ՉԻՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԵԱՆՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ ԴԱՐԵՐՈՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Համբերութեան, ինքնաճանաչման, մարդկային յարաբերութիւններու եւ բնութեան օրէնքներուն մասին ժողովրդական իմաստութիւններու ոչ մէկը ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած է իր արժէքը։
Կեանքը լի է հարցումներով, դժուարութիւններով, ընտրութիւններով եւ երբեմն՝ հակասութիւններով։
Մարդը միշտ ալ փորձած է հասկնալ աշխարհի ընթացքը, իր տեղը գտնել կեանքի մէջ եւ փորձառութենէն քաղել այն դասերը, որոնք կրնան զինք առաջնորդել։ Այս որոնումներուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն չինական իմաստութիւնները՝ կարճ, պատկերաւոր եւ խորիմաստ խօսքեր, որոնց մէջ ամփոփուած են դարերու դիտարկումներն ու մարդկային փորձառութիւնը։
Չինական առածներն ու իմաստութիւնները մարդկային հոգեբանութեան, բնութեան օրէնքներուն եւ կեանքի փորձին դարաւոր խտացումներն են։ Անոնք կը սորվեցնեն ապրիլ ներդաշնակ, համբերատար եւ խոհեմ՝ դժուար իրավիճակներու մէջ փնտռելով պարզ, բայց խորքային լուծումներ, առանց շտապողականութեան եւ պահու ազդեցութեան տակ որոշումներ առնելու։
Չինական մտածողութեան հիմքին մէջ կը գտնուին քանի մը կարեւոր գաղափարներ՝ ճկունութիւն եւ յարմարողականութիւն, ժամանակի հանդէպ համբերութիւն, ինքնաճանաչում եւ խօսքի պատասխանատուութիւն։ Այս փիլիսոփայութեան համաձայն՝ կոշտութիւնը կրնայ կոտրուելու առաջնորդել, մինչդեռ ճկունութիւնը յաճախ փրկութեան ճամբայ կը բանայ։ Իրական փոփոխութիւնները ժամանակ կը պահանջեն, իսկ մարդու մեծագոյն յաղթանակը երբեմն ուրիշներուն յաղթելէն աւելի՝ ինքն իր թուլութիւնները յաղթահարելն է։
Այսօր եւս չինական հնագոյն իմաստուն խօսքերը կը շարունակեն շրջիլ երկրէ երկիր՝ թարգմանուելով զանազան լեզուներով եւ գտնելով նոր ընթերցողներ։ Անոնցմէ շատեր վաղուց վերածուած են համամարդկային իմաստութիւններու։
Ստորեւ ներկայացուած ընտրանին հրաւէր մըն է կանգ առնելու, խորհելու եւ երբեմն ալ մեր առօրեայ կեանքը այլ դիտանկիւնէ դիտելու։
*
ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑՈՒԹԻՒՆ․
ՄԵԾ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ՓՈՔՐ ՔԱՅԼԷ
Մեծ նպատակներու հասնելու համար միշտ մեծ ուժ պէտք չէ, այլ հետեւողականութիւն, համբերութիւն եւ առաջին քայլը առնելու համարձակութիւն։ Չինական իմաստութիւնները յաճախ կը յիշեցնեն, որ ժամանակը կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալ, քան շտապողականութիւնը։
• «Ճամբորդութիւնը հազար մղոնէն կը սկսի մէկ քայլով»։
• «Ամենաբարձր աշտարակն անգամ հողէն կը սկսի»։
• «Ջուրի կաթիլը քարը կը ծակէ ո՛չ թէ իր ուժով, այլ շարունակաբար իյնալով»։
• «Կաթիլ-կաթիլը գետ կը դառնայ»։
• «Մի՛ վախնար դանդաղ յառաջանալէ, վախցի՛ր կանգ առնելէ»։
• «Ան, որ կրնայ լեռ մը տեղաշարժել, սկսած է փոքր քարերը հատիկ-հատիկ տեղափոխելէ»։
• «Աշխատանքը կը վախնայ յամառ մարդէն»։
• «Յանձնուելու գայթակղութիւնը ամենէն ուժեղը կ՚ըլլայ յաղթանակէն քիչ առաջ»։
• «Ուժեղը կը յաղթահարէ խոչընդոտը, իմաստունը՝ ամբողջ ճամբան»։
• «Մարդը կրնայ շահը տեսնել, բայց վտանգը չնկատել»։
• «Եթէ սայթաքած ու ինկած ես, տակաւին չի նշանակեր, թէ սխալ ճամբու վրայ ես»։
• «Կեանքին խորամանկութիւնը այն է, որ մարդ երիտասարդ մեռնի, բայց կարելի եղածին չափ ուշ»։
• «Աշխատասիրութիւնը երեք տարուան մէջ կը սորվին, ծուլութիւնը՝ երեք օրուան»։
• «Ինչքան քրտինք թափես, այնքան ալ կ՚ուտես»։
• «Բրինձի իւրաքանչիւր հատիկին մէջ քրտինքի կաթիլ մը կայ»։
• «Ուզածդ կուշտ ուտել է՝ նախ քրտնէ՛ ու աշխատէ»։
• «Ծոյլ հող չկայ, կան ծոյլ մարդիկ»։
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՆՔՆԱԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒՄ․
ԱՄԵՆԷՆ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՝ ԻՆՔՆ ԻՐ ՎՐԱՅ
Իմաստութիւնը միայն գիտելիք ամբարելը չէ։ Զայն նաեւ սեփական սահմանները ճանչնալու, հարցումներ տալու, սխալներէն սորվելու եւ ինքզինք շարունակ կատարելագործելու կարողութիւնն է։ Այս իմաստով չինական խօսքերը յատուկ կարեւորութիւն կու տան ուսուցիչին, փորձառութեան եւ ինքնաճանաչման։
• «Ուսուցիչները միայն դուռը կը բանան, ներս պէտք է մտնես ինքնուրոյն»։
• «Ան, որ կը հարցնէ, մէկ վայրկեան միայն կը քաշուի, իսկ ան, որ չի հարցներ՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին»։
• «Հզօր է ան, որ ուրիշներուն կը յաղթէ, բայց ամենազօրաւորն է ան, որ կը յաղթէ ինքզինքին»։
• «Իմաստուն մարդը աւելի շատ կարելիութիւններ կը ստեղծէ, քան կը գտնէ»։
• «Մի՛ վախնար չգիտնալէ, վախցի՛ր չսորվելէ»։
• «Առանց մեծ կասկածի՝ մեծ իմաստութեան չես հասնիր»։
• «Գիտութիւնը այնպիսի գանձ մըն է, որ միշտ կը մնայ իր տիրոջ մօտ»։
• «Գիտութիւնը սահման չունի»։
• «Գիտունը գիրքերու մասին կը խօսի, մսավաճառը՝ խոզերու»։
• «Իրերուն միշտ լուսաւոր կողմէն նայէ՛, իսկ եթէ այդպիսի կողմ չկայ, մութ կողմերը շփէ՛ այնքան, մինչեւ որ փայլին»։
• «Երբ սխալիս, աւելի լաւ է անմիջապէս վրադ խնդաս»։
• «Ամէն սխալ կարելի է ուղղել»։
• «Բոլոր ձիերը կը սայթաքին, բոլոր մարդիկ կը սխալին»։
• «Գիշերուան առաջին կէսին մտածէ՛ թերութիւններուդ մասին, երկրորդ կէսին՝ ուրիշներուն»։
• «Իր գլխուն ձիւնը չի տեսներ, բայց ուրիշին եղեամը կը նկատէ»։
• «Նախքան ուրիշին վրայ խնդալը, քու մասիդ մտածէ»։
• «Ճանչցի՛ր ինքզինքդ, ճանչցի՛ր հակառակորդդ, եւ հարիւր ճակատամարտերէն հարիւրն ալ պիտի շահիս»։
• «Լեռներ տեղաշարժելը աւելի դիւրին է, քան մարդուն բնաւորութիւնը փոխելը»։
• «Կարելի է համեստ ըլլալ՝ առանց իմաստուն ըլլալու, բայց կարելի չէ իմաստուն ըլլալ՝ առանց համեստ ըլլալու»։
• «Լսէ՛, թէ մարդիկ ինչ կ՚ըսեն, բայց նայէ՛, թէ ինչ կ՚ընեն»։
ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄ․
ՀՈՎԸ ՉԻ ԿՈՏՐԵՐ ՃԿՈՒՆ ԾԱՌԸ
Կեանքի մէջ ամէն ինչ չէ, որ կարելի է փոխել մեր կամքով։ Երբեմն պէտք է դիմանալ, երբեմն՝ յարմարիլ, իսկ երբեմն ալ՝ փոփոխութեան մէջ նոր կարելիութիւն մը տեսնել։ Չինական իմաստութիւնները յաճախ բնութեան պատկերներով կը բացատրեն այս ճշմարտութիւնը։
• «Հովը չի կոտրեր այն ծառը, որ կրնայ ճկիլ»։
• «Որքան ալ ուժգին փչէ հովը, լեռը անոր առջեւ չի խոնարհիր»։
• «Փոթորիկէն ետք միշտ արեւը կը ծագի, իսկ ձմրան միշտ կը յաջորդէ գարունը»։
• «Երբ փոփոխութեան հովերը կը փչեն, ոմանք պատեր կը կառուցեն, ուրիշներ՝ հողմաղացներ»։
• «Անյաջողութիւնը յաջողութեան մայրն է»։
• «Դժբախտութիւնը այն դռնէն ներս կը մտնէ, որուն առջեւ դուռը բացած են»։
• «Անձրեւէն թրջուածը եղեամէն չի վախնար»։
• «Թէեւ հազար արգելքներ ըլլան, ջուրը միշտ դէպի ծով կը հոսի»։
• «Հեռու ջուրով մօտիկ կրակը չես կրնար մարել»։
• «Կրակէն փախաւ, ջրհորը ինկաւ»։
• «Ապրէ՝ պահպանելով ներքին խաղաղութիւնդ։ Ժամանակը պիտի գայ եւ ծաղիկները իրենք պիտի բացուին»։
• «Այն, ինչ որ կը պատահի, իր ժամանակին կը պատահի»։
• « Պուտտան անգամ անզօր է մարդուն կամքը կոտրելու»։
• «Մարտական ձին կը սիրէ ճակատամարտի աղմուկը»։
• «Ջուրը կը հոսի, ժայռը կը մնայ»։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ․
ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ, ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՒ ԽԻՂՃ
Մարդուն բնաւորութիւնը յաճախ կը բացայայտուի իր վերաբերմունքին մէջ՝ ուրիշներուն հանդէպ։ Բարեկամութիւնը, յարգանքը, անկեղծութիւնը եւ խիղճը չինական իմաստութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն։ Անոնք կը յիշեցնեն, որ մարդը պէտք է գնահատել իր էութեամբ եւ ո՛չ թէ արտաքին երեւոյթով։
• «Յարգէ՛ մարդը, եւ ոչ թէ անոր հագուստը»։
• «Հագուստին նորը լաւ է, բարեկամին՝ հինը»։
• «Լաւ բարեկամը իսկական գանձ է»։
• «Աշխարհի մէջ ոսկի շատ կայ, բայց հին բարեկամներ՝ քիչ»։
• «Բարեկամ գտնելու համար նոյնիսկ մէկ տարին բաւարար չէ, իսկ զայն կորսնցնելու համար մէկ ժամը բաւական է»։
• «Ծանօթները շատ են, բարեկամները՝ քիչ»։
• «Լաւ հարեւանը ոսկի կ՚արժէ»։
• «Ձի գնելու ժամանակ՝ անոր ակռաներուն նայէ, իսկ բարեկամ գտնելու ժամանակ՝ սրտին»։
• «Ընկերոջդ թերութիւններուն մասին միայն իրեն խօսէ, իսկ արժանիքներուն մասին՝ բոլորին»։
• «Ան, որ թերութիւններդ ցոյց կու տայ, միշտ թշնամիդ չէ։ Իսկ ան, որ արժանիքներդ կը գովէ, միշտ բարեկամդ չէ»։
• «Ան, որ կրնայ կարմրիլ, սեւ սիրտ չի կրնար ունենալ»։
• «Եթէ խիղճդ մաքուր է, մի՛ վախնար գիշերով դուռդ զարնուելէն»։
• «Թէեւ խիղճը ակռայ չունի, բայց կրնայ մահացու կերպով կծել»։
• «Մաքուր խիղճով սովամահ ըլլալը նախընտրելի է, քան անմաքուր խիղճով մինչեւ կոկորդը ուտել»։
• «Անազնիւ ճամբով ձեռք բերուած դրամը արեւուն տակ ձիւնի պէս պիտի հալի»։
• «Անտեղի գովասանքը քննադատութենէն ա՛լ աւելի վատ է»։
• «Ծաղրանքը արատներուն առաջինն է»։
• «Դէմքիդ վրայի կեղտը կրնաս լուալ, բայց սրտիդ կեղտը՝ ոչ»։
• «Թունաւոր օձը թունաւոր կը մնայ՝ ըլլա՛յ բարակ, թէ հաստ։ Նոյնպէս՝ վատ մարդը, ուր որ ալ գտնուի, իր բնաւորութիւնը չի փոխեր»։
• «Աղքատ ես՝ մի՛ խաբեր, հարուստ ես՝ մի՛ գոռոզանար»։
• «Ննջարանին մէջ կին ու ամուսին են, ննջարանէն դուրս՝ ծանօթներ»։
• «Եթէ զաւակներ չունիս, անկողինը մեղաւոր չէ»։
• «Մի՛ ըներ այն, ինչ որ չես ուզեր, որ ուրիշները գիտնան»։
• «Բարութեան դիմաց՝ բարութիւն, վիրաւորանքի դիմաց՝ վիրաւորանք»։
• «Մարդը պէտք է լաւ սիրտ ունենայ, ինչպէս ծառը՝ լաւ արմատներ»։
• «Հարստութիւնը տունը կը զարդարէ, առաքինութիւնը՝ մարդը»։
• «Մարդը երկրի զարդն է»։
• «Մարդը իր սրտով գեղեցիկ է, օձը՝ իր մորթով»։
• «Մի՛ նեղանար հայելիէն, եթէ դուն ինքդ տգեղ ես»։
ԽՕՍՔԻ ԵՒ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ․
ԱՄԷՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՊԱՀԱՆՋԵՐ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԽՕՍՔԵՐ
Խօսքը կրնայ կամուրջ կառուցել, բայց կրնայ նաեւ վիրաւորել ու բաժնել։ Չինական իմաստութիւնները կը կարեւորեն խօսելու պահը, չափը եւ պատասխանատուութիւնը՝ յիշեցնելով, որ երբեմն լռութիւնը աւելի արժէքաւոր է, քան երկար բացատրութիւնը։
• «Իմաստունին ականջները երկար են, լեզուն՝ կարճ»։
• «Նախքան բարկանալը մինչեւ հարիւր հաշուէ՛, իսկ հարուածելէ առաջ՝ մինչեւ հազար»։
• «Մի՛ խօսիր, եթէ ըսելիքդ լռութիւնը դէպի լաւը չի փոխեր»։
• «Լեզուն ոսկոր չունի, բայց կրնայ ոսկորներ կոտրել»։
• «Բերանէդ ելած խօսքը ուրիշին ականջը կը մտնէ»։
• «Բերանէդ թռած խօսքը նոյնիսկ հրեղէն ձիով չես կրնար բռնել»։
• «Խօսքը բանալի է, սիրտեր կը բանայ»։
• «Խօսքը թեւեր չունի, բայց կը թռչի»։
• «Խոր գետը հանդարտ կը հոսի»։
• «Շատ խօսք՝ շատ սխալ»։
• «Քիչ խօսէ, շատ գործէ»։
• «Երբ դաշտին մէջ կը խօսիս, յիշէ՛, որ խոտերն ալ կրնան լսել»։
• «Ճշմարիտ խօսքը յաճախ դեղի պէս դառն է, բայց բուժիչ»։
• «Ճամբաները հազար են, ճշմարտութիւնը՝ մէկ»։
• «Համբաւը թեւեր չունի, բայց կը թռչի»։
• «Երբ փառքէն կը փախչիս, քեզ կը հետապնդէ»։
ԱՇԽԱՏԱՆՔ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ․
ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱԿ ԳԱՆՁԸ ՉԷ
Աշխատասիրութիւնը, արդար վաստակը եւ չափաւորութիւնը յաճախակիօրէն կը վերադառնան չինական ժողովրդական իմաստութիւններուն մէջ։ Անոնք կը զգուշացնեն ագահութենէն, կը քննադատեն անազնիւ հարստացումը եւ կը յիշեցնեն, որ մարդուն արժէքը իր ունեցած դրամով չի չափուիր։
• «Աշխատող մարդը միշտ դրամ պիտի ունենայ»։
• «Աղքատին կերակուրին կէսը բանջարեղէն է»։
• «Ագահ մարդը այն օձին կը նմանի, որ նոյնիսկ փիղը կուլ տալ կ՚ուզէ»։
• «Հարուստը ապագային մասին կը մտածէ, աղքատը՝ այսօրուան»։
• «Փողով վիշապ ես, առանց փողի՝ որդ»։
• «Մարդը կենդանի գանձ է, իսկ հարստութիւնը՝ մեռած»։
• «Լաւ է կենդանի աղքատ ըլլալ, քան մեռած թագաւոր»։
• «Լաւ է ճնճղուկ ըլլալ տանիքին վրայ, քան ստրուկ՝ սեփական տան մէջ»։
• «Լաւ է փոքրիկ թռչունի կտուցը ըլլալ, քան կովու պոչը»։
• «Փողը հազար յանցանք կրնայ ծածկել»։
• «Երբ դրամ չունիս, բոլոր շուկաները հեռու կը թուին»։
• «Անազնիւ հարստութիւնը նոյնիսկ տուն մը չի կրնար արժեւորել»։
• «Հարուստը տարուան բոլոր եղանակներուն իր հագուստը կը փոխէ, իսկ աղքատը չորս եղանակներն ալ նոյն հագուստով կը դիմաւորէ»։
• «Գինին պզտիկ գաւաթով խմէ, գիտելիքը՝ մեծ գաւաթով»։
ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՔՐ ՈՒ ՄԵԾ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ․
ՄԱՐԴԸ, ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ
Չինական իմաստութիւններուն մէջ առօրեայ կեանքի պարզ պատկերները յաճախ կը վերածուին խորունկ խորհրդածութիւններու։ Եղանակներու փոփոխութիւնը, տունը, ընտանիքը, հարստութիւնն ու աղքատութիւնը, նոյնիսկ գինին կամ ճաշը, իրենց ետին մարդկային կեանքի մասին պատգամ մը կը պահեն։
• «Շանաձուկը ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ ամբողջ աշխարհը ջուրին տակ յայտնուի»։
• «Փոքր մարդն ալ կրնայ մեծ ցանկութիւններ ունենալ»։
• «Տան մեծը տան գանձն է»։
• «Յիմարը ո՛չ մէկ դեղով կրնաս բուժել»։
• «Գայլը մինչեւ մահ ոչխարներուն մասին կը մտածէ»։
• «Գարնանային հովերը ամառնային անձրեւներ կը բերեն»։
• «Գարունը երեխայի մը կը նմանի. օրուան ընթացքին երեք անգամ կը փոխուի»։
• «Ամառնային անձրեւը հաց է»։
• «Գիւղին մէջ հով կայ, քաղաքին մէջ՝ անձրեւ»։
• «Երբ ամրան նիհարնայ գիւղացին, կալուածատէրը կը գիրնայ»։
• «Երբ դաշտին մէջ շատ գայլ կայ, սեղանին վրայ միսը քիչ կ՚ըլլայ»։
• «Երբ սարին վրայ վագր չկայ, շունն ալ թագաւոր կը հռչակուի»։
• «Երբ կատուն լաց կ՚ըլլայ, մուկերը ցոյց կու տան, թէ կը ցաւակցին իրեն»։
• «Երբ կը սիրես, կապիկն ալ գեղեցիկ կ՚երեւի, երբ չես սիրեր, ջրաշուշանն ալ տգեղ կը թուի»։
• «Երբ գինին մէջտեղ կու գայ, իմաստութիւնը կը հեռանայ»։
• «Եթէ լաւ ճաշել կ՚ուզես, խոհարարը մի՛ վիրաւորեր»։
• «Գողցուած բրինձով համեղ փիլաւ չես կրնար եփել»։
• «Գետի ափին ջուր չեն ծախեր»։
• «Գետին բերածը գետը կը տանի»։
• «Ջուր կը խմես՝ ջրհորը փորողը օրհնէ՛»։
• «Ջրհորին յատակը նայողը երկինքը ամբողջութեամբ չի տեսներ»։
• «Ջրհորին մէջ ապրող գորտը ծովուն մասին գաղափար չունի»։
• «Հովահարով դաշտը արեւէն չես կրնար ծածկել»։
• «Ճրագը իր տակին լոյս չի տար»։
• «Թռչունը, երբ թեւ կ՚առնէ, բոյնէն դուրս կը թռչի»։
• «Հայրերը ծառեր կը տնկեն, զաւակները՝ անոնց շուքին տակ կը հանգչին»։
• «Իւրաքանչիւր սերունդ ճամբայ կը հարթէ յաջորդին համար»։
• «Ո՛չ ոք ճամբորդութենէն կը վերադառնայ այնպէս, ինչպէս որ էր մեկնելէն առաջ»։
• «Աւելի հարուստ է այն խրճիթը, ուր կը ծիծաղին, քան այն պալատը, ուր տխրութիւն կը տիրէ»։
• «Տունդ հոն է, ուր միտքերդ խաղաղ են»։
• «Աւելի լաւ է մէկ օր մարդ ըլլալ, քան հազար օր՝ ստուեր»։
• «Յիմարին երջանկութիւնն ալ յիմար է»։
• «Դրախտ տանող ճամբայ մը կայ, բայց ո՛չ ոք կ՚երթայ։ Բանտին դռները ամուր փակուած են, բայց մարդիկ կը թակեն զանոնք»։
• «Լաւ է թէ վատ, բայց այդ իմ հայրենիքիս գինին է»։
• «Ե՛ւ աղը, ե՛ւ շաքարը ճերմակ են, բայց քաղցր բան պատրաստելու ատեն զանոնք մի՛ շփոթեր»։
• «Մարդկային ցանկութիւնները երկինքէն ալ բարձր են»։
• «Մարդն է բոլոր հրաշալիքներուն ստեղծողը»։
• «Կուշտը քաղցածին տառապանքը չի հասկնար»։
• «Առողջը հիւանդին տանջանքները չի հասկնար»։
• «Մի՛ մտածեր, թէ արեւը միայն քեզի համար կը փայլի»։
• «Ճշմարտութեան Աստուծոյ առջեւ կեղծ մոմ մի՛ վառեր»։
• «Լաւ է բոլորովին չըլլալ, քան ոչնչութիւն ըլլալ»։
Չինական այս իմաստութիւնները, իրենց պարզ ու երբեմն ալ հեգնական ձեւակերպումներով՝ կը յիշեցնեն, որ կեանքի մեծ ճշմարտութիւնները միշտ չէ, որ երկար բացատրութիւններու կարիք ունին։ Բաւական է երբեմն մէկ խօսք, մէկ պատկեր կամ բնութեան պարզ դիտարկում մը՝ մարդուն մտածելու, իր վարքը վերատեսութեան ենթարկելու եւ աշխարհին աւելի խաղաղ հայեացքով նայելու համար։
Դարերու խորքէն հասած այս պատգամներուն արժէքը հոն է, որ անոնք կը շարունակեն նոր իմաստ ստանալ իւրաքանչիւր սերունդի եւ իւրաքանչիւր ընթերցողի կեանքին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան