ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անկլիքան եկեղեցւոյ Նորուիչի թեմակալ առաջնորդ Կրեհեմ Պահրամ Աշէր եպիսկոպոսը։ Այս վերջինը Հայաստան կ՚այցելէ՝ գլխաւորելով «COP-17» համաժողովին մասնակից Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ 

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Անկլիքան եկեղեցիներու բարեկամական յարաբերութիւններուն։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց հայոց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած զօրակցութեան կապակցութեամբ։ 

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան կարեւորեց նաեւ միջեկեղեցական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը՝ ի խնդիր մարդկութեան առջեւ առկայ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Ան այս համատեսքին մէջ ընդգծեց քրիստոնէական հաւատքի դերը մարդու հոգեւոր եւ բարոյական նկարագրի ձեւաւորման գործին մէջ՝ արարչագործութեան խնամքը դիտարկելով՝ որպէս Աստուծոյ եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ ու պատասխանատուութեան արտայայտութիւն։

Իր հերթին, Կրեհեմ Աշէր եպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ փոխանցելով Քենթրպըրիի արքեպիսկոպոսի բարեմաղթանքներն ու աղօթական զօրակցութիւնը։ Ան կարեւորեց երկու եկեղեցիներու դարաւոր յարաբերութիւններն ու միջեկեղեցական գործակցութիւնը՝ իր աջակցութիւնը յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ հայ ժողովուրդին։ 

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Քենթրպըրիի արքեպիսկոպոս Սառա Էլիզապէթ Մալալիին փոխանցեց իր ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ 

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց նաեւ «COP-17» համաժողովին մասնակից Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) էքիւմենիք պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց քրիստոնէական եկեղեցիներու համատեղ յանձնառութիւնը՝ պահպանելու արարչագործութեան ներդաշնակութիւնն ու աստուածապարգեւ բազմազանութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ Աստուծոյ կողմէ մարդուն վերապահուած է արարչաստեղծ բնութեան նկատմամբ պատասխանատուութիւն, ինչ որ պէտք է արտայայտուի մշտական խնամքով ու հոգածութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ բնապահպանական արդի մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերը պէտք է ուղեկցուին հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու ամրապնդմամբ, որպէսզի մարդկային գիտելիքներն ու ներուժը ծառայեն բնութեան խնամքին եւ պահպանութեան՝ ի բարօրութիւն ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

Նորին Սրբութիւնը աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ նման միջազգային համաժողովները առիթ են ճանչնալու համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու առաքելութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքով դարերու փորձառութիւնները յաղթահարած հայ ժողովուրդը։ Անդրադառնալով միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն՝ ան գոհունակութիւն յայտնեց ԵՀԽ-ի եւ քոյր եկեղեցիներուն՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ 

Հուսկ, հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար։ Անոնք ներկայացուցին իրենց պատուիրակութեան առաքելութիւնը։ Հիւրերը խօսեցան կլիմայի փոփոխութիւններու, կենսաբազմազանութեան կորուստի եւ շրջակայ միջավայրի ապականման հիմնախնդիրներուն շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին, որ բնապահպանական ճգնաժամը ունի նաեւ հոգեւոր ու բարոյական արմատներ, ինչ որ հրամայական կը դարձնէ եկեղեցիներու ջանքերու մէկտեղումը՝ ի պահպանութիւն արարչաստեղծ աշխարհի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2026