ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՆԵՐՍ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Վատիկանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու գծով քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի այս օրերուն կ՚այցելէ Երուսաղէմ։ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչը նախընթաց օր, յետմիջօրէի ժամերուն հանդիսաւորապէս մուտք գործեց Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը։ Այսպէս, կարտինալը նախ ժամանեց Երուսաղէմի Հին քաղաքի Եաֆայի դուռը, ուր դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու անդամներուն կողմէ։ Յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, դիմաւորման արարողութեան ներկայ էին Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեան, Սուրբ Աթոռի աւագ թարգման Տ. Վազգէն վրդ. Ալեքեան եւ երկու բարապաններ։
Դիմաւորման արարողութենէն վերջ, հանդիսաւոր թափօրով կարտինալը առաջնորդուեցաւ Ս. Յարութեան տաճարը, որու մուտքին ան դիմաւորուեցաւ համաքրիստոնական այս սրբավայրի երեք տեսուչներուն կողմէ։ Անոնց շարքին էր հայոց տեսուչը՝ Տ. Ղեւոնդ ծայրագոյն վարդապետ Յովհաննիսեան։
Կարտինալը աղօթեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանին մէջ, ապա ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը՝ փոխանցելով Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի եղբայրական ողջոյնը։
Կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի այցելութեան ընթացքին զրոյց մըն ալ ունեցաւ Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեանի հետ։ Այս փուլին ան մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ ստեղծուած լարուածութեան, ինչպէս նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ ուղղուած վերջին գործողութիւններուն կապակցութեամբ։
Կարտինալ Կուճերոթթի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ ունի տասնամեակներու սերտ կապեր։ Տիրապետելով հայերէնին՝ թէ՛ գրաբար եւ թէ աշխարհաբար, ան տարիներ շարունակ հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառէն ներս։ Կարտինալը հեղինակած է բազմաթիւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններ՝ մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ ձեռնադրութեան ծէսերուն եւ Կիլիկեան շրջանի ծիսական աւանդութիւններուն վերաբերեալ։
2024 թուականին կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Վեհափառ Հայրապետը յայտնած էր անոր նկատմամբ իր գնահատանքը՝ հայագիտական զարգացման ի նպաստ ներդրած վաստակին համար։