ԲԱՐԻՔԸ՝ ՈՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Չորեքշաբթի էր՝ դպրոցական սովորական օր մը։
Մարալը, ըստ իր սովորութեան, քալելով տուն վերադարձաւ։ Մայրիկը ճաշ կը պատրաստէր, իսկ մեծ մայրիկը՝ պատշգամը նստած, կը ձեռագործէր։ Անոնց բարեւելէ եւ ձեռքերը լուալէ ետք, Մարալ սենեակ անցաւ՝ դպրոցական համազգեստը հանելու եւ տնային հագուստները հագնելու համար։
Յանկարծ պատուհանէն նկատեց, թէ իրենց դրացուհին՝ տիկին Սաթենիկը, դանդաղ քայլերով տուն կը վերադառնար՝ ձեռքին ծանր երկու տոպրակ։ Մարալ անմիջապէս դուրս վազեց, տոպրակները վերցուց անոր ձեռքէն եւ ընկերացաւ մինչեւ տուն, որ իրենց տան քովն էր։
Տիկին Սաթենիկ բացատրեց, որ աղջիկն ու թոռնուհին մէկ շաբաթով տղուն մօտ՝ քաղաք գացած էին, իսկ ինք, քանի մը ապրանքի պէտք ունենալով, ստիպուած էր խանութ երթալ։
Մարալ հանգստացուց զինք՝ ըսելով, թէ բացատրութիւն տալու պէտք չկար։ Պատուհանէն տեսած էր զինք եւ անմիջապէս շտապած՝ օգնելու համար։ Տիկին Սաթենիկ, ի նշան շնորհակալութեան, քանի մը ընկոյզ տուաւ Մարալին։
Տուն վերադառնալէ ետք, մեծ մայրիկը՝ տիկին Նատիան, որ պատշգամէն հետեւած էր եղելութեան, իր մօտ կանչեց Մարալը եւ հարցուց, թէ ո՛ւր վազած էր այդպէս։ Մարալ պատմեց պատահածը եւ տիկին Սաթենիկին հետ ունեցած խօսակցութիւնը։
Տիկին Նատիա շոյեց թոռնուհիին գլուխը եւ ըսաւ.
-Ապրի՛ս, գանձս։ Շատ ճիշդ վարուեցար։ Բայց արարքէդ աւելի զիս ուրախացուց մտածելակերպդ։ Թոռնուհիս արդէն մեծցեր է եւ հասուն մարդու պէս կը մտածէ։ Միշտ այդպէս մնա՛, Մարալս։ Ինչ բարիք ալ որ ընես, բացատրութիւն մի՛ պահանջեր եւ, աւելին՝ փոխադարձ բարիք ալ մի՛ ակնկալեր։
-Այո՛, մեծ մայրիկ։ Ինչո՞ւ պիտի բացատրութիւն պահանջէի։ Վաղը կամ միւս օրը դուն ալ կրնաս նոյն իրավիճակին մէջ գտնուիլ, եւ թերեւս Թալինը՝ տիկին Սաթենիկին թոռնուհին, նոյն ձեւով վարուի քեզի հետ։
Մեծ մայրն ու թոռնուհին զիրար լաւապէս հասկցած էին։
Մարալին մայրիկը ներսէն ձայն տուաւ եւ ճաշի հրաւիրեց զիրենք։
Յաջորդ օրը, դպրոցէն վերադառնալէ ետք, Մարալ նախքան տուն մտնելը շտապեց տիկին Սաթենիկին տունը։ Դուռը թակելէ եւ ներս մտնելէ ետք, բարեւեց զինք ու հարցուց, թէ արդեօք որեւէ բանի պէտք ունէ՞ր։
Տիկին Սաթենիկ հիացած էր Մարալին պահուածքով։ Աչքերը փայլեցան՝ տեսնելով, որ մանկամարդ աղջնակ մը գիտնալով, թէ քանի մը օր առանձին պիտի մնար, եկած էր իր որպիսութիւնը հարցնելու եւ կարիքները իմանալու։
Այս այցելութիւնները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն, նոյնիսկ շաբաթավերջին՝ շաբաթ եւ կիրակի։
Երկուշաբթի, սակայն, Մարալ չայցելեց տիկին Սաթենիկին։
Տիկին Սաթենիկ, որ արդէն վարժուած էր Մարալին ամէնօրեայ այցելութիւններուն, մտահոգուեցաւ։ Կը մտածէր, թէ թերեւս այդ օրը յարմար չէր եղած անոր կամ հիւանդացած էր։
Երեկոյեան, երբ բակին մէջ նստած էր, տիկին Նատիա այցելեց իրեն։ Դրացուհիները սովորութիւն ունէին քանի մը օրը անգամ մը իրարու այցելելու, միասին սուրճ խմելու եւ զրուցելու։
Քիչ մը զրուցելէ ետք, տիկին Սաթենիկ հարցուց.
-Մարալիկը ինչպէ՞ս է։
-Լաւ է։ Դպրոց, տուն, դասեր… իր սովորական առօրեայով։
-Ամէն ինչ լա՞ւ է իր հետ։ Անհանգիստ չէ, յուսամ։
-Ո՛չ, լաւ է։ Ինչո՞ւ կը հարցնես, նեղացուցա՞ծ է քեզի։
-Ի՜նչ նեղացնել, այն ալ Մարալիկը։ Ընդհակառակը, օրինակելի թոռնուհի մը ունիս, Նատի՛ա։
-Խե՞ր ըլլայ, Սաթենիկ։ Այդ ի՞նչ ըրած է Մարալս, որ այդքան հիացած ես իրմով։
-Դեռ ի՛նչ ընէ։ Գիտես, աղջիկս ու թոռնուհիս տղուս մօտ գացած են։ Երկու օրէն պիտի վերադառնան։ Անցեալ չորեքշաբթի խանութ գացի, որպէսզի քիչ մը խնձոր գնեմ. Կ՚ուզէի խնձորի անոյշ պատրաստել, քանի որ թոռնիկս շատ կը սիրէ։ Երբ տուն կը վերադառնայի, յանկարծ Մարալը վազելով հասաւ ինծի, տոպրակները ձեռքէս առաւ եւ ընկերացաւ մինչեւ տուն։
-Է՜հ, ճանըմ, Սաթենիկ, ի՞նչ կայ ատոր մէջ։ Շատ մը փոքրիկներ ու պատանիներ ալ այդպէս պիտի վարուէին։
-Բան չունիմ ըսելիք, այդպէս է։ Բայց Մարալը ուրիշ է, ուրիշ։ Այդ օրուընէ մինչեւ երէկ ամէն օր այցելեց ինծի՝ որպիսութիւնս հարցնելու եւ գիտնալու, թէ որեւէ բանի պէտք ունէի՞։
-Վա՜յ, Մարալ, վա՜յ։ Տե՛ս այդ չարաճճին։ Ո՛չ մէկուն բան ըսած է։ Անցեալ չորեքշաբթի պատշգամէն տեսած էի ձեր հանդիպումը եւ տուն վերադառնալէ ետք խօսեցանք այդ մասին։ Բայց չէի գիտեր, որ յաջորդ օրերուն ալ շարունակած է այցելել քեզի։
-Այո՛, ամէն օր եկաւ, բայց այսօր չեկաւ։ Այդ պատճառով ալ հարցուցի քեզի, թէ արդեօք լա՞ւ է։
-Լաւ է, լաւ։ Բայց կարծես դպրոցէն ներս բան մը պատահած է իրեն, որ այսօր չեկաւ։ Դուն մի՛ մտածեր, քիչ ետք կու գայ դարձեալ այցելութեան, որպէսզի սիրտդ զովանայ եւ հանգստանաս։
Տիկին Նատիա տուն վերադառնալէ ետք կանչեց Մարալը եւ միասին պատշգաբ ելան։
-Ի՞նչ կայ, մեծ մայրիկ, ինչո՞ւ կանչեցիր։
-Կանչեցի, որպէսզի քեզի մեծ ապրի՛ս մը ըսեմ, չարաճճի՛ս։
-Ինչո՞ւ։
-Ինչո՞ւն որն է։ Սաթենիկին քովն էի քիչ առաջ. ան ըսաւ, որ անցնող օրերուն ամէն օր այցելած ես իրեն։ Այս ի՜նչ մեծցեր ես, Մարալս։
-Է՜հ, մեծ մայրիկ, ըրածս բան չէ։ Տիկին Սաթենիկ ամբողջ օրը առանձին է։ Կ’երթայի իր քով՝ քիչ մը ժամանակը լեցնելու համար։
-Ապրի՛ս, ձագս։ Բայց այսօր ինչո՞ւ չայցելեցիր իրեն։
Մարալ լուռ մնաց։
-Մարալս, ի՞նչ պատահած է։
-Մեծ մայրիկ, գիտես, որ կիրակի կէսօրէ ետք դասընկերուհիներով կը հաւաքուինք գիւղի խաղահրապարակը։ Երէկ, խաղահրապարակ երթալու փոխարէն, ամբողջ ժամանակս տիկին Սաթենիկին հետ անցուցի։ Այսօր, երբ դպրոց գացի, ընկերուհիներս հարցուցին, թէ ինչո՛ւ երէկ չէի գացած խաղահրապարակ։ Երբ պատճառը ըսի, անոնցմէ քանի մը հոգի սկսան ծաղրել զիս եւ վրաս խնդալ։ Կ՚ըսէին, թէ փոխանակ հանգիստս վայելելու, ժամանակս վատնած էի տարիքով մեծ կնոջ մը քով։ Ամբողջ օրը այդ մասին մտածեցի, մեծ մայրիկ։ Այդ մտածումներուն մէջ այնքան խորասուզուած էի, որ տուն եկայ՝ առանց տիկին Սաթենիկին այցելելու, ինչպէս սովորութիւն դարձուցած էի։ Չեմ գիտեր՝ արդեօք սխա՞լ ըրած եմ անցնող օրերուն։
-Ո՛չ, ո՛չ, Մարալս։ Սխալ չես ըրած։ Ընդհակառակը, շատ ճիշդ վարուած ես։ Գիտե՞ս, մարդուն արժէքը ուրիշներուն ըսածներով կամ իր արարքներուն դիմաց ստացած գնահատանքով չի՛ չափուիր։ Դուն տիկին Սաթենիկին այցելած ես, որովհետեւ գիտցած ես, որ ան առանձին է եւ կրնայ քու ներկայութեանդ կարիքը ունենալ։ Այդ բարիք մըն է, որ սիրտիդ փափաքով կատարած ես։ Իսկ ընկերուհիներդ կրնան չհասկնալ արարքիդ իմաստը, բայց անոնց չհասկնալը չի նշանակեր, թէ դուն սխալած ես։
-Բայց մեծ մայրիկ, եթէ անոնք այդպէս կը մտածեն, թերեւս ես ալ պէտք է ժամանակս աւելի լաւ օգտագործէի։
-Մարալս, ժամանակը լաւ օգտագործել կը նշանակէ ո՛չ միայն դաս սորվիլ կամ խաղալ, այլեւ ուրիշին օգտակար դառնալ, անոր ուրախութիւն պատճառել։ Դուն ալ կրնայիր խաղահրապարակ երթալ, բայց այդ օրը նախընտրած ես մինակ մնացած կնոջ մը ընկերակցիլ։ Ատիկա ժամանակի կորուստ չէ՛։ Ընդհակառակը, ժամանակդ գեղեցիկ ձեւով օգտագործած ես։
-Ուրեմն, մեծ մայրիկ, պէտք չէ՞ մտահոգուիմ ընկերուհիներուս ըսածներուն ու ծաղրանքին համար։
-Պէտք է լսես ուրիշներուն կարծիքը, բայց պէտք չէ արտօնես, որ անոնց ծաղրանքը քեզ հեռացնէ ճիշդ արարքէ մը։ Իսկ եթէ երբեմն սխալիս, պէտք է ընդունիս ու սորվիս։ Բայց այս անգամ սխալած չես, Մարալս։
Մարալ գլուխը դրած մեծ մայրիկին ուսին՝ լուռ մնաց։ Անոր խօսքերը կարծես փարատած էին ամբողջ օրը զինք տանջող կասկածները։
-Մեծ մայրիկ, վաղը դարձեալ պիտի այցելեմ տիկին Սաթենիկին,- ըսաւ ան վճռական ձայնով։
-Ապրի՛ս, ձագս։ Բայց մի՛ երթար ինծի կամ ուրիշի մը հաճոյք պատճառելու համար։ Գնա՛, որովհետեւ սիրտդ այդպէս կը թելադրէ։ Աւելին, վաղուան ալ մի՛ սպասեր: Հիմա ալ գնա՛, ան մտահագուած էր, թէ ինչո՛ւ այսօր չէիր այցելած իրեն:
Երկու օր ետք տիկին Սաթենիկին աղջիկն ու թոռնուհին վերադարձան։ Թալին, իմանալով, թէ Մարալ ամէն օր այցելած էր իր մեծ մայրիկին, շատ ուրախացաւ եւ յաջորդ օրը Մարալին քով գնաց։
-Մարա՛լ, մեծ մայրիկս պատմեց, թէ այս օրերուն ամէն օր իրեն այցելած ես, ընկերակցած եւ օգնած։ Շա՜տ շնորհակալ եմ։
-Խնդրեմ, Թալի՛ն։ Ես պարզապէս իրեն այցելած եմ, որովհետեւ գիտէի, որ առանձին է։
Թալին ժպտաց եւ բռնեց Մարալին ձեռքը։ Այդ պահուն Մարալ զգաց, որ իր փոքրիկ բարիքը վերադարձած էր՝ նոր բարեկամութեան մը տեսքով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ