ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեանի՝ Գումգաբուի երէկուան գոհաբանական Ս. Պատարագին ժամանակ խօսած քարոզին սղագրութիւնը։
*
«Ծառայք անպիտան եմք, զոր պարտեաքն առնել՝ արարաք»
«Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտ էինք ընել՝ ըրինք»
(Ղուկ. ԺԷ. 10)
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ․ ամէն։
Այսօրուայ գոհաբանական Սուրբ Պատարագին առթիւ, առաջին հերթին կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր սրտաբուխ ու անկեղծ խօսքերուն համար։ Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ այս շաբաթավերջին կը նշուի իմ քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան յիսնամեակը։ Երախտապարտ եմ ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ նուաստիս շնորհած է Սրբատառ կոնդակ եւ «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Շնորհակալ եմ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միւս Նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, որոնք արժեւորած են իմ յոբելեանը։ Շնորհակալ եմ իմ հոգեւոր եղբայրներուն եւ համայնքիս ազնիւ անդամներուն, որոնք կը բաժնեն իմ յոբելեանի ուրախութիւնը։ Բարոյական պարտքս է երանութեամբ ոգեկոչել իմ հոգեւոր ծնողս՝ երջանկայիշատակ եւ անմոռանալի Շնորհք Պատրիարքը, որու բարոյական ներկայութեան առջեւ կը բերեմ իմ խոնարհումս։
Չեմ գիտեր ինչպէս անցան այս յիսուն տարիները, բայց, ես կ՚ուզեմ այս տարիներուն վրայ աւելցնել եւս տասը տարի, որովհետեւ 1966-ին, հազիւ 12 տարեկան, Տիգրանակերտի տունէս հեռացայ՝ գալով Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքը, ուրկէ ալ՝ 1967-ին մեկնեցայ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր մնացի ինը տարիներ։ Ատկէ ետք անգամ մըն ալ երեբք չեմ վերադարձած Տիգրանակերտի ընտանեկան բնակարանս, որ այսօր այլեւս գոյութիւն չունի։ Մեր ընտանիքէն երրորդ սերունդին կը պատկանիմ, որ դարձած է հոգեւորական։ Մեր ընտանիքի առաջին հոգեւորականն էր հօրեղբայրս՝ հանգուցեալ Մեսրոպ վարդապետ Տեփոյեան, որ կը ծառայէր Երուսաղէմ։ Երկրորդ հոգեւորականը մօրեղբօրս տղան էր՝ հանգուցեալ Խաչատուր վարդապետ Սարաճեան, որ կը ծառայէր Իսթանպուլ, ուրկէ ապա մեկնեցաւ Աւստրալիա, այնտեղ ալ վախճանեցաւ։ Ես կը պատկանիմ երրորդ սերունդին, ձեռնադրուած 1976-ին, անարժանաբար կը ծառայեմ Աստուծոյ եւ համայնքիս։ Ինձմով ալ չվերջացաւ մեր ընտանիքի հոգեւորականութեան շղթան, որու վրայ որպէս նոր օղակ մը աւելցաւ քրոջս թոռնիկը, որ աւարտելով Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանն ու Ընծայարանը՝ Իսթանպուլ վերադարձաւ եւ իմ կողմէ ձեռնադրուեցաւ՝ վերանուանուելով Մաղաքիա աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յիսուն տարի է, որ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանեմ մեր Սուրբ եկեղեցիներու Սուրբ խորաններուն վրայ։ Այս իմ երրորդ պատարագս է, զոր կը մատուցանեմ յուզմունքով։ Առաջին Սուրբ Պատարագը, ձեռնադրութենէս ետք մատուցած անդրանիկ Պատարագս էր։ Երբ առաջին անգամ բարձրացուցի Սուրբ Սկիհը ըսելով. «Առէ՛ք, կերէ՛ք այս է մարմին իմ» եւ «Արբէ՛ք ի սմանէ ամենեքեան այս է արիւն իմ»: Կարծես իսկապէս դպած էի Քրիստոսի մարմնին եւ արիւնին։ Երկրորդ յուզումնալից պատարագը, Սուրբ Էջմիածնի մէջ էր, յետ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս՝ Քրիստոսի Իջման Սուրբ Սեղանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագս։ Միածնի Որդիին մատնանշած տեղը ելլել, ատոր արժանի ըլլալ, ի՜նչ մեծ պատիւ էր։ Իսկ երրորդը այսօրուան Սուրբ Պատարագս է։ Յիսուն տարիներ ետք, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, շրջապատուած եմ հոգեւոր եղբայրներուս եւ համայնքիս սիրելի եւ ազնիւ անդամներուն կողմէ։
Կը խորհիմ, թէ որքանո՞վ արժանի եմ այս պատիւներուն։ Կը գիտակցիմ, թէ ես արժանի չեմ այս բոլորին: Առաքեալին խօսքերով. «Ես անպիտան ծառան եմ Աստուծոյ, իմ կեանքիս ընթացքին ինչ պարտականութիւն որ տրուեցաւ ինձ, իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ աշխատեցայ այդ մէկը ընել»: Պարտականութեան կատարումը աղբիւրն է ներքին բովանդակ բարութեան։ Մարդ պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ իր պարտականութիւնները կատարելու, մնացեալը Աստուծոյ յանձնելու։ Գիտակից անձը՝ մանաւանդ հոգեւորականը, պարտականութեանց մէջ երբեք պէտք չէ թերանայ, որովհետեւ այդ պարտականութեան կատարմամբ է, որ անձը արժանի կ՚ըլլայ Աստուծոյ օրհնութեան։ Հայ եկեղեցականի պարագային այդ պարտականութիւնն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս յանձնառութիւնը ազգին առջեւ։ Այդ յանձնառութիւնը միայն հոգեւորով չի սահմանափակուիր։ Արդարեւ, հայ եկեղեցականին կոչումն է հաւատարիմ մնալ ազգային եկեղեցւոյ նուիրական ժառանգութեան, որու բարոյական ու մշակութային ստորոգելիներուն շտեմարանն է մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Մեր հայրերու լոյս հաւատքի կենսունակ ու վերարծարծուած պահպանումը մեր պարտքն է թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ սերունդներուն առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւր քայլափոխին առողջ փոխանցումով վերանորոգ պահուի այդ հաւատքը եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պատգամը միշտ արձագանգէ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալի հոգւոյն ու խղճին մէջ։ Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդը հայ մարդու էութիւնն է եւ անոր դիմագծի անշեղ պահպանումը կ՚ենթադրէ մերօրեայ Աւարայրներ, որոնց դիմաց ընկրկելու բարոյական իրաւունքը երբեք չունի հայ հոգեւորականը։
Եկեղեցականը որքան որ պարտականութիւն ունի իր անձին նկատմամբ, նոյնքան պարտականութիւն ունի մեր նմաններուն նկատմամբ եւ, անշուշտ, ա՛լ աւելին Աստուծոյ նկատմամբ։ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ առջեւ մեր պարտականութիւնը աւելի նուիրական է։ Որքան ալ անհաւատներ, անգիտակիցներ, չարասիրտ մարդիկ չարախօսեն ու արհամարհանքով մօտենան եկեղեցականին, մենք պարտաւոր ենք եւ մեր նուիրական պարտականութիւնն է սիրել զիրենք ու աղօթել իրենց համար։ Մեր պարտականութիւնները պէտք է ըլլան արդարութեան ու գթութեան սկզբունքով։ Մենք մեր կեանքով է, որ օրինակ պիտի ըլլանք մարդոց։ Մեր պարտականութիւնները պէտք է ըլլան բարոյական եւ կրօնական սկզբունքներու մղումով եւ ո՛չ թէ փառասիրական ու նիւթական ակնկալութեամբ։ Պէտք է անձնուիրութեամբ կատարենք մեզի վստահուած պարտականութիւնները, որպէսզի իրաւունք ունենանք ըսելու. «Զոր ինչ պարտէաքն առնել, արարաք»:
Ոչ ոք իրաւունք ունի եկեղեցականէն իր կարողութիւններէն դուրս բաներ պահանջելու։ Եկեղեցականը պարտականութիւնները կը կատարէ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ։ Ամէն մարդու կարողութիւններն ու յատկութիւնները նոյն մակարդակի վրայ չեն կրնար ըլլալ, անձէ անձ կը տարբերին։ Մենք ալ՝ հոգեւորականներս, կը գործենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ։ Յիշենք Քրիստոսի խօսքը. «Որուն որ շատ տրուեցաւ, անկէ շատ պիտի պահանջուի»։ Սա չի՛ նշանակեր մի միայն մտային կարողութիւններէն աւելի պիտի պահանջուի կամ մեծահարուստներէն աւելի պիտի պահանջուի, այլեւ, միաժամանակ, բարձր աստիճաններ շնորհուածներէն՝ սկսեալ կաթողիկոսներէն, պատրիարքներէն, եպիսկոպոսներէն եւ վարդապետներէն եւ բոլոր անոնցմէ, որոնց առջեւ բարձր աստիճաններ ստանալու ճամբան բաց է։
Այսօր կ՚արժէ, որ մենք՝ եկեղեցականներս մեր մասին խօսինք։ Եկեղեցականը սովորական աղօթքը, բարեպաշտական պարտականութիւնը կատարելով, Սուրբ Գիրք կարդալով, Սուրբ Պատարագ մատուցանելով իր պարտականութիւնը կատարած չի նկատուիր։ Անցեալին ճգնարաններ ու մենաստաններ կային. այնտեղ ապրող ճգնաւորները մի միայն իրենց հոգւոյն փրկութեան համար կը խորհէին. ասիկա եսասիրական բարեպաշտութիւն մըն է, ասիկա զոհողութիւն չէ. զոհողութիւնը այն է, որ գիտէ եւ ջանք կը թափէ ուրիշ հոգիի մը կամ հոգիներու փրկութեան համար, Աստուած տանելու համար անոնց, որպէսզի ցոլանայ Աստուծոյ փառքը, ինչ որ կը կարողանայ ուրիշներու հոգւոյն փրկութեան առիթ դառնալ։ Եկեղեցականը, որ Աստուծոյ եւ հաւատացեալին միջեւ միջնորդի դեր կը կատարէ, իրաւունք չունի միայն իրեն համար ապրելու, այլ՝ հաւատացեալին հոգեւոր տառապանքներուն ալ մասնակից պէտք է դառնայ։ Հայ հոգեւորականը կը հպի իր հօտի իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգիին, սա թէեւ առաջին հայեացքով կը թուի ըլլալ անհատի մը հետ տարուած աշխատանք, սակայն, հանրագումարը հաւաքական նշանակութիւն կը ստանայ եւ հայ քրիստոնեայ հաւատացեալը դէպի փրկութիւն կ՚առաջնորդէ ո՛չ միայն անհատապէս, այլ նաեւ հաւաքաբար։ Հայ հոգեւորականի հիմնական պատասխանատուութիւնն է իր հօտի իւրաքանչիւր անդամին մէջ արթնցնել այն գիտակցութիւնը, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները եղբայրներ ու քոյրեր են՝ իրենց ճակտի Սրբալոյս Միւռոնի դրոշմով։
Ամէն կիրակի այս Սուրբ Սեղանին վրայ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանենք ո՛չ թէ ստիպողաբար եւ անպայման Սուրբ Հաղորդութիւն տալու, այլեւ՝ ներշնչելու հաւատացեալի ոգին եւ հաղորդակցութեան մէջ դնելու հաւատացեալը Մեծ Զոհին հետ, որ է Քրիստոս։ Աստուծոյ ուզածը Սուրբ Պատարագի շրթունքով հաղորդութենէ աւելի հոգւոյ եւ սրտի զոհողութիւնն է։ «Պատարագ Աստուծոյ հոգի խոնարհ, սիրտ Սուրբ Աստուած ոչ արհամարհէ»։ Աստուծոյ ուզածը հոգւոյ, սրտի եւ մտքի կատարեալ զոհողութիւնն է։ Աստուծոյ ուզածը այն է, որ մենք նուիրուինք եւ զոհուինք իրեն համար․ իրեն նուիրուելու համար ալ պէտք է նուիրուիլ մեր նմաններուն։
Եւ դուք, սիրելի հաւատացեալներ, որպէսզի եկեղեցականները կարենաք պահել իրենց վիճակած պատասխանատուութեան մէջ, նախանձախնդիր եղէք իրենց նկատմամբ եւ համապատասխան ու արժանավայել դիրքի մէջ պահեցէք զանոնք:
Միշտ կ՚ըսենք, որ եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է։ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ սահմանումները դուրս են մեր մարդկային երեւակայութիւններէն՝ քանի աստուածային ներգործութեամբ կը ձեւաւորուին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալի երկրաւոր կեանքը միայն ակնթարթ մըն է՝ եկեղեցւոյ անժամանակ գոյութեան հետ բաղդատուած։ Եկեղեցին՝ որպէս անժամանակ հաստատութիւն, մեզի ցոյց կու տայ յաւիտենականութեան ճամբան։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքը թէեւ կրնայ ըլլալ ակնթարթի մը համազօր, սակայն, այս գիտակցութիւնը հոգւոյ աչքերուն լոյս կու տայ եւ այդ լոյսը կը պայծառացնէ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը, իսկ այդ պայծառութիւնը մեզ կը դարձնէ իրարու հարազատ՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներ։
Թող Բարձրեալն Աստուած հովանաւոր ըլլայ մեր Սուրբ Եկեղեցիին եւ Պատրիարքական մեր դարաւոր Աթոռին։ Ես այսօր կը դիմեմ մեր Աթոռի նախկին բոլոր գահակալներու բարեխօսութեան՝ մասնաւորապէս վերյիշելով իմ ուսանած Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Շնորհք Գալուստեան, Գարեգին Գազանճեան եւ Մեսրոպ Մութաֆեան սրբազան պատրիարքները, որոնք ճանչցած եմ անձամբ։ Արեւշատութիւն կը մաղթեմ Աթոռի մերօրեայ գահակալ Ամենապատիւ Սահակ Պատրիարքին։ Միշտ իմ աղօթքներուս մէջ են հոգեւոր եղբայրներս եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցեմ ծնողներուս յաւիտենական հանգիստին համար։ Թող բարին Աստուած մեր եկեղեցին պահէ անսասան ու մեր բոլորը պահէ իր անսահման սիրոյ մթնոլորտին մէջ․ ամէն:
