ԻՍԿԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

-Վազքի սկիզբէն մինչեւ աւարտը գրեթէ առաջինն էի եւ երբ մօտեցած էի աւարտին, յանկարծ ինկայ…: Պահ մը ամբողջ աշխարհը սեւցաւ աչքերուս առջեւ: Կ՚ուզէի կանգնիլ, բայց առաջնութիւնը կորսնցնելու մտահոգութենէն, չէի կրնար կեդրոնանալ: 

-Յետոյ ի՞նչ եղաւ պարոն, ինչպէ՞ս առաջին ելաք, երբ ինկած էք ու չէիք կրցած ոտքի կանգնիլ: Սերոբն էր: 

-Այդ իրար անցած վիճակիս մէջ, յանկարծ զգացի, թէ մէկը ձեռքէս բռնեց եւ օգնեց, որպէսզի կանգնիմ, ու թէեւ ոտքս սկսած էր ցաւիլ, սակայն ան, որ օգնեց ինծի կանգնիլ, օգնեց, որպէսզի աւարտի գիծին հասնիմ ու առաջինը ես անցնիմ ժապաւէնէն: 

-Հետաքրքրական է: Ո՞վ էր, որ օգնած էր ձեզի, գիտցա՞ք: Արամն էր: 

-Այո՛, գիտցայ: Անմիջական մրցակիցս էր… 

-Ինչպէ՞ս թէ, փոխանակ ինք առաջ անցնելու եկած ու օգնած էր ձեզի՞: Մկրտիչն էր: 

-Այո՛, Մկրտիչ, փոխանակ անցնելու եւ առաջին տեղը գրաւելու, նախընտրած էր օգնել ինծի: 

-Բայց ինչպէ՞ս կրնայ այդպիսի բան պատահիլ, պարո՛ն: Արամն էր: 

-Երբ հարցուցի անոր պատճառը, այսպէս պատասխանեց. «Կեանքի ընթացքին դիմացինիդ սայթաքումին կամ տկարութեան պատճառով յաղթանակի հասնիլը չարաչար պարտութենէն աւելի դժուար է: Ես ինչպէ՞ս կրնայի անցնիլ քեզի առանց օգնելու, երբ ամբողջ մրցումի ընթացքին բացարձակ առաջատարն էիր, իրողութիւն մը, որ կը փաստէ, թէ դուն լաւապէս պատրաստուած էիր այս մրցումին: Յետոյ, մեծ հայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ կեանքի մէջ մեծ յաղթանակները երբեմն մրցակիցիդ օգնելով կ՚ունենաս»:

-Հետաքրքրական մրցակից եղած է այդ մարդը: Ի՞նչ էր անունը: Արամն էր, դարձեալ: 

-Դաւիթ: 

Երեք ընկերները Դաւիթ անունը լսելով շուարեցան եւ իրարու նայեցան: 

Պարոն Մհեր նկատելով անոնց իրարանցումը, հանդարտ ձայնով մը հարցուց. 

-Ի՞նչ պատահեցաւ տղաք:

Տղաքը լուռ էին: 

Երկրորդ անգամ հարցնելէ ետք, Մկրտիչ սկսաւ խօսիլ. 

-Դաւիթ անունը երբ լսեցի, վստահ եմ նաեւ Արամն ու Սերոբը, միտքս եկաւ մեր դասարանի նորեկ Դաւիթը… 

-Ի՞նչ ունի Դաւիթը, խելացի, ուշիմ եւ աշխատասէր տղայ մըն է: 

-Այո՛, պարոն, այդպիսին է, բայց… Արամն էր: 

-Բայց ի՞նչ Արամ: 

-Բայց մենք անոր հանդէպ չարացած ենք: Իր մեր դպրոց գալուն առաջին օրէն միշտ խնդացած ենք վրան, ծաղրած ենք զինք, նոյնիսկ երբ անցեալները դպրոցէն դուրս եկած պահուն ինկած էր…: 

-Ինչո՞ւ այդպէս վարուած էք Դաւիթին հետ, ձեզ նեղացուցած կամ սխալ բան մը ըրա՞ծ է: 

-Ո՛չ, պարոն Մհեր, ո՛չ, ընդհակառակը, ձայն անգամ չէ հանած, ո՛չ ալ հակառակած է, այլ միշտ ժպտացած: Մկրտիչն էր: Աւելին, այս վերջին մէկ շաբաթը նկատելով, թէ Սերոբը այլեւս նոյնը չէր, սկսած էինք նաեւ Սերոբը վիրաւորել: 

Սերոբ, որ մինչ այդ լուռ էր, սկսաւ խօսիլ. 

-Տղա՛ք, ես չեմ վիրաւորուած ձեզմէ, պարզապէս ամբողջ այս ընթացքին ներսս բան մը կը նեղէր զիս: Քիչ առաջուան մեր խօսակցութենէն ետք երբ այստեղ նստած էի ու պարոն Մհերը մօտեցաւ ինծի, պատմեցի անոր զգացածներուս մասին: Հիմա զարմացած եմ պարոնին մրցակից Դաւիթի պահուածքին եւ կը մտածեմ, թէ մենք ի՛նչ ըրած ենք մեր դասարանցի Դաւիթին հետ: Փոխանակ օգնելու իրեն, որ շուտ համակերպի նոր դպրոցին, նոր մթնոլորտին, մենք միայն վիրաւորած ենք զինք: 

Պարոն Մհեր ուրախ էր լսելով տղոց այս խօսքերը, որովհետեւ արդէն կը նկատէր, թէ հասկցած էին իրենց սխալ վարուելակերպը: Ան ըսաւ. 

-Տղաքս, շատ մի՛ մտահոգուիք, որովհետեւ երբեմն սխալներու գիտակցիլն ու զանոնք անկեղծօրէն սրբագրելը կրնան նոր եւ աւելի ամուր ընկերութիւններու սկիզբը դառնալ: 

Մկրտիչը, Արամն ու Սերոբը հեռանալէ ետք պարոն Մհերէն, մօտեցան Դաւիթին ու սկսան խօսիլ անոր հետ՝ ներողութիւն խնդրելով անկէ: Անոնց ընկերութեան հիմքը դրուած էր՝ Դաւիթին ժպիտով տուած պատասխանով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026