ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Գալֆաեան ուխտէն մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ քոյր Հռիփսիմէ Թերզեան։
Յառաջիկային նախատեսուած է Գալֆաեան տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալները Գումգաբու փութացին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ խնամակալութեան գործունէութեան եւ մանաւանդ՝ դպրոցի դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն շուրջ։ Ան յայտնեց, որ դժուարութիւնները միշտ կը յաղթահարուին միասնականութեան ոգիով։
Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Գալֆաեան տան պատասխանատուներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու կարողութեան մաղթանքը։