ՅՕԴՈՒԱԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Յօդուածագրութեան արուեստը արաբերէն լեզուին մէջ հին պատմութիւն մը ունի՝ իսլամական պետութեան կազմութենէն ետք։ Անիկա ծնունդ առաւ «ֆասլերու» գրականութեան հետ, ապա միախառնուեցաւ պատմուածքին եւ կապուեցաւ «մաքամէ»ին հետ, որուն ամենէն համառօտ սահմանումը պատմողական յօդուած մըն է, ուր կարեւորութիւն կը տրուի արտայայտութեան կատարելագործման։

Սակայն «ֆասլ»ը, իրականութեան մէջ, արաբական գրականութնէն ներս յօդուածին առաջին սկզբնաղբիւրն է։ Հաւանաբար, արաբերէն առաջին գիրքերը, իրենց կազմութեան սկզբնական շրջանին, այնպիսի գլուխներու հաւաքածոներ էին, որոնք կա՛մ նիւթով որոշ չափով իրարու հետ կապ ունէին, կա՛մ ալ բոլորովին անկապ էին իրարմէ։ Այդ գիրքերէն շատերը բանալով՝ կարելի էր «բարոյականութեան» մասին գլուխ մը կարդալ, որու կողքին կու գար քաջերու եւ ճարտասաններու պատմութիւններուն նուիրուած գլուխ մը, ապա՝ խորամանկութեան եւ խորամանկ մարդոց մասին ուրիշ մը. եւ այսպէս շարունակ՝ բազմաթիւ այլ նիւթեր, որոնք իրենց բնոյթով ամենէն աւելի կը մօտենան յօդուածին՝ արդի իմաստով։

Յոյներն ու հռոմայեցիները եւս գրած են նամակներ, որոնք որոշ չափով ազատ մեկնաբանութեամբ եւ ընդլայնումով կրնանք դասել պատմողական գրականութեան շարքին։ Անոնց շարքին են Արիստոտէլի եւ Պլուտարքոսի նամակները, Սենեկայի եւ Պլինիոսի նամակները, ինչպէս նաեւ Մարկոս Աւրելիոսի խորհրդածութիւնները եւ նմանօրինակ այլ գործեր, որոնք կը յատկանշուին իրենց համառօտութեամբ եւ նիւթերու բազմազանութեամբ։

Սակայն, արաբներուն ծանօթ «ֆասլ»ը համաշխարհային գրականութեան մէջ յօդուածի ամենէն հին նախակարապետն է, որովհետեւ անիկա երեւան եկած է նախքան Մոնթէյնի յօդուածներուն յայտնուիլը։ Մոնթէյն անառարկելիօրէն այս արուեստի մեծագոյն ներկայացուցիչն է եւրոպացիներուն մէջ։ Այս գրական սեռը Ֆրանսայի մէջ առաջին անգամ երեւցաւ 1571-ին, ապա՝ տասնեակ մը տարիներ ետք, անգլիացի նշանաւոր իմաստասէր Ֆրանսիս Պէյքընի գրութիւններուն մէջ։ Այդ օրէն ի վեր յօդուածը դարձաւ անգլիալեզու ընթերցողներուն միջեւ լայն տարածում գտած գրական սեռ մը՝ հակառակ անոր, որ ֆրանսացիները նախապէս արդէն իսկ մշակած էին զայն։

Մոնթէյն իր յօդուածները կոչեց «Essais»՝ «Փորձեր», կարծես ներողութիւն խնդրելով իր ազատ, անկաշկանդ շարադրանքին համար, որ չէր սահմանափակուեր մէկ նիւթով եւ չէր ձգտեր մտածողութեան խորացման։ Արուեստագէտներու եզրաբանութեան մէջ «փորձ»ը կը նշանակէ արձանի մը պատրաստութեան նախնական աշխատանքը՝ փափուկ նիւթէ. ինչպէս՝ մոմը, նախքան զայն պղինձէ կաղապարի մէջ ձուլելը կամ մարմարէ քանդակելը։ Մոնթէյն ուզեց, որ իր յօդուածները նման «փափուկ փորձեր» ըլլան։ Ան զանոնք սահմանափակեց առօրեայ, թեթեւ դէպքերով եւ անձնական փորձառութիւններով, որոնց մասին բարեկամները կը զրուցեն իրարու հետ՝ մտերմիկ երեկոներու ընթացքին եւ ազատ ժամերը հաճելիօրէն անցընելու համար։

Երբ Պէյքըն ձեռք առաւ յօդուածներ գրելու գործը, անոնց մէջ պակսեցուց անձնական կողմը եւ աւելցուց ուսումնասիրական բաժինը։ Այսպիսով, իր յօդուածները աւելի մօտեցան խտութեան եւ համադրութեան, քան ծաւալուն շարադրանքին ու զուարճախօսութեան։ Հակառակ անոր՝ անոնք մեծ ընդունելութիւն գտան։ Ապա ծնունդ առաւ մամուլը եւ յօդուածը հաստատուեցաւ իր անփոխարինելի տեղը՝ դառնալով համառօտ գրութեան նոր տեսակ մը, մինչ այդ անիկա ընդունելութեան եւ անտեսումի միջեւ տատանուող փորձ մը եղած էր։ Յօդուածներու նիւթերը բաժնուեցան ըստ թերթերու եւ հանդէսներու բնոյթին։ Անոնք, որոնք կը ծառայէին ժամանցի եւ ընդհանուր ընթերցանութեան, հետեւեցան Մոնթէյնի եւ անոր հետեւորդներու ուղիին։ Իսկ ուսումնասիրութեան եւ մասնաւոր ընթերցանութեան համար նախատեսուած յօդուածներուն մէջ գերակշռեց լրջութեան եւ բծախնդիր մշակման ոգին։

Առաջին տեսակի մասին ըսուած է, թէ անիկա կը նմանի այնպիսի մարդու մը խօսակցութեան, որուն անսպասելիօրէն կը հանդիպիս։ Անիկա բացուող միտքի եւ զգուշաւոր վերապահութեան խառնուրդ մըն է՝ ուղղուած ունկնդիրներու եւ հետաքրքրութեամբ սպասողներու ներկայութեան։ Իսկ երկրորդ տեսակը բնորոշուած է իբրեւ ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ երկարաշունչ նիւթերը կը համառօտուին, իսկ իրարմէ հեռու գաղափարները կը մօտեցուին իրարու։ Ան կրնայ հասնիլ խտութեան եւ համադրութեան բարձրագոյն աստիճանին։

Մեր կարծիքով, սակայն, յօդուածը պէտք է ըլլայ իր նիւթին նուիրուած գիրքի մը նախագիծը՝ անոր համար, որուն ժամանակը կը բաւէ ընդհանրական պատկերացում կազմելու, բայց չի՛ բաւեր մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալու։ Իւրաքանչիւր նիւթի մասին գրուած յօդուած փոքրիկ գիրք մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ այն սերմը, որմէ կրնայ ծառ մը աճիլ, եթէ ընթերցողը պատրաստ է սպասելու։

Այս գիրքին [«Կը հարցնեն քեզի»] յօդուածները գրելու ընթացքին մենք հետեւած ենք այս սկզբունքին։ Զանոնք իրենց նիւթով, ծաւալով եւ մատուցման եղանակով նմանցուցած ենք «Ֆասլերու», «Ընթերցումներու», «Վերատեսութիւններու» եւ «Գիրքերու միջեւ անցուած ժամերու» յօդուածներուն։ Սակայն, այս գիրքին յօդուածները չեն պատկանիր այդ վերնագիրներէն մէկուն, որովհետեւ անոնք մեծ մասամբ ընթերցողներու կողմէ հեղինակին ուղղուած որոշակի հարցումներու պատասխաններ են։ Հետեւաբար, անոնք իրենց առիթով կը տարբերին յիշեալ յօդուածներէն, թէեւ կը համապատասխանեն անոնց նիւթին, մշակման եղանակին եւ անձնական հարցերու փոխարէն ընդհանուր հարցերու նախապատուութիւն տալու սկզբունքին։

Ահա՛ ժամանակը հասած է, որ այս յօդուածները իրենց տեղը գրաւեն յիշեալ հաւաքածոներու կողքին։ Կը յուսանք, որ գրականագէտներու հետաքրքրութիւնը՝ անոնց նիւթերու մասին հարցումներ ուղղելու, եւ ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը՝ զանոնք կարդալու, միջնորդ ու երաշխաւոր պիտի ըլլան, որպէսզի զանոնք այս վերնագրին տակ հրատարակենք։ 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ 


(*) Ապպաս Մահմուտ էլ-Աքքատ (1889-1964) եգիպտացի նշանաւոր գրող, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, պատմաբան եւ հրապարակախօս։ Թէեւ ան միայն նախակրթարանի վկայական ստացած էր, ինքնակրթութեամբ ձեռք բերած է լայն գիտելիքներ եւ հարստացուցած է իր անձնական գրադարանը՝ աւելի քան 30 հազար գիրքերով։ Ան արաբական արդի գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն է եւ «Տիուան» գրական դպրոցին հիմնադիրներէն մէկը։ Իր գրական գործունէութեան կողքին՝ ան աշխուժօրէն մասնակցեցած է քաղաքական կեանքին՝ պայքարելով բռնատիրութեան եւ ֆաշիզմի դէմ։ Հեղինակած է աւելի քան հարիւր գիրք, որոնց շարքին՝ նշանաւոր «Հանճարներ» շարքը: Մահացած է 1964-ին՝ ձգելով հարուստ գրական ժառանգութիւն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2026