«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ»
Խօսեցանք, որ Փաշինեանի եւ Քաջազնունիի հասարակաց գիծը «խաղաղութիւն» հաստատելու մտադրութիւնն է։ Այս կէտին անոնք կը նոյնանան, սակայն, ունին հիմնական տարբերութիւններ։ Քաջազնունի պարտաւոր էր ոչինչէն ինչ մը ստեղծել, սակայն, Փաշինեանի պարագան նոյնը չէր։ Արդէն իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարուան կեանք ունեցող պետութեան մը գլուխ անցաւ եւ հետեւաբար հիմնականին մէջ չունէր այն դժուարութիւնները, որոնք ունէին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչները։ Այո՛, Հայաստանի մէջ կը շարունակէր աղքատութիւնը գոյութիւն ունենալ, սակայն, երկու պարագաները իրարու հետ անհամեմատելի են: Ի դէպ յայտնենք, թէ այնպէս չէ, որ 1918 թուականին բոլորը համաձայն էին տեղի ունեցած քաղաքական որոշումներուն հետ։ Նոյնիսկ իրարու հետ գործող գործիչներ՝ Խատիսեան, Վրացեան, Ահարոնեան, Քաջազնունի եւ ուրիշներ ունէին քաղաքական որոշ հակառակութիւններ եւ կարծիքներ, սակայն, այն ժամանակուան ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը ունէին հիմնական մէկ նպատակ. ստեղծել ազատ ու անկախ, ինքնավար ու հզօր Հայաստան մը։ Մերօրեայ ընդդիմութիւնը եւս կարելի չէ համեմատել անցեալի ընդդիմութեան հետ, որովհետեւ մերօրեայ կռիւը հայրենիքէն աւելի սեփական շահերու կռիւ է: Քաջազնունիի ժամանակ Համաշխարհային պատերազմէն դուրս եկած, գրեթէ բոլոր պետութիւնները ունէին տկարութիւններ ու կարիքներ։ Աշխարհը խառն վիճակի մէջ էր եւ հետեւաբար երկիր մը ոչնչացնելը կամ անոր անկախութիւնը խլելը այնքան ալ դժուար կամ աղմկալի բան մը չէր։ Հայերը այդ վիճակին մէջ ունէին երկու ելք. կա՛մ ստեղծել ու պահպանել անկախութիւնը եւ կամ վեց հարիւր տարի ետք հազիւ անկախութիւն գտած դարձեալ յայտնուիլ օտարի լուծին տակ: Փաշինեանի օրերուն պարագան նոյնը չէ։ Անշուշտ, ամբողջ մեղաւորութիւնը պէտք չէ բարդել իշխող կառավարութեան վրայ, որովհետեւ Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք Հայաստան չկրցաւ պէտք եղած ձեւով պատրաստուիլ ու հզօրանալ։ Հայաստան վստահելով արտաքին ուժերու՝ երբեք չմտածեց իր սեփական գոյութիւնը սեփական ուժերով ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին։ Մօտաւորապէս երեսուն տարի Հայաստան ապրեցաւ կողոպուտի շրջան մը։ Փոխանակ բանակը հզօրացնելու՝ քաղաքական գործիչներ իրենց շահերը հզօրացուցին ու ամրապնդեցին։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին եղած են մի՛շտ նոյնը եւ պիտի շարունակեն այդպէս մնալ։ Այսօր, հաւանաբար, խաղաղութեան պայմանագիրով մը քսան-երեսուն, գուցէ հարիւր տարի խաղաղութիւն ապահովուի, սակայն, յաւիտենական խաղաղութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ։ Աշխարհի պատմութիւնը եղած է մի՛շտ այդպէս։ Ժամանակ առ ժամանակ դրացի պետութիւններ այս կամ այն պատճառով կռուած, դարձեալ հաշտութիւն կնքած եւ ժամանակ մը ետք այդ հաշտութիւնը խախտած են։ Ի դէպ, այս մէկը միայն հայ-թուրք ազգերուն համար ի զօրու չէ։ Մարդկային պատմութիւնը այսպէս է եւ աշխարհի վրայ չէ եղած ժամանակաշրջան, ուր պատերազմներ ու կռիւներ գոյութիւն ունեցած չըլլան:
Այս բոլորը աչքի դիմաց ունենալով՝ յայտնենք մեր կարծիքը. եթէ ազգ մը, պետութիւն մը չունի իր սեփական գոյութիւնը ապահովելու ուժը՝ մանաւանդ պատերազմական գետնի վրայ, պարտաւոր է հաշտութիւն կնքել՝ նոյնիսկ եթէ այդ հաշտութիւնը որոշ զոհողութիւններ պահանջէ։ Բնական է, որ զօրաւորը միշտ յաղթական դուրս պիտի գայ այդ համաձայնութենէն՝ ինչքան ալ հաւասար շահեր ցոյց տալ փորձեն: Փաշինեան այսօր կը փորձէ համոզել, որ իրենց քաղաքական ջանքերով է, որ հաշտութիւն կը կնքուի։ Բոլորը գիտեն, որ այդ մէկը իրականութիւն չէ։ Խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքուի՝ որովհետեւ պարտութեան մէկ այլ անունն է այդ մէկը եւ Փաշինեան առաջինը չէ, որ այս ձեւը կ՚որդեգրէ եւ կը կարծենք ո՛չ ալ վերջինը:
Մեր այս հաստատումը կը փաստենք 1906 թուականին «Զանգ» օրաթերթի մէջ հրատարակուած հետեւեալ տողերով.
«Խաղաղութիւն է…
«Խաղաղութիւն երկար արիւնից յետոյ, խաղաղութիւն շէն քաղաքը աւերակացնելուց յետոյ, խաղաղութիւն որբերի եւ այրիների թիւը հազարներով աւելացնելուց յետոյ, խաղաղութիւն շատ մատաղ կեանքեր կտրելուց յետոյ…
Խաղաղութիւն է…» («Զանգ» օրաթերթի 6-րդ թիւը (ուրբաթ, 18 օգոստոս 1906, էջ 2, Բ. սիւնակ):
Մերօրեայ խաղաղութիւնը տարբեր չէ այս խաղաղութենէն, նաեւ տարբեր պիտի չըլլայ մի քանի դար ետք հաստատուած խաղաղութենէն։ 1906 թուականին խաղաղութիւն կնքուեցաւ, սակայն, մի քանի տարիներ ետք՝ 1915 թուականին հայ ժողովուրդը սաստիկ արհաւիրքը կրեց։ Պատմութեան ընթացքին կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ նման խաղաղութիւններ, որոնք ունեցած են կարճ կեանք։ Այդ իսկ պատճառով մերօրեայ խաղաղութիւնը, որ գրեթէ բոլոր բեմերէն կը լսուի, քանի՞ տարուան խաղաղութիւն է, ինչքա՞ն կեանք կրնայ ունենալ՝ մարդ չի գիտեր… Կը մնայ ժամանակը փաստէ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդը
փորձանքի մէջ ձգել հեշտ բան է, բայց անմեղ մարդուն վրայ յանցանք բարդելն ալ դժուար չէ:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան