ԱԿՆԱՐԿ - 177 - ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԱՆՀԱՆԴԱՐՏ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՀԵՏ
Գաղտնիք չէ, որ հիմակուան մանուկներու անհանդարտութիւնն ու եռադը կը տարբերին տասնամեակներ առաջ մանուկներու անհանդարտութենէն ու եռանդէն: Տարբեր ծնողներ՝ տարբեր մեթոտներ կը գործածեն, կարենալ դիմագրաւելու համար իրենց մանուկներուն անհանդարտութիւնը: Առ այդ, այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք թերթիս երբեմնի աշխատակիցներէն՝ Շահնազար Քէօթահեանի «Ինչպէ՞ս վարուիլ անհանդարտ մանուկին հետ» վերնագրեալ գրութիւնը, գրուած 1930-ականներուն, նկատի ունենալով այդ գրութեան այժմէականութիւնն ու օգտակարութիւնը մերօրեայ ծնողներուն: Բարի ընթերցանութիւն:
*
Անցեալ օր ականատես եղայ պարզ միջադէպի մը, որ կ՚արժէ հոս ներկայացնել: Մայր մը իր երեք տարեկան գաւակը հանդարտեցնելու եւ լռեցնելու համար իր ձեռքը գտնուած գաւազանով կը սպառնար ու պոռալով կ՚ուզէր խեղճ պգտիկը անհոգի, անշարժ էակի մը վերածել։ Փոքրիկը սոսկումէն ու ձայներու ժխորէն ազդուած՝ բոլորովին սմքած, կծկտած էր անկիւն մը եւ չէր համարձակեր որեւէ շարժում մը ընել կամ ձայն մը հանել: Կը հարցնենք: Արդա՞ր է, որ մայր մը այս ձեւով վարուի իր զաւկին հետ. եւ յետոյ ա՞յս է մանուկները մեծցնելու անոնց ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու կերպը:
Դժբախտարար, դեռ կան մայրեր ու հայրեր, որոնք կ՚անգիտանան մանուկներու հոգեբանութիւնը, անոնց աճման ու զարգացման պարագաները եւ ըստ իրենց, անոնց անհանդարտ ու չար ըլլալուն հիմնական պատճառները, եւ կը դիմեն այնպիսի միջոցներու, որոնք սահմանուած են ապարդիւն մնալու եւ մանուկները վախկոտ ու կեանքի պայքարը յաջողութեամբ տանելու անկարող էակներ դարձնելու:
Շատ անգամ մանուկներու հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց մէջ կ՚ակնկալենք, որ անոնք մեզի պէս խորհին, մեզի պէս զգան, մեզի պէս դատեն ու մեզի պէս գործեն: Կ՚ուզենք, որ անոնք հասկնան մեր ցաւերը, նեղութիւնները ու մասնակից ըլլան մեր հոգեկան, իմացական ու ֆիզիքական վերիվայրումներուն: Ահաւասի՛կ, աններելի սխալ մը, զոր պէտք է դարմանել ի շահ մեր մանուկներու ապագային եւ անոնց առողջ աճման եւ ուղիղ դաստիարակութեան:
Ամէն ոք կ՚ընդունի, թէ կան մասնաւոր աճման շրջաններ, որոնց մէջէն բոլորս ալ կ՚անցնինք մանկութենէն մինչեւ չափահասութիւն: Արդ, մանկական շրջանի ամենացայտուն յատկանիշներէն մէկն է ֆիզիքական շարժումը: Մանուկը կ՚ուզէ իր ձեռքերն ու ոտքերը միշտ զբաղած պահել, իրերը շօշափել, բռնել, վազել, բան մը ընել: Մի միայն տեսնելով ու լսելով չի գոհանար. կարծես զգայարանքներու միջոցաւ ստացած բոլոր տպաւորութիւնները իր մկաններէն դուրս կ՚արտահանուին:
Ֆիզիքական շարժումները դիպուածի մը արդիւնք չեն. բնութիւնն է, որ կը գործէ մանուկին մէջ եւ թոյլ կու տայ, որ ան այս կերպով մտաւորապէս եւ ֆիզիքապէս զարգանայ:
Ֆիզիքական շարժումներն ու գործունէութիւնները առաջին վեց տարիներուն եւ անկէ վերջն ալ մանուկին էական պահանջներէն մին կը կազմեն. այս շրջանին աճումը կ՚ըլլայ արագ, մանուկը մարմնով ու հասակով կը զարգանայ եւ իր նկարագրին հիմերը կը դնէ: Նոր փորձառութիւններ եւ ծանօթութիւններ կը հաւաքէ եւ իր շրջապատի իրերուն աստիճանաբար նշանակութիւն եւ իմաստ տալ կը սկսի: Մանուկին ֆիզիքական շարժումներուն պատճառները պէտք է փնտռել բուն իսկ իր բնական կառուցուածքին մէջ:
Մանուկը ստիպուած է շարժիլ ու գործել, որովհետեւ իր մէջ ունի ուժ, կենսունակութիւն եւ այս ուժն ու կենսունակութիւնը կ՚ուզեն ազատ արձակուիլ, որեւէ ելք մը գտնել, եւ միակ բնական միջոցը ֆիզիքական շարժումներն են:
Նոյնպէս մանուկը ստիպուած է շարժման մէջ ըլլալ, որովհետեւ շրջապատուած է առարկաներով, ձայներով զանազան տպաւորութիւններով եւ բնականաբար իր զգայարանքնենորւն միջոցաւ պիտի պատասխանէ արտաքին ազդեցութիւններուն, տեսած առարկան պիտի բռնէ կամ պիտի շօշափէ, պիտի դառնայ այն կողմը, ուրկէ ձայն մը կը լսէ եւ պիտի խաղայ իր շօշափած առարկաներուն հետ:
Մանկան բնազդները, որոնք որոշ ձեւերով զգալու եւ գործելու բնածին յատկութիւններ են, ինչպէս նաեւ իր գաղափարներն ու խորհուրդները, որոնք մանուկին համար շարժում կը նշանակեն, կը մղեն զինքը գործունէութեան եւ շարժման:
Այսպէս, ուրմեն, կը տեսնենք, թէ մանուկին հոգեկան, մտաւոր ու բարոյական զարգմացման համար իր ֆիզիքական շարժումները որքան անհրաժեշտ են, եւ երբ մենք կը փորձենք զսպողական միջոցներով զրկել մանուկը իր ամենատարրական իրաւունքէն, որն է շարժման միջոցաւ աճիլ ու զարգանալ, սխալ եւ վնասաբեր ուղղութեան մը հետեւեած կ՚ըլլանք:
Մանուկը միշտ շարժման մէջ պիտի ըլլայ. այս չի նշանակեր, սակայն, թէ անոր գործունէութիւնը ու շարժումները առանց հակակշռի եւ առանց ուղղութեան պէտք է մնան: Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ արգիլել մանուկը շարժելէ եւ սեղմումներու ենթարկել զայն, այլ ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն տալ անոր հակումներուն, շարժումներուն եւ գործերուն: Ցոյց տալ միջոց մը, որով ան կարենայ իր մէջ գտնուող ուժին ու կենսունակութեան ուղիղ ելք մը գտնել:
«Մի՛ ըներ» ըսելը կացութիւնը չի փրկեր. եթէ կ՚ուզենք, որ մանուկը սխալ եւ վնասաբեր արարքի մը մէջ չգտնուի, ցոյց տանք անոր այնպիսի գործ մը, այնպիսի զբաղում մը, որ աւելի օգտակար եւ աւելի դաստիարակիչ ըլլայ: Մանուկին իրաւունքն է շարժիլ, խաղալ, ցատկել, զբօսնուլ, գործել. մեզի կը մնայ առաջնորդել զինքը, որպէսզի ան ընտրէ օգտակարը, լաւագոյնը եւ ուղիղը:
Դրական կերպով մօտենանք մանուկին, ծեծը, սպառնալիքը եւ պոռչտուքը մէկդի ձգելով ջանանք զինքը այնպէս մը ուղղութեան բերել, որ բնաւ չզգացուի, չվիրաւորուի եւ վախի ազդեցութենէն զերծ մնայ: Վայրկեանի տպաւորութեան տակ չմնանք, տեսնենք մանուկին կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ եւ ըստ այնմ շարժինք:
Ենթադրենք, թէ տղայ մը ցեխերուն մէջ վրան գլուխը կ՚աղտոտէ. փոխանակ անոր պոռալու «ինչո՞ւ վրադ կ՚աղտոտես», «հիմակ քեզ պիտի ծեծեմ», «մի՛ ըներ» եւ այլն, նոյն պահուն խորհիլ ուրիշ օգտակար բանի մը վրայ եւ ըսել. «Տղաս, զաւակս, եկուր քեզի հետ պտոյտի երթանք», կամ «քեզի թուղթ մատիտ տամ պատկերներ գծէ» կամ «սա ամանը տամ, ինծի քիչ մը ջուր բեր աղբիւրէն» եւ այլն:
Ահաւասի՛կ, տղայ մը, որ քար կը նետէ պատուհանի ապակիներուն, զինքը այս վնասաբեր արարքէն ետ կեցնելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ թելադրել հաճելի խաղ մը, օգտակար եւ հրապուրիչ պարտականութիւն մը. մայրը նոյն պահուն կրնայ ըսել. «Եկուր քեզի մուրճ մը եւ գամ մը տամ, սա պատուհանին ինկած փայտը գամէ»:
Ինչպէս ըսինք, մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մանուկին շարժումներուն ու գործերուն ուղղութիւն տալ, եւ ո՛չ թէ արգիլել մանուկը գործելէ, շարժելէ կամ խաղալէ:
Ծնողներ համոզուելու են, թէ երբեք չեն կրնար մանուկը անշարժութեան դատապարտել, քանի որ անշարժ մնալը տղուն համար տառապիլ պիտի նշանակէր: Մեծ հեղինակ մը կ՚ըսէ. «Մի՛ արգիլեր այն բանը, որ չես կրնար արգիլել». մեր մշտատեւ «մի՛ ըներ»ները, տղուն մէջ կը ստեղծեն ապստամբ ու անհնազանդ բնաւորութիւն մը: Ընդհակառակը, երբ մանուկին շարժումներն ու գործերը կը թելադրուին ծնողքին կողմէ, անգիտակցաբար հնազանդութեան ոգի մը կը ստեծեն անոր մէջ:
«Մի՛ ըներ»ի տեղ դնենք «ըրէ» կամ «ընենք». ծեծին, արգելքին եւ սպառնալիքին տեղ օգտակար գործ, զբաղում եւ առաջնորդութիւն. տա՛նք մանուկներուն յարմար միջավայր մը, եւ կանխենք այն բոլոր դժուարութիւնները մեր իմաստով «վատ արարքները», «չարութիւնները», որոնց կրնայ հանդիպիլ մանուկը:
Մանուկը նկատենք ո՛չ թէ պարզ առարկայ մը, անշունչ իր մը, այլ մարդ մը, անձ մը, անհատականութիւն մը՝ աճելու եւ զարգանալու անսահման կարելիութիւններով օժտուած, եւ ըստ այնմ վարուինք անոր հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ