ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՎԻՊԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մշտապէս մարդկային քաղաքական ու ընկերային պատմութեան ընթացքին ընկերութիւնները ձգտած են գտնել կառչողական խորհրդապաշտութիւններ՝ ո՛չ միայն իրենց հաւատալինքներն ու ըմբռնումները վաւերացնելու ու ապա ըմբոշխնելու, այլ հաւաքական ապրելակերպի ու կենսագործման համար գտնելու ներշնչանքներ եւ կառչուածութիւններ ու այսպէս կոչած՝ ընկերային քաղցրութիւններ:
Ընկերային մեծ ապրելակերպը, բնականաբար, կախեալ է մեծ համակարգերէ ու վարչակարգերէ։ Մարդկային հաւաքական գործունէութիւնը թէեւ ունի իր մէջ անհատական հսկայական, բնորոշիչ ու հիմնական դեր մը, սակայն, մարդկային պատմութիւնը կը մնայ հաւաքականի պատմութիւն մը, ըլլան այդ հաւաքականութիւնները ժողովուրդներ, ազգեր, կամ համընդհանուր մարդկութիւնը:
Մարդկային փնտռտուքը անվերջ է հասարակարգերու եւ վարչակարգերու, նաեւ յարափոփոխ ու փորձարական: Մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչն է իտէալականը, ինչքան ալ խօսինք անոր մասին կամ ցանկանք զայն, պարզ այն պատճառով, որ ապրուստի ու վազքի մէջ մենք կը յայտնաբերենք զայն, դեռ չխօսած մարդկային հաւաքական բարոյական արժեբանութեան անարատութեան մասին (ինչ որ վիճելի կրնայ ըլլալ նոյն մարդկային տեւաբար չհասկցուող չափանիշներով):
Մարդս իր հաւաքական վիճակով ձգտած է ըլլալ աւելի երջանիկ եւ այս կէտին երեւան կու գայ երջանկութեան հրամցուած ըլլալու խնդրականութիւնը։
Մենք պիտի ստեղծենք համակարգ՝ նախ մենք մեզ երջանկացնելու համար, եւ այդ համակարգը ինչքան ալ տնտեսականօրէն ըլլայ մշտապէս շահ ապահովող, այն պարտաւորուած է ըլլալու անհատի խնդիրները լուծող:
Ինչքան ալ հաւաքականութիւնները ջանացած են անհատութիւնն ու անձը ընդելուզելու, ձուլելու, վերափոխելու ու համայնացնելու միեւնոյնն է, հակադրաբար անոնք նոյն ժամանակ ու նոյն դրոյթաբանութեամբ կ՚աշխատին անհատի համար: Ինչքան տրորուի անհատը, ինչքան ալ չէզոքացուի՝ անկարելի է յաջողցնել եւ աւելի էականը՝ հարստացնել համակարգ մը առանց անհատի բարօրութեան մասին մտածելու եւ այն բարօրութիւնը ապահովելու:
Հոս անուրանալի կեղեքող երկաբանութիւն մը կայ հանրային, ազգային, հաւաքական ու համամարդկային շահը սահմանելու առումով, քանի այդ շահն ալ կախեալ է զանազան հանգամանքներէ ու պայմաններէ։ Իսկ անոր կրօնական ու ոգեղինական բաժինն ալ դարձեալ սահմանում է ու այսպէս ըսած՝ համամարդկային որդեգրուածութենէ դուրս է, այն պարզ պատճառով, որ անկարելի է մարդկութիւնը միակրօնացնել կամ կրօնն ալ զանց առնելով՝ ամբողջ մարդկութիւնը միավարչականացնել:
Ինչո՞ւ բռնատիրութիւնը զարմանալիօրէն եւ նոյնիսկ անարդարօրէն հաւաքական վիպապաշտութիւն մը կը յառաջացնէ։ Նախ այն պատճառով, որ հաւաքական ոգիի կառուցումը տեւական կարիքն ունի պարփակումի, կառչուածութեան եւ նկարագրայնացման:
Ինչ որ հաւաքական է, պէտք է ըլլայ տարօրէն եւ օրինաչափ կարգաւորուած եւ նոյնիսկ բռնականացուած: Չկայ ազգայինը առանց ուսմունքի, չկայ գերկրօնականը առանց խիստ, ամուր ու պարտադրող օրինաբանութեան, իսկ ազգայինի եւ համամարդկայնութեան ձգտող կրօնականի քաղաքական դրսեւուրումը մեղմ ու կոշտ բռնատիրութիւնները կրնան համարուիլ:
Օրէնքը գերուժ է, իսկ «օրէնքներուն օրէնքը» մարդկութեան տակաւին մեծ հատուածի մը համար «աստուածայինն» է:
Եւս պատճառ մըն ալ կրնայ համարուիլ բռնատիրութիւնը՝ մարդկային տուեալ հաւաքականութեան համար յարաբերաբար վիպապաշտական ու վերյիշելի դարձնելու, ինչ որ հաւաքական հոգեբանութեան համար կառչելի, համաձայնեցուած ապրուած, զգացուած ու կամայ-ակամայ ցանկացուող վիպապաշտացած ժամանակը ամենա-ընկալելին է ու վաւերականը։ Եւ մենք ազատական համակարգերուն մէջ յարաբերաբար չունինք միասնական տեսլական, քանի մարդ անհատը ինչքան անկախ է, աւելի կ՚աճի անոր տեսլադաշտը եւ ազատ անհատներու հաւաքականութիւնները չունին միասնական կերտուածութիւնը տեսլականներու, նոյնիսկ տպաւորապաշտներու ալ, ինչքան ալ կեանքը ըլլայ երանելի, անկաշկանդ ու սլացիկ:
Վիպապաշտութիւնը բացի ստեղծագործական արարք ըլլալէ, յուզական, տխրելի ու բարդ, բայց մոգական-մագնիսացնող համակարգ մըն է՝ ո՛չ միայն անհատներուն համար, այլ՝ մա՛նաւանդ մարդուն հաւաքական կերպարի հասնումին եւ իւրացման մակարդակներով:
Մարդու հաւաքական կերպարը չի կրնար հասնիլ ու մրցիլ անոր անհատական ազատականութեան ու անսահմանութեան հետ, իսկ խնդրաբար մարդ արարածը, ինչքան ալ իբր անհատ գերազատատենչ է, ան իր հաւաքական պարունակով սահմանագծային է ու յանձնարարուածութեան ենթակայ:
Տեսակ մը խիտ, թունդ, շրջագծուած ու յարաբերականօրէն միաընկալելիի գոհունակութիւնը, որ ատակ է ինքզինք դրսեւորելու իբրեւ քաղաքական ու վարչաբանական-վարչակարգային ընկերացուած հաւաքական վիպապաշտութիւն, նոյնինքն բռնօրէն միացուած հաւաքանութիւններու մօտ աւելի կը ծագի ու կը յուզէ զանոնք:
Սովետական դրօշակի կախումը, հեռատեսիլային չինական-համայնավարական հաղորդումները, մահմետական կայսրութիւններու կրօնական շուկաներու ջամբած ապրումները եւ այլն…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան