ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ԲԱԺԱԿԸ

«… Տառապանքի բաժակը՝ որ Հայրս տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ կը կարծես». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 11)։

Յաճախ կը լսենք հարցում մը, երբ դժբախտ դէպք մը կը պատահի մէկու մը. «Այս արկածը ինչո՞ւ պատահեցաւ ինծի… այս հիւանդութիւնը ինչո՞ւ ինծի… ինչո՞ւ այս ձախողութիւնը… ինչո՞ւ այս դժբախտութիւնը ինծի, եւ այլն…»։ Եւ այս «ինչո՞ւ»ներու շարքը կը շարունակուի եւ երբեք չի վերջանար։

Աշխարհի դառնութիւններու մրուրը ճաշակող, կսկիծներուն քացախը խմող իւրաքանչիւր անհատի հոգեվիճակը աստուածահաճոյ հոգեբանութիւնն է նո՛յնինքն Աստուծոյ միածին Որդիին՝ որ իր վշտալի Գեթսեմանիին մէջ իր խաչելութեան հոգեվարքին մէջ այսպէս կ՚աղօթէ իր երկնաւոր Հօր.

«Ո՛վ Հայր իմ, եթէ կարելի է, թո՛ղ այս բաժակը անցնի ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս ե՛ս կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս Դո՛ւն կ՚ուզես… Եթէ անկարելի է, որ այս բաժակը անցնի ինձմէ առանց անկէ խմելու, թո՛ղ Քու կամքդ ըլլայ…». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 39, 42)։

Արդարեւ, մարդիկ երբ կը հարցնեն ընդհանրապէս «ինչո՞ւ ինծի…», նախ պէտք է պատասխանել անոնց. «ինչո՞ւ քեզի՝ հապա ուրի՞շին պատահէր այդ դժբախտ դէպքը…»։ Ուստի, պէտք է գիտնանք, որ մա՛րդ առանձնաշնորհեալ չէ՛ Աստուծոյ կամքին առջեւ, անխտիր հաւասար են մարդիկ Աստուծոյ առջեւ։ Աստուած հա՛յր է, եւ հօր մը պէս կը վարուի Իր որդիներուն հետ՝ սիրով, բարութեամբ եւ իմաստութեա՛մբ…

Տէր Յիսուսի պատասխանը Իր իսկ հարցականին, թէ «Միթէ պիտի չխմե՞մ այն բաժակը՝ զոր Հայրը տուաւ ինծի», հաստատապէս «այո՛» մը միայն կրնայ ըլլալ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հաւատացեալի, որ լռելեայն կը հասկցուի այսինքն՝ անշո՛ւշտ պիտի խմեմ այս բաժակը։

Հարցումին ձեւէն ա՛յնպէս կը հետեւի, որ քաղցրահամ եւ ախորժելի պարունակութեամբ բաժակ մը ըլլալու չէ այդ բաժակը։ Այլ, ընդհակառակը, բաժակ մըն է ան՝ մրուրի՛, ցաւի, տառապանքի եւ չարչարանքի։ Արդարեւ, «բաժակ»ը՝ տառապանքի խորհրդանիշն է։ Բայց երբ անիկա խմել Աստուծոյ կամքն է. «պիտի չխմե՞մ սակայն…»։ Նման խօսքը կատարեա՛լ, անտարակուսելի, աներկմիտ հաւատքի արտայայտութիւնն է։ Քանի որ ան Աստուծոյ կամքն է, ապա ուրեմն ան բարի է եւ բարեբե՛ր։ Որովհետեւ Աստուած երբեք չարը չի կամենար։ Ան եթէ նոյնիսկ արտաքնապէս չար երեւի, հետեւանքը միշտ բարի՛ է։ Ուստի, հարցումին ձեւէն ա՛յնպէս կը հետեւի, որ որքան քաղցրահամ եւ ախորժելի չըլլայ այդ բաժակը, իրականին՝ բարեբե՛ր է ան։

Կատարեալ հաւատքը՝ ճշմարիտ հաւատք կ՚ենթադրէ, բայց ո՛չ կոյր հաւատք։

Արդարեւ, զաւակ մը կրնա՞յ միթէ կասկածիլ կամ թերահաւատիլ իր հօր վրայ, նոյնիսկ երբ հայրը իրեն լեղի դեղ կը խմցնէ. ան գիտէ, որ այդ լեղի դեղը պիտի դարմանէ զինք։ Ան բացարձակ կերպով կը հաւատայ, թէ իր հայրը լաւագոյնը կը կամենայ իրեն համար եւ ամենէն բարին, ամենէն օգտակարը կը կամենայ իրեն համար եւ ամենէն բարին եւ բարեբերը կը կարգադրէ իր օգուտին համար։ Եւ ինքն ալ Յիսուսի օրինակով պիտի ըսէ.- Պիտի չխմե՞մ միթէ այն գաւաթը՝ զոր հայրս կու տայ ինծի…։

Անշուշտ, ամէն զաւակ, սիրո՛վ եւ վստահութեամբ կը խմէ իր հօր տուած գաւաթը, որ բարի, սիրող հայրն է, որ կու տայ իրեն՝ իր օգտին համար։

Եւ երբ երկրային հայրը այսքան սիրելի է եւ վստահելի, հապա՞ երկնային Հայրը՝ որքա՜ն աւելի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026