ՈՒՇԱՔԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԳՈՐԳԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ովքե՞ր էին ուշաքցիները եւ արդեօք այսօր կա՞ն անոնց սերունդները։ Ներկայիս Թուրքիոյ արեւմտեան մասին գտնուող Ուշաք քաղաքը անցեալին ունեցած է աշխոյժ հայկական համայնք մը։ Լեռնադաշտերով շրջապատուած այս քաղաքին մէջ երկաթուղիին գալուստը փոխած էր ճանապարհորդութեան ու առեւտուրի դարաւոր սովորութիւնները, իսկ տնային գործարաններուն մէջ հիւսուող գորգերը մեծ համբաւ կը վայելէին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։
1894 թուականի աւերիչ հրդեհէն ետք, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ կորուստներու, հայ համայնքը կը ջանար վերականգնել իր կեանքը, եկեղեցին, դպրոցն ու տնտեսական գործունէութիւնը։
Այս պատկերը կը բացուի մեր առջեւ՝ «Հանդէս ամսօրեայ»ի 20 մայիս 1898-ի համարին մէջ լոյս տեսած «Ուշաքն ու ուշաքցիները» խորագրով յօդուածին ընդմէջէն (բնագրին մէջ բնակավայրին անունը գրուած է «Ուշագ» տարբերակով)։
Հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ քաղաքին աշխարհագրական դիրքը, տնտեսական կեանքը եւ հայ համայնքի առօրեան․ մեզի կը փոխանցուի պատմական արժէքաւոր վկայութիւն մը։
ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԻՐՔԸ ԵՒ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ԲԵՐԱԾ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ
Յօդուածին համաձայն՝ Ուշաքը Պուրսայի կուսակալութեան պատկանող քաղաքներէն մէկն էր։ Լեռնադաշտերով շրջապատուած, լայն ու ընդարձակ ձորանման վայրի մը մէջ կառուցուած քաղաքը երկաթուղիի կայարանէն բնաւ տեսանելի չէր։ Տասը վայրկեան ոտքով քալելէ ետք միայն հազիւ կը սկսէին երեւիլ մզկիթներու աշտարակներուն փայլուն գագաթները, ապա՝ աստիճանաբար, ամբողջ քաղաքը կը պարզուէր ճանապարհորդի աչքերուն առջեւ։
Հեղինակը կը պատմէ, որ այդ տարուան՝ 1898-ի առաջին օրերը Ուշաքի համար երջանկաբեր եղան։ Զմիւռնիայէն Գասապա՝ Ալա-Շէհիր մեկնող երկաթուղին միացաւ Ուշաքի նորաբաց գիծին։ Այս իրադարձութիւնը, որուն հեղինակը կը վերագրէ քաղաքակրթութեան առաջին լոյսին ծագումը, բնակիչներուն յառաջդիմութեան յուսալից օրեր եւ ապագայ մը կը խոստանար այդ ժամանակ։
Եւ արդարեւ, երկաթուղիին գործարկումէն ետք, վաճառականները ազատեցան երթեւեկութեան նախնադարեան դժուարութիւններէն եւ ճանապարհորդութեան տաղտկալի միջոցներէն։ Այլեւս հարկ չկար գործածելու ուղտ, ձի, էշ կամ դանդաղաշարժ եզակառքեր։ Թէ՛ օտարական եւ թէ տեղացի վաճառականը, որ նախկինին ստիպուած էր օրեր տրամադրել ճամբորդութեան, այժմ կրնար ընդամէնը տասներկու ժամուան մէջ իր ապրանքը ուղղակի Զմիւռնիա հասցնել եւ առանց ժամանակ ու օրեր կորսնցնելու, վերադառնալ իր գործին։
Ըստ յօդուածի նկարագրութեան՝ Զմիւռնիայէն մինչեւ Ալա-Շէհիր երկաթուղին գրեթէ հարթ դաշտավայրերու վրայէն, լեռներու ստորոտէն, այգեստաններու մէջէն եւ ցորենի, բամպակի ու բանջարեղէնի արտերուն քովէն կ՚ընթանար։ Սակայն Ալա-Շէհիրէն անդին ճամբան կը դժուարանար. գնացքը բլրակէ բլրակ կը յառաջանար եւ հանդարտօրէն, կամաց-կամաց կը բարձրանար լեռներուն բարձունքները։
Հեղինակը կը նշէ, որ գնացքը կ՚անցնէր քսան լեռնափոր փապուղիներու մէջէն, որոնցմէ ոմանց անցքը հինգ, երեք կամ երկու վայրկեան կը տեւէր։ Անոնց կը միանային բազմաթիւ երկաթեայ կամուրջներ, որոնցմէ երեքը խորունկ ձորերու վրայ՝ լեռնէ լեռ ձգուած էին։ Այս կամուրջներէն մէկը յատկապէս նշանաւոր էր իր վտանգաւոր ու ահաբեկիչ տեսքով. անոր մասին սարսափով կը պատմէին բոլոր այն ճանապարհորդները, որոնք անցած էին վրայէն։
ԳՈՐԳԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՂԱՔԻՆ ՀԱՄԲԱՒՆ ՈՒ ԱՊՐՈՒՍՏԸ
Ուշաքի տնտեսական կեանքին մասին յօդուածը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ։ Քաղաքին դաշտերը նշանաւոր էին իրենց ցորենով, իսկ քաղաքը՝ իր գորգերով։ Այն գորգերը, զորս բարեկեցիկ եւրոպացին կը կախէր իր սենեակի պատերէն եւ որոնցմով կը զարդարէր պանդոկները, Ուշաքի ամենէն աղքատ բնակիչն անգամ մէկ-երկու հատ ունէր՝ փռած իր բազմոցին վրայ կամ ծածկած իր անպաճոյճ խրճիթին յատակը։
Հեղինակը կը նկարագրէ, որ գրեթէ իւրաքանչիւր տուն իր բակին մէջ մէկ կամ երկու գորգագործարան ունէր։ Անոնց առջեւ չորսէն վեց կին ու աղջիկ նստած՝ ամբողջ օրը կ՚աշխատէին։ Գործարանին վերէն վար ձգուած գլխաւոր թելերը, իրենց առջեւ կախուած օրինակին համաձայն, գունաւոր թելերու հանգոյցներով կը լեցնէին՝ աստիճանաբար կազմելով գորգին նախշերը։
Կ՚ըսուի, թէ ժամանակին գորգագործութեան այս արուեստը յատուկ եղած էր թուրքերուն, հայերուն ու յոյներուն։ 1898-ին գրեթէ ամէն հայ եւ յոյն տան բակին մէջ գորգագործարաններ կարելի էր տեսնել։
Այսպիսով, Ուշաքի բնակիչներուն մեծագոյն մասը զբաղած էր գորգագործութեամբ։ Ոմանք բուրդը կը պատրաստէին ու կը գզէին, ուրիշներ՝ կը մանէին, ոմանք գորգերուն օրինակները կը գծագրէին, բազմաթիւ կիներ ու աղջիկներ կը գործէին, իսկ ուրիշներ պատրաստի գորգերը կը փոխադրէին Զմիւռնիա, ուրկէ անոնք կը ղրկուէին Եւրոպա եւ գլխաւորաբար՝ Ամերիկա։
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԵՒ 1894-Ի ԱՒԵՐԻՉ ՀՐԴԵՀԸ
Յօդուածին համաձայն՝ Ուշաքի հայերը, ժողովրդական աւանդութիւններուն համաձայն, եկած էին «Քայըփազար» կոչուած կողմերէն։ Քանի մը տարի առաջ համայնքը ունեցած էր հարիւրերեսուն տուն։
Սակայն չորս տարի առաջ՝ 1894-ին, քաղաքը պատուհասած էր զարհուրելի հրդեհ մը, որ մէկ օրուան մէջ աւերակներու վերածած էր քանի մը ընդարձակ թաղամասեր ու շուկան։ Հրդեհը չէր խնայած նաեւ հայոց բնակավայրերը. տուները այրած ու մոխիր դարձած էին, եւ միայն տասնութ տուն կրցած էր փրկուիլ կրակին սպառնալիքէն։
Քարաշէն եկեղեցին, որ կառուցուած էր 1835-ին, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանն ու դպրոցը, ամբողջութեամբ այրած էին։
Յօդուածը կը նշէ, որ գրութեան ժամանակ տակաւին կարելի էր տեսնել եկեղեցիին միայն չորս պատերը՝ կործանած ու սեւցած։
Այս աղէտը ծանր հարուած մը հասցուցած էր Ուշաքի հայ համայնքին։ Հրդեհին հետեւանքով շուրջ քսան ընտանիք ստիպուած եղած էր հեռանալ քաղաքէն, սփռուիլ մերձակայ քաղաքները եւ հոն իրենց բախտը փորձել։ Մնացածները, սակայն, սկսած էին քիչ-քիչ իրենց գործերը կարգի դնել եւ ջանք չէին խնայեր հրդեհին պատճառած կորուստները վերականգնելու համար։
Նախկին եկեղեցիին տեղը ձգելով՝ հայերը քաղաքին աւելի բարձրադիր մասին մէջ փայտաշէն նոր եկեղեցի մը կառուցած էին, անոր քովն ալ՝ դպրոց մը։ Նմանապէս, իրենց այրած տուներուն աւերակները ձգելով՝ նոր եկեղեցիին շուրջը, նոր հողամասի մը վրայ, տնակներ ու բնակարաններ շինած էին եւ գրեթէ նոր թաղ մը կազմած։ Այս վերակառուցումին շնորհիւ համայնքին թիւը կրկին հասած էր հարիւրտասէն հարիւրքսան տունի։ Անոնց կողքին կային նաեւ քանի մը կաթողիկէ հայ ընտանիքներ, որոնք նոյնպէս կը զբաղէին գորգագործութեամբ եւ վաճառականութեամբ։
ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ, ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ
Յօդուածին մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ հայ կնոջ տնտեսական գործունէութեան նկարագրութիւնը։ Հեղինակը կը նշէ, որ Ուշաքի հայ կինը իր ժամանակին մեծ մասը կ՚անցընէր գորգագործարանին մէջ։
Հայերուն մէջ գորգագործութեան արուեստին առաջին զարկ տուողը եղած էր տեղւոյն երէցը՝ Յարութիւն Աստարսըզեան, որ տակաւին կը շարունակէր իր քահանայական պաշտօնը։ Սկիզբը հայերը այս արուեստին տարածման առնչութեամբ բաւական դժուարութիւններու եւ ընդդիմութիւններու հանդիպած էին։ Սակայն, ի վերջոյ յաջողած էին յառաջ երթալ եւ պատրաստել գեղեցիկ գորգեր, որոնք մեծ յարգ կը վայելէին Ամերիկայի մէջ։
Յօդուածագիրը գորգի նշանաւոր վաճառականներու շարքին կը յիշէ Եղիա Սպարթալը, Յակոբ Շահինեանը, Կարապետ Պէրպէրեանը եւ Յակոբ Հայթայեանը։
Մինչ հայ կինը ինքզինք գորգագործութեան արուեստին տուած՝ օրն ի բուն կ՚աշխատէր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, այրը իր օրերը կ՚անցընէր շուկային մէջ՝ տեղւոյն սովորական ու կարեւոր գործերով։ Համայնքին մէջ կային նաեւ բազմաթիւ դերձակներ, կօշկակարներ, դարբիններ եւ այլ արհեստաւորներ։ Սակայն հեղինակը կը շեշտէ, որ ընդհանրապէս հայ տիկինը աւելի գործունեայ էր, քան այրը։ Կը գտնուէին նոյնիսկ այրեր, որոնք իրենց հացը կը սպասէին իրենց կիներէն։
Զմիւռնիոյ հետ առեւտրական կապեր ունեցող վաճառականներու թիւը մեծ չէր։ Անոնցմէ նշանաւորներն էին, ըստ յօդուածին, Սարգիս Ահարոնեան, Յարութիւն Պասմաճեան, Հաճի Յակոբ Թիրաքեան, Յովհաննէս Բաբազեան եւ Հաճի Մարտիրոս Պէրպէրեան։ Այս անձերէն առաջինը զմիւռնացի էր, իսկ մնացեալները՝ տեղացի։
Վաճառականութեամբ զբաղող այս անձերէն ոմանք յաջողած էին նաեւ պետական պաշտօններու մասնակցիլ։ Այսպէս, Յովհաննէս Բաբազեան նշանակուած էր հարցաքննիչ դատաւոր, Յարութիւն Պասմաճեան՝ վարչական ժողովի անդամ, իսկ Յակոբ Միքայէլեան՝ քաղաքապետութեան անդամ։
ԴՊՐՈՑԸ, ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ
ՍԵՓԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՑԸ
Հրդեհէն ետք կառուցուած նոր եկեղեցիին կից հայերը դպրոց մըն ալ հիմնած էին։ Սակայն, այդ դպրոցը կը յաճախէին միայն մանչ զաւակները։ Համայնքը ունէր Կուտինացի Սինան անունով վարժապետ մը, եւ տղաքը, տեղւոյն կարիքներուն համաձայն, կը սորվէին հայերէն ու թրքերէն լեզուները, ինչպէս նաեւ տարրական գիտութիւնները։
Աշակերտներուն թիւը յիսուն էր, եւ բոլորն ալ ձրիաբար կը յաճախէին դպրոց։ Ուսուցիչին ամսական երկու հարիւր յիսուն դահեկանի աշխատավարձն ու դպրոցական միւս ծախքերը կը հոգար ազգային արկղը։
Աղջիկներուն պարագան, սակայն, բոլորովին տարբեր էր։ Յօդուածագիրը կը նշէ, որ աղջիկները դպրոցի պէտք չունէին. իրենց վարժարանն ու այբուբենը գորգագործարանին առջեւն էր։
Չորս-հինգ տարեկան աղջիկ մը, հազիւ կարողանալով բռնել գորգագործութեան թակն ու հարուածել գորգի թելերուն հանգոյցները, անմիջապէս կը նստէր գործարանին առջեւ։ Հոն կը դառնար իր ուսման եւ ձեռագործութեան վայրը։ Մանկութենէն իսկ աչքը կը բանար այս արուեստին առջեւ եւ կը մեծնար անոր մէջ։
Երբ աղջիկը հասակ կ՚առնէր եւ կը հասնէր այն տարիքին, երբ ամուսնանալով տանտիկին դառնալու որոշումը կու տար, եթէ բաւարար գումար չունենար, գորգի վաճառականէն իր հարսանիքին ծախսերուն համար տասէն քսան ոսկի փոխ կ՚առնէր։ Ամուսնութենէն ետք դարձեալ կը վերադառնար գործարան՝ պարտքը հատուցանելու համար։ Այս անգամ, սակայն, իր օրական վարձքին միայն կէսը կը ստանար, իսկ միւս կէսը կը թողուր գործատիրոջ՝ ի հաշիւ իր պարտքին։
Դժբախտաբար, երբեմն տարիներ կը պահանջուէին այդ պարտքէն ազատելու եւ փոխ առնուած գումարը ամբողջութեամբ մարելու համար։
Հեղինակը կը նշէ, որ այս ծանր ու յոգնեցուցիչ աշխատանքին դիմաց աղջիկներուն օրական վարձքը երեքէն վեց դահեկան էր։ Այսքան չնչին գումարով, բնականաբար, կարելի չէր կարճ ժամանակի մէջ հոգալ ապագան եւ հասնիլ փափաքածին։ Այսուհանդերձ, յօդուածագիրը կը նշէ, որ ուշաքցին գոհ էր իր վիճակէն եւ կը սիրէր շարունակ նստիլ գորգագործարանին առջեւ՝ հանգոյց առ հանգոյց հիւսելով գեղեցիկ գորգեր։
Համայնքային կեանքին վերաբերող ուրիշ կարեւոր տեղեկութիւն մըն ալ կը վերաբերի սեփական գերեզմանոցի հաստատման։ Մինչեւ 1897 թուականը հայերը իրենց ննջեցեալները կը թաղէին յոյներուն հետ միասին՝ նոյն գերեզմանոցին մէջ։ Սակայն, այդ թուականին, մեծ դժուարութիւններու հանդիպելէ եւ գրեթէ մաքառելէ ետք, յաջողած էին յոյներուն հետ գերեզմանոցը բաժնել։ Նոյն տեղը սահմանազատելով եւ շուրջը պատեր բարձրացնելով՝ վերջապէս տէր դարձած էին իրենց սեփական գերեզմանոցին։
Յօդուածի աւարտին հեղինակը կը խօսի Ուշաքի հայերու կրթական ու մտաւոր կեանքին մասին։ Անոր դիտարկումով՝ կրթական եւ մտաւոր կեանքը գրեթէ մեռած էր համայնքին մէջ։ Հայերը ընթերցանութեան վայր մը չունէին, գրեթէ զուրկ էին օրաթերթերէ։
Յօդուածագիրը, սակայն, այս վիճակը հայերուն անձնական յանցանքին չէր վերագրեր, այլ՝ ժամանակին ու տեղի պայմաններուն։ Ան կը բացատրէ, որ երբ աղջիկ զաւակները բնաւ հնարաւորութիւն չունէին ուսում եւ կրթութիւն ստանալու, բնականաբար տղոց սահմանափակ կրթութիւնն ալ միակողմանի կը մնար, կաղալով կ՚ընթանար եւ իր նպատակին չէր ծառայեր։
Հ.Յ.Ք. ստորագրութեամբ յօդուածագիրը կ՚եզրակացնէ, որ եթէ Ուշաքի հայերը աղջիկներու համար դպրոց մը բանան եւ անոնց ալ ուսում ու կրթութիւն ջամբեն, այդպիսով յառաջդիմութեան զգալի քայլ մը առած պիտի ըլլան եւ պիտի չզրկուին կրթութեան պտուղներէն։ Ան վստահութիւն կը յայտնէ, որ ժամանակը անտարակոյս պիտի լրացնէ այս պակասն ալ, որուն սրտանց կը բաղձան իրենք՝ ուշաքցիները, մանաւանդ՝ նոր սերունդը։
Դար մը առաջ գրի առնուած այս վկայութիւնը կը բանայ հայկական Ուշաքի դռները եւ մեր առջեւ կը վերակենդանացնէ աշխատասէր, ստեղծագործ եւ հացի համար տքնող համայնքի մը պատկերը։ Անոր գործած գորգերու հանգոյցներուն մէջ հիւսուած էր ժողովուրդի մը համբերութիւնն ու տոկունութիւնը, իսկ անոր դպրոցին ու նոր թաղին մէջ կը բաբախէր ապագային հանդէպ անխորտակելի յոյսը։
Այսօր կը փորձենք գտնել ուշաքցիներու սերունդներուն հետքերը, իսկ 1898-ի այս վկայութիւնը կը դառնայ անցեալի հետ կապող կենդանի կամուրջ մը։ Կը հաւատանք, թէ պատմութեան փոթորիկներով աշխարհով մէկ ցրուած ուշաքցիներուն ժառանգները ո՛ւր որ ալ ըլլան՝ իրենց մէջ կը կրեն այդ արարող ձեռքերուն ու չնահանջող կամքին շունչը։ Իսկ մեր պարտքն է փոշիներու տակէն դուրս բերել ու խօսեցնել այս մոռցուած էջերը, որպէսզի երբեք չխզուի յիշողութեան թելը եւ ուշաքցիներուն անունն ու վաստակը շարունակեն ապրիլ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ։
ՈՒՇԱՔԻ ԳՈՐԳԵՐԸ
Ուշաք քաղաքը իր անունը տուած է արեւելեան գորգագործութեան ամենէն նշանաւոր տեսակներէն մէկուն։ Ուշաքի գորգերը, որոնք անգլերէնով յայտնի են նաեւ «Ushak» կամ «Oushak carpets» անուններով, դարեր շարունակ գրաւած են գորգասէրներու, արուեստագէտներու եւ հաւաքորդներու ուշադրութիւնը։ Անոնց համբաւը այնքան տարածուած էր, որ «Ուշաք» անունը ժամանակի ընթացքին ընդունուած է նաեւ անգլերէն լեզուին մէջ՝ որպէս թրքական ծագումով բառ։
Ուշաքը գորգագործութեան կարեւոր կեդրոն դարձած էր տկաւին Օսմանեան կայսրութեան վաղ շրջանին եւ այդ դիրքը պահպանած մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը։ Թէեւ Ուշաքի անունով ճանչցուած գորգերու որոշ տեսակներ կը գործուէին նաեւ այլ շրջաններու մէջ, քաղաքը մնացած էր այս արուեստին գլխաւոր օճախներէն մէկը։
Ուշաքի գորգերուն միջազգային համբաւը յատկապէս տարածուեցաւ Եւրոպայի մէջ։ Վերածնունդի շրջանի նկարիչներու գործերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ արեւելեան գորգերու պատկերներու, որոնք զարդարած էին եկեղեցիներու, տաճարներու եւ հարուստ ու ազդեցիկ ընտանիքներու բնակարաններուն յատակներն ու սենեակները։
Եւրոպական արուեստի պատմութեան մէջ որոշ հին թրքական գորգեր ճանչցուած են «Լոթթոյի գորգեր» եւ «Հոլպայնի գորգեր» անուններով։ Այս անուանումները կապուած են իտալացի նկարիչ Լորենցօ Լոթթոյի եւ գերմանացի նկարիչ Հանս Հոլպայն Կրտսերի ստեղծագործութիւններուն հետ, որոնց մէջ գորգերու նախշերն ու մանրամասնութիւնները պատկերուած են մեծ ճշգրտութեամբ։ Անոնք նկարներուն մէջ ո՛չ միայն զարդարական դեր ունէին, այլեւ կը շեշտէին պատկերուած անձերուն ընկերային դիրքն ու բարեկեցութիւնը։
Ուշաքի գորգերը երկար ժամանակ դասուած էին ընդհանրապէս «Անատոլիական գորգեր»ու շարքին։ Սակայն, գորգագործութեան պատմութեան եւ արուեստի ուսումնասիրութիւններուն զարգացումով մասնագէտները սկսան աւելի որոշակիօրէն զանազանել Ուշաքի արտադրութիւններն ու անոնց յատուկ ոճերը։ «Անատոլիական գորգ» ընդհանուր բնորոշումը այսօր կը գործածուի այն պարագաներուն, երբ արտադրութեան աւելի ստոյգ շրջանը կարելի չէ որոշել։
ՆԱԽՇԵՐ, ԳՈՅՆԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Ուշաքի գորգերու գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն են աստղաձեւ եւ կեդրոնական տեղադրումով նախշերը։ Այս երկու ոճերը կը նկատուին Ուշաքի գորգագործութեան կարեւորագոյն ստեղծագործական ներդրումներէն։ Անոնց կարգ մը հին նմոյշներ, յատկապէս 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն վերագրուող գործերը, արեւելեան գորգարուեստի գլուխգործոցներ կը համարուին։
Այս գորգերը յատկանշուած են նաեւ իրենց գործուածքի որակով։ Գործածուած բուրդը յաճախ մետաքսանման փափկութիւն եւ լուսաւոր փայլք կ՚ունենայ։ Գունային երանգներուն մէջ կը գերակշռեն դարչնագոյնը, հողակարմիրը, ոսկեգոյնը, կապոյտը, կանաչը, փղոսկրագոյնն ու սաֆրանագոյնը, ինչպէս նաեւ մոխրագոյնի այլազան երանգներ։
19-րդ դարու վերջաւորութեան արեւելեան գորգերու հանդէպ եւրոպական հետաքրքրութեան վերածնունդը նոր թափ տուաւ Ուշաքի գորգագործութեան։ Այդ շրջանին արտադրութեան մէջ նկատուեցան նաեւ ոճական փոփոխութիւններ։ Պարսկական գորգերուն բնորոշ ծաղկային նախշերը ներմուծուեցան Ուշաքի ձեւաւորումներուն մէջ, իսկ եւրոպական ճաշակին համապատասխան՝ սկսան գործուիլ մեծ չափերու, սենեակներու յատակները ծածկելու համար նախատեսուած գորգեր։
Նոր շրջանի գորգագործութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցան Ուշաքի շրջակայ գիւղերէն եկած արհեստաւորները, որոնք կը պահպանէին աւանդական գործելու եղանակները։ Անոնք կը գործածէին աւելի խոշոր հանգոյցներ եւ ամբողջովին բուրդէ պատրաստուած հիմք։ Տեղական ցեղային գործելաձեւերու միաձուլումը Ուշաքի եւ Զմիւռնիոյ հին գորգերու նախշերուն հետ ստեղծեց նոր ոճ մը, որ յատուկ է 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի Ուշաքի գորգերուն։ Այդ շրջանի գործերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք մեղմ կարմիր երեսակի վրայ տարածուող խոշոր ծաղկային նախշերու, որոնք կը հակադրուին պայծառ կապոյտ երանգներուն։ Բուրդին բարձր որակն ալ կը նպաստէր գոյներու փայլուն արտայայտութեան։
ՇՈՒԿԱՅԻ ՎԵՐԵԼՔՆ ՈՒ ԱՆԿՈՒՄԸ
17-րդ դարէն ետք Ուշաքի գորգագործութեան պատմութիւնը նուազ յստակ կը դառնայ։ Այդ դարու վերջաւորութեան եւրոպական շուկան սկսաւ նախապատուութիւն տալ տեղական արտադրութեան գորգերուն, յատկապէս Ֆրանսայի Օպիւսոն եւ Սաւոնըրի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ Էքսմինսթըր արտադրութիւններուն։ Այս փոփոխութիւնը նուազեցուց արեւելեան գորգերու պահանջարկը եւ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Ուշաքի արտադրութեան վրայ։
18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու սկիզբը գործուած գորգերը մեծ մասամբ նախատեսուած էին թրքական տարածքներու եւ Արեւելեան Եւրոպայի բարձր խաւերուն համար։ Իսկ երբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւրոպական շուկան դարձեալ հետաքրքրուեցաւ պարսկական եւ արեւելեան գորգերով, Ուշաքի մէջ արդէն բաւարար թիւով վարպետ գործաւորներ չկային, որոնք կը տիրապետէին հին աւանդական արհեստին։ Այդ պատճառով արտադրութեան համար սկսան դիմել շրջակայ գիւղերու արհեստաւորներուն, որոնք տակաւին կը պահպանէին գործելու աւանդական հմտութիւնները։
ՈՒՇԱՔԻ ԳՈՐԳԵՐԸ՝ ԱՅՍՕՐ
Ուշաքի գորգագործութեան աւանդութիւնը ամբողջովին վերացած չէ։ Քաղաքն ու շրջանը տակաւին կը մնան ձեռագործ գորգերու արտադրութեան աշխոյժ կեդրոններէն մէկը։ Միաժամանակ, Ուշաքի գորգերու դասական տեսքը տարածում գտած է նաեւ ժամանակակից միջազգային շուկաներուն մէջ։ Ամերիկեան շուկային համար Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին բազմաթիւ գորգեր, որոնք կը տարածուին մեծ վաճառականական ցանցերով եւ համացանցային հարթակներով։ Անոնցմէ շատերը մեքենայով գործուած են, սակայն կը պահպանեն աւանդական Ուշաքի գորգերուն նախշերն ու տեսքը։
Ուշաքի գորգերուն պատմութիւնը, հետեւաբար, միայն գորգագործական արհեստի մը պատմութիւնը չէ։ Անիկա կը ներկայացնէ աւանդութեան, գեղարուեստական ճաշակի եւ միջազգային առեւտուրի փոխազդեցութիւնը։ Գորգեր, որոնք ժամանակին կը զարդարէին եւրոպական հարուստ տուներն ու եկեղեցիները, այսօր ալ կը շարունակեն իրենց ուրոյն տեղը գրաւել արեւելեան գորգարուեստի պատմութեան մէջ։
Ուշաքի գորգերուն միջազգային համբաւին մասին հետաքրքրական վկայութիւն մըն ալ կը վերաբերի Պոլսոյ մեծ մզկիթներուն։ Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին մարդաբանները նկատած էին, որ քաղաքի մեծ մզկիթներուն, ներառեալ Սուլթան Ահմէտ մզկիթին յատակները ծածկուած էին հարիւրաւոր գորգերով, երբեմն՝ իրարու վրայ քանի մը շերտով։ Այդ գորգերուն գրեթէ բոլորը Ուշաքի շրջանին մէջ գործուած էին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան