ԳԵՂԱՄ ԱԹՄԱՃԵԱՆ (1910 - 1940)
Գրող, բանաստեղծ խմբագիր ու թարգմանիչ Գեղամ Աթմաճեան ծնած է 1910 թուականի նոյեմբերի 18-ին, Տրապիզոնի նահանգի Պաֆրա քաղաքը, կեսարացի Աւետիք Տէտէ Աթմաճեանի գերդաստանէն: Եղբայրն է բանաստեղծուհի Մառի Աթմաճեանի (տե՛ս ԺԱՄԱՆԱԿ, 24 հոկտեմբեր 2026-ի թիւը):
Մանկութեան մասին իր քոյրը՝ Մառին, հետեւեալը կը գրէ.
«Մանկական առաջին տարիները անցած են տեղահանութեան, հայկական կոտորածներու, սարսափներու եւ զրկանքներու մէջ, ինչպէս իր սերունդին պատկանող բոլոր հայ որբերու ճակատագրուած որբութիւնն ու տառապանքը: Գեղամ շատ աւելի վերջը իր ծնդավայրին, իր հօր, իր նախնիներու մասին լսած եւ գաղափար կազմած է լսելով իր մօր՝ տիկին Փառանձեմ Աթմաճեանի պատմած յուշերը, անձերու եւ անցքերու վրայ, որոնք առնչութիւն ունին իր կեանքի պատմութեան հետ: Այդ յուշերուն ապաւինած, ան կազմած էր համայնապատկերը իր ծննդավայրին եւ իր գերդաստանի անդամներուն: Ուրախ էր եւ հոգեւին կը հրճուէր խորհելով, որ իր հայրը՝ Միհրան Աթմաճեան, իր պատանեկութեան տարիներուն աշակերտը եղած էր բանաստեղծ Ինտրային (Տիրան Չրաքեան), որ Պէրպէրեանը աւարտելէ ետք եկած էր Պաֆրա քաղաքը, ուսուցչական պաշտօնով եւ իր «Ներաշխարհ» հատորը գրած է Պաֆրայի մէջ, այդ շրջանին: Իրաւ ալ «Ներաշխարհ»ը ամբողջութեամբ ներշնչուած է Պաֆրայի միջավայրէն: Նէպիէն լեռը, որուն մասին յաճախ կ՚ակնարկէ ան իր գրքին մէջ, Ալիս գետէն ոչ-հեռու, գեղատեսիլ լեռ մըն է եւ հայերու նախընտրած շրջագայութեան վայրը: Դարձեալ հայոց եկեղեցիին բակը, հինաւուրց զանգակատունը, դպրոցը, աղբիւրը, իբր նիւթ ծառայած են «Ներաշխարհ»ի համար: Գեղամ ինքն ալ երգած է նոյն այդ «կանաչներու մէջ կորսուած» գեղեցիկ Պաֆրան, իր ծխախոտի արտերովը նշանաւոր եւ աշխարհահռչակ դարձած»։ («Աշխարհ», Գրական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, Զ. տարի, թիւ 247, 12 յունիս 1965, էջ 3):
Մեծ աղէտի տարիներուն ապաստանած է Պոլիսի եւ Կարֆայի որբանոցներուն մէջ:
1913-ին ծնողքին հետ մեկնած է Պոլիս եւ բնակած Սկիւտարի մէջ: 1914-ին վերադարձած են Պաֆրա, ուր փոքրիկն Գեղամ յաճախած է տեղւոյն Ազգային մանկապարտէզը: 1916-ին մօր եւ երկու քոյրերուն հետ աքսորուած են Աղաճա գըշլա: 1918-ին վերադարձած է Պաֆրա: 1920-ին անցած է Պոլիս, Գուլէլիի որբանոց, քանի մը ամիս Սագըզաղաճի Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք: 1921-ին ընդունուած է Լորտ Մէյօր՚ս Ֆունտի որբանոցը, ուր աշակերտած է Գէորգ Կառվարենցին: 1922-ին որբանոցի վարժարանի կազմին հետ փոխադրուած է Յունաստան: Այդ տարի՝ մինչեւ փոխադրուիլը, արդէն իր բանաստեղծ ուսուցիչը իր մօտ նկատած է հետաքրքրութիւն հայ գրականութեան նկատմամբ:
13 տարեկան հասակին՝ 1923-ին, Քորֆի մէջ պատրաստած է աշակերտական ձեռագիր «Պիծակ» ամսաթերթը, որու վրայ գրած է՝ «Զաւզակաբանութիւն», որ «նպատակ պիտի ունենայ ծիծաղ առաջ բերել տղոց շրթներուն վրայ»: Ամսաթերթը եօթը թիւեր ունեցած է:
1924-ին Քորֆուէն հրաշքով մը կ՚ազատի ֆաշիստներու մարտանաւերուն ռմբակոծումներէն եւ կ՚անցնի Քեֆալոնիա (Արկոսթոլի) կղզին, ուր իր մայրը Նիր Իսթ Ռիլիֆի որբանորցներէն մէկուն տնօրէնուհի նշանակուած էր: Այնտեղ, իր քրոջ հետ միասին կը յաճախէ Ֆրանսիսքէն խոյրերու վարժարանը:
1925-ին իր մօր եւ քրոջ հետ կ՚անցնի Սուրիա եւ որոշ ժամանակ մը կ՚ապրի Հալէպ: Հալէպի մէջ իրեն ուսուցիչ կ՚ունենայ Սարգիս Տխրունին: Այս շրջանին ինքնաշխատութեամբ կը սորվի ֆրանսերէն, կը կարդայ հայ գրողներու ստեղծագրոծութիւնները, կը սկսի գրել ու ստեղծագործել, միեւնոյն ժամանակ, աշխատանքի անցած է «Պաղտատ» շոգեկառքի աշխատանոցին մէջ որպէս գծագրիչ: 1 մայիս 1926-ին, կազմակերպած է գործադուլ, բողոքելով իրենց իրաւունքներուն համար: Մինչեւ գործադուլը ան բանուորներուն բացատրած է, որ իրենք պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն, դէմ կանգնին անարդարութիւններուն: Արաբի մատնութեամբ ոստիկանները կը յայտնագործեն գործադլուլի կազմակերպիչը, սական Գեղամ Աթմաճեան կեղծ անցագիր մը ձեռք ձգելով (գումարով) կը յաջողի Ֆրանսա հասնիլ՝ 1927-ին եւ մուտք գործել այնտեղ Դելեմագ Պասմաճեան անունով:
Ֆրանսայի մէջ առաջին կանգառը եղած է Վօքլիւզը: Շուտով աշխատանք գտած է նշանաւոր Անտրէ Նաւարի թուղթի գործարանէն ներս: Այս տարիներուն է, որ սկսած է զբաղուիլ գրականութեամբ եւ սկսած է գրել պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ: Աւելին, շուտով սորված ու տիրապետած է ֆրանսերէնի, որով նաեւ սկսած է թարգմանութիւններ կատարել: Ապա անցած է Լիոն, ուր յաճախած է ֆրանսական վարժարան մը:
1929-ին անցած է Փարիզ, ուր հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրական եւ ընկերաբանական դասընթացքներուն: Նոյն ատեն Միսաք Մանուշեանի եւ նկարիչ Գրիգոր Պետիկեանի հետ յաճախած են թանգարաններ ու մատենադարաններ: Փարիզի մէջ անդամակցած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան: Այս մասին Արշակ Չօպանեան կը գրէ. «Այդ շրջանին ան մտաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան մէջ, որուն ձախակողմեան տարրերէն մին էր, ջերմօրէն յարած Խորհրդային Հայաստանին փարելու, անոր հետ գործակցելու հիմնական ուղղութեան, զոր այդ կուսակցութիւնն ընդգրկած էր: Այդ տարիներուն, ան Ա. Սեմա անունով բազմաթիւ ոտանաւոր ու արձակ էջեր հրատարակեց «Անահիտ» հանդէսին եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Ապագայ» թերթին մէջ: Յետոյ, ծայրագոյն ձախակողմի մտայնութիւնը իր մէջ տիրական հանդիսանալով, ան դարձաւ Հայ համայնավար կուսակցութեան անդամ, ջերմ բարեկամ մնալով հանդերձ «Անահիտ»ին եւ «Ապագայ»ին: Տիկին Փառանձեմ, որ այդ միջոցին Ատիս-Ապէպայի հայ դպրոցի մը մէջ կը պաշտօնավարէր, նիւթական մեծ զոհողութիւններով կը դիւրացնէր իր զաւկին ինքնազարգացման ճիգերը» («Անահիտ», Նոր շրջան, ԺԲ. տարի, թիւ 1, յունուար-յունիս 1946, էջ 3):
1930-31 թուականներուն Ֆրանսայի մէջ Միսաք Մանուշեանին հետ միասին հրատարակած են «Ջանք» ամսաթերթը: Անոնք միասին գացած ու տեսակցած են Արշակ Չօպանեանին հետ, որ զիրենք հրաւիրած է «Անահիտ» ամսագրին աշխատակցելու:
1933-ին Փարիզի մէջ հիմնուած է Ֆրանսահայ գրողներու միութիւնը, որու անդամակցած է եւ ժամանակ մը վարած է այդ միութեան քարտուղարութիւնը: 21 յուլիս 1934-ին, Փարիզի մէջ ամուսնացած է ֆրանսուհի Ժաննա Շարլոթ լը Շըւալիէի հետ: Կինը, շնորհիւ Գեղամի հայերէն սորված է եւ ծանօթացած հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ան յետագային հայերուն մասին գրած է «Exodes et midration» (Արտագաղթ եւ գաղթ): 1935-37 թուականներուն հրատարակած է «Մշակոյթ» գրական պարբերականը:
Աշխատակցած է «Անահատ»ին, «Վերածնունդ»ին, «Ազդարար»ին, «Ապագայ»ին, «Արաքս»ին եւ այլ պարբերականներու:
Հրատարակած է քանի մը գիրքեր, այսպէս.
1935-ին, Փարիզի մէջ «Պարոն Կալունի» մէկ արարով երգիծախաղ: 1936-ին, Փարիզին մէջ «Զրահաւոր գարուն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: 1937-ին, Փարիզի մէջ «Ողջ մը մեռեալներու մէջ» Ռետիարտ Քիփլինկի պատմուածքներու ժողովածուն (թագրմանութիւն): 1938-ին, Փարիզի մէջ «Շամիրամ» թատերական երկը: Յետ մահու, 1966-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած է Գեղամ Աթամաճեանի երկերը:
Գեղամ Աթմաճեանը օգտագործած է Սեմա, Ա. Սեմա գրական ծածկանունը:
Զոհուած է 1940 թուականի մայիսի 19-ին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, ռազմաճակատի վրայ (Ֆրանսա): Քոյրը՝ Մառի Աթմաճեանը այս մասին կը գրէ.
«Եղբօրս Գեղամի կեանքին ամենէն մեծ ցաւն ու ափսոսանքը եղաւ անկասկած իր սիրած, ներբողած ու պաշտած հայրենիքը՝ Հայաստանը գէթ անգամ մը իր մարմնական աչքերովը չկարենալ տեսնելը:
Քսան եւ ինը գարուններ հազիւ բոլորած, ան ողջակիզուեցաւ Ֆլանտրի ճակատամարտին մէջ, իբր ֆրանսական 72-րդ զօրագունդի տասնապետ, 19 մայիս 1940-ին:
Հայաստանի կարօտը աչքերուն մէջ եւ շրթներուն վրայ դիւցազներգութիւն մը՝ «Կռուի երթը», Ա. Սեմա մեկնեցաւ ռազմադաշտ, պարտականութեան մը գիտակից յանձնառութեամբ եւ քաջութեամբը հոգեզինուած, հերոսի մը՝ որ գիտէ, թէ ինչո՞ւ կը մարտնչի, որ գիտէ, թէ «վասն հացի, ազատութեան եւ խաղաղութեան» պէտք է, որ մարդիկ պայքար մղեն մութ ուժերու դէմ եւ արեան գինով շահին մարդկութեան զլացուած իրաւունքը արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Ա. Սեմա բանաստեղծը 30 գարուններ հազիւ բոլորած եւ հակառակ իրեն տրուած կարճ ու նիւթապէս դժուարին կեանքին ու պայմաններուն, եղաւ բազմաբեղուն արտադրող գեղագէտ եւ ներշնչեալ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ, խմբագիր եւ թարդմանող»։ («Աշխարհ», Գրական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, Զ. տարի, թիւ 247, 12 յունիս 1965, էջ 3)
Իսկ Արշակ Չօպանեան Սեմայի նահատակութեան մասին կը գրէ.
«1940 մայիս 19-ին Ֆլանտռի մոլեգին ճակատամարտին մէջ ան ինկած է՝ երեսնամեայ ծաղիկ հասակին: Հաւանօրէն օդային ահաւոր ռմբակուծութեան մը տակ իր մարմինը կտոր կտոր եղած, անճանաչելի դարձած եւ կամ փլատակներու տակ ջարդուփշուր եղած ու կորսուած է, որովհետեւ հակառակ իր մօր եւ քրոջ բոլոր դիմումներուն, զինուորական իշխանութիւնները չկրցան անոնց որոշ տեղեկութիւն մը տալ անոր աճիւններուն ո՛ւր գտնուելուն մասին:
Գեղամը ես ճանչցած եմ իր Փարիզ գալէն քիչ յետոյ, ու զայն իսկոյն ջերմօրէն սիրած եմ իր ազնիւ ու խանդավառ նկարագրին եւ այն ինքնաբուխ քնարերգակի թարմ տաղանդին համար, զոր իր տաղերուն ու արձակին մէջ կը գտնէի: Իր մահը ինծի ամենասուր ցաւ պատճառեց որպիսին պիտի պատճառէր զաւկի մը կորուստը: Բարոյական կենդանի գեղեցկութիւն մըն է որ՝ իր լիակատար ծաղկափթթումը դեռ չտուած՝ փճացաւ այդ զմայլելի երիտասարդին վաղաժամ շիջումով»։ («Անահիտ», Նոր շրջան, ԺԲ. տարի, թիւ 1, յունուար-յունիս 1946, էջ 4)
Չօպանեան ի յիշատակ Գեղամ Աթմաճեանի կազմակերպած է յարգանքի երեկոյ մը ( տե՛ս «Աշխարհ», Գրական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, Զ. տարի, թիւ 247, 12 յունիս 1965, էջ 4):
Սեմայի՝ Գեղամ Աթմաճեանի գրական դիւանը կը գնտուի Երեւանի Գրականութեան թանգարանին մէջ:
*
Յակոբ Օշական հետեւեալը գրած է Գեղամ Աթմաճեանի «Զրահաւոր գարուն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին մասին.
«Բոլորովին նոր մը, հեղինակը այս հատորին։
Վաւերական ամէն արուեստագէտ ինքզինքը ուշադրութեան կը հանէ այն շնորհներով, որոնք կը թուին իրեն միայն պատկանիլ, որոնք, աւելի ճիշդը՝ զինքը հասարակաց միջինէն տարբեր ընծայելու պիտի ծառայեն։ Այս անկիւնէն դիտուած, Պ. Ա. Սեմայի հատորը վաւերագրական արժէք մըն է ու քիչ մըն ալ աւելի։
Աւիշի թարմութիւն, առատութիւն, խանդ ու երազ, - հասկնալի՞ տարիքովը Պ. Ա. Սեմայի, որ սա առաջին երկունքը (հիները պիտի վսեմացնէին բառը՝ երախայրիքը, իւրովսանը քշելով իրենց սրտառուչ յառաջաբաններուն մէջ), կը նուիրէ մօրը, պարտ ու պատշաճ մաղթասացութեամբ եւ, հօրը՝ «որ նահատակուեցաւ մեծ սպանդին, որպէսզի իր զաւակները հայրենիք ունենան»։
Կարճ սա պատգամը, տասներկու տողնոց Ձօնէ մը վերցուած, բաւական լոյս կը սփռէ երիտասարդ պոէտին հոգեկան աշխարհին։
Ինչ որ կը զատէ այս հոգեբանութիւնը մեր քերթողներուն ողբասացական հռետորութենէն եւ նարկիսապաշտ անդաճմունքներէն, - երկու բեւեռները՝ արեւմտահայ բոլորովին արդի բանաստեղծութեան - այն պատանի, բայց նոյն ատեն հասուն խռովքն է, որ մեզ իմաստուն է ըրած մեր աղէտին անպարագիծ պատկերին դիմաց, բայց չէ կործանած զմեզ։ Այն մշտակարօտ սլացքն է դէպի հզօր երազը, որուն կրկներեւոյթը երկու լման սերունդներ կրակին առաջնորդեց։ Այն տրտում, ինքնակեդրոն լրջութիւնն է, որով աշխարհը պարտաւոր ենք տեսնել, չխենթանալու համար մեր վրայ գործադրուած զրկանքին հաշուոյն։
Պ. Սեմայի հոգին համակրանքի հզօր շունչով մը տրոփուն է իր պապերուն հայրենիքին համար, որ անհաս, բայց իրաւ խորհուրդի մը նման կախ է մեր օրերուն վերեւ։ Շատ է թիւը, այդ հատորին մէջ, այն քերթուածներուն, որոնք մեզ կը խօսին հեռանիստ ու «միֆ դարձած» այդ երկրէն ու կը խօսին սրտայոյզ, որքան յուսապատար շեշտովը պատանութեան։ Ուրախութիւն է նոյն ատեն, ինծի համար, որ այդ տողերէն զգալի չըլլայ ապսպրուած, քաղաքական երանգով արատաւոր այն քերթողութիւնը, որ գաղութներու պառակտումները կը շահագործէ ու, յանուն արուեստի, մեզ կը լարէ իրարու դէմ։ Ասկէ զատ, Պ. Սեմայի այդ կարգի քերթուածները անուշիկ փաստ մը կը կազմեն, թէ կարելի է երգել Հայաստանը, առանց տրակտորներու բարբարոս աղմուկին ու ռատիօկայաններու փչուած առասպելին, սիրել զայն, իր արիւնին խորագոյն բաւիղներէն, հարիւրաւոր սերունդներու լարերէն յօրինուած նուագարանի մը նման. հաւատալ անոր, ու բաղձալ անոր, անկախաբար՝ շքեղագոյն ոստաններու հրապոյրներէն, որոնք մեր առաջաւոր կամ անմիջահաս երիտասարդութիւնը ենթարկած են իրենց։ Աւելորդ չէ, նոյն ատեն, այդ քերթուածները նկատել ուրիշ փաստ մը։ Անոնց մէջ կիրարկուած արուեստի տեսակ մը դաս է անպատասխանատու այն մարդոց, որոնք խնամքը, արտայայտման վայելչութիւնը հոսհոսային, զանցառելի ծեքծեքում մը կը դաւանին ու արեւելահայ քնարերգութիւնը վերածած են միջակութեանց երջանիկ կրկէսի մը։
Բայց Պ. Սեմայի հատորը ուշագրաւ է դարձեալ այն նմանութեամբ, որ երկու սերունդներու հոգեկան եզրերը իրարու կը մօտեցնէ, զանոնք իրարմէ բաժնելու համար։ 1896-էն ետքը, երբ Սուրէն Պարթեւեանի սերունդը կը չափչփէր այդ Եւրոպան, ուր ապաստան գտած հիմա մեր երիտասարդութեան կարելի ուժերը, մեր գրականութիւնը տոգորուած էր այլապէս պարզ, հզօր անդոհով մը։ Ասոր ազգայնական երեսը շքեղօրէն նուաճուեցաւ մեր քանի մը քերթողներէն (գլխաւորաբար Սիամանթօ, Վարուժան)։ Անոր մարդկային մասն ալ իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէր Վահան Թէքէեանի տաղերուն մէջ։ «Հրաշալի յարութիւն»ը եւ «Զրահաւոր գարունը» չեմ բաղդատեր իրարու. ատիկա անիմաստութիւն մը պիտի ըլլար։ Բայց տարօրէն ակնբախ է հանգիտութիւնը վիճակին, այդպէս երկինքէ երկինք քարշ տալու մեր վիշտերն ու երազները։ Ինչ որ Վահան Թէքէեանի խոր ու ապահով տաղանդը սեւեռած է այդ օրերէն, պայծառ ու թարմ պատանութեամբ մը, արձակութեամբ մը կայ Պ. Սեմայի քերթուածներուն մէջ։
Պ. Սեմայի ոտանաւորը լայնաշունչ է եւ դիւրին։ Վտա՞նգ: - Կ՚ենթադրեմ։ Առայժմ՝ անիկա փրկուած է բառական հռետորութենէն օրէնքի մը համաձայն, որ ամէն մարդու իրաւունք կու տայ ինքզինքը բերելու արուեստին, հերիք է, որ գրականութեամբ յօրինուած ես մը չըլլայ մեր տուածը։ Զի ով կեանքին հետ է, քիչ անգամ կը մատնուի անկէ։
Խոստումէ մը աւելի է Պ. Սեմայի հատորը, բայց պակաս՝ իրացում մը ըլլալէ։ Իր ընթերցումը բերաւ ինծի այն յոյզերն ու յոյսերը, որոնք 1902-03-ի «Մասիս»ներուն Միսաք Մեծատուրեան ստորագրութեան հետ զուգորդուած են իմ մտքիս մէջ։ Յետո՞յ։ Տեղ մը ըսեր եմ, թէ անիմաստ է գուշակել արուեստին մէջ։ Կը սպասենք սակայն, որ երիտասարդ բանաստեղծը հաւատայ իրեն»։
*
Գեղամ Աթմաճեան նպատակ ունեցած է սեփական հրատարակչատուն մը բանալու: Այս մասին Արշակ Չօպանեան կը գրէ. «Գեղամ ճարտար գրաշար էր, եւ ատեն մը այս կամ այն տպարանին մէջ աշխատելով է որ իր ապրուստն ապահովեց: Յետոյ, համեստ խնայողութիւններ ընել յաջողելով, իրեն սեպհական տառեր եւ այլ տպարանական իրեղէններ հայթայթեց եւ հիմքը դրաւ անձնական փոքրիկ տպարանի մը, որուն միջոցաւ արդէն հրատարակեց իր «Մշակոյթ» ամսագրին մէկ քանի թիւերը: Մտադիր էր «Աթմաճեան հրատարակչական» մը կազմակերպել եւ ինքն իսկ ըլլալով ատոր հիմնադիրը, վարիչը, գրաշարն ու տպագրիչը, հրատարակել իր եւ ուրիշ գրողներու շարք մը գործերը: Պատերազմը, որ պայթեցաւ 1939-ին, այդ ծրագիրները քարուքանդ ըրաւ»։ («Անահիտ», Նոր շրջան, ԺԲ. տարի, թիւ 1, յունուար-յունիս 1946, էջ 3):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ