ԲԱՄԲԱՍԱՆՔ

Կ՚ըսուի, թէ եթէ մարդիկ իրենց բացակայութեան ուրիշներու կողմէ իրենց մասին խօսուածները եւ ըսուածները գիտնային, աշխարհի վրայ մէկ բարեկամ իսկ չէր մնար։

Մեծ մասամբ ճիշդ է այս խօսքը, քանի որ մարդիկ շատ կ՚ախորժին բացակայ մէկու մը մասին խօսիլ եւ ընդհանրապէս բամբասե՛լ եւ անհիմն ամբաստանութիւններ եւ դատողութիւններ կատարել։ Բայց չըսելու համար «վատութիւն», որքան սխա՛լ է այդ պահուն ինքզինք պաշտպանելու կարելիութիւնը եւ առիթը չունեցող, բացակայ մէկու մը մասին խօսիլ, ամբաստանել եւ յանցանք վերագրել անոր։ Ուստի, եթէ մէկը երես երեսի խօսելու քաջութիւնը չունի որեւէ բան, ատիկա իր բացակայութեան ըսել, տկարութիւն է, նկարագրի պակաս եւ մէկ խօսքով՝ անվայել արարք։ Մէկու մը բացակայութեան խօսիլ՝ մարդկային արժանապատուութեան դէմ ալ ծանր վիրաւորա՛նք է։

Բամբասանքը եւ ընդհանրապէս չարախօսութիւնը «դատարկաբանութիւն» է, որ դատապարտելի է եւ մե՛ղք կը համարուի։

Արդարեւ, կարելի է զանազանել մեղքերը՝ կա՛մ ըստ անոնց առարկային, ինչպէս մարդկային ամէն արարքի համար, կա՛մ ըստ առաքինութիւններուն՝ որոնց անոնք կը հակադրուին չափազանցութեամբ եւ կամ թերացումով, կա՛մ ալ ըստ պատուիրաններուն, որոնց կը հակադրուին։ Մեղքին արմատը՝ մարդուն սրտին մէ՛ջն է. անոր ազատ կամքին մէջ, քանի որ. «սրտէն կը ծնին չար խորհուրդներ…»։ Սրտին մէջ կը գտնուի նաեւ սէրը, սկիզբ՝ բարի եւ մաքուր գործելու, զորս մեղքը կը վիրաւորէ։

Այս իմաստով բամբասանքը բարին կամ չարը, սէրը կամ ատելութիւնը ազատ կամքով ընտրելու հարց մըն է։ Անոնք՝ որոնք նախընտրեն չարը՝ կը չարախօսեն, կը բամբասեն, իսկ անոնք՝ որոնք բարին կ՚ընտրեն՝ սիրով լեցուն իրական բարեկամութիւնը կը վայելեն։ Արդարեւ, ան որ սրտին մէջ սէր ունի՝ երբեք չի չարախօսեր։

Սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն։

Արդարեւ, բարի դիտաւորութիւն մը ո՛չ բարի ո՛չ ալ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը. զոր օրինակ, չարախօսութիւնը, որ յինքեան անբարեկարգ է եւ չա՛ր։

Մարդոց արժանապատութեան դէ՛մ է ամէն կեցուածքի եւ խօսքի, որոնք կրնան անոնց անարդար եւ անիրաւ վնաս մը հասցնել։ Ինքզինք յանցաւոր կ՚ընէ անոր՝ իր չարախօսութեամբ եւ բամբասանքի, առանց առարկայականօրէն վաւեր պատճառի եւ ապացոյցի, ուրիշին թերութիւնները եւ յանցանքները կը յայտնէ զանոնք անգիտացող անձերու։ Չարախօսութիւն է նաեւ երբ ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով վնաս կը պատճառէ ուրիշներուն վարկին եւ արժանապատուութեան եւ առիթ կու տայ թիւր, սխալ դատողութիւններու անոնց մասին։

Մա՛րդ անմեղ չէ եւ երբեք պիտի չգտնուի «անմեղ» մը՝ որ մեղաւորի մը առաջին «քարը» նետէ… Ուստի, խուսափելու համար յանդուգն դատողութիւններէ, պէտք է զգոյշ ըլլալ, որքան կարելի է նպաստաւոր իմաստով մեկնաբանելու իր մերձաւորին եւ «բարեկամ»ին մտածումները, խօսքերը եւ գործերը։ Մարդ՝ բարի ամէն մարդ պարտի ուրեմն աւելի փութկոտ ըլլալ մերձաւորին խօսածը եւ գործը փրկելու՝ քան թէ դատապարտելու մէջ։ Պէտք է փնտռել ամէն ատակ միջոց, որպէսզի ճիշդ ըմբռնուի խօսքը եւ թիւրիմացութիւններ չպատահին։

Չարախօսութիւն եւ բամբասանք կը կործանեն մերձաւորին վարկը եւ պատիւը եւ պատճառ կը դառնան բարեկամութիւններու աւարտման։ Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքը ծանրապէս կը վիրաւորեն արդարութեան եւ սիրոյ առաքինութիւնները։ Ուստի, մերժելի է ամէն չարախօսութիւն եւ բամբասանք, ամէն խօսք եւ կեցուածք՝ որ ուրիշը իր գործերուն գէշութեան եւ իր ընթացքին ապականութեան մէջ կը քաջալերէ եւ կը հաստատէ։

Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլալ չարախօսներու եւ բամբասողներու նկատմամբ, կարելին չափով ազդարարել, բարեխօսութեան հրաւիրել զանոնք. սէր ներշնչել անոնց, իրենց խիղճը շարժել եւ բարիով յաղթել չարին…

Եւ վերջին ճար, եթէ կը շարունակեն անոնք բամբասել, հեռո՛ւ մնալ անոնցմէ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 5, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026