ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԱԾ ՉԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌԸ

Գայլը իր որսը ուտելէ ետք կը հեռանայ ու խաղաղ վիճակով կը քնանայ։ Նոյնպէս կատուն՝ երբ կուշտ է, ամէն բանէ կը հեռանայ։ Այդպէս է, որովհետեւ անոնց համար բաւարարուածութիւնը ո՛չ թէ հոգեբանական հարց է, այլ յստակ ազդանշան եւ գուցէ այս մէկը այն հազուագիւտ երեւոյթներէն է, որ անասունին մօտ շատ աւելի յստակ ու ճիշդ ձեւով կը գործէ՝ քան մարդուն: Պատճառը այն է, որ անասունը կ՚ապրի իր ներկան, մինչ մարդ իր ներկային մէջ կ՚ուզէ ապրիլ նաեւ իր ապագան եւ այդ է պատճառը, որ բաւարարուածութեան պակաս կ՚ունենայ։ Մարդ իր ներկայ ունեցածով չի բաւարարուիր, որովհետեւ ապագային մէջ կը տեսնէ պակաս մը եւ այդ անորոշութեան վախը զինք կը մղէ իր կարիքէն աւելիին ցանկալու՝ ինչ որ «անկուշտ» վիճակ մը կը ստեղծէ: Անասունին եւ մարդուն այս տարբերութեան երկրորդ պատճառը այն է, որ անասունը ինքզինք իր նմանին կամ այլ անասունի հետ չի համեմատեր։ Մարդու պարագային այդ մրցումը աւարտ մը չունի եւ «ինչքան շատ այնքան լաւ»ի տրամաբանութիւնը անվերջ մրցում ու պայքար կը ստեղծէ: Օրինակի համար, անասունը կ՚ուտէ իր անօթութիւնը վերացնելու համար, սակայն, մարդու պարագային միշտ այդպէս չէ: Գուցէ կար ժամանակ, որ մարդ արարածը եւս պարզ կեանք մը կ՚ապրէր։ Ժամանակն ու մարդկային հոգեբանութիւնն է, որ փոխած է այդ բոլորը եւ հասցուցած այնտեղ՝ ուր որ ենք այսօր: Մարդու պարագային ուզելը բաւարարուածութենէն աւելի հաճոյքի զգացումի մը գոհացում տալ է։ Այդ իսկ պատճառով, մարդ շատ անգամ ո՛չ թէ կարիքին, այլ հաճոյքին վրայ կը կեդրոնանայ՝ նոյնիսկ եթէ կարիքը յագեցած է: 

Մենք կ՚ըսենք, որ մարդը անասունէն տարբերողը իր բանական էակ ըլլալն ու ազատ կամք ունենալն է՝ ինչ որ մարդ արարածին մեծագոյն շնորհն է. զանոնք տարբերող այլ արժէք մըն է ապագան պատկերացնելու կարողութիւնը։ Որոշ մտաւորականներ այս մէկը մարդուն գլխաւոր յատկութիւններէն մին կը նկատեն եւ այդ մէկը մարդուն մէջ վախ կը ստեղծէ։ Ապագայի վախն ու անորոշութիւնը բաւարարուածութեան պակաս կը ստեղծէ։ Մենք անասուններու նման չենք կրնար մեր ներկայով ապրիլ եւ ապագան մոռնալ։ Անասունը որսի դուրս կու գայ, երբ անօթենայ, մարդը, սակայն, իր ներկայէն անդին իր ապագայի անօթութիւնը եւս ըմբռնելով իր ներկայով չի բաւարարուիր: Մտաւորականներ այս երեւոյթը ուսումնասիրելով կ՚ըսեն, որ մարդ կը կարծէ, թէ շատ հաւաքելով իր գոյութիւնը երկարած կ՚ըլլայ, որովհետեւ մարդկային գոյութիւնը պահպանելու համար սնունդը, գումարը անհրաժեշտութիւն է՝ մանաւանդ, որ մարդոց միտքին մէջ տարածուած է այն սխալ համոզումը, որ յաջողակ անձը այն է, որ աւելի ունի։ Մարդկային այդ մրցումը երբեք վերջ չունի, որովհետեւ միշտ հարուստէն աւելի հարուստ, գեղեցիկէն աւելի գեղեցիկ, իմաստունէն աւելի իմաստուն մէկը գոյութիւն ունի… եւ այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունի այս մրցակցութիւնը, մարդը երբեք բաւարարուած պիտի չըլլայ: 

Մարդու բաւարարուածութեան կորուստը ունի բացասական եւ միաժամանակ դրական կողմեր։ Սկսինք բացասականներէն.

Բաւարարութիւն չզգալը եւ միշտ աւելին ցանկալը մարդուն մէջ ո՛չ թէ ուրախութիւն ու հանգստութիւն, այլ տագնապ եւ անհանգստութիւն կը ստեղծեն։ Մարդ կրնայ ունենալ այն բոլորը, ինչ որ ուրիշներ կ՚ուզեն ունենալ, սակայն, ինք չգնահատէ այդ բոլորը եւ աւելին ուզէ։ Անշուշտ, մեր օրերուն այս մէկը կարելի է դրական ձեւով բացատրել, որովհետեւ աւելիին ձգտումը աշխատասիրութիւն եւ յաջողութիւն կը նշանակէ մեզի համար, սակայն, այս պարագան այդպէս չէ. օրինակի համար, այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք իրենց ունեցած հարստութեան քառորդը նոյնիսկ պիտի չկրնան երբեք ծախսել։ Ունին այնքան հարստութիւն, որ իրենց ծոռները կրնան հանգիստ կեանք մը ապրիլ, սակայն, այդ մարդիկ բաւարարուելու եւ կեանքը վայելելու փոխարէն՝ կը շարունակեն աւելին ունենալու իրենց պայքարը։ Պատճառը այն է, որ ցանկութիւնը ունեցածը կը գերազանցէ եւ հետեւաբար երբեք բաւարարութիւն չի զգար։ Չբաւարարուածութիւնն ու վախը այստեղ կը միանան։ Սենեկա իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մենք յաճախ աւելի կը տառապինք մեր երեւակայութեան մէջ՝ քան իրականութեան» եւ այդ երեւակայական վախն ու անվերջ պայքարի զգացումն է, որ կը մեռցնէ բաւարարուածութիւնը: Այս մէկը մարդուն կու տայ անվերջ մտահոգութիւն։ Հոգեբանութիւնը մտահոգութիւն կ՚որակէ անդադար անցեալի եղածներուն եւ ապագայի անյայտութեան մասին մտածելը։ Մարդ զանազան երեւակայական վիճակներ կը ստեղծէ իր միտքին մէջ եւ մէկ առ մէկ զանոնք երեւակայութեամբ ապրիլ կը փորձէ։ Այս բոլորը յաճախ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ իր ներկան կորսնցնելով ապագայի մէջ ապրի։ 2010 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, որ մարդոց 47 տոկոսը իրենց արթուն վիճակին իրեն ընելիքներուն փոխարէն՝ այլ բաներու մասին կը մտածեն եւ այդ մտածումներուն մէջ շատ աւելի դժբախտ կ՚ըլլան՝ քան ներկային մէջ։ Անշուշտ, այս իրականութեան մէջ դեր ունի նաեւ մարդուն դիմաց դրուած զանազան ընտրութիւնները։ Մարդ բազմաթիւ հնարաւորութիւններուն մէջէն որոշում կը կայացնէ, սակայն, ակամայ կը սկսի մտածել. ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ միւս ընտրութիւնը կատարած ըլլայի։ Այս բոլոր խառն մտածումները անձը կը կտրեն իր ներկայէն եւ մարդ կը սկսի ապրիլ երեւակայութեան, անփոփոխ անցեալի եւ անյայտ ապագայի մէջ եւ ներկան լուսանցքէն դուրս կը ձգէ՝ մոռնալով, որ ներկան է, որ ապագայի անորոշութիւնը դէպի յստակութիւն պիտի առաջնորդէ։ Միշտ կորսնցուցած ըլլալու վախն ու հոգեբանութիւնն է, որ մարդը միշտ աւելի ուզելու կ՚առաջնորդեն:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Որքան ալ թերահաւատ ըլլայ մարդ, երբեմն ստիպուած է ընդունիլ, որ նախախնամութեան մատը կու գայ հեռացնելու վտանգները, որոնք մէկ ակնթարթի մէջ պիտի փճացնէին կամքդ կամ կտրել կեանքիդ թելը:

ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2026