ՏՊԱԳԻՐ ԽՕՍՔԻ ՏՈԿՈՒՆ ՎԿԱՆ
28 հոկտեմբերին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը թեւակոխէ իր 119-րդ տարեդարձը։ 1908-ին Պոլսոյ մէջ սկսած այս երթը, անցնելով սերունդներու, ժամանակներու եւ պատմութեան բազում խորշերէն, այսօր ալ կը շարունակուի՝ հայ մամուլի երկնակամարին տակ վառ պահելով իր գոյութեան լոյսը։
119 տարիները պարզապէս ժամանակի չափում մը չեն։ Անոնք կը պատմեն աշխատանքի, հաւատքի եւ անձնուիրութեան մասին, կը վկայեն՝ թէ ինչքան դժուար է երբեմն շարունակել, բայց նաեւ՝ թէ ինչքան կենսական է չհրաժարիլ։ Ամէն թիւի ետին կան անքուն ժամեր, մտահոգութիւններ, յուսախաբութիւններ եւ անտեսանելի ջանքեր։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք իրենց բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնելով՝ օր մը եւս լոյս ընծայած են թերթը, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ձայնը չլռէ։
Այսօր թերթ հրատարակելը, մանաւանդ տպագիր օրաթերթ հրատարակելը, այլեւս միայն մասնագիտական գործ չէ։ Անիկա դարձած է ամէնօրեայ դիմադրութիւն՝ փոխուող սովորութիւններու, նիւթական ծանր պայմաններու, ընթերցողներու նուազող շրջանակներու եւ մամուլի դերին շուրջ աճող անտարբերութեան դէմ։ Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի հայերէնով հրատարակուող օրաթերթի մը, այդ դժուարութիւնները կը խորանան ու կը բարդանան։ Այս իրականութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր երթը կը շարունակէ՝ գիտակցելով, որ ամէն նոր օր նոր փորձութիւն մըն է։
Դժուարութիւնները այսօր աւելի սաստկացած են, իսկ թերթի գոյատեւումը՝ աւելի ծանր։ Պահպանելը ինքնին դարձած է մեծ յանձնառութիւն։ Բայց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ անոր գոյութիւնը երբեք ինքնաբերաբար չէ ապահովուած։ Ամէն շրջան ունեցած է իր փորձութիւնները եւ ամէն սերունդ իր ձեւով դիմագրաւած է զանոնք։ Այսօրուան մարտահրաւէրները գուցէ տարբեր են իրենց բնոյթով, սակայն, անոնց դիմաց անհրաժեշտ են նոյն կամքը, նոյն հետեւողականութիւնը եւ նոյն հաւատքը, որոնք թերթը հասցուցած են այս հանգրուանին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը միայն լուրերու կամ յօդուածներու հաւաքածոյ մը չէ։ Անիկա հայերէն գրուած ու տպուած էջերու ամբողջութիւն մըն է, որուն մէջ կը պահուին համայնքի յիշողութիւնը, լեզուի ներկայութիւնը եւ հանրային խօսքի շարունակականութիւնը։ Անոր էջերուն մէջ կ՚արձանագրուին օրուան անցուդարձերը, բայց, միաժամանակ, կը պահպանուի կապ մը՝ անցեալին, ներկային եւ ապագային միջեւ։ Թերթը կը դառնայ վկայ, երբ կը գրանցէ իր ժամանակը եւ կը դառնայ պատմութեան մասնակից, երբ այդ ժամանակին մէջ իր ձայնը կը պահէ։
Այսպիսի հաստատութեան մը առաքելութիւնը չի՛ սահմանափակուիր հրատարակութեան թիւ մը լոյս ընծայելով։ Անիկա կը շարունակուի իւրաքանչիւր անգամ, երբ հայերէն տող մը կը հասնի ընթերցողին, երբ համայնքի մտահոգութիւնները կը գտնեն իրենց արտայայտութիւնը, երբ հանրային հարցերը կը դառնան քննարկման նիւթ։ Այդ պատճառով ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 119 տարիները ո՛չ միայն անցեալի պատում են, այլեւ ներկայի պարտաւորութիւն։ Անոնք կոչ մըն են՝ արժեւորելու այն գործը, որուն պահպանումը այսօր աւելի քան երբեք կը պահանջէ համախմբուածութիւն եւ պատասխանատու վերաբերմունք։
Այս առիթով երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք թերթի հիմնադիրներուն, նախկին խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք իրենց ժամանակը, միտքն ու ուժը նուիրած են անոր։ Յարգանքի արժանի են նաեւ ներկայիս պատասխանատուները, որոնք ծանր պայմաններու մէջ կը շարունակեն ստանձնել օրաթերթը հրատարակելու բեռը։ Առանձնապէս կը մաղթենք կամք եւ կորով տիար Արա Գօչունեանին, որ իր նախնիներէն ժառանգած այս թերթին ղեկը կը պահէ՝ ջանալով անոր առաքելութիւնը հասցնել նոր օրերու։ Մեր երախտիքի խօսքը նաեւ անոր կողքին կանգնող Սարգիս եւ Նատիա Գօչունեաններուն, աշխատակիցներուն, սիւնակագիրներուն, բարեկամներուն ու բարերարներուն։ Անոնց նիւթական աջակցութեան կողքին, բարոյական զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը նոյնքան կարեւոր են։
Տարեդարձը տօնելու կողքին, պէտք է նաեւ անկեղծօրէն գիտակցիլ այն ծանրութեան, որ կը կրէ այս շարունակութիւնը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյատեւումը միայն թերթին պատասխանատուներուն պարտականութիւնը չէ. անիկա կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք կարեւոր կը նկատեն հայ մամուլի ներկայութիւնը, հայերէն տպագիր խօսքի պահպանումը եւ մեր հաւաքական յիշողութեան փոխանցումը։ Աջակցիլը միշտ նոյն ձեւը չունի․ ընթերցել, բաժանորդագրուիլ, տարածել թերթը, քաջալերել անոր աշխատակիցները եւ անոր դերին հանդէպ հետաքրքրութիւն պահել՝ այս բոլորը կը նպաստեն, որ երթը չընդհատուի։
119 տարիներու բովէն անցած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այսօր նոր հանգրուանի մը սեմին է։ Ճամբան դիւրին չէ, իսկ ապագան՝ առանց մարտահրաւէրներու։ Բայց այս երկար երթին իմաստը նաեւ հոն է, որ ամէն սերունդ իր բաժինը կը բերէ շարունակութեան։ Թող թերթին դրօշը մնայ բարձր, հայ գիրը՝ կենդանի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերը շարունակեն դառնալ մեր օրերուն վկան։
Դէպի նոր ամեակներ՝ հաւատքով, հաստատակամութեամբ եւ անսասան կամքով։
Երթը կը շարունակուի։
Երթը պիտի շարունակուի:
Պիտի շարունակուի՝ հակառակ սեւ ամպերուն:
Պիտի շարունակուի՝ հակառակ դժուարութիւններուն:
Պիտի շարունակուի՝ հակառակ նեղութիւններուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ