Ո՛Չ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՅԼ՝ ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻ՛ՒՆ
Քահանայութեան կոչուածներ զԱստուած կը ներկայացնեն իրենց սուրբ ծառայութեամբ եւ անոնք Աստուծոյ ե՛ւ ժողովուրդին կը ծառայեն անձնուիրաբար եւ անսակարկ կերպով։
Թէ ի՞նչ է պարտականութեան եւ յօժարակամ ծառայութեան յատկանշական տարբերութիւնները։
Եթէ մէկը կ՚աշխատի՝ որովհետեւ ուրիշ աշխատող չկայ, այդ «պարտականութիւն» է։
Իսկ եթէ մարդ կ՚աշխատի Աստուծոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու համար, այդ ծառայութիւն է, նաեւ՝ ուրախութի՛ւն։
Եթէ մարդ բան մը կ՚ընէ, պարզապէս բան մը ընելու, կատարելու եւ բան մը ընելու սիրոյն համար, այդ պարտականութիւն կատարել է։
Իսկ եթէ մարդ բան մը ընելու ատեն երկրորդ մղոնը կ՚երթայ՝ բարի նպատակ մը իրականացնելու համար, այդ ծառայութիւն է, եւ ամէն ծառայութիւն բնական ուրախութիւն մը կը ստեղծէ։
Մարդ եթէ բան մը կ՚ընէ պարզապէս որովհետեւ իր ուրիշ ընելիքներուն արգելք չէ՝ այդ պարտականութիւն կատարել է։
Իսկ մարդ եթէ բան մը կ՚ընէ, հակառակ անոր, որ իր ուրիշ ընելիքները զոհած կ՚ըլլայ՝ այդ ընելով, այդ ծառայութիւն է ե՛ւ ուրախութիւն։
Մարդ եթէ կը հրաժարի բան մը ընելէ, որովհետեւ մարդիկ զինք չեն գնահատեր, այդ պարտականութիւն է։
Եթէ կ՚ընէ, նոյնիսկ երբ ոեւէ մէկը չի նշմարեր ըրածը, որեւէ գնահատանքի արժանի չ՚ըլլար, այդ ծառայութիւն է եւ բնական ուրախութիւն մը կը ստեղծէ։
Մարդուն բան մը ընելու նպատակը եթէ յաջողութիւն ձեռք ձգել է՝ այդ պարտականութիւն է։
Իսկ եթէ մարդ բան մը կ՚ընէ՝ որովհետեւ կ՚ուզէ այդ կերպով Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ՝ այդ ծառայութիւն է։
Եթէ մարդ իր զօրութեամբ կ՚ընէ ի՛նչ որ կ՚ընէ, այդ պարտականութիւն է։
Եթէ Սուրբ Հոգին կը գործէ իր միջոցով՝ այդ ծառայութիւն է եւ, անշուշտ, մեծ ուրախութի՛ւն։
Ուստի, Աստուած չ՚ուզեր, որ Իրեն ծառայենք որպէս պարտականութիւն եւ կամ աղօթենք, որովհետեւ պարտաւոր ենք աղօթելու։ Այս իմաստով ծառայութիւնն ալ պարտականութիւն չէ՛։ Ծառայութիւնը պէտք է ուրախութեան պատճառ ըլլայ։
Աստուած կ՚ուզէ, որ Իրեն ծառայենք, որովհետեւ զԻնք կը սիրենք եւ կը պաշտենք, որպէսզի ծառայելով ուրախանանք, եւ այն ատեն միայն ծառայած կ՚ըլլանք ուրախութեամբ եւ գոհութեամբ։
Ուրախութիւնը, արդարեւ, Սուրբ Հոգիին պտուղներէն մին է։ Եւ Հոգին մեր կեանքն է. որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք, այնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք։ Հոգիին պտուղները եւ, անշուշտ, ուրախութիւնը կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։
«Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԵ 3)։ Մարդ կրնայ Աստուած մոռնալ կամ մերժել, ուրանալ զԱյն, սակայն, Աստուած չի դադրիր կոչելէ մարդը՝ որ որոնէ զԻնք եւ ապրի, ուրախանայ եւ երջանկութիւնը գտնէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը՝ անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտը» եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց՝ որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։
Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան՝ որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճա՛նն է։ Հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկիզբն է։
Կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկայ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանք, որ աստիճանաբար մարդը կ՚առաջնորդէ ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններու ուրախութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ