ՔԵՄԱՆԻ ԹԱԴԷՈՍ ԷՖԷՆՏԻ

Կեանքի անարդարութիւնները, ինչպէս իրեն ժամանակակից բոլոր աշուղները, Քեմանի Թադէոս էֆէնտի եւս իր երգերուն մէջ իր բողոքը կը բարձրացնէ։ «Տխուր եմ, դարման չունիմ» երգին մէջ իր վիճակը լաւագոյնս կը ներկայացնէ. 

«Տխուր եմ, դարման չունիմ,

Խեղճ օտարական եմ, օճախ

չունիմ,

Իմ ճակատագիրս

տառապանք է,

Կը հառաչեմ՝ փրկութիւն

չունիմ» 

Վստահ ենք, որ այս բոլորը պարզ բանաստեղծական բառեր ըլլալէ անդին խոր վշտով ապրուած իրական կեանքի մը հայելին են։ Շատերու համար երգ, սակայն, շատերու համար այս երգը կենսագրութեան գիծեր են: Այս երգին մէջ, սակայն, յատկանշական է երգի վերջին տունը, ուր հայազգի երգիչ-բանաստեղծը կ՚ըսէ. 

«Ստեղծագործութիւններդ շա՜տ են, սակայն արժէք չունիս...»։

Անշուշտ, հարցական է, թէ այդ դժբախտութեան մէջ ինք ինչքանով մեղաւոր է, որովհետեւ որոշ աղբիւրներ կը նշեն, թէ Թադէոս էֆէնտի խմելու հանդէպ բուռն սէր ունէր։ Իր խմելուն պատճառով է, որ լեարդի հիւանդութեամբ տառապած է երկար տարիներ։ Հիւանդութեան եւ նիւթական անապահովութեան պատճառով փոխուած է անոր արտաքինը։ Եղած է այնքան աղքատ, որ մահանալէ ետք դագաղը տեղափոխելու համար գումար չէ ունեցած։ Ժամանակին իր երգերուն շուրջ կը հաւաքուէր աւելի քան հարիւրաւոր մարդիկ. մահուան ժամանակ անոր մօտ հազիւ 10 հոգի կը գտնուի: Թադէոս էֆէնտի իր կենդանութեան այս բոլոր ցաւը լաւապէս կ՚ապրի ու կը զգայ. իր երգերէն մէկուն մէջ կը գրէ. 

«Կը հրաժարիմ աշխարհի

ցանկութիւններէն ու

հաճոյքներէն,

Ու կ՚ուզեմ հոգիս ազատել

թռչունի վանդակէն.

Ով հիւանդ սիրտս յոյս

մի փայփայեր,

Կ՚ուզեմ հոգիս ազատել

թռչունի վանդակէն»:

Թադէոս էֆէնտի ուրիշներէն կը տարբերի իր շնորհքով։ Շատեր լաւ կը գրէին, իսկ շատեր լաւ կը նուագէին, իսկ շատեր լաւ կ՚երգէին, սակայն, Թադէոս էֆէնտի այս երեքը միաժամանակ կատարեալ ձեւով կը կատարէր։ Անոր երաժշտութիւնը մինչեւ օրս կեանք կը գտնէ Թուրքիոյ մէջ։ Անոր մասին տեղեկութիւնները սահմանափակ են, սակայն, բարեբախտաբար, հասած են անոր հեղինակութիւնը եղող աւելի քան քառասունութ երգեր։ Անշուշտ, արդար գտնուելու համար պէտք է ըսել, որ Թուրք պետութիւնը իր մեծ արուեստագէտները մեծարելու ժամանակ, մինչեւ իսկ վերջերս, կը շարունակէ յիշել Թադէոս էֆէնտին՝ որպէս Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին ամենէն սիրելի երգիչներէն մին: 

Այս յօդուածը հիմնական մի քանի կարեւոր արժէքներու մասին կը խօսի։ Թադէոս էֆէնտիի նման բազմաթի՜ւ հայեր, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով թրքական մշակոյթին մէջ ունեցած են իրենց ներդրումը, մինչեւ իսկ տեղացի հասարակութիւնը հրապուրող երգերէն շատ շատեր հայազգի արուեստագէտներու հեղինակութիւնն են։ Եթէ սերտենք Թուրքիոյ պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս հայեր իրենց ներդը-րումը ունեցած են ո՛չ միայն երաժշտութեան, այլեւ թատերգութեան, տպագրութեան, կրթութեան եւ գրեթէ հնարաւոր բոլոր ճիւղերէ ներս։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ նաեւ ճարտարապետութիւնը։

Մի քանի տարիներ առաջ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հրատարակած էր «Եթէ հայերը չըլլային, Իսթանպուլը կ՚ըլլա՞ր» խորագրեալ յօդուած մը, ուր թուրք յօդուածագիրը կը խօսէր հայերու ստեղած հիւանդանոցներուն, եկեղեցիներուն, մզկիթներուն, համալսարաններուն ու պալատներուն մասին։ Քաղաքական լուրջ բանակցութիւններու դիմաց գտնուող այս երկու ազգերը դարեր շարունակ իրարու մէջ ապրելով՝ իրարմէ ներշնչուած ու կազմած են իրենց ուրոյն մշակոյթը: 

Թուրքերը որոշ չափով պարտաւոր են յարգել իրենց մշակոյթը զարգացուցած այս մեծանուն հայը եւ բոլոր այն աղբիւրները, որոնք օգտագործուած են այս յօդուածը գրելու համար, ցոյց կու տան, որ որոշ չափով յաջողած են։ Թադէոս էֆէնտի հայ մշակոյթին գուցէ նպաստ չէ ունեցած, սակայն, մեր համոզումն է, որ մենք որպէս հայ պէտք է յարգենք ու յիշենք բոլոր այն մեծութիւնները, որոնք նոյնիսկ ոչ-հայկական շրջանակներու մէջ յաջողած են անուն շինել եւ հակառակ իրենց մահէն աւելի քան դար մը ետք յիշուիլ։ Թադէոս էֆէնտի մահացած է 1913 թուականին՝ մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ։ Անոր երգերը գրուած են շատ աւելի վաղ ժամանակներուն, սակայն, մինչեւ օրս կը շարունակեն երգուիլ եւ լսուիլ: 

Այս բոլորը մտածել կու տայ, թէ ինչքա՜ն անիմաստ է կեանքը՝ որուն համար կը պայքարինք։ Իր երգերով բազմահազարներ զգլխող Թադէոս էֆէնտի իր դժբախտութեան մէջ մահացաւ. ո՛չ համբաւը, ո՛չ շնորհքը զինք յաջողեցան երջանկացնել աշխարհի վրայ, սակայն, ան շահեցաւ արժէք մը՝ որ տրուած չէ բոլորին։ Եթէ այսօր, 113 տարիներ ետք կը յիշենք զինք՝ ապա փաստ է, որ ան այդ բոլորով յաջողեցաւ անմահանալ, իսկ ուրիշներ, որոնք մեծատուն եւ նիւթապէս ապահով ապրեցան, այսօր մեզի համար կը մնան անյայտ:

•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կան բաներ, որոնք կ՚ուզես, բայց չես կրնար պատմել եւ կան բաներ, որոնք չես ուզեր, բայց պարտաւոր ես ըսել:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2026