ԱՆՏԷՐ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ակումբի բեմը ողողուած էր օտար կեանքի մը մնացորդներով։ Պարի փորձը սկսելէ առաջ մեր պարուսոյցը՝ Ճօճիկը, զոր Սասուն կը կոչէինք՝ սասունցի արմատներ ունենալուն համար, եւ որ կարծես աշխարհ եկած էր միայն «Սասունցիներու պարը» պարելու համար, հրահանգեց պարպել անկիւնէ անկիւն կուտակուած իրերը՝ հին աթոռներ, դեղնած տուփեր, անտէրութեան մատնուած տան մը վերջին փշրանքները։ Օր մը առաջ զանոնք բերած, լեցուցած էին ակումբի բեմին վրայ՝ ըսելով, թէ տանտէրը մահացած է, ետին ո՛չ ոք մնացած է, եւ ինչ որ պիտանի չէ, պիտի թափեն։

Երբ սկսանք կարգի բերել բեմը, փոշոտ այդ խառնաշփոթին մէջ աչքիս զարկաւ շրջանակ մը։

Հարսանեկան լուսանկար մըն էր։ Նայեցայ ու շունչս կտրուեցաւ։ Նկարին մէջէն ինծի կը նայէր կին մը՝ աննման, անարատ, կատարեալ գեղեցկութեամբ։ Այդպիսի գեղեցկութիւն կարելի էր տեսնել միայն հին դիցաբանական պատկերներու մէջ։ Ճերմակ քօղին տակէն ցոլացող դէմքը լեցուն էր հպարտութեամբ ու յոյսով։ Չէի կրնար թոյլ տալ, որ այդ լոյսը անփութօրէն նետուէր աղբակոյտը։ Նկարը հետս տուն բերի։

Երբ մայրս տեսաւ շրջանակը, ձեռքերը կարկամեցան։ Դէմքը գունատեցաւ, աչքերը գամուեցան պատկերին։

-Այս նկարը ուրկէ՞ ձեռքդ անցաւ,- շշնջաց՝ յուզումէն խեղդուող ձայնով։- Այտա՛ն է…

Մօրս ձայնին մէջ այնպիսի հարազատութիւն կար, որ այդ պահուն նկարը դադրեցաւ անծանօթ դէմք մը ըլլալէ։ Վայրկեանի մը մէջ, մօրս արցունքոտ աչքերուն ընդմէջէն, փոշոտ շրջանակի մը ետին պահուած, կորսուելու դատապարտուած ամբողջ կեանք մը բացուեցաւ առջեւս։

Ճակատագրի ի՜նչ տարօրինակ հեգնանք. անտէրութեան մատնուած, կորսուելու եզրին հասած դիմանկարը յանկարծ ծանօթ ձայնի մը կողմէ անուն ստացաւ. «Այտա՛ն է…»։

Նկարը պարզ պատկեր մը ըլլալէ դադրեցաւ։ Ան վերածուեցաւ շնչող ցաւի, յուշի ու կորստեան։

-Ուրեմն կը ճանչնա՞ս…

Մայրս, նկարով տարուած, պահ մը լռեց։ Ապա շրթներէն սկսաւ հոսիլ տխուր պատմութիւն մը, որուն ծանրութիւնը մինչեւ այսօր կը ճնշէ հոգիս։

-Այտան քաղաքի ամենէն շլացուցիչ աղջիկն էր։ Անոր քալուածքը ձիու հպարտ ու ներդաշնակ սլացք մը ունէր։ Երբ փողոցէն կ՚անցնէր, մարդիկ ակամայ կը կանգնէին ու կը նայէին իրեն՝ կարծես հազուագիւտ հրաշքի մը ականատես ըլլային։ Ո՛չ միայն գեղեցիկ էր, այլեւ փայլուն միտք ունէր։ Կրթուած էր եւ այդ տարիներուն հազուադէպ յաջողութեամբ պաշտօնի կոչուած էր դեսպանատան մը մէջ՝ իբրեւ քարտուղարուհի։ Նոյն դեսպանատան մէջ աշխատող բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը խենթի պէս սիրահարեցաւ անոր գեղեցկութեան։ Այտան ալ փոխադարձեց սէրը՝ իր գեղեցկութեան չափ ներկայանալի երիտասարդին հանդէպ։

Ամուսնացան։ Տարի մը ետք ծնաւ իրենց որդին։ Ամէն ինչ կատարեալ կը թուէր։ Մինչեւ որ…

Ծննդաբերութեան յաջորդող օրերուն, երբ Այտան տակաւին տկար ու խոցելի վիճակի մէջ էր, երկինքէն ինկող կայծակի մը պէս վրայ հասաւ դաւաճանութիւնը։ Հեքիաթը հեքիաթային աւարտ չունեցաւ։ Ամուսինը սկսած էր ժամադրուիլ դեսպանատան մէկ ուրիշ աշխատակցուհիի մը հետ եւ շուտով յայտարարեց, թէ կ՚ուզէ բաժնուիլ։

Այդպիսի նուրբ պահու մը նման անգութ յայտարարութիւն մը կը նշանակէր, որ ո՛չ միայն սէրը մեռած էր իր մէջ, այլեւ մարդկային տարրական պատասխանատուութեան ու կարեկցանքի զգացումն իսկ կորսնցուցած էր։

Այտային պէս հպարտ, ներաշխարհով հարուստ, ազնուական կեցուածքով եւ ինքնայարգանքով օժտուած կին մը ինչպէ՞ս պիտի տանէր այդ ցաւը՝ առանց իր ներսիդին ամէն ինչ փշրուելու։ Անոր համար այդ պարզապէս դաւաճանութիւն մը չէր, այլ հոգեկան երկրաշարժ մը, իր ամբողջ էութիւնն ու արժանապատուութիւնը վիրաւորող ապտակ մը։ Մանաւանդ՝ որ նորածին մը կար մէջտեղը։

Ծննդաբերութենէն ետք հոգեպէս ու մարմնապէս խոցելի վիճակի մէջ գտնուողկնոջ մը համար թերեւս չկայ աւելի դաժան հարուած։ Այդ պահուն ան ամենէն շատ կարիքը ունի խնամքի, քնքշութեան եւ ապահովութեան։ Իսկ Այտան դէմ յանդիման կանգնած էր դաւաճանութեան, մենութեան եւ ամուսնոյն անգութ որոշումին։

Ինչպէ՞ս դիմանար այդ հպարտ ու նուրբ հոգին նման անարգանքի մը։

Այտան ինկաւ ծանր, անդունդային ընկճուածութեան մէջ։ Բժիշկը հանդարտեցուցիչ դեղեր նշանակեց, իսկ մայրը, ցաւը մեղմելու կոյր մտահոգութեամբ, անընդհատ ու անհաշիւ կու տար զանոնք։

Այդպէս սկսաւ մեծ մղձաւանջը։

Այտան ընկղմեցաւ քիմիական անտարբերութեան մէջ։ Քսանհինգ երկար ու ձիգ տարիներ անցուց գրեթէ քնացած՝ կեանքի ու մահուան, գիտակցութեան ու մոռացումի անհաղորդ սահմանագիծին վրայ։

Քսանհինգ տարի… Կեանքի ամբողջ ծաղկուն շրջանը։ Գիտակցութեան ու անգոյութեան միջեւ կախուած, թմրած ու գրեթէ քնացած՝ մինչդեռ այդ տարիներուն ան իր մայրական ամբողջ քնքշութեամբ պիտի մեծցնէր իր միակ զաւակը, պիտի օրօրէր զայն, պիտի հետեւէր անոր առաջին քայլերուն, դպրոց պիտի տանէր, պիտի տեսնէր անոր մեծնալը…

Եւ ամենաողբերգականը այն էր, որ այդ դանդաղ կործանումը եկաւ ամենէն հարազատ ձեռքէն՝ մօրմէն։ Թերեւս ան ցաւը մեղմելու, դուստրը տառապանքէն հեռու պահելու կոյր մղումով կը գործէր, բայց իրականութեան մէջ, առանց գիտակցելու, սառեցուցած էր Այտային կեանքը եւ գողցած անոր երիտասարդութիւնը։

Երբեմնի այն հպարտ քալուածքով, դեսպանատան մէջ փայլող գեղեցկուհին ակնթարթի մը մէջ վերածուած էր իր իսկ մարմնին ու միտքին մէջ բանտարկուած ստուերի մը։

Քսանհինգ տարի… Քառորդ դար մը…

Որդին մեծցաւ այդ ստուերոտ մէկսենեակնոց տան մէջ՝ մօր կողքին, որ միաժամանակ անհասանելիօրէն հեռու էր իրմէ։ Բայց հակառակ մանկութեան իր դժբախտ պայմաններուն՝ կենսուրախ տղայ մըն էր, բոլորին սիրելին, հաւաքոյթներուն ու բանակումներուն անփոխարինելի հերոսը։

Կարծես իր ծիծաղով կը փորձէր խլացնել ներսի ճիչը։ Թերեւս իր դժբախտութեան դէմ կը խնդար աշխարհին։ Որքա՜ն յաճախ կը պատահի, որ մեծագոյն վիշտերու ծոցէն ծնած զաւակները կը դառնան ամենէն կենսախինդ մարդիկը՝ իրենց շրջապատին լոյս ու ծիծաղ բաշխելով, թերեւս իրենց ներքին անհուն պարապութիւնը ծածկելու համար։

Բայց ի վերջոյ, թերեւս չդիմանալով յուշերու ծանր բեռին, ձգեց ամէն ինչ ու հեռացաւ՝ իր հետ տանելով տան վերջին կենդանութիւնը։

Իսկ Այտային համար աշխարհը կանգ առած էր։ Ան տեղեակ չէր նոյնիսկ, թէ իր զաւակը մեծցած էր։

Տարիներ ետք շաքարախտը եկաւ աւարտելու այն, ինչ դաւաճանութիւնը կիսատ ձգած էր։ Անտեսուած հիւանդութեան հետեւանքով ոտքը փտախտի մատնուեցաւ, անդամահատեցին զայն եւ զինք փոխադրեցին ծերանոց։

Նոյն այն ոտքը, որ ժամանակին իրեն պարգեւած էր քաղաքի ամենէն հպարտ ու յիշարժան քալուածքը։

Մօրս պատմութիւնը չէր հանդարտեցներ զիս։ Օր մը խնդրեցի, որ ծերանոց երթանք՝ Այտային այցելելու։ Շատ կ՚ուզէի տեսնել զինք։

Անկողնին մէջ պառկած էր։ Քսանհինգ տարուան ծանր քունը, մարմնական տառապանքն ու հաշմանդամութիւնը չէին կրցած դպչիլ իր դէմքին։ Դիմացս իսկական «քնացած գեղեցկուհի» մը կար՝ պահպանած իր բացառիկ, աննման գեղեցկութիւնը, որ կարծես լուռ բողոք մըն էր մարդկային դաժանութեան դէմ։

Ժամանակը, որ սովորաբար կը խորշոմեցնէ մարդու դէմքը, կարծես կանգ առած էր այդ թմրեցուցիչ քունին մէջ։ Խնայած էր անոր աննման գեղեցկութիւնը, մինչդեռ մարմինն ու կեանքը ներսէն կը քայքայուէին։

Եւ ճակատագրի ամենէն դառն հեգնանքը ոտքին կորուստն էր. այն նոյն ոտքին, որուն շնորհիւ երբեմնի հպարտ ու թեթեւ «ձիու քալուածքը» հիացմունք կը պատճառէր փողոցին մէջ։

Տուն դարձայ եւ օրերով լացի։

Ինչպէ՞ս կրնար երկրային կեանքը այդքան կատարեալ արարում մը այդ աստիճան անողոք վախճանի մը մատնել։

Մինչեւ այսօր, երբ շուրջս մարդիկ գեղեցկութեան մասին կը խօսին, մտքիս մէջ անոնց ըսածը կը համեմատեմ Այտային հետ։ Ինծի կ՚երեւին լուսանկարի նեղ շրջանակին մէջ ամփոփուած անոր խորունկ աչքերը, ուր անվերջօրէն կը մարտնչին անմեղ գեղեցկութիւնն ու կեանքի սեւ անարդարութիւնը։

Եւ այդ լուռ մարտին մէջ համոզուած եմ, որ քանի դեռ Այտայի յիշատակը կը շնչէ, գեղեցկութիւնն է, որ վերջնականապէս յաղթած է մոռացումին։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026