ԱՐԴԵՕՔ ՄՈՌՑԱ՞Ծ ԵՆՔ ԷԱԿԱՆԸ
«Աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ինչ արագ կ՚ընթանայ, տակաւին ժամանակ կը գտնե՞նք ապրելու, սիրելու եւ մեր դիմացինը նկատելու»։
Մենք բոլորս ինչ-որ բանի մը ետեւէ կը վազենք։ Ժամանակին, աշխատանքին, պարտականութիւններուն, հանդիպումներուն, նոր արհեստագիտութիւններուն, առօրեայ մտահոգութիւններուն… Մեր օրերը երբեմն բաւարար երկար չեն թուիր այն բոլոր բաներուն համար, զորս պէտք է ընենք։ Մշտապէս կապի մէջ ենք, ամէն ինչէ տեղեկացուած, ամէն կողմէ պահանջներու ենթակայ։ Եւ սակայն, կ՚արժէ պահ մը կանգ առնենք եւ հարց տանք մենք մեզի. իսկապէս ներկայ ե՞նք մեր սեփական կեանքին մէջ։
Երբեմն, առանց անդրադառնալու, կարեւորագոյն բաները մեր կողքէն կ՚անցնին։ Միասին ճաշ մը, ուր իւրաքանչիւրը իր հեռաձայնին կը նայի, տարեց մը, որ այցելութեան կը սպասէ, դրացի մը, որուն հետ խօսելու ժամանակ չենք գտներ, սիրելի անձ մը, որ պարզապէս լսող մը ունենալու կարիքը ունի։ Շատ զբաղած ենք, բայց տակաւին ժամանակ կը գտնե՞նք ուրիշին նուիրելու։
Ղուկասի Աւետարանին մէջ (10, 38-42) կը կարդանք Մարթայի եւ Մարիամի մասին։ Երբ Յիսուս իրենց տունը կ՚այցելէ, Մարթա կը զբաղի բազմաթիւ գործերով՝ զԻնք լաւ ընդունելու համար, մինչ Մարիամ կը նստի Յիսուսի ոտքերուն քով եւ մտիկ կ՚ընէ Իր խօսքը։ Երբ Մարթա կը դժգոհի, Յիսուս կը պատասխանէ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս եւ կը յոգնիս, բայց մէկ բան անհրաժեշտ է»։
Յիսուս Մարթայի նուիրումը չի մերժեր, ո՛չ ալ աշխատանքը կը դատապարտէ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ կարելի է նոյնիսկ բարի գործերով այնքան զբաղած ըլլալ, որ այլեւս ժամանակ չմնայ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու եւ Իր Խօսքը լսելու։ Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ, որ հաւատքը նախ եւ առաջ հանդիպում է. հանդիպում մը Քրիստոսի հետ, որուն ներկայութեան մէջ կը վերագտնենք մեր կեանքի իսկական իմաստը։
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (22, 37-39) Յիսուս ամբողջ Օրէնքը կը խտացնէ երկու պատուիրաններու մէջ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով եւ սիրել մեր ընկերը՝ ինչպէս մենք մեզ։ Այս երկու պատուիրանները իրարմէ անբաժան են։ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն աղօթքով կամ կրօնական սովորութիւններով. անիկա պէտք է արտայայտուի նաեւ մեր վերաբերմունքին մէջ՝ հանդէպ մեզ շրջապատող մարդոց։
Այս ճշմարտութիւնը կը տեսնենք բարի Սամարացիի առակին մէջ (Ղուկաս 10, 25-37)։ Ճամբուն եզերքը վիրաւորուած մարդուն քովէն շատեր կ՚անցնին, բայց միայն Սամարացին կը կանգնի, կը մօտենայ եւ կ՚օգնէ։ Ան կը տեսնէ այն, ինչ որ միւսները չեն նկատեր։ Անոր սէրը խօսք չի մնար, այլ կը վերածուի գթութեան եւ գործի։ Երբեմն մարդուն ամենամեծ կարիքը մեր մեծ նուէրները չեն, այլ մեր ներկայութիւնը, մեր ժամանակը եւ մեր պատրաստակամութիւնը՝ իր ցաւը բաժնելու։
Աւելի՛ն, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (25, 35-40) Յիսուս կը յայտնէ խորունկ ճշմարտութիւն մը. «Ինչ որ ըրիք այս իմ փոքր եղբայրներէս մէկուն, Ի՛նծի ըրիք»։ Այս խօսքերով Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, որ Ինք ներկայ է նաեւ անօթիին, ծարաւին, օտարին, հիւանդին եւ լքուածին մէջ։ Այս իմաստով, մեր դիմացինին հանդէպ ցուցաբերուած սէրը պարզապէս մարդկային բարութիւն մը չէ. անիկա Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն կենդանի արտայայտութիւնն է։
Ուստի, մեր ընկերը սիրելը միշտ մեծ գործեր կատարել չի նշանակեր։ Երբեմն անիկա կը սկսի ժպիտէ մը, այցելութենէ մը, հեռաձայնելէ մը, ներելու դժուար որոշումէ մը կամ քանի մը վայրկեան տրամադրելէ մը այն մարդուն, զոր կեանքը մոռցուածի վերածած է։
Քրիստոնէական հաւատքը մեզմէ չի պահանջեր աշխարհէն հեռանալ կամ մեր պարտականութիւններէն հրաժարիլ։ Անիկա կը հրաւիրէ մեզ նոյն աշխարհին մէջ ապրելու այլ կերպով՝ մեր գործունէութեան մէջ չկորսնցնելով հոգեւոր կեդրոնը եւ մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անձի մէջ ճանչնալով Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդուն արժանապատուութիւնը։
Թերեւս կարեւորը վերստին գտնելը կը սկսի հոս եւ հիմա։ Մէկը մտիկ ընելով, մեկուսի մնացած անձի մը մօտենալով կամ փոքրիկ բանի մը մէջ գեղեցկութիւն գտնելով, ինչ որ այլեւս չէինք նկատեր։
Եւ թերեւս այս բոլորէն ետք արժէ հարց տալ մենք մեզի. արդեօք Աստուծոյ համար ժամանակ կը գտնե՞նք, եթէ մեր շուրջիններուն համար ժամանակ չունինք։ Կարելի՞ է ըսել, թէ կը սիրենք Աստուած, եթէ չենք նկատեր այն մարդը, որ մեր օգնութեան, մեր ներկայութեան կամ պարզապէս մեր սիրոյն կը սպասէ։
Իսկ եթէ, ի վերջոյ, կարեւորը միշտ աւելի շատ բան յաջողցնելը չէ, այլ քիչ մը աւելի լաւ սիրել սորվի՞լը։
Որովհետեւ Աստուծոյ հանդիպելու ճամբան երբեմն կ՚անցնի մեր դիմաց գտնուող մարդուն ընդմէջէն։ Եւ թերեւս հո՛ն է, որ կը սկսի Աւետարանի ճշմարիտ ճամբան։
ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆրանսա