ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՎԷՐՔԵՐ
Մարդկային հոգին երբեմն այնպիսի վայր մըն է, ուր նոյնիսկ ամենամօտիկ մարդիկ չեն կրնար մուտք գործել։ Ոչ թէ որովհետեւ դուռը փակ է, այլ որովհետեւ կը վախնանք զայն բանալու։ Մեր ներսը կան անկիւններ, ուր տարիներ շարունակ կուտակած ենք չարտասանուած խօսքեր, չթափած արցունքներ, չապրուած ցաւեր եւ այնպիսի յիշատակներ, զորս նոյնիսկ մենք մեզ կը դժուարանանք խոստովանիլ։ Արտաքնապէս կրնանք ժպտիլ, կատակել, առօրեայ մեր պարտականութիւնները կատարել եւ նոյնիսկ ուրիշներու համար ուրախութեան աղբիւր դառնալ։ Սակայն, այդ բոլորի ետին կրնայ թաքնուած ըլլալ հոգի մը, որ լուռ օգնութիւն կը խնդրէ՝ առանց նոյնիսկ գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգնութիւն խնդրել։
Թերեւս այս է մարդուն ամենէն մեծ հակասութիւններէն մէկը.մենք ընկերային էակներ ենք, կը փնտռենք կապ, մտերմութիւն եւ հասկցուած ըլլալու զգացում, բայց երբեմն մեր ամենախոր ցաւերու առջեւ կը նախընտրենք առանձին մնալ։ Կը փափաքինք, որ մէկը մեզ հասկնայ՝ առանց երկար բացատրութիւններու, նկատէ մեր լռութիւնը՝ առանց հարցումներու տարափի, զգայ մեր տխրութիւնը՝ առանց մեզ ստիպելու, որ զայն բառերու վերածենք։ Կը սպասենք, որ մէկը տեսնէ մեր յոգնած աչքերու ետին թաքնուած պատմութիւնը։ Բայց երբ մէկը մօտենայ եւ հարցնէ՝ «ի՞նչ պատահած է քեզի», յաճախ կը պատասխանենք՝ «ոչինչ, լաւ եմ»։
Այդ «լաւ եմ»ը երբեմն ամենէն երկար եւ ամենէն տխուր պատմութիւնն է, զոր մարդ կրնայ պատմել։
Ինչո՞ւ չենք համարձակիր մեր ցաւերը բաժնել ուրիշներու հետ։ Թերեւս որովհետեւ վախնալու պատճառներ ունինք։ Վախցած ենք, որ մեզ պիտի չհասկնան, մեր զգացումները պիտի նուազեցնեն, մեր ապրումները պիտի համեմատեն ուրիշներու տառապանքներուն հետ եւ ի վերջոյ պիտի համոզեն մեզ, թէ մեր ցաւը այնքան ալ մեծ չէ։ Մարդիկ երբեմն այնպիսի դիւրութեամբ կ՚ըսեն՝ «մոռցիր», «ժամանակը ամէն ինչ կը բուժէ», «աւելի գէշ բաներ ալ կան այս կեանքին մէջ», կարծես ցաւը անջատիչ մը ըլլայ, զոր կրնանք մէկ շարժումով անջատել։ Անոնք կը մոռնան, որ մարդը միշտ չէ, որ խորհուրդի կարիք ունի։ Երբեմն անոր պէտք է պարզապէս մէկը, որ նստի իր կողքին, չփորձէ ուղղել զինք, չշտապէ գտնել լուծում մը, այլ ընդունի իր տխրութիւնը՝ իբրեւ իր մարդկային գոյութեան բնական մէկ մասը։
Երբեմն մարդը չի լռեր, որովհետեւ խօսելու բան չունի։ Կը լռէ, որովհետեւ չափազանց շատ բան ունի ըսելիք։ Անոր ներսը այնքան խառնաշփոթ է, որ չի գիտեր ուրկէ սկսիլ։ Ինչպէ՞ս բացատրել ուրիշին այն ցաւը, որ նոյնիսկ իրեն համար ամբողջովին հասկնալի չէ։ Ինչպէ՞ս բառեր գտնել այն բացակայութեան համար, որ ամէն օր ներկայ է։ Ինչպէ՞ս նկարագրել կարօտը այն մարդուն, որ երբեք չէ կորսնցուցած իր սիրած մէկը, կամ դատարկութիւնը՝ անոր, որ երբեք չէ զգացած, թէ իր կողքին գտնուող մարդոց մէջ իսկ ինք բոլորովին առանձին է։
Որոշ ցաւեր չունին յստակ անուններ։ Անոնք չեն սկսիր որոշ օր մը եւ չեն վերջանար որոշ պահու մը։ Կը մտնեն մեր կեանքէն ներս՝ կամացուկ, գրեթէ աննկատ եւ աստիճանաբար կը դառնան մեր առօրեայի մէկ մասը։ Սկիզբը կը պայքարինք անոնց դէմ, ապա կը փորձենք անտեսել զանոնք, իսկ ի վերջոյ կը սորվինք անոնց հետ ապրիլ։ Կը սորվինք ժպտիլ՝ երբ ներսը տխուր ենք, աշխատիլ՝ երբ հոգեպէս ուժասպառ ենք, շարունակել մեր ճամբան՝ երբ նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք։ Արտաքնապէս կը յարմարինք կեանքին, բայց մեր ներսը անլոյծ հարցումներ կը մնան։
Ամենէն դժուարը այն է, որ ժամանակի ընթացքին մարդ կրնայ նոյնիսկ իր ցաւը թաքցնելու վարպետ դառնալ։ Սկիզբը ան դիմակ մըն է, զոր կը կրէ ուրիշներու ներկայութեան։ Յետոյ այդ դիմակը կը դառնայ սովորութիւն, իսկ սովորութիւնը՝ ինքնութեան մաս մը։ Մարդիկ զինք կը ճանչնան իբրեւ ուժեղ, զուարթ, ինքնավստահ կամ անտարբեր մէկը։ Ո՛չ ոք կը մտածէ, թէ այդ ուժի ետին թերեւս կայ մէկը, որ պարզապէս երբեք առիթ չէ ունեցած տկար ըլլալու։ Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ այդ անտարբերութեան ետին թերեւս թաքնուած է յուսախաբութիւններու երկար պատմութիւն մը եւ այդ զուարթութեան ետին՝ արցունքներ, զորս ան տարիներ շարունակ սորված է կուլ տալ։
Եւ օր մը, երբ այլեւս չենք կրնար շարունակել նոյն կերպով, կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ մեզ շրջապատող մարդիկ չեն նկատեր մեր տառապանքը։ Բայց ինչպէ՞ս պիտի նկատէին, երբ մենք ամէն ինչ ըրած ենք զայն չցուցնելու համար։ Ինչպէ՞ս պիտի հասկնային մեր լռութիւնը, երբ ամէն անգամ, որ անոնք փորձած են մօտենալ, մենք փակած ենք մեր դռները։ Սա մեղադրանք չէ մեզի ուղղուած, այլ պարզապէս այն տխուր իրականութեան ընդունումն է, որ երբեմն մեր պաշտպանական պատերը, որոնք ժամանակին կառուցած ենք մեզ վիրաւորուելէ փրկելու համար, ի վերջոյ մեզ կը մեկուսացնեն նոյն այն մարդոցմէ, որոնց ներկայութեան կարիքը ունինք։
Թերեւս ամենէն խոր ցաւերը կը ծագին այն տեղերէն, ուր ժամանակին սիրած ենք։ Մենք այնքան ալ չենք ցաւիր անծանօթներու խօսքերէն, որքան անոնց լռութենէն, որոնցմէ խօսք մը կը սպասէինք։ Մեզ այնքան չեն կոտրեր հեռաւոր մարդոց անտարբերութիւնը, որքան անոնց անտարբերութիւնը, որոնց համար մեր սիրտը լայն բացած ենք։ Որովհետեւ երբ մէկուն կը վստահինք մեր ամենանուրբ կողմերը, անոր ձեռքը կու տանք նաեւ մեզ վիրաւորելու կարելիութիւնը։ Եւ երբ այդ վստահութիւնը կը փշրուի, ցաւը միայն կորսուած յարաբերութեան ցաւը չէ։ Ան նաեւ մեր իսկ դատողութեան նկատմամբ վստահութեան կորուստն է։ Կը սկսինք հարց տալ մենք մեզի՝ ինչո՞ւ վստահեցայ, ինչո՞ւ հաւատացի, ինչո՞ւ չնկատեցի այն նշանները, որոնք հիմա այնքան յստակ կը թուին։
Այդպէս կը սկսի ներքին դատավարութիւն մը, որուն մէջ մենք միւենոյն ժամանակ մեղադրողն ենք, մեղադրեալը եւ դատաւորը։ Կը վերադառնանք անցեալի խօսակցութիւններուն, կը վերլուծենք իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր շարժում, իւրաքանչիւր լռութիւն։ Մեր միտքը կը փորձէ գտնել բացատրութիւն մը, որովհետեւ երբեմն անորոշութիւնը աւելի անտանելի է, քան նոյնիսկ ցաւալի ճշմարտութիւնը։ Բայց անցեալը վերակառուցելով՝ չենք կրնար փոխել զայն։ Կրնանք միայն անվերջ կրկնել այն տեսարանները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են եւ ամէն անգամ նոր ցաւ մը կ՚աւելցնեն հին ցաւին վրայ։
Այնուամենայնիւ, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր լռութիւնը միշտ թուլութեան նշան չէ։ Երբեմն ան ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է, երբեմն՝ ժամանակաւոր ապաստան մը, ուր կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչ պատահած է մեզի։ Ո՛չ ոք պարտաւոր է իր ամենախոր վէրքերը ցուցադրել բոլորին։ Ո՛չ ոք պարտաւոր է իր անձնական տառապանքը վերածել պատմութեան մը, զոր ուրիշները կրնան մեկնաբանել, դատել կամ նոյնիսկ օգտագործել իր դէմ։ Մեր հոգին ալ իր սահմանները ունի եւ այդ սահմանները յարգելը երբեմն առողջութեան նշան է։
Թերեւս այդ պատճառով ալ մեր կեանքին մէջ ամենաթանկ մարդիկը անոնք չեն, որոնք միշտ ճիշդ խօսքերը կը գտնեն, այլ անոնք, որոնց ներկայութեան կրնանք լռել՝ առանց լռութենէն ամչնալու։ Անոնք, որոնց առջեւ ստիպուած չենք ձեւացնել, թէ ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ է։ Անոնք, որոնց կրնանք ըսել՝ «այսօր լաւ չեմ», առանց երկար բացատրութիւններ տալու կամ մեր զգացումները արդարացնելու։ Այդպիսի մարդոց ներկայութիւնը չի ջնջեր մեր անցեալը, չի փոխեր մեր ապրած կորուստները, բայց մեզի կը յիշեցնէ, որ տառապիլը մարդ ըլլալու անբաժանելի մէկ մասն է եւ որ մեր ամենէն խոցելի պահերուն մէջ իսկ արժանի ենք սիրոյ ու յարգանքի։
Ի վերջոյ, թերեւս կարիք չունինք գտնելու մէկը, որ մեր բոլոր ցաւերը պիտի բուժէ։ Այդպիսի մարդ գուցէ գոյութիւն չունի։ Մեզի պէտք է մէկը, որուն քով կրնանք անկատար ըլլալ, կորսուած ըլլալ, լուռ ըլլալ, նոյնիսկ՝ չգիտնալ, թէ ինչ կը զգանք։ Մէկը, որ մեր տխրութեան դիմաց մեզի չի ստիպեր ժպտիլ, մեր արցունքներուն դիմաց մեզի չի ստիպեր ամչնալ եւ մեր լռութեան դիմաց չի շտապեր հեռանալ։
Մարդուն պէտք չէ միշտ փրկուիլ։ Երբեմն անոր պէտք է միայն մէկը, որ իր կողքին մնայ, մինչեւ ինք դարձեալ ուժ գտնէ ապրելու։ Մէկը, որ չփորձէ ջնջել իր ցաւը, այլ օգնէ իրեն հասկնալու, որ ցաւին գոյութիւնը դեռ չի նշանակեր, թէ կեանքին մէջ ամէն ինչ կորսնցուցած է իր իմաստը։
Եւ գուցէ այն օրը, երբ վերջապէս համարձակինք մեր ցաւը բաժնել մէկու մը հետ, պիտի հասկնանք, որ ամենէն դժուար քայլը խօսիլը չէր, այլ հաւատալը, թէ մեր լռութենէն անդին ալ կրնանք ընդունուած ըլլալ։ Որովհետեւ երբեմն մեր ամենախոր վէրքերը չեն բուժուիր այն պահուն, երբ մէկը կը գտնէ անոնց դարմանը, այլ այն պահուն, երբ կը դադրինք զանոնք թաքցնելէ՝ վախնալով, որ անոնց պատճառով մեզ այլեւս պիտի չսիրեն։
Եւ թերեւս իսկական մտերմութիւնը կը սկսի հոն, ուր այլեւս ստիպուած չենք ըլլար ըսելու՝ «լաւ եմ», երբ մեր ամբողջ հոգին լուռ կը պոռայ, թէ լաւ չենք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ