Աստեղային պահէն անդին

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, 2026 թուականին, բացառիկ նշանակութեամբ իրադարձութեան մը վերածուած է Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղին տնօրինութիւն մը ըրած է՝ Նորին Սրբազնութեան մեծարանքին համար։ Անշուշտ, այս յոբելեանին թագն ու պսակն է ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորահաստատ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ եպիսկոպոս օծուած առաջին երեք եկեղեցականներէն մին է այսօրուան յոբելեար սրբազանը։ Իսկ իր քահանայագործութեան կիսադարը բոլորած շրջանին, ահա՛ իր կուրծքը կը զարդարուի Նորին Սրբութեան շնորհաբաշխումով եւ իր վաստակը կը վերիմաստաւորուի Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի բանաձեւումներով։

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հարուստ աւանդութիւնները, խոր նախընթացները, դարաւոր հոլովոյթը ձեւաւորուած են ու միշտ ուղղորդուած՝ նախախնամութեամբ։ Այդ ուղղորդումը, այդ հպումները ամէն անգամ դրսեւորուած են՝ տուեալ պահու պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ճանապարհին չտատամսած անձերու համարձակութեամբ, վճռակամութեամբ եւ տեսլականով։ Պատրիարքութեան արդի տարեգրութեանց մէջ արձանագրուածը այդպիսիներու շարքին կը դասէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանը, անտարակոյս։ Յոբելեար սրբազանը այսօր մեր մէջ է՝ որպէս մարդ, որպէս եկեղեցական եւ որպէս հայ-քրիստոնեայ, որ իր ըրածին կամ չըրածին, ըսածին կամ չըսածին հաշուեկշիռով ունի հանգիստ խիղճ։

Կեանքի մէջ կան վիճակներ, երբ անակնկալներ կամ կամքէ անկախ պարագաներ ծնունդ կու տան մաժէօր կացութիւններու։ Ոմանք այդպիսի իրավիճակներու մէջ՝ նոյնիսկ առանց երկար մտածելու ժամանակ ունենալու՝ կը պարտաւորուին առաքելութիւն մը ստանձնելու, պաշտօն մը կատարելու։ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանն ալ ունեցաւ նման ճակատագիր մը։ Իր յիսնամեայ քահանայագործութեան շուրջ մէկ հինգերորդին ան Պատրիարքական Աթոռի ղեկը ստանձնեց՝ ընդհանուր փոխանորդի կարգավիճակով։ Պոլսոյ Աթոռի պատմութեան ամենաբարդ ժամանակաշրջաններէն մին էր այս մէկը։ Ի՛նչ վարչական հանճար ալ ըլլար, միանշանակ, դժուար պիտի ըլլար կատարեալ կառավարման ձեւ մը գտնել, անցումային լրիւ հարթ շրջան մը կազմակերպել։ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան այսպիսի իրավիճակի մը մէջ դիմացաւ շուրջ տասն տարի։ Ան քննադատուեցաւ անխնայօրէն, թիրախաւորուեցաւ հրապարակաւ, ուժերու յարափոփոխ դասաւորումներու մէջ առարկայ դարձաւ կամ դարձուեցաւ ազդեցութեան պայքարներու, ենթարկուեցաւ դաւաճանութիւններու եւ մասամբ սոցին։ Այս ամբողջ տասնամեակը լի ու լի բաւարար էր հասկնալու համար, թէ ո՞վ է մեր այսօրուան յոբելեար սրբազանը։ Անշուշտ, յետադարձ հայեացքով ամէն ինչ աւելի յստակ կը դիտարկուի եւ պարզ կ՚ընկալուի։ Անհերքելի ճշմարտութիւնը այն է, որ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան անշեղօրէն ընթացած է դէպի կէտ նպատակ մը, որ եղած է ամէն ինչէ գերիվեր համարել Պատրիարքական Աթոռի կայունութիւնը։ Ան յաջողած է այդ գործին մէջ եւ այսօր այդ յաջողութիւնը արդէն չափանիշի մը վերածուած է իր հոգեւոր սպասաւորութեան արժեւորման եւ բազմակողմանիօրէն գնահատման տեսանկիւնէն։

Որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած տարիները սահմանած են Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի հոգեւոր սպասաւորութեան աստեղային ժամանակաշրջանը։ Ան այդ աստեղային պահէն առաջ ալ նո՛յն անձն էր, այսօր ալ նո՛յն անձն է։ Արդարեւ, յոբելեար սրբազանը գիտակցած է այդ աստեղային պահու առաքելութեան ծանրութեան, միշտ հաւատարիմ մնացած է պատասխանատուութեան, բայց, դիրքը, պաշտօնը չէ ծառայեցուցած իր անձը պարտադրելու։ Նորին Սրբազնութիւնը հաղորդական բնաւորութեամբ, մարդասիրութեամբ, մարդոց նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ եւ իր էութեան մէջ Աստուծոյ սէրը կրելով պարտադրած է իր անձը։ Այսօր համայնքային շրջանակները զինքը կը սիրեն ու կը յարգեն՝ ո՛չ թէ առաջին հերթին իր դիրքին, այլ իր նկարագրին եւ մարմնաւորած արժէքներուն համար։

Ի սրտէ կը մաղթենք, որ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կեանքի շարունակութիւնը ըլլայ արեւշատութեամբ ու մենք զինքը տակաւին երկար վայելենք՝ մանաւանդ այժմէն ժամադրուելով իր ծննդեան 75-ամեակին համար, որ պիտի հասնի երեք տարի վերջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2026