ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
«Միածինը միածի՛ն էր, բայց միմամիտ չէր. Նա գիտէր, թէ ո՛ւր պէտք է իջնէր: Իսկ ո՞րտեղ է իջել նա. Հայաստանի մայրաքաղաքո՛ւմ, որովհետեւ Վաղարշապատը այդ ժամանակ Հայաստանի մայրաքաղաքն էր: Այս ամէնը արձանագրելով, մենք արձանագրում ենք ամենակարեւո՛րը. Մեր պետութիւնը մեր ինքնութի՛ւնն է: Մեր ինքնութիւնը մեր պետութի՛ւնն է»:
Քանի՞ խելացի սրամիտներ գլուխ-գլխի կրնան տուած ըլլալ մեր վարչապետին այս տողերը գրելու համար: Թէ՞ անձնապէս ի՛ր հանճարեղութեան արդիւնքն է այս:
Կը դժուարանամ պատասխանել:
Կարեւոր առիթ էր, ի վերջոյ, Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը եւ շա՜տ յատուկ պէտք է ըլլար մեր վարչապետին առաջին օրուան բանախօսութիւնը:
Դեռ ամիսներ առաջ, բարձրախօսին ետեւ բուռն ու հաստատակամ՝ «Սփիւռքը այլեւս մեր մենթորը չէ՛ եւ Հայաստա՛նն էլ սնիքըրզներու եւ սէքընտ հէնտերու Հայաստանը չէ՛» ըսելով հանդերձ, բարի գալուստ մաղթեց մեր վարչապետը սփիւռքէն ժամանած վեց հարիւր մասնակիցի:
Պէ՛տք է:
Յուշող մը եղաւ թերեւս, մեր վարչապետին, որ ձեւափոխէ իր «Հայաստանը սփիւռքի փողերուն պէտք չունի» յայտարարութիւնը:
Ունի՞, իսկապէս:
Քանի մը ամիսը մէյ մը միլիոններով նուիրատուութիւն ու հոս-հոն ներդրում ընող Եւրոմիութեան դրօշին տակ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մէջ լողացող մեր պետութիւնը իրօք պէտք ունի՞ սփիւռքին:
Իսկ սփիւռքը՞:
«Ի՛նչ ասել է գաղութ, առանց հայրենիքի: Գաղութը տանջա՛նք է մի բան կերտելու համար: Շաղա՛խ է հայրենիքի համար». Աւետիս Ահարոնեանին տողերն են ասոնք, որոնք առանց «Կուկըլ»ին դիմելու գոց գրեցի, քանի որ դպրոցական տարիներու հայերէնի բոլոր դասապահերուս արտասանած եմ զանոնք…
Համաշխարհային գագաթաժողով, բանախօսութիւններ, կլոր սեղաններ, «միթինկ»ներ, զեկոյցներ, «ուըրքշոփ»ներ, նկարներ ու տեսերիզներ…
Վերջը՞:
Սփիւռքին հրամցուած առաջադրանքը այնքան յստակ է, բարեկամներ: Իրականութեան մէջ, ամբո՛ղջ հայութեան ուղղուածն է այսօր եւ, ինչ խօսք, նորութիւն մը չէ՛ անիկա.
Հայրենիքը պետութիւնն է:
Պատրա՞ստ ես ընդունելու 29, 743 ք.ք. տարածքով Հայաստանի չորրորդ հանրապետութիւնը, «Իրական Հայաստանը»:
Հրամմէ՜, «Արի՛ տուն»: Հազար բարի՜…
Մեր յիշողութիւններուն մէջ ապրող պատմութիւնը չէ՛, պէտք չէ ըլլայ հայրենիքը, այլ՝ այսօրուան իրականութիւնը, որուն կիզակէտը պետութի՛ւնն է:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն ինքն իրեն կրնայ առաջարկել սփիւռքին», ըսաւ վարչապետը:
Ահա՛ մեր հասկնալիքը.
Եթէ դուն դե՜ռ յիշողութեանդ մէջ փորագրուած հերոսական, տխուր, դժբախտ, սխալներով լեցուն մեր պատմութեան ու հայրենիքի բացառիկ կերպարին քով կեցած ես, դժուա՛ր, որ ընկալես այսօրուան մեր պետութիւնը ու տեղդ մնաս, հաւանաբար:
Նորաձե՛ւ է մեր պետութիւնը, որուն կիզակէտը ժողովուրդը չէ՛:
Ինչպէ՞ս, եթէ հարցնէք.
«301-ին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունողը հայերը չէին, փա՛ստօրէն, այլ՝ Հայաստանի պետութի՛ւնն էր», բացայայտեց մեր վարչապետը:
Կրնա՞նք, կարողութիւնը ունի՞նք մենք այսպիսի դարաւոր, սխալ ըմբռնում մը ճշդելու…
Կը կասկածիմ. «սահմանափակ» մեր հայրենասիրութիւնը եւ բառերով սնուող մեր հաւատքը թոյլ կու տա՞ն այս սրբագրութեան:
Ժողովուրդը չէ՛, պետութի՛ւնն է. պետութեան պարիսպներն էին, երեւի, այն ատեն քրիստոնեայ դարձողները, եւ ոչ՝ հոն ապրող հայերը:
Լա՛ւ, ուրեմն նո՛յն սկզբունքով, այսօր Հայաստանի ժողովո՞ւրդն է, թէ պետութիւնը զինք վարկաբեկող «բարեկամին» դիմաց վիզ ծռողը: Ժողովո՞ւրդն է ինքնիշխան Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս պաշարուած Ջերմուկին, քիլօմեթրերով գրաւուած Սիւնիքին, առանց սահմանազատումի՝ լռիկ-մնջիկ յանձնուող գիւղերուն, TRIPP-ի վերջերս հրապարակուած համաձայնութեան, ամէն տեղէ «Արարատ»ին ջնջուելուն դիմաց ձայն չհանողը:
Դարեր առաջ ընդունուած կրօնին պէս, այսօր այս բոլորը ժողովո՞ւրդն է ընդունողը:
«Ինչի՞ ենք այլայլւում, երբ Սեւանին «Կյոչա» են ասում: Մի՜ այլայլուէք: Երգ էր՝ ասեց: Մշակութային բան էր՝ ասեց»:
Հիմա, եթէ այս խօսքը ըսողը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ եւ այժմ՝ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն է, այս պարագային Հայաստանի պետութի՞ւնը, թէ ժողովուրդը կը համարուի ըսողը:
Ինչքան ուզում էք, առաւօտից իրիկուն «Արցախի հանրապետութիւն» ասէք, իրենք էլ ասում են՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»»՝ վարչապետին ըսածը պետութի՞ւնն է ըսողը, թէ ժողովուրդը:
«Ի՞նչի ենք այլայւում…», ճի՛շդ է:
Այլայլուած մեր ինքնութեան կորուստը կշռող արժէք մը մնա՞ց:
Գագաթաժողովը վերջացաւ:
Լուրերը գրուեցան, նկարները տարածուեցան, երկա՜ր-բարակ հաղորդագրութիւնները հրապարակուեցան, մարդիկ ծափահարուեցան, կենացները խմուեցան, ծրարները գոցուեցան եւ ամէն մարդ իր տունը վերադարձաւ:
Ճշդե՛մ.
Շատո՜նց իրեն անծանօ՛թ, անհասկնալի՛, անընդունելի՛ սկզբունքներով շարժող իր «հայրենիքին» հովանիին տակ հաւաքուած հայ ժողովուրդը ցրուեցաւ. ամէն մարդ իր «պետութիւնը» վերադարձաւ:
Վերջաբանի հարցումը.
«301-ից առաջ, գիրեր չկա՛ն, լեզու չկա՛յ, եկեղեցի չկա՛յ. ինչի՞ հաշուին ենք հայ եղել, ինչի՞ ենք «հայ» կոչուել: Որովհետեւ մեր թագաւորնե՛րը հայ են եղել: Մարդիկ մեզ մեր թագաւորներո՛վ են ճանաչել…»:
Եթէ կարելի ըլլա՜ր մեզ այսօր մեր թագաւորով չճանչնալ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ