ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ. «ԱՆԶԷՆ ՈՒ ԶԻՆԱԹԱՓՈՒՈՂ ԱՇԽԱՐՀ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջը անցուց Իտալիոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլէն Հռոմ թռաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Տրդատ աւ. քհնյ. Ուզունեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ասիզիի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ս. Էճիտիօ աշխարհականներու միաբանութիւն-համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան մեծ հաւաքին։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կը կազմակերպուին այս մեծ հաւաքները, որոնք համաքրիստոնէական բնոյթ ստացած են։ Ս. Էճիտիօ միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած խաղաղութեան համաժողովն ու միջեկեղեցական աղօթքը ամէն տարի կը մագնիսացնէ համայն քրիստոնեան աշխարհին ուշադրութիւնը։ Այս տարի եւս խաղաղութեան համաժողովը հասարակաց յայտարար մը հանդիսացաւ՝ ընդգծելու համար քրիստոնեայ աշխարհի եւ համայն մարդկութեան խաղաղութեան ցանկութիւնները։

Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան խաղաղութեան համաժողովն ու միջեկեղեցական աղօթքը կազմակերպուած է՝ հովանաւորութեամբ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ։

Երէկ առաւօտ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ այս համաժողովի շրջանակներէն ներս մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որուն հետեւեցաւ մօտաւորապէս չորս հազար հաւատացեալ։ Պատարագիչն էր Քինշասայի արքեպիսկոպոս կարտինալ Ֆրիտոլին Ամփոնկօ Պենսունքու։ Քոնկոյէն այս բարձրաստիճան հոգեւորականին հետ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Ս. Պատարագէն վերջ։

Իտալիոյ Պասթիա-Ումպրա քաղաքի «Ումպրիաֆիէրէ» կեդրոնէն ներս տեղի կ՚ունենայ Ս. Էճիտիօ միաբանութեան խաղաղութեան համաժողովը, որ այս տարի կազմակերպուած է՝ «Անզէն ու զինաթափուող խաղաղութիւն» կարգախօսով։

Հարկ է նշել, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր աթոռը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ չորեքշաբթի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2026