրն ու սուրհանդակը:
Թէեւ կը գիտակցիմ, որ հի՜ն այդ ժամանակներուն կը վերաբերի բազմաստուած այս կարգավիճակը, այսինչ ու այդինչ բանին աստուածը՝ փոքրագիրով, բայց չեմ կրնար չխորհիլ.
Այսօր ալ նոյն վիճակին մէջ չե՞նք:
Աստուածացնելու չափ մեծցուցած նիւթական բազմապիսի «արժէքներ» չունի՞նք:
Մեր մէկ ու միակ Աստծոյն հովանիին տակ «գործող» բազմահազար մեր եկեղեցիներու, մզկիթներու, մատուռ ու մեհեաններու կրօնաւորներուն քարոզներուն մէջ մեզի թելադրուող գրաւոր օրէնքներէն ու պատուիրաններէն անդին, ինչքան անգիր, անվաւեր, բայց խորապէս հաստատուած ու օր ըստ օրէ արմատացող «օրէնքներ» կը գծեն մեր կեանքը, կը սահմանեն մեր «ճիշդը», կը թոյլատրեն մեր «սխալը», կ՚որոշեն մեր ընելիքը եւ կը կշռեն անոր իրական արժէքը…
Մարտ թէ՛ նոյեմբեր, ձիւն թէ՛ անձրեւ, գիր թէ՛ հովանոց՝ կեղծիք ու ձեւաբանութեան մարմնացում են մեր կեանքերը՝ ցաւօք:
Սեպտեմբեր է, բարեկամնե՛ր:
Նոր սահմաններուն, փոխուող անուանումներուն, Վեհափառ Հայրապետը չդատելուն համար «հերոս» ու «դաւաճան» դասուող դատաւորներուն՝ Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան խաղաղ ու պայծառ առաջին սեպտեմբե՛րն է հիմա. նոր քարտէս ու պատարագներու եւ արդէն պատմութեան գիրկը անցած հող ու պատերազմի միջեւ տատանող ազգի մը սեպտեմբերը:
Սփիւռքին ալ սեպտեմբերն է, անշո՛ւշտ:
Կրակէ շապիկ մը հագած, լուսաւոր ու միանգամայն՝ վիրաւոր խիղճով իրենց հայութիւնն ու առաքելութիւնը դժուարութեամբ խնամող ու շարունակող սփիւռքահայերուն… եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած հարսանիքներէն ու զբօսաշրջութեան նպաստաւոր պտոյտներէն «տուն»՝ իրենց գերզբաղ առօրեային վերադարձող սփիւռքահայերո՛ւն ալ սեպտեմբերն է… անկասկած:
Զոհուած թէ՛ խաղաղ սահմանը վայելող զինուորի մայր, պատերազմ թէ՛ TRIPP, հերոս թէ՛ դաւաճան, կրակէ շապիկ թէ՛ «շօրթ»… սեպտեմբերն է՝ բոլորիս եւ որպէս ծնող, ուսուցիչ, ընկալող եւ ուղեցոյց, ահա այսպիսի՛ խոհերով դուռը կը բանամ ուսումնական այս նոր տարուան.
Մատիտ, ռետին, գծաքաշ, կապոյտ չոր գրիչ, գիրք, տետրակ եւ կողք փնտռած պահուս, ոսկեգոյն, նարնջագոյն, վարդագոյն ու մանիշակագոյն գրիչներու, զարմանալի էակներով «պսակուած» մատիտներու, անիւով քշուող պայուսակներու կը հանդիպիմ եւ կաւիճ հոտող մեր աւանդական կանա՜չ գրատախտակէն անդին, դէպի նոր, դէպի արդի եւ արագ աշխարհ տանող «պորտ»երով, «սքրին»ներով, դասարանին մէջ ալ մատով սահող բառերով կը հմայուիմ ու կը մտածեմ.
Տիրին, Ափոլլոյին, գիրին ու դպրութեան օրերուն պէս, մեր հին օրերուն գիրքե՞րն ալ պատմութեան թանգարան պիտի երթան, թէ հոն են արդէն…
Ճամբայ ելած ըլլալու են՝ յամենայնդէպս:
Հազարներո՜վ տպուած մանկական դասագիրքերն ու տետրակները ինչո՞ւ են, երբ «ի մէյլ»ներու վրայ ղրկուած մեր դասացուցակներուն մէջ չէ՛ ծրագրուած անոնց թերթատումը:
Փա՜ռք նորարարութեան.
Պաստառէն կարդացող ու մատը գիրքի տողերուն վրայ գիտակցաբար սահեցնելով կարդացող մանուկը նո՞յնն են. կը հարցնե՛մ:
Պասռատին «սոֆթ թաչը» եւ գիրքի էջերուն աննկարագրելի հոտը նո՞յնն են:
Պաստառը թաշկինակով սրբելն ու գիրքը խնամքով կողքելը, զայն պահել-պահպանելը նո՞յնն են:
Ո՞ր մէկը աւելի ուսուցողական է, աւելի բազմանպատակ է ու դաստիարակչական:
Վիճելի՞ են այս հարցումներուն պատասխանները, ըստ ձեզի, բարեկամներ:
Բայց հարցնող կա՞յ զանոնք:
Մանուկներուն ելեկտրականութեամբ լուսաւորուած հաճելի պաստառներէն կարդալուն ու անոր վրայ հեշտօրէն կոճակներ սեղմելով գրելուն, զայն «ռեմոթով» ղեկավարելուն դէմ աշխարհի մէջ լուրջ, իրօ՛ք շատ լուրջ պայքարող արհեստավարժ ու փորձառու ուսումնական համակարգեր ու արդէն՝ երկիրներ կան, բայց…
Այդ պայքարողներուն ձայնը լսողներ կա՞ն մեր «շուկային» մէջ…
Հեշտ ու հաճելի բան մը, բաներ, դրուած նժարին դիմաց լուրջ պայքար պահանջող խնդիր մը կրնա՞յ կշռել:
Չերազեմ, չերազենք. ո՛չ:
Հեշտ ու հաճելիին հետ, այլեւս, միայն մէ՛կ բան կրնայ «մրցիլ».
Աւելի՛ հեշտն ու աւելի՛ հաճելին:
Իսկ անոնց հետ՝ հեշտագոյնն ու գե՛րհաճելին:
Հեշտագոյնէն ու գերհաճելիէն վերջ ի՞նչ կու գայ:
Ահա՛ մեր կեանքը, եւ ահա՛ մեր սեպտեմբերը, բարեկամներ:
Սխալ քաշուած «ուղիղ» գիծերով ո՞ւր կրնանք հասնիլ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ