ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը շրջէ ընթացող աշխարհաքաղաքականութեան կարեւոր մէկ ուղղութիւնը: Խօսքը, անշուշտ, վառելանիւթի ոլորտին մէջ ԱՄՆ-Ռուսաստան համաձայնութեան մասին է՝ հիմք ունենալով երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցը: 

Մնանք առաջին հայեացքներու սահմաններուն մէջ եւ անմիջապէս արձանագրենք, որ այս համաձայնութեան դիմաց կրնան ըլլալ անմիջականօրէն անհանգիստ երկու կողմեր: Առաջինը Ուքրայնան եւ երկրորդը՝ Իրանը: Առանց շրջանցելու նաեւ Եւրոպան, որ ոգի ի բռին կը զօրակցի Ուքրայնային՝ Ռուսաստանի դէմ հակամարտութեան մէջ:

Թրամփի յայտարարութիւնը ունի շարունակութիւն: Ըստ իրեն, պահը հասունցած է, որ Ուքրայնա ունենայ իր նոր նախագահը եւ դադրեցնէ Ռուսաստանի ուժանիւթի պաշարներու դէմ յարձակումները: Խաղի կանոնափոխութիւն կ՚ենթադրեն այս յայտարարութիւնները, սակայն, կրնան անպայման չառարկայանալ: 

Թիրախային տարբեր ուղղութիւններ կան Թրամփի շրջադարձային յայտարարութեան մէջ. վառելանիւթի համաշխարհային շուկային կապուած գիներու վերահսկողութիւն, ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերադասաւորում ու անոնց հետ անմիջականօրէն առնչակից Ուքրայնայի վրայ ճնշում եւ Իրանի դէմ քաղաքականութեան սաստկացում:

Ակնկալելի էր, որ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները վերադառնային Իսլամապատի փաստաթուղթին, վերադասաւորուէին նախապէս համաձայնեցուած կէտերու յաջորդականութիւնները եւ կողմերը առնուազն յանգէին ժամանակաւոր հրադադարի մը: Այս բոլորը Հիւրմիւզի շուրջ կ՚ենթադրէր միջանկեալ կարգավիճակի մը համաձայնութիւնը, ինչ որ իր հերթին գիներու կտրուկ նուազումի պիտի առաջնորդէր: Այդ նուազումէն պիտի օգտուէր գործող վարչակարգը, որուն համար թիրախ են յառաջիկայ նոյեմբերի մասնակի ընտրութիւնները: Թրամփի յայտարարութիւնը կատարեց շրջադարձ: 

Հիմա, նոյն նպատակին՝ վառելանիւթի գիներու նուազում ապահովելու համար, Թրամփ կը փոխէ ուղղութիւնը դէպի Մոսկուա: Սա երեւութապէս կը նշանակէ, որ Իրանի դէմ խստացումը կը շարունակուի եւ մօտալուտ չէ համաձայնութիւնը՝ ըստ նախկին յայտարարութիւններուն:

Այստեղ եւս բացարձակ պէտք չէ ընկալել տեղի ունենալիքը: Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ ԱՄՆ կը վերահսկէ Հիւրմիւզի նեղուցը, տարակուսելի կը թուի: Քաղաքական յայտարարութիւններն ու ռազմական իրականութիւնները յաճախ չեն համընկնիր: Չի՛ բացառուիր, որ Հիւրմիւզի շուրջ շարունակուին բանակցութիւնները: Իրան՝ գիտակից դէպի նոյեմբեր ձգտող ամերիկեան աճապարանքին, չ՚երթար զիջումներու: Հիմա Մոսկուան կ՚օգտուի` իր ուժանիւթի պաշարներու արտածման արտօնութիւն ստանալով: 

Այս բոլորին արդիւնքը, գէթ ներկայ դրուածքով, այն է, որ Ուքրայնայի շուրջ գոյացած հաւաքական Արեւմուտքի միասնական զօրակցութեան առումով կարեւոր ճեղք մը կը յառաջանայ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ: Պարզ է, որ ամերիկեան գործող վարչակարգի այսօրուան մեծամասնութեան համար խիստ հրամայական է վառելանիւթի գիներու կտրուկ անկումը եւ ուժանիւթի համաշխարհային շուկայի վերահսկողութիւնը:

Եթէ վառելանիւթի գիներու արագ անկում չարձանագրուի, ապա հանգամանքները կը փոխուին: Հանգամանքները կրնան փոխուիլ նաեւ նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք: Խնդիրը, հայկական կողմի ոսպնեակէն դիտուած, այն է, որ այս բոլոր գործընթացներն ու խաղի կանոններու յարափոփոխութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի եւ ինչու չէ նաեւ Միջին Արեւելքի վրայ: 

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026