ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՊԷՏՔ ՉԷ «ԳՐԵՆ» ԿԱՄ ՈՐՈՇԵՆ

Մարդ իր կեանքի ընթացքին կարեւոր որոշումներ չկայացուցած՝ կը սիրէ իր կողմէ վստահելի մարդոց կարծիքները լսել։ Այս մէկը որպէս դրական երեւոյթ կ՚ընկալուի, սակայն, մարդկային յարաբերութիւններէն անդին ունի իր հոգեբանական պատճառները։ Մարդ ի սկզբանէ կը վախնայ անորոշութենէ եւ այդ մէկը իր մէջ լարուածութիւն կը ստեղծէ։ Մարդ կ՚ուզէ որոշում կայացնել, սակայն, անոր դրական կամ բացասական ըլլալու անորոշ վիճակը լուրջ մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ հետեւաբար մարդ ուրիշներու խորհուրդն ու կարծիքը հարցնելով կ՚ուզէ այդ անորոշութեան «մեղաւորութիւն»ը նուազեցնել։ Այդ անորոշութիւնը յաղթահարելու համար մարդ կ՚ուզէ ուրիշին աչքով տեսնել դէպքերն ու եղելութիւնները՝ որպէսզի նուազեցնէ անհանգստութիւնը։ Ինչո՞ւ համար կ՚ուզէ այդ մէկը. մէկ պարզ պատճառով, որովհետեւ կը վախնայ սխալելէ: 

Մարդ նոյն ձախողութեան համար ինքզինք աւելի մեղաւոր ու անպաշտպան պիտի նկատէ, եթէ շուրջիններուն խորհուրդը լսած չըլլայ։ Օրինակը տանք այսպէս. պատկերացուցէք, որ անձ մը որոշ գումար կը վստահի անձի մը, զոր այնքան ալ լաւ չի ճանչնար։ Անձը գումարը կը յափշտակէ ու կ՚անյայտանայ։ Գումարը չյանձնած եթէ ուրիշի մը խորհուրդը հարցուցած չըլլայ, ամբողջ մեղաւորութիւնը ինքն իր վրայ վերցուցած կ՚ըլլայ։ Սակայն պատկերացուցէք, որ մայրը կամ հայրը համաձայնութիւն տուած ըլլայ՝ ըսելով, թէ «վստահելի է». այդ պարագային իր պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ ուրիշներու համաձայնութիւնը եւ այդ մէկը մեղքի զգացումը պիտի բաժնէ միւսներուն վրայ եւս: Մարդ արարածը ինքզինք ինչքան ալ իմաստուն ու կատարեալ կարծէ, անպայման այլոց կարծիքները կը կարեւորէ, որովհետեւ երկու անձերու փորձը մէկ հոգիի փորձէն աւելի կարեւոր է։ Կեանքի մէջ շատ են երեւոյթները, ուր մարդ մէկ արդիւնքի փոխարէն մի քանի տասնեակ արդիւնքներ աչքի դիմաց կ՚ունենայ՝ հաստատելու համար հաշուարկի ճշդութիւնը: 

Մեր յօդուածի հիմնական նիւթը, սակայն, այսօր ուրիշներու հանդէպ եղած վստահութեան բացասական կողմն է։ Կարծիք հարցնելը անկասկած դրական երեւոյթ է։ Կարծիք հարցնելով մարդ կ՚ընդունի իր կատարեալ չըլլալը եւ կը դիմէ ուրիշներուն, սակայն, դրականէն անդին այս մէկը ունի բացասական կողմ մը։ Բացասական կողմը պարզենք իրական եղելութեամբ։ Մի քանի տարիներ առաջ երիտասարդ աղջնակ մը խօսելով իր կեանքի մասին հետեւեալը ըսաւ. «Կը կարծէի, թէ ծնողքս ինչ որ ըսէ ճիշդ է, որովհետեւ վերջապէս անոնք իմ լաւ ըլլալս կ՚ուզեն, հետեւաբար ինչ որ ըսէին, ինչ կարծիք որ տային կոյր ձեւով կը վստահէի անոնց։ Վերջապէս մայրս է, քոյրս է եւ վատ ըլլալս չեն ուզեր։ Սակայն, ժամանակ մը ետք սկսայ նկատել, որ իրենց «որոշում»ները կեանքի կոչելով ես աւելի դժբախտ վիճակի մէջ կը յայտնուիմ։ Հիմա արդէն վիճակը փոխուած է. անոնց կարծիքները կը լսեմ, սակայն, կոյր ձեւով վստահելու փոխարէն տրամաբանութեամբ մտածել կը փորձեմ»: Մարդ հետեւեալ կարծիքով կ՚առաջնորդուի. եթէ նպատակը բարի է՝ արդիւնքն ալ բարի կ՚ըլլայ, սակայն, կեանքի իրականութիւնը այդպէս չէ։ Մարդ կրնայ կատարեալ սէր ունենալ, սակայն, միաժամանակ սխալ ուղղորդել, որովհետեւ սէրը ճիշդ կամ սխալ ըլլալը չի կրնար երաշխաւորել։ Անշուշտ, այս մէկը աղջկան սխալէն անդին ծնողքին սխալն է, որովհետեւ դաստիարակութեան որոշ թերացումներն են, որ այս վիճակը կը ստեղծեն։ Նման զաւակներ կ՚ունենան ա՛յն ծնողները, որոնք իրենց զաւկին որոշում կայացնել սորվեցնելու փոխարէն՝ իրենց որոշումները կ՚ուզեն պարտադրել։ Այո՛, ծնողքը զաւկին համար հեղինակութիւն է եւ անոր կարծիքը շատ կարեւոր, սակայն, կարծիքն ու որոշում պարտադրելը տարբեր իրողութիւններ են եւ ծնողքը եւս մարդ ըլլալով ատակ է սխալելու։ Եթէ ծնողքը որոշում կայացնել չսորվեցնէ, ապա զաւկին մէջ պիտի մեռնի սեփական կարծիք, սեփական ընտրութիւն ունենալու կարեւորագոյն արժէքը։ Այսպէս է, որ մարդ իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ։ Աշխարհի վրայ քիչ չեն թիւը նման անձերուն, որոնք դրական ազդեցութեան տակ իրենց սեփական դժբախտութիւնը կ՚ապրին։ Այսօր շատ են մարդիկ, որոնք կ՚ապրին ո՛չ թէ իրենց՝ այլ ուրիշներու գծած ուղիով։ Օրինակի համար, շատ են անոնք, որոնք որպէս ասպարէզ ընտրած են ո՛չ թէ իրենց նախասիրած ճիւղը՝ այլ ան՝ որ ծնողքը յարմար նկատած է։ Մարդ պէտք է յստակ տարբերութիւն դնէ իր ապրածին եւ իր ուզածին միջեւ, որովհետեւ միշտ չէ, որ ապրածը համապատասխան է ուզածին։ Նախապէս մանկավարժական նիւթերու շուրջ գրելով խօսած ենք այն երեւոյթին մասին, որ ծնողքը շատ անգամ իր չիրականացած երազները զաւկին վրայ կը փորձէ իրականութիւն դարձնել։ Օրինակի համար, մայրը փոքր եղած ժամանակ կ՚ուզէր բոյժքոյր դառնալ, չիրականացած այդ երազը կեանքի կը կոչէ դուստրը բոյժքոյր դարձնելով՝ մոռնալով, որ այդ մէկը ի՛ր երազն է եւ ո՛չ իր աղջկան։ Զաւակը այդ մէկը ճիշդ որոշում նկատելով համակերպած կրնայ ըլլալ, սակայն, իր երազներուն համապատասխան չըլլալ։ Ընտանեկան յարաբերութիւններուն մակարդակը անձի մը ազատութիւնը չի կրնար սահմանափակել։ Մայր մը թող հպարտ չզգայ, թէ ինչ որ ըսէ զաւակը կը կատարէ. այդ մէկը դրական առաքինութիւն որպէս պէտք չէ ներկայացուի, որովհետեւ այդ երեւոյթին մէջ մեծ դժբախտութիւն մը պահուած կրնայ ըլլալ։ Եթէ որոշումը զաւակը ի՛նք կայացնէ, ամենէն մեծ դժբախտութեան պարագային նոյնիսկ անոր գիտակցութիւնը կ՚ունենայ. «Ես որոշեցի, ես սխալեցայ, հետեւաբար հետեւանքը ե՛ս պիտի կրեմ»։ Սակայն, ուրիշի որոշումով փոխանցուած դժբախտութիւնը շատ աւելի տարբեր ու թշնամական ազդեցութիւն կը ձգէ: Պէտք է վստահիլ մարդոց։ Այս մէկը մարդկային յարաբերութեան ամենէն կարեւոր բաժինն է, սակայն, մարդոցմէ աւելի պէտք է վստահիլ սեփական ուժերուն։ Յայտնի խօսքը կ՚ըսէ. «Ուրիշներուն կարծիքները թող չխեղդեն քու ներքին ձայնդ», որովհետեւ այդ ներքին ձայնը՝ ճիշդ թէ սխալ, մարդու սեփական կամքն ու փափաքը կ՚արտացոլացնեն եւ ո՛չ ուրիշներու կամքը: 

Պէտք է սեփական կեանքի թատերգութեան հեղինակը ըլլալ. ուրիշներ պէտք չէ հեղինակեն այդ կեանքը:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդիկ երբ զօրաւոր են, կ՚ուզեն իշխել, երբ տկար են, ազատ ըլլալ:

ԾԵՐԵՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026