ՎԱԽ, ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԿԵԱՆՔ
«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի». (ՂՈՒԿ. Ը 50)։
Կեանքի մէջ կան պատահարներ՝ հիւանդութիւն, ձախողութիւն, դժբախտութիւն, ընտանիքի քայքայում եւ ամէն տեսակ նեղութիւն եւ ասոնք պատճառ կ՚ըլլան յուսալքմա՛ն։ Կան պահեր՝ երբ մարդ իր հարցումներուն պատասխան մը չի կրնար գտնել։ Ահաւասիկ, այս պահերուն է, որ մարդկային կեանքին երեք հանգրուանը ի յայտ կու գայ։
Վախ, հաւատք եւ կեանք։
Մարդ երբ կը տեսնէ, թէ իր կարողութիւնը անզօր կը մնայ, կը դիմէ Աստուծոյ։ Կարողութեան անզօր մնալը վախի պատճառ կ՚ըլլայ, վախը, այս իմաստով մարդկային է եւ բնական։ Վախը կ՚անդրադարձնէ մարդ՝ տեսնելու իր տկարութիւնը եւ անզօրութիւնը։ Վախը մարդը կ՚առաջնորդէ դիմելու Աստուծոյ խնամութեան։ Հաւատքը կ՚արթնցնէ մարդուն մէջ։ Եւ սա իրողութիւն մըն է, թէ կասկածամիտ մարդը կը վախնայ։ Վախու մէջ երբ մարդ Քրիստոսի ներկայութիւնը ընդունի եւ Անոր ապաւինի՝ կը յանձնուի Անոր եւ իսկո՛յն կը փարատի վախը։ Հաւատքը անհրաժե՛շտ է վախը փարատելու համար։ Յիսուսի մխիթարիչ ձայնը կու գայ եւ կը լսուի հաստատ հաւատով։
Հաւատքը ուժ մըն է՝ մղիչ ուժ մը՝ մարդուս մէջ։ Հաւատքը հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ՚ենթադրէ եւ կը ներշնչէ։
Հաւատքով աղօթել, ո՛չ միայն մարդ իրեն համար, այլ շուրջիններուն համար, քանի որ հաւատքը գործի եթէ վերածուի, իմաստ մը կ՚ունենայ, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, առանց գործի հաւատքը մեռած հաւատք է։
Ուստի, պէտք է հաւատքը ամուր պահել կեանքը տեւականացնելու համար։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Միայն հաւատա՛»։
Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է։ Երբ դժուարութիւններ պատահին, կեանքը կը վերածուի պայքարի մը։ Եւ այս պայքարը կարելի է յաղթահարել ջերմեռանդ աղօթքով։ Ուստի, Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, եւ հաւատաք որ պիտի ստանաք, պիտի կատարուի ձեր խնդրածը». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-25)։
Մարդ ընտրութեան մը մէջ կ՚ապրի. կեա՞նք թէ մահ։ Այս պատճառով պէտք է ամուր եւ հաստատ պահել հաւատքը։ Որպէսզի յաղթահարուի կեանքի փորձութիւնները՝ պէտք է յանձնուի Քրիստոսի, որովհետեւ Ան կը մխիթարէ Իրեն դիմողները եւ կը մխիթարէ զանոնք։
«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն… հողին փոշին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած». (ԺՈՂ. ԺԲ 1-7)։
Երկրային կեանքը՝ ծնունդի եւ մահուան միջեւ մարդուն ապրած ժամանակամիջոցն է։ Եւ մահը աւարտն է երկրաւոր կեանքին։ Մարդուս կեանքերը սահմանաւորուած են ժամանակի չափով՝ որու ընթացքին մարդ փոփոխութիւն կը կրէ, կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վերջաւորութիւնը կեանքին։
Մահուան այս բնոյթը վախ, անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մարդու կեանքին մէջ։ Մարդուն մահկանացու ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելու, թէ միայն սահմանափակ ժամանակ մը ունի մարդ իրագործելու իր կեանքը։ Մահուան քրիսոնեայ տեսանկարը առանձնաշնորհեալ կերպով պատկերացուցուած է Եկեղեցւոյ ծիսակատարումին մէջ։ Բոլոր Աստուծոյ հաւատացողներուն կեանքը ո՛չ թէ կը փճանայ, այլ կը կերպարանափոխուի։ Իսկ անոնց կեցութիւնը երկրի վրայ երբ վերջ գտնէ, անոնք արդէն յաւերժական բնակարան մը ունին երկինքի մէջ։
Ուստի, Յիսուսի տուած կեանքը միայն երկրաւոր ժամանակաւոր կեանքը չէ՛, այլ երկնային յաւիտենական կեանքը՝ որ կու գայ փրկութեամբ։ Ուստի, թողունք վախը, հաւատանք եւ կեանք ստանանք։
Արդարեւ, Յիսուս «Ապրող» անձն է՝ որ կարող է ըսել. «Ես մեռայ եւ ահաւասիկ կենդանի՛ եմ դարէ դար». (ՅԱՅՏ. Ա 18)։
Հաւատա՛նք եւ կենդանի մնանք Յիսուսի հրաշալի՜ տիպարով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ