ՅՈՒՇԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

1961-ի յունիս ամիսն էր։ Ընդամէնը մէկ ամիս ետք տասը տարեկան պիտի դառնայի։ Այդ օրերուն խոր ու համատարած սուգ մը պատած էր Պոլսոյ հայութիւնը։ Արմաշու նշանաւոր վանքի վերջին հոգելոյս շունչերէն՝ Ամենապատիւ Տէր Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանը ոչ եւս էր։ Անոր վախճանումը ո՛չ միայն ցնցած էր ողջ համայնքի զաւակները, այլեւ անոնց հոգիներուն մէջ արթնցուցած էր կորուստի այնպիսի զգացում, կարծէք մեր անցեալի պատուական ու լուսաշող էջերէն մէկը ընդմիշտ փակուած ըլլար։

Այդ տարիներուն ես Պոլսոյ Կէտիկփաշայի հայաբնակ թաղի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ փոքրիկ դպիրներէն մին էի։ Դեռ մանկահասակ, միւս երեխաներուն հետ ամէն առաւօտ կանուխ, նախքան եկեղեցւոյ կից Սուրբ Մեսրոպեան հայկական ամէնօրեայ վարժարանը մուտք գործելը, ժամը 7։30-ին կը մասնակցէինք ժամերգութեան։ Այդ առաւօտներուն մէջ կար քաղցր լռութիւն մը, խորախորհուրդ խաղաղութիւն եւ հոգին պարուրող շնորհալի մթնոլորտ մը, ուր ներկաներս կը վայելէինք եկեղեցւոյ սիրելի ու յարգելի հոգեւոր հովիւը՝ Տէր Դաւիթ երէցի ներկայութիւնը, որուն արժանաւոր հանդարտութիւնը, ձայնին մեղմ թաւշութիւնը եւ պաշտամունքի նկատմամբ ցուցաբերած ներփակ լրջութիւնը մանկական մեր հոգիներուն մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած էին։

Այդ օրերուն նաեւ առիթ ունեցած էի տեսնելու Ամենապատիւ Տէր Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքը։ Մինչեւ այսօր ալ անթառամ կը մնան յիշողութեանս մէջ անոր պատկառազդու դէմքն ու վեհաշուք կեցուածքը։ Թէեւ հասակով փոքր էր, սակայն, պատրիարքին ամբողջ էութենէն այնպիսի ներքին վեհութիւն կը ճառագայթէր, որ ակամայ ակնածանք կը ներշնչէր։ Իր սուր ու թափանցող նայուածքը, պարզ, բայց ազնիւ ու ծանրակշիռ կեցուածքը, եւ իր էութենէն բխող հանդարտ ուժը զինք դարձուցած էին անմոռանալի դէմք մը, նոյնիսկ մանկական իմ զգայուն յիշողութեան մէջ։

Իբրեւ փոքրիկ դպիր՝ անոր վախճանման լուրը զիս եւս խորապէս յուզեց։ 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն նախագահելու եւ վերջին օծումը կատարելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Պոլիս պիտի ժամանէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Անոր գալուստին սպասումը ինքնին պատմական պահի մը արժէք ստացած էր, որովհետեւ բոլորին համար յստակ էր, թէ այս յուղարկաւորութիւնը սովորական սուգի արարողութիւն մը չէր, այլ դարաշրջանի մը հանդարտ, բայց հանդիսաւոր վերջաբան։

1961 թուականի յուլիս 7-ի առաւօտեան շատ կանուխ հասայ Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցի, ուր պիտի մատուցուէր Սուրբ Պատարագն ու վերջին օծման սրբազան կարգը։ Հսկայ եկեղեցին, անոր ընդարձակ բակը եւ շրջակայ փողոցները խուռներամ բազմութեամբ լեցուած էին։ Արարողութիւններուն մասնակցելու համար համախմբուած էին ո՛չ միայն պոլսահայ հաւատացեալներ, այլեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Ամէնուրեք սուգի խոր մթնոլորտ էր, բայց այդ սուգին մէջ կար նաեւ լուռ, խորունկ ու արժանավայել մեծարանք մը՝ հանդէպ այն հոգեւորականին, որ միայն եկեղեցապետ մը չէր, այլ վանական, մտաւորական, գրագէտ, իմաստուն, խոնարհ ու աղօթասէր հովիւ, միաժամանակ շրջահայեաց ու հմուտ դիւանագէտ։

Յուղարկաւորութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ այցելելու պոլսահայ զանազան հաստատութիւններ։ Ամէն յետմիջօրէին ան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կ՚ընդունէր հաւատացեալներ եւ անոնց կը շնորհէր իր հայրապետական օրհնութիւնը։ Ես եւս համբերութեամբ սպասեցի երկար շարքին եւ բախտը ունեցայ մօտենալու անոր, ստանալու հայրապետական օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ էջմիածնական փոքրիկ խաչ մը։ Այդ պահը ցայսօր կը մնայ յիշողութեանս ամենապայծառ ու ներքնապէս օրհնեալ անկիւններէն մէկը։

Այդ օրերուն պոլսահայ համայնքը միաժամանակ կ՚ապրէր երկու տարբեր, բայց խորքին մէջ զիրար ամբողջացնող զգացումներ՝ խոր սուգ մը իր սիրելի Պատրիարքին կորստեան համար, եւ լուսաւոր մխիթարութիւն մը՝ Վազգէն Վեհափառի հայրապետական այցելութեան շնորհիւ։ Վեհափառին պաշտօնական պատկերները բազմացուած ու տարածուած էին ամէն կողմ, եւ բազմաթիւ հայկական տուներու պատեր զարդարուած էին այդ պատկերներով։ Ատիկա պարզ յարգանքի արտայայտութիւն չէր, այլ հաւատքի, ինքնութեան եւ Սուրբ Էջմիածինի հետ կենդանի կապուածութեան շօշափելի խորհրդանիշ մը։ Կարծես բոլորս ներքնապէս կը կրկնէինք անսասան այն ճշմարտութիւնը, թէ մեզ մեր հաւատքէն բաժնող ուժ գոյութիւն չունի։

Տարիներ անց, 1994-ի սկիզբները, մտահոգիչ լուր մը հասաւ ականջիս, թէ Վազգէն Վեհափառի առողջական վիճակը ծանրացած է, եւ զինք Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկը տեղափոխած են։ Այդ օրերուն հեռաձայնեցի Ռուսաստանի թեմի առաջնորդին եւ անկէ ստացայ հիւանդանոցին հեռաձայնահամարը։ Նոյն ատեն լուրը յայտնեցի նաեւ ժընեւաբնակ ազգային մեծ բարերար տիար Յակոբ Գաբրիէլեանին, որուն հետ մօտիկ յարաբերութիւն ունէի եւ որ խոր սէր ու ակնածանք կը տածէր Վեհափառին հանդէպ։ Հազիւ իմացաւ Հայրապետին լուրջ վիճակի մասին, անմիջապէս յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը, խնդրեց, որ ես մեկնիմ Մոսկուա եւ Վեհափառը Ժընեւ տեղափոխեմ, ուր պատշաճ բժշկական խնամք պիտի ցուցաբերուէր։ Տիար Գաբրիէլեան անձամբ նախաձեռնեց, որ լաւագոյն մասնագէտներ զբաղին անոր բուժումով։

Մեր միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնազրոյցի ընթացքին զգացի, թէ Վեհափառին ձայնը անուժ էր, թոյլ եւ անհանգստութիւն պատճառող։ Սակայն երբ իրեն յայտնեցի, թէ պիտի երթայի Մոսկուա եւ զինք բժշկական քննութիւններու համար Ժընեւ տեղափոխէի, ձայնը յանկարծակի փոխուեցաւ կարծէք յոյսի եւ վստահութեան նոր ալիքի մը նշոյլներ նկատուեցան անոր խօսքին մէջ։

Մոսկուայի օդակայանին մէջ զիս դիմաւորեց թեմակալ առաջնորդ սրբազանը, եւ յաջորդ առաւօտ միասին ուղղուեցանք հիւանդանոց՝ Վեհափառը օդակայան առաջնորդելու համար։ Մոսկուայէն Ժընեւ մեր ճամբորդութիւնը, «Սուիսէյր» ընկերութեան օդանաւին մէջ, ինծի համար դարձաւ անջնջելի յիշողութիւն։ Այդ ընթացքին Վեհափառը, կարծես ներքին մղումով եւ բանաւոր կերպով «բացաւ իր սիրտը» եւ ինծի պատմեց իր կեանքէն բազմաթիւ դրուագներ, որոնք հետաքրքրական ու երբեմն ալ խորապէս խորհրդաւոր։ Ան ըսաւ. «Իմ հայրապետութեան ընթացքին շատ տեղեր այցելեցի, եւ ամէն տեղ մեր ժողովուրդը սիրով ու ջերմութեամբ ընդունեց իր Հայրապետը։ Բայց չեմ մոռնար Պոլիս այցելութիւնս։ Ի՜նչ խանդավառութիւն էր։ Գիտէի, որ պոլսահայութիւնը եկեղեցասէր է եւ այս երկրին հաւատարիմ ու օգտակար քաղաքացիներէն, բայց կը կարծէի, թէ անոնց ազգային զգացումը տկարացած է։ Սխալած էի։ Երբ Պատրիարքարանին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը մօտենային իմ օրհնութիւնս ստանալու, շատ մը երիտասարդներ, ձեռքս համբուրելէ ետք, ականջիս մէջ կամացուկ կը փսփսային՝ “Կեցցէ՛ Հայաստանը”»։

Այդ խօսքերը լսելով՝ ես եւս յիշեցուցի, թէ տարիներ առաջ, իբրեւ տասը տարեկան փոքրիկ, նոյն այդ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ բախտը ունեցած էի ստանալու իր օրհնութիւնն ու էջմիածնական փոքրիկ խաչը։ Եւ գուցէ իրապէս այդ օրհնութեան մէջ կար խորհրդաւոր կէտ մը, որ տարիներ ետք բացայայտուեցաւ եւ զիս առաջնորդեց 1990-ի հոկտեմբերին, երեք հոգեւոր եղբայրներուս հետ իր ձեռամբ Սուրբ Միւռոնով եպիսկոպոսական օծում ստանալու։

Այս յուշերը վերապրեցնելով այսօր այլ կերպ կ՚ըմբռնեմ Էջմիածինի խորհուրդը։ Ան միայն եկեղեցական աթոռ մը չէ, ո՛չ ալ սոսկ պատմական յիշատակարան մը։ Ան այն հոգեւոր կամուրջն է, որ դարեր շարունակ սնուցած է մեր ազգային ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր լեզուն եւ մեր հաւատքի անխափան յարատեւութիւնը։ Թարգմանչաց սերունդէն ի վեր մինչեւ մեր օրերը սերունդներ եկած ու անցած են, բայց նոյն հաւատքի շղթան չէ ընդհատուած։

Ահա թէ ինչու Վեհափառին ականջին հասնող «Կեցցէ՛ Հայաստանը»ի շշուկը, ինչպէս նաեւ իր պատկերներուն՝ պոլսահայ տուներու պատերուն վրայ կախուած ներկայութիւնը, պարզ ու արտաքին երեւոյթներ չէին։ Անոնք լուռ, բայց խորախորհուրդ վկայութիւններն էին այն անխզելի կապին, որ սփիւռքն ու հայրենիքը, Պոլիսն ու Էջմիածինը, յիշողութիւնն ու հաւատքը, տունն ու սրբավայրը անտեսանելի, բայց անքակտելի թելերով զիրար կը միացնէին։ Այդ շշուկը սոսկ ազգային խանդավառութեան անցողիկ արտայայտութիւն մը չէր, այլ ինքնութեան ներքին խոստովանութիւն, հաւատքի ծածուկ վկայութիւն եւ պատմութեան բոլոր մրրիկներուն դէմ հաստատակամ մնացած հաւաքական յիշողութեան կենդանի արձագանգ։

Նոյնն էր նաեւ պատերուն կախուած պատկերներուն խորհուրդը։ Անոնք լոկ յարգանքի արտայայտութիւններ չէին, այլ տուներէն ներս պահուած հոգեւոր ներկայութեան նշաններ, որոնք կը վկայէին, թէ ժողովուրդ մը կրնայ աշխարհագրութեամբ հեռու գտնուիլ իր հոգեւոր կեդրոնէն, բայց հոգեպէս շարունակ անով ապրիլ։ Այդ տուները դարձած էին ընտանեկան բնակարաններ, յիշողութեան, հաւատքի եւ ինքնութեան փոքրիկ սրբավայրեր, ուր սերունդներուն լուռ կ՚աւանդուէր, որ իրենց պատկանելիութիւնը պատահական ժառանգութիւն չէ, այլ ապրեցնելու եւ պահպանելու կոչում։

Այս բոլորին պատգամը այսօր մեզի համար թերեւս աւելի հրատապ է, քան երբեք։ Ան կը յիշեցնէ, թէ ժողովուրդ մը իր գոյութիւնը միայն քաղաքական, ընկերային կամ մշակութային կառոյցներով չի պահպաներ, այլ նախ եւ առաջ իր ներքին հաւատարմութեամբ՝ իր հոգեւոր արժէքներուն՝ իր լեզուին, իր եկեղեցւոյ եւ իր պատմական յիշողութեան հանդէպ։ Երբ այդ հաւատարմութիւնը կենդանի է, նոյնիսկ ամենահեռաւոր ափերուն վրայ ապրող սերունդները կը շարունակեն մնալ նոյն հոգեւոր տան զաւակները։

Ուստի, այս յուշերը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրեն ո՛չ միայն անցեալը յիշելու, այլեւ այդ յիշողութիւնը վերապրեցնելու ներկայի մէջ եւ վերաժեւորելու ապագայի համար։ «Կեցցէ՛ Հայաստան»ը պէտք է չմնայ որպէս պահու մը յուզական բացագանչութիւն, այլ դառնայ ներսէն հնչող ուխտ՝ ապրելու հայօրէն, հաւատարմօրէն եւ պատասխանատուութեամբ։ Իսկ պատերուն կախուած պատկերները շարունակ պէտք է մեզ յիշեցնեն, որ տունը միայն այն վայրը չէ, ուր կ՚ապրինք, այլ նաեւ այն սրբազան տարածքը, ուր մեր յիշողութիւնը կը ձեւաւորուի, մեր հաւատքը կը սնանի եւ մեր ինքնութիւնը լուռ ու համբերատար կ՚արմատնայ։

Արդարեւ, ինծի համար կը մնայ մէկ անսասան համոզում, որ քանի դեռ կառչած կը մնանք մեր հոգեւոր ակունքներուն, մեր հաւատքին, մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային էութեան, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզ արմատախիլ ընել։ Ընդհակառակը, մենք պիտի շարունակենք մնալ՝ յիշողութեամբ ամուր, հաւատքով կենդանի եւ ապագային հանդէպ լուսաւոր վստահութեամբ լի։ Որովհետեւ ժողովուրդ մը ճշմարտապէս կ՚ապրի ո՛չ միայն այն ատեն, երբ գոյութիւն ունի, այլ այն ատեն, երբ գիտէ, թէ ինչու գոյութիւն ունի։ Եւ քանի դեռ այդ գիտակցութիւնը անշիջանելի կրակի պէս կը վառի մեր հոգիներուն մէջ, «Կեցցէ՛ Հայաստան»ը պիտի չմնայ սոսկ շշուկ մը, այլ պիտի շարունակէ հնչել որպէս մեր յիշողութեան, մեր հաւատքի եւ մեր ապագայի կենսատու «Աւետիս»ը։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2026