ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ 2027 կամ 2028 թուականներուն։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ. «Պէտք է Ատրպէյճանի հետ շարունակական աշխատինք»։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը աւելցուց, որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ TRIPP նախագիծի իրականացումը։ «Ի հարկէ, մէկը միւսին հետ կապ չունի, բայց, TRIPP նախագծին մենք հիմա արդէն կը սկսինք», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ այս նախաձեռնութեան իրականացման նախապատրաստական աշխատանքներու շրջանակներէն ներս, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած աշխատանքային խումբը այցելած է Սիւնիքի մարզը՝ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար երկաթուղիի, ցամաքուղիի եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու նախագծման հարցերը։
Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ Երեւան կը շարունակէ Պաքուի եւ Անգարայի հետ աշխատիլ՝ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացման ուղղութեամբ։ «Ատրպէյճան որոշ վերապահութիւններ ունի այս հարցի պարագային, այսօր գործընթացները կ՚ընթանան այդ կէտին վրայ։ Բայց, մենք կը շարունակենք աշխատիլ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի կարողանանք որոշակի լուծումներու հասնիլ», ըսաւ ան։
Այս բոլորէն վերջ, վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին։ «Յառաջիկային մենք պիտի հրապարակենք նոր սահմանադրութեան նախագիծը, պիտի սկսինք քննարկումներ եւ զայն պիտի ուղարկենք խորհրդարան։ Եւ մենք կը փորձենք ընդդիմութեան մեր գործընկերները համոզել, թէ սա շատ կարեւոր եւ սկզբունքային հարց մըն է, սա Հայաստանի պետութեան յարատեւութիւնը որոշելու եւ լուծելու հարց մըն է։ Կը փորձենք համոզել, եթէ չյաջողինք, ուրեմն կ՚ընթանանք ուրիշ բեմագրութիւններով՝ ներառեալ կրնանք արտահերթ ընտրութիւններու երթալ։ Իսկ ո՞վ ըսած է, որ այս բանը կը բացառուի», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հերթական անգամ ընդգծեց կարեւորութիւնը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հնարաւորինս արագ բացման՝ համոզուած է, թէ սա Հայաստանի տնտեսական դիմակայութիւնը բարձրացնելու տեսակէտէ էական նշանակութիւն ունի։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումը կառավարութեան քաղաքական յանձնառութիւնն է։