«ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԲՈԼՈՐ ԱՅԴ ՁՈՒԿԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ»
Երբեմն գրականութեան մէջ կը հանդիպինք նախադասութիւններու, որոնք առաջին հայեացքէն պարզ, նոյնիսկ զուարճալի կը թուին, սակայն իրենց ետին կը պահեն այնպիսի խորութիւն մը, որուն ամբողջական իմաստը հասկնալու համար գուցէ ամբողջ կեանք մը պէտք ըլլայ։
Տակաւին կը յիշեմ Տակլըս Էտըմսի «Ծիր Կաթինի ճամբորդի ուղեցոյցը» (Hitchhiker’s Guide to the Galaxy) գիրքին մէջ պատմուած դէպքը։ Երկրագունդի վրայ, մարդոցմէ զատ, գոյութիւն ունէին երկու այլ բանական տեսակներ, որոնցմէ մէկը դլփիններն էին։ Անոնք նախապէս գիտցած էին, թէ «Վոկոն»ները պիտի կործանեն Երկիրը եւ կը փորձէին զգուշացնել մարդկութիւնը։ Սակայն իրենց հաղորդած նշանները մարդիկ կը կարծէին պարզապէս կրկէսային համարներ, ջրային խաղեր եւ զուարճալի ցատկումներ։ Մարդիկ կը ծափահարէին, կը խնդային, անոնց գլուխները կը շոյէին եւ ձուկ կը նետէին ջուրին մէջ՝ առանց երբեք հասկնալու, թէ այդ խաղերու ետին ի՜նչ ահաւոր նախազգուշացում մը կար։
Ի վերջոյ, մարդկութեան անտարբերութենէն յուսահատած՝ դլփինները որոշեցին հեռանալ երկրագունդէն։ Մեկնելէ առաջ, սակայն, վերջին պատգամ մը ձգեցին մարդոց. «Ցտեսութիւն եւ շնորհակալութիւն բոլոր այդ ձուկերուն համար»։
Այս նախադասութիւնը, որ առաջին հայեացքով զուարճալի հրաժեշտի մը կը նմանի, ինծի համար բոլորովին ուրիշ նշանակութիւն ունի։ Սա այն հրաժեշտն է, զոր երբեմն մարդ կու տայ այն մարդոց, երբ ստիպուած կ՚ըլլայ հեռանալ անոնցմէ, որոնք առանց նոյնիսկ անդրադառնալու՝ մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ մը գրաւած են։ Մարդիկ, որոնք գուցէ երբեք չեն գիտցած, թէ իրենց մէկ խօսքը, իրենց ներկայութիւնը, իրենց պարզ վերաբերմունքը կամ նոյնիսկ իրենց աննշան թուացող մէկ արարքը որքան բան փոխած է մեր մէջ։
Կեանքը տարօրինակ կերպով կը դասաւորէ մեր հանդիպումները։ Երբեմն մեր ճանապարհին կը յայտնուին մարդիկ, որոնց հետ երկար տարիներ չենք անցըներ, որոնց հետ գուցէ նոյնիսկ շատ մտերիմ չենք ըլլար, սակայն անոնք մեզի կը ձգեն բան մը, որ տարիներ ետք ալ կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ։ Անոնք կրնան մեզի օգնած ըլլալ այնպիսի պահու մը, երբ իրենք իսկ չեն գիտցած, թէ մենք օգնութեան կարիք ունէինք։ Կրնան ժպտած ըլլալ այնպիսի օր մը, երբ ժպտալու համար այլեւս պատճառ մը չէինք գտներ։ Կրնան մեզի խօսած ըլլալ սովորական նախադասութեամբ մը, որ մեր յիշողութեան մէջ մնացած է շատ աւելի երկար, քան իրենց երբեք մտքէն անցած է։
Եւ ամենահետաքրքրականը այն է, որ այդ մարդիկ յաճախ իրենց ըրածին նշանակութիւնը երբեք չեն գիտնար։ Անոնք կը շարունակեն իրենց կեանքը, կը զբաղին իրենց առօրեայ հոգերով, կը հանդիպին ուրիշ մարդոց, մինչդեռ մենք մեր մէջ կը պահենք իրենցմէ ստացած փոքրիկ, բայց անփոխարինելի բանը։ Մեր շնորհակալութիւնը երբեմն այնքան մեծ կ՚ըլլայ, որ սովորական «շնորհակալութիւն» բառը այլեւս բաւարար չի թուիր զայն արտայայտելու։
Թերեւս այս պատճառով է, որ հրաժեշտները միշտ ալ ինծի համար պարզ բաժանումներ չեն եղած։ Մարդէ մը հեռանալը միայն անոր ներկայութենէն զրկուիլ չէ։ Երբեմն սա նաեւ այն ամբողջ ժամանակաշրջանէն հեռանալ է, որու ընթացքին այդ մարդը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, եղած է մեր կեանքին մէկ մասը։ Կը հեռանանք տեղէ մը, աշխատանքէ մը, շրջապատէ մը կամ կեանքի որոշ հանգրուանէ մը եւ միայն այդ պահուն կը հասկնանք, թէ որքան շատ բան մնացած է մեր ետին՝ առանց երբեք անուն մը ունենալու։
Այդպիսի պահերուն կ՚ուզեմ ըսել. «Ցտեսութիւն եւ շնորհակալութիւն բոլոր այդ ձուկերուն համար»։ Ո՛չ թէ որովհետեւ անոնք հասկցած են, թէ ինչ կ՚ուզեմ ըսել, այլ որովհետեւ այդ նախադասութեան մէջ կայ երախտագիտութեան արտայայտութեան ձեւ մը, որուն կարիքը ունիմ։ Ան կը նշանակէ. գուցէ դուք երբեք չգիտցաք, թէ ինչ ըրիք ինծի համար, գուցէ նոյնիսկ չնկատեցիք, որ ձեր ներկայութիւնը կարեւոր էր, բայց ես գիտեմ։ Ես կը յիշեմ։ Եւ որքան ալ ժամանակ անցնի, ձեր տուած փոքրիկ բարիքը պիտի չանհետանայ իմ յիշողութենէս։
Ցաւօք, մինչեւ այսօր չեմ հանդիպած մէկու մը, որ այս նախադասութեան ետին թաքնուած իմաստը հասկցած ըլլայ։ Չեմ գիտեր, եթէ օր մը հանդիպիմ այդպիսի մէկու մը, ի՛նչ պիտի փոխուի։ Գուցէ ոչինչ։ Գուցէ ան պիտի ժպտայ, պիտի հասկնայ, պիտի պատասխանէ նոյն բառերով եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ճամբաները։ Բայց այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, որ կ՚ուզէի, որ բան մը փոխուէր։ Որ գոնէ մէկ անգամ հրաժեշտի պահը չանցնէր առանց հասկցուելու։ Որ գոնէ մէկ անգամ իմ ըսածս չհնչէր իբրեւ տարօրինակ կատակ մը կամ գրականութեան սիրահար մարդու մը պատահական խօսքը։
Որովհետեւ երբեմն մարդիկ մեզի այնքան բան կու տան՝ առանց գիտնալու, որ երբ անոնցմէ կը հեռանանք, մեր ըսած վերջին խօսքը պարզապէս հրաժեշտ մը չէ։ Ան խոստովանութիւն մըն է, շնորհակալութիւն մըն է, յիշատակ մը պահպանելու փորձ մըն է։ Ան նաեւ փոքրիկ ցաւ մը ունի իր մէջ. այն գիտակցութիւնը, որ գուցէ այլեւս առիթ պիտի չունենանք բացատրելու, թէ որքան արժէքաւոր եղած է իրենց ներկայութիւնը։
Եւ գուցէ այս պատճառով է, որ այս նախադասութիւնը ինծի այնքան հարազատ դարձած է։ Որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն մարդ չի հասկնար մեր լռութիւնները, մեր անուղղակի շնորհակալութիւնները կամ մեր տարօրինակ հրաժեշտները։ Երբեմն մենք կը ձգենք մեր պատգամը, ինչպէս դլփինները ձգեցին իրենց վերջին պատգամը եւ կը հեռանանք՝ յուսալով, որ օր մը, թերեւս շատ ուշ, մէկը պիտի հասկնայ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ ըսել ուզած էինք։
Մինչ այդ, կը շարունակենք շնորհակալ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք մեր կեանքին մէջ փոքրիկ հրաշքներ գործեցին՝ առանց երբեք հրաշք գործելու մտադրութիւն ունենալու։
Ցտեսութիւն։ Եւ շնորհակալութիւն բոլոր այդ ձուկերուն համար…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ