ԿՈՒՍԱԿՐՕՆՈՒԹԻՒՆԸ ԷՐ ԵՐԲԵՄՆ ԵՒ ՈՉ ԱՅԺՄ

Հայաստանի մէջ, երբ տակաւին իշխանութիւն-եկեղեցի հարցը կը շարունակուի ծեծուիլ, կը շարունակենք կարդալ հրապարակախօս Սիմոն Սիմոնեանի «Հայոց եկեղեցիի իսկական վերակենդանացման համար» խորագրեալ շարունակական երկու-երեք գրութիւնները, ուր մտաւորականը կը խօսի եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին իր ունեցած համոզումներուն ու ակնկալութիւններուն մասին: Կար ժամանակ, որ Հայաստանի ներքին տնտեսական պայմանները նկատի ունենալով շատեր կը հաւատային, որ եկեղեցին զարգանալու եւ իր առաքելութեան մէջ աւելիով հաստատուելու համար կարիք ունի նիւթական աջակցութեան՝ մա՛նաւանդ, եթէ նկատի ունենանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին լոկ հոգեւոր առաքելութեամբ չէ՛, որ կը զբաղի։ Սակայն, ժամանակ մը ետք մարդիկ սկսան հասկնալ ու ըմբռնել, որ նիւթական կարիքէն շատ աւելի լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն համար լուրջ մարտահրաւէր մնալ. նոր մշակներու պատրաստութիւն։ Այնպէս ինչպէս անցնող տասնամեակին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նոր ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ գրեթէ չունեցաւ, նոյն երեւոյթը ապրեցաւ նաեւ աւելի քան կէս դար առաջ։ Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ նոր ձեռնադրուած կուսակրօն քահանաներ, սակայն, կարգաթողներուն թիւը եւս պակաս չէր ու արդար ըլլալու համար ըսենք, որ որքան ալ լսուին «քանակը չէ՛ այլ որակն է կարեւորը» արտայայտութիւնները, շատ մը օծումներ պարզապէս քանակը աւելցնելու համար տեղի ունեցան եւ այդ քանակը շատ մը պարագաներու կոչումէն աւելի ի յայտ եկաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ տիրող անապահով պայմաններէն։ Շատ մը հոգեւորականներ կուսակրօն քահանայ չօծուելու պարագային Սուրիոյ մէջ ստիպուած էին կատարել իրենց զինուորական ծառայութիւնը՝ մանաւանդ պատերազմի դժուար տարիներուն եւ շատերու համար «փրկութիւն»ը կուսակրօնութեան մէջ էր: 

Անցեալին Հայ Եկեղեցին ունէր նուիրեալ մշակներ, սակայն, զուրկ էր նիւթական կարելիութիւններէ եւ այդ նուիրեալ մշակները իրենց նիւթական փոքր կարողութիւններով յաջողեցան մեծ աշխատանքներ կատարել, սակայն, ժամանակը փոխուեցաւ։ Եկաւ ժամանակ, երբ եկեղեցին նիւթապէս եղաւ ապահով, սակայն, իր շուրջ չկրցաւ գտնել նախկին նուիրեալ եկեղեցականները եւ հետեւաբար իր նիւթական ապահովութեան մէջ չկրցաւ ստեղծել բոլոր այն արժէքները, որոնք նախկինները յաջողեցան ստեղծել նիւթական սահմանափակ պայմաններու ներքեւ: Այդ վիճակին մէջ է, որ եկեղեցին եւ մտաւորականութիւնը սկսաւ հասկնալ, թէ եկեղեցին նիւթականէն աւելի նոր մշակներու, լաւապէս պատրաստուած մշակներու կարիքը ունի: Նոյն վիճակն է այսօր. թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը «հարուստ» կոչուելու չափ նիւթական ապահովութիւն մը ունին, սակայն, կայ նուիրեալ մշակներու (նուիրեալ ըսելով նկատի ունինք նաեւ գրոց-բրոց, մտաւորական եկեղեցականներ) լուրջ պակաս։ Սիմոն Սիմոնեան 1964 թուականին իր խմբագրականին մէջ կը գրէր. «Սուրբ Էջմիածնայ հոգեւոր ճեմարանը, որ 1944 թուին բացուեցաւ եւ լման 21 տարիներէ ի վեր կը գործէ… եթէ տարին տասը հոգեւորական արտադրած ըլլար, հիմա ունեցած պիտի ըլլայինք 210 հոգեւորականներ, ինչ որ հոգեւոր մշակներու պակասը մեծ չափով լուծած պիտի ըլլար ո՛չ միայն Սովետական Միութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ հաւատացեալներու, այլ մասամբ սփիւռքի հայ հաւատացեալներուն համար: Դժբախտաբար Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը ո՛չ թէ 210, ո՛չ թէ 21, այլեւ ըստ մեզ մինչեւ իսկ 2 հոգեւոր մշակ ցարդ չկրցաւ արտադրել իր իսկական կանոնաւոր յաճախող ուսանողներէն…»: Հայաստանի մէջ վերջին տասնեամեակին տիրող վիճակը տարբեր չէ 1964 թուականէն. շատ մը մտաւորականներ՝ որոնց կարգին Սիմոն Սիմոնեան, կը հաւատային, թէ եկեղեցւոյ մշակի հարցը հիմնական ձեւով լուծելու համար կամաց կամաց վերջ պէտք է տալ կուսակրօնութեան եւ զարգացնել ամուսնացեալ քահանայութեան աստիճանները։ Եթէ լաւապէս սերտենք Հայաստանի անցնող տասը տարիներու վիճակը՝ պիտի տեսնենք, թէ Հայ Եկեղեցին ունեցած բազմաթի՜ւ ամուսնացեալ քահանաներ, սակայն, կուսակրօնութեան թիւը լուրջ ձեւով անկում ապրեցաւ ու կարծես այս ընթացքով պիտի շարունակէ ապրիլ։ Դարձեալ Սիմոնեանն է գրողը. «Դարմանը, ըստ մեզի, ամուսնացեալ հոգեւորականութիւնն է. ըսել կ՚ուզենք ամուսնացեալ քահանայութեան առջեւ բաց ձգել եկեղեցական բոլոր աստիճանները: Անհրաժեշտ է, որ ամուսնացեալ քահանայութիւնը առնուազն մինչեւ եպիսկոպոսութիւն, գէթ շրջանի մը համար, իրաւունք ունենայ բարձրանալու: Այսպիսով քահանայական ասպարէզը ո՛չ միայն հրապուրիչ պիտի ըլլայ, այլեւ առաջ պիտի գայ ընտրեալ եւ հզօր հոգեւորականութիւն մը, որ պիտի հասնի հայ ժողովուրդի հոգեւոր բոլոր կարիքներուն եւ համապատասխան պիտի ըլլայ մեր ժամանակներու չափանիշներուն»: Սիմոնեան այս մէկը կ՚առաջարկէր, որովհետեւ իր իսկ բառերով կը հաւատար, թէ «կուսակրօնութիւնը էր երբեմն եւ ոչ այժմ»։ Իր համոզումով, շատ անգամ կուսակրօնութիւնը արգելք է լիովին նուիրուելու հոգեւոր ծառայութեան: 

Մեր համոզումով, ազգին ծառայելու մէջ ամուսնացեալ կամ կուսակրօն ըլլալը այնքան ալ էական ու կարեւոր պէտք չէ նկատել, որովհետեւ մեզի համար կարեւորը կատարուած աշխատանքն ու անոր արդիւնքը պէտք է ըլլայ։ Եկեղեցին մարդոց բարոյական կեանքն ու կոյս ըլլալ-չըլլալը ուսումնասիրելով չէ՛, որ առաջ կ՚երթայ։ Հիմնականը աշխատանքն է եւ եթէ կուսակրօնութիւնը իրապէս արգելք է այդ նուիրումին՝ ապա թող չըլլայ կուսակրօնութիւնը։ Ապա սխալ կը տեսնենք կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանային միջեւ տեղ գտած աստիճանաւորումի համակարգը. մէկը կուսակրօն է ըսելով չի նշանակեր աւելի «բարձր», աւելի նուիրեալ եկեղեցական է՝ քան քահանան։ Անոնց ամուսնացեալ կամ կուսակրօն ըլլալը պէտք չէ աստիճանի ու բարձրութեան խտրութիւն ստեղծէ անոնց միջեւ. մին կուսակրօն տգէտ մը կրնայ ըլլալ, իսկ միւսը ամուսնացեալ մտաւորական քահանայ։ Միւսին ամուսնացած չըլլալը պէտք չէ իրաւունք տայ տգէտին՝ վերակացու պատասխանատու եւ տեղ մը աւելի բարձր դիրքի վրայ գտնուելու՝ քան ամուսնացեալը։ արդիւնքը աշխատանքն է. ամուսնացեալ թէ ոչ՝ ժողովուրդին հետաքրքրելու պատճառ կամ իրաւունք չունի։ Մեզի պէտք չեն նուիրեալ կուսակրօններ. իրենց կոյս մնալով Հայ Եկեղեցին պիտի չզարգանայ։ Մեզի պէտք են նուիրեալներ, որոնց աշխատանքով պիտի ծաղկի եկեղեցին, հայ լեզուն, մշակոյթն ու հոգեւոր կեանքը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անհրաժեշտ չէ եւ միշտ կարելի չէ մեծ ըլլալ, բայց միշտ պէտք է եւ կարելի է սիրել: Սիրէ՛ գործելու եւ յառաջանալու համար, սիրէ սիրուելու համար: 

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026