ՅՈՒՇԵՐ. ԵՐԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՄ ՄԷՋ ԾՆԱՒ

1975 թուական։

Կեանքիս օրհնեալ եւ անկիւնադարձային ժամանակահատուած մը, երբ տարիներու հեռաւորութենէն դիտուած՝ աւելի պայծառ, աւելի խորունկ եւ աւելի նշանակալից կը թուէր։ Այդ շրջանին տակաւին երիտասարդ վարդապետ, հոգիիս մէջ վառ էր բարձրագոյն ուսումս շարունակելու ազնիւ ու սրբազան տենչը։ Այդ ձգտումը պարզապէս գիտութիւն ամբարելու ցանկութիւն չէր, այլ՝ ներքին կոչում հոգեւոր ծառայութեանս հիմքերը աւելի ամրացնելու, միտքս առաւել պայծառացնելու եւ եկեղեցւոյս ու մեր հաւատացեալ հօտին՝ հայ ժողովուրդին առջեւ յանձնառու եւ պատրաստակամ ծառայելու։ 

Ս․ Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի պատրիարք եւ իմ հոգեւոր ծնողքս՝ հոգելոյս Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ եւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ, հոգելոյս Թորգոմ արք. Մանուկեանի համաձայնութեամբ ուսումս շարունակելու նպատակով Երուսաղէմէն Ամերիկա մեկնեցայ։ Բայց մարդ որքան ալ իր կեանքի ուղին ծրագրէ, կեանքը երբեմն անակնկալ դարձուածքներով կը վերաձեւէ զայն, եւ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ալ յաճախ մեր առջեւ կը բանայ այնպիսի դռներ, որոնց իմաստը մենք միայն շատ աւելի ուշ կը հասկնանք։

Նոյն ամրան եղբայրս՝ Մարտիրոս Պոլսոյ մէջ պիտի ամուսնանար, ես վերադարձայ իր պսակադրութիւնը կատարելու։ Այդ վերադարձը ընտանիքիս հետ կիսուելիք ուրախ առիթ մըն էր։ Երբեք չէի մտածեր, որ վերադարձս պիտի շրջէր ամէն որոշում եւ նոր շրջանի մը սկիզբ պիտի դառնար։ 

Թրքական անձնագիրս ժամկէտանց էր, եւ անոր նորոգութիւնը անմիջապէս հնարաւոր չեղաւ։ Այսպէս, կամայ-ակամայ, շուրջ մէկ տարի եւս մնացի Պոլիս։

Պոլսոյ մէջ մէկամեայ կեցութիւնս, կարծէք շեղում մը ըլլալ կը թուէր այն ճամբէն, զոր ես ծրագրած էի։ Սակայն ժամանակը շուտով ցոյց տուաւ, որ այդ «ուշացումը» իրականութեան մէջ աւետիս մըն էր։ Կեցութեան օրերուն անմոռանալի Շնորհք Պատրիարք զիս առաջարկեց օժանդակել Պատրիարքարանի գործերուն։ Ես այդ մէկը ո՛չ թէ իբրեւ սովորական զբաղում, այլեւ՝ պարգեւ ընդունեցի: Պատրիարքարանի մէջ գտնուիլ, մանաւանդ Շնորհք Պատրիարքին ծառայել ինծի համար իսկական դպրոց մըն էր։ Անոր քով մնալ կը նշանակէր սորվիլ ո՛չ միայն խօսքերը, այլեւ լռութիւնը, որ համբերութեան խորհրդանիշն էր, նկատել կեցուածքը, որ կը խորհրդանշէր մարդոց հանդէպ իր վերաբերմունքն ու բարեացակամ կեցուածքն ու եկեղեցւոյ ու ազգին հանդէպ ցուցաբերած անսակարկ նուիրումը։

Անոր մէջ կը զուգորդուէին խոնարհութիւնն ու վեհութիւնը, հայրական գորովն ու առաջնորդական խստապահանջութիւնը, հոգեւոր խորութիւնն ու ազգային պատասխանատուութեան կենդանի զգացումը։ Այդ շրջանը ինծի համար եղաւ լուռ կազմաւորման դպրոց մը, որուն ազդեցութիւնը յետագային բազմիցս պիտի զգայի մտածողութեանս եւ ծառայութեանս ընթացքին։

Վերջապէս ստացայ նոր անձնագիրս եւ պատրաստուեցայ վերադառնալ Ամերիկա՝ ուսումս շարունակելու․ Շնորհք Պատրիարքը անակնկալ առաջարկ մը ըրաւ ինծի։ Ան փափաքեցաւ, որ իբրեւ գաւազանակիր իրեն ուղեկցիմ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, 1975 թուականի սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենար Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը։ Առաջարկը ինծի համար սովորականէն աւելի ե՛ւ պատիւ, ե՛ւ մեծ շնորհք մըն էր։ Կը հասկնայի, որ դէպի Էջմիածին ճամբորդութիւնը սոսկ ուղեւորութիւն չէր, այլ՝ հոգեւոր փորձառութեան շրջան, որ իր անդրադարձը պիտի ունենար ամբողջ կեանքիս ընթացքին։

Աւելին, միւռոնօրհնութենէն ետք Շնորհք Պատրիարք պիտի մեկնէր Եւրոպա եւ ապա Ամերիկայի հայկական գաղութները՝ գաւառներէն Պոլիս բերուած հայ ընտանիքներուն օգտակար դառնալու, անոնց նեցուկ կանգնելու եւ օգնութիւն կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Այդ գործը պարզ վարչական ձեռնարկ մը չէր։ Անիկա հայապահպանման ի նպաստ կատարուած մեծ առաքելութիւն մըն էր։

Արդ, մեծ խանդավառութեամբ, բայց յուզումով սկսայ պատրաստուիլ այդ բացառիկ ճամբորդութեան։ Մեր ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան սկսաւ Պոլսոյ Ասիական ափի Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանէն։ Այդ օր կայարանը ինծի համար սովորական մեկնակէտ չէր։ Ամէն ինչ կարծես խոր խորհուրդով պարուրուած էր։ Մենք ո՛չ միայն տեղէ տեղ կը փոխադրուէինք, այլեւ կը մօտենայինք այն մեկնակէտին, ուրկէ մեկնարկ պիտի տրուէր նոր պատմութեան անսալով արմատներու կանչին։

Ճամբու վրայ առաջին ազդու կանգառներէն մէկը Կեսարիան էր։ Երբ շոգեկառքը հոն հասաւ, կայարանը լեցուն էր տեղաբնիկ հայերով։ Անոնք եկած էին ողջունելու իրենց սիրելի պատրիարքը, ստանալու անոր օրհնութիւնը եւ գուցէ մէկ պահու համար վերագտնելու այն զգացումը, թէ տակաւին կենդանի է իրենց կապը եկեղեցւոյ, ազգին ու իրենց հաւաքական ինքնութեան հետ։ Այդ պահը սրտակեղեք, բայց միաժամանակ մխիթարիչ էր։ Մարդիկ թերեւս քիչ էին, բայց անոնց հայեացքներուն մէջ կար ողջ տառապանքի ու կարօտի պատմութիւն մը։

Յաջորդ կանգառը Սեբաստիան էր։ Հոն ապրող փոքրաթիւ հայ համայնքը եկած էր պատրիարքը դիմաւորելու՝ թոնիրի հացերով։ Այդ տեսարանը մինչեւ այսօր ալ աչքերուս առջեւ կը մնայ ողջ պարզութեամբ եւ մեծութեամբ։ Անոնք ո՛չ միայն իրենց պատրիարքը կ՚ողջունէին, այլ իրենց տուներու հացը կը յանձնէին անոր, որպէսզի զայն փոխանցէր Վազգէն Վեհափառ Հայրապետին՝ իբրեւ որդիական սիրոյ, յարգանքի եւ կապուածութեան խորհրդանիշ։ Այդ հացը պարզ հիւրասիրութիւն չէր։ Անիկա ժողովուրդի մը յիշողութիւնն էր, անոր աղօթքն էր, անոր գոյատեւման համեստ, բայց խորունկ վկայութիւնը։ Այդ հացը իր մէջ կը բովանդակէր կարօտ, հաւատարմութիւն եւ դարերով պահուած ինքնութիւն։

Մեր ուղին շարունակուեցաւ մինչեւ Կարս, ուր պէտք էր գիշերէինք։ Առաջարկուեցաւ հանգստանալ հիւրանոցի մը մէջ, բայց Շնորհք Պատրիարք նախընտրեց մնալ շոգեկառքին մէջ։ Այդ որոշումը խոր տպաւորութիւն ձգեց իմ վրայ։ Այդ որոշումով կ՚արտացոլար պարզութիւն, ներքին խստակեցութիւն եւ ծառայութեան հանդէպ ունեցած մաքուր գիտակցութիւն։ Ան չէր փնտռեր դիւրութիւն, չէր ձգտեր արտաքին յարմարութեան։ Անոր կեցուածքը ինքնին խօսուն վկայութիւն մըն էր այն հոգեւոր կարգապահութեան, որով ան կ՚ապրէր։

Յաջորդ առաւօտ Հայաստանէն եկող շոգեկառքը հասաւ, եւ մենք տեղափոխուեցանք։ Հասած էր ճամբորդութեան ամենայուզիչ եւ ամենախորհրդաւոր պահը։ Երբ շոգեկառքը հատեց սահմանը եւ մուտք գործեց Հայաստան, ներաշխարհս սկսաւ փոթորկիլ, յեղում մը, որ բառերով արտայայտել դժուար է։ Ես ակամայ արտասուեցայ։ Այդ արտասուքը սովորական յուզումի արդիւնք չէր։ Անիկա սերունդներէ եկած յիշողութեան արտայայտութիւնն էր, կարօտի դարաւոր կուտակում մը, ներսէս հնչող հայրենիքի ձայնին արձագանգը։

Այդ պահուն ամբողջ էութեամբ զգացի այն ճշմարտութիւնը, զոր տարիներ ետք Գարեգին Ա. Հայրապետը այնքա՜ն յստակ պիտի արտայայտէր. «Ես Հայաստան չեմ ծնած, բայց Հայաստան իմ մէջ ծնած է»։ Այդ խօսքը կարծես արդէն իսկ ապրած էի՝ առանց զայն բառերով ձեւակերպելու։ Հայրենիքը միայն քարտէսի վրայ նշուած տարածք չէ։ Հայրենիքը ներաշխարհ մըն է, հոգիի մէջ ծնած պատկանելիութիւն մը, մանկութենէն սկսեալ ընտանեկան շունչով եւ դաստիարակութեամբ կազմաւորուած սրբազան զգացում։

Արաբկիրի մեր պապենական տան մէջ, մեծ մօրս եւ ծնողքիս շնորհիւ, հայկական ոգին մշտապէս կենդանի ներկայութիւն մըն էր։ Հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական արժէքները խօսքերով միայն չէին սորվեցուցած, այլ կեանքով ապրուած։ Այդ տան մէջ հայրենիքը հեռաւոր գաղափար մը չէր, այլ առօրեայ շունչին մէջ զգալի իրականութիւն մը։ Եւ ես կը գիտակցէի, որ մեր տունը բացառութիւն չէր։ Այդ նոյն զգացումը կ՚ապրէր սփիւռքահայ անթիւ օճախներու մէջ, ուր հայրենիքը, թէեւ հեռու, բայց կենդանի կը մնար սրտերուն մէջ։

Երբ շոգեկառքը հասաւ իր վերջին կանգառը՝ Կիւմրի (Լենինական), մեզի կը սպասէր ջերմ եւ պատկառազդու ընդունելութիւն մը։ Այդ օրերուն թեմի առաջնորդ հանգուցեալ Նարեկ եպիսկոպոս Շաքարեանը, հոգեւորականներու, պետական այրերու եւ հաւատացեալներու ընկերակցութեամբ, եկած էր դիմաւորելու պատրիարք սրբազանը։ Այդ ընդունելութեան մէջ կար արարողական վայելչութիւն, բայց նաեւ ընտանեկան անմիջականութիւն։ Կարծես մարդիկ ո՛չ միայն պաշտօնական հիւր մը կ՚ընդունէին, այլ հարազատ մէկուն վերադարձը կը տօնէին։

Յաջորդ առաւօտ հասանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այդ առաջին հանդիպումը Մայր Աթոռին հետ մնաց հոգիիս մէջ որպէս ներսը լուսաւորող եւ երբեք չխամրող տեսիլք։ Մայր Տաճարին առջեւ թափօրը պատրաստ էր՝ պատրիարք սրբազանը հանդիսաւոր կերպով առաջնորդելու դէպի Իջման Սեղան։ Ամէն ինչ վեհ էր, բայց այդ վեհութիւնը արտաքին շուքին մէջ չէր։ Անիկա դարերու աղօթքէն ծնած վեհութիւն մըն էր, մեր ժողովուրդի սրբազան յիշողութեան մէջ խարսխուած ներկայութիւն մը։ Այնտեղ մարդ կ՚անդրադառնար, թէ Էջմիածինը միայն վայր մը չէ, այլ կենդանի խորհուրդ, հոգեւոր հայրենիք եւ ազգի հաւաքական հոգիին մարմնացումներէն մէկը։

Նոյն օրը, կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, վեհարանի ճաշասրահին մէջ հաւաքուած էինք ճաշի սեղանին շուրջ։ Հոն Շնորհք Պատրիարք Վազգէն Վեհափառին փոխանցեց սեբաստահայերու որդիական սէրը, խոր յարգանքը եւ իրենց ձեռքով պատրաստուած հացը։ Ապա այդ հացը բաժնուեցաւ ներկաներուն, եւ մենք բոլորս ալ ճաշակեցինք։

Այդ պահուն խորապէս զգացի, որ այնտեղ միայն հաց չէր բաժնուեր։ Ժողովուրդի մը սիրտն էր, որ կը բաժնուէր։ Այդ հացին մէջ կար հաւատք, յիշողութիւն, ինքնութեան հաւատարմութիւն եւ եկեղեցւոյ հետ կենդանի կապը պահելու վճռականութիւն։ Անտեսանելի, բայց խորապէս զգալի կերպով, այդ սեղանին շուրջ մարմին կ՚առնէր մեր ազգի հոգեւոր միութիւնը։ Քրիստոսով միացած եւ Էջմիածնով իր միութիւնը շօշափելի դարձուցած ժողովուրդ մը, մէկ հացի եւ մէկ յիշողութեան շուրջ, կարծես կը վերագտնէր իր ամբողջական դիմագիծը։

Այդ պահը հրաշք էր՝ լուռ, բայց խորախօս. պարզ, բայց վեհ. անցողիկ, բայց յաւերժական իր ներգործութեամբ։ 

Տարիները անցան, կեանքը նոր ուղիներ բացաւ, նոր փորձառութիւններ բերաւ, բայց այդ օրը, այդ ճամբորդութիւնը եւ այդ սեղանին շուրջ ապրուած վայրկեանները մնացին հոգիիս խորքերը՝ որպէս օրհնեալ յիշատակ։ Եւ այսօր ալ, երբ միտքով կը տեղափոխուիմ այդ օրերուն, կը զգամ, թէ անոնց ջերմութիւնը չէ մարած։ Ընդհակառակը՝ տարիներու ընթացքին աւելի սրբացած, աւելի թանկարժէք եւ աւելի իմաստալից դարձած է։

Այսպէս, այդ ճամբորդութիւնը աւարտեցաւ, բայց իր իսկական ընթացքը հոնկէ ետք միայն սկսաւ իմ մէջ։ Կեանքի մէջ կան դէպքեր, որոնք կ՚անցնին որպէս օրացոյցի մէկ թուական կամ որպէս յիշողութեան մէկ պատառիկ, եւ կան նաեւ այնպիսի պահեր, որոնք ժամանակի սահմաններէն անդին կը շարունակեն ապրիլ մարդուն մէջ՝ դառնալով անոր ներքին կազմաւորման մէկ մասը։ Ինծի համար դէպի Մայր Աթոռ այդ ուղեւորութիւնը այդ երկրորդ կարգի փորձառութիւններէն էր։

Այդ օրերուն գուցէ ամբողջութեամբ չէի գիտակցեր, թէ ինչ մեծ շնորհքի մը ականատես եղած էի։ Երիտասարդ տարիքին մարդ շատ յաճախ կը զգայ պահուն գեղեցկութիւնը, բայց անոր խորութիւնը ամբողջապէս կը հասկնայ միայն տարիներ ետք, երբ յիշողութիւնը կը նստի սրտին մէջ, կը մաքրուի առօրեայի աղմուկէն եւ կը դառնայ ներքին լոյս։ Այսօր, ետ նայելով, աւելի յստակ կը տեսնեմ, թէ այդ ճամբորդութիւնը ինծի համար սոսկ տեղաշարժ մը չէր՝ Պոլիսէն Հայաստան, կայարանէ կայարան, սահմանէ սահման։ Անիկա ճանապարհ մըն էր դէպի ներս, դէպի արմատ, դէպի այն ինքնութեան խորքը, որ երբեմն մարդուն մէջ լուռ կը ննջէ, մինչեւ որ մէկ սրբազան հանդիպում, մէկ տեսարան, մէկ արտասուք զայն արթնցնէ։

Այդ ուղեւորութեան ընթացքին ես տեսայ ժողովուրդի մը հաւատքը՝ ոչ թէ մեծամեծ խօսքերու մէջ, այլ պարզ շարժումներու, հացի կտորին, օրհնութիւն խնդրող աչքերու, լուռ սպասումի եւ անաղմուկ կապուածութեան մէջ։ Զգացի, որ ազգ մը իր գոյութիւնը միայն պատմական յիշողութեամբ չի պահեր, այլ նաեւ այն ատեն, երբ իր սրբութիւնները տակաւին կենդանի կը մնան իր զաւակներու հոգիներուն մէջ։ Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ հայերուն այդ համեստ, բայց անչափ խօսուն ներկայութիւնը ինծի սորվեցուց, որ երբ թիւերը կը նուազին, հաւատարմութիւնը երբեմն աւելի կը խտանայ, եւ երբ արտաքին պայմանները կը սուաղեն, ներքին պատկանելիութիւնը կրնայ աւելի մաքուր եւ աւելի տոկուն դառնալ։

Մայր Աթոռի մէջ ապրածս եւս ինծի համար մնաց ո՛չ միայն որպէս հոգեւոր գեղեցիկ տեսարան, այլ որպէս խոր գիտակցութիւն։ Այնտեղ աւելի յստակ զգացի, թէ եկեղեցին շէնք չէ միայն, արարողութիւն չէ միայն, պատմական ժառանգութիւն չէ միայն։ Եկեղեցին ապրող յիշողութիւն մըն է, սերունդները իրարու կապող կենդանի կամուրջ մըն է, հաւաքական հոգիի այն սրբարանը, ուր ազգ մը կը վերագտնէ իր արմատը, իր անունը եւ իր կոչումը։ Էջմիածինը ինծի համար այդ օրը դարձաւ ո՛չ միայն տեսած վայր, այլ ներքին իրականութիւն՝ սրտիս մէջ հաստատուած ներկայութիւն։

Եւ թերեւս այդ է մեր յուշին ամենէն խոր դասը. մարդ երբեմն շատ հեռու ճամբաներ կը կտրէ, որպէսզի հասնի այն ճշմարտութիւններուն, որոնք արդէն իսկ իր մէջ բնակութիւն հաստատած են։ Ես Հայաստան չէի ծնած, բայց այդ օրը ամբողջ էութեամբ զգացի, որ Հայաստանը իսկապէս ծնած էր իմ մէջ՝ ընտանիքիս աղօթքներով, մեծ մօրս շունչով, ծնողքիս դաստիարակութեամբ, եկեղեցւոյս զանգերու յիշողութեամբ եւ ազգիս անտեսանելի, բայց անքակտելի ժառանգութեամբ։ Այդ ծնունդը այդ օրը բառ ստացաւ, արցունք ստացաւ, դէմք ստացաւ։

Այսօր, երբ տարիները շատոնց իրենց թաւալքը առած են, եւ այն օրերու շատ դէմքեր արդէն յաւիտենութեան լոյսին մէջ հանգչած են, յիշողութիւնը ինծի համար պարզապէս անցեալի վերապրում չէ։ Անիկա պատասխանատուութիւն է։ Որովհետեւ մարդ չի յիշեր միայն, որպէսզի կրկին զգայ. մարդ կը յիշէ նաեւ, որպէսզի չկորսնցնէ, որպէսզի փոխանցէ, որպէսզի իր ստացած լոյսէն բաժին հանէ ուրիշներուն։ Այդ իմաստով, այս յուշը միայն անձնական ապրումի արձանագրութիւն մը չէ, այլ նաեւ փոքրիկ վկայութիւն մըն է այն աներեր շղթային, որ սերունդէ սերունդ, օճախէ օճախ, սեղանէ սեղան, եկեղեցիէ եկեղեցի մեզ պահած է հայ եւ քրիստոնեայ։

Երբեմն կը խորհիմ, թէ կեանքի իսկական օրհնութիւնները միշտ ալ մեծ աղմուկով չեն գար։ Անոնք կրնան գալ անսպասելի դադարի մը մէջ, ժամկէտանց անձնագիրի մը պատճառած ուշացումին մէջ, շոգեկառքի համեստ վակոնին մէջ, սահման անցնելու պահու մը մէջ, կամ հացի պարզ կտորին մէջ։ Բայց երբ Աստուծոյ ձեռքը այդ պահերուն վրայ է, անոնք կը վերածուին ներսիդին դրոշմուող սրբազան յիշատակներու, որոնք ամբողջ կեանք մը կը լուսաւորեն։

Այդ պատճառով ալ, որքան ալ տարիները հեռացնեն զիս 1975-ի այդ օրերէն, անոնք չեն հեռանար իմ սիրտէս։ Անոնք մնացած են այնտեղ՝ որպէս լուռ օրհնութիւն, որպէս ներքին լոյս, որպէս յիշեցում, որ մարդուն ճամբան միայն իր քայլերով չի շինուիր, այլ նաեւ այն անտեսանելի շնորհներով, որոնց միջոցով Աստուած երբեմն կը բանայ մեր դիմաց դռներ, որոնք առաջին հայեացքով ուշացում կը թուին, բայց վերջապէս կը դառնան ճակատագիրի օրհնեալ հանգրուաններ։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2026