ԱՊՈՒ ԱԼԱՅԻՆ ՀԵՏ՝ ԻՐ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեր բարեկամը՝ տքթ. Թահա Հիւսէյին1, իր այս գիրքին նպատակը բացատրելով՝ կ՚ըսէ. «Պիտի ըսես. եթէ այսպէս շարունակես, մեզի պիտի չներկայացնես ո՛չ գիտական ուսումնասիրութեան, ո՛չ ալ գրական քննադատութեան գիրք մը, այլ պարզապէս բարեկամի մը մասին պիտի խօսիս։ Ասիկա ճիշդ է։ Ես քեզի չեմ ներկայացներ Ապու Ալայի2 մասին գիտական ուսումնասիրութիւն մը, ո՛չ ալ անոր գրականութեան քննադատական վերլուծումը։ Թերեւս այդ նիւթերուն մասին արդէն ներկայացուցած եմ բաւարար չափով։ Այժմ քեզի կը պատմեմ բարեկամի մը մասին, որմէ ո՛չ օգուտ կարելի է ակնկալել, ո՛չ ալ վնաս։ Անոր մասին խօսողը կ՚առաջնորդուի միայն սիրով մը, որ զերծ է շահախնդրութենէ, վախէ, անձնական ակնկալութիւններէ եւ մտահոգութիւններէ։ Կը կարծե՞ս, թէ այսպիսի զրոյց մը քեզի հաճելի պիտի չըլլայ։ Չե՞ս յոգնած այն բազմաթիւ զրոյցներէն, որոնք լեցուն են գիտական ուսումնասիրութիւններով ու գրական քննադատութիւններով եւ որոնք կը գրուին բարեկամներուն հաճութիւնը շահելու կամ անոնց դժգոհութենէն խուսափելու համար…»։

* 

Տքթ. Հիւսէյին իր նպատակադրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն յստակօրէն բացատրելու մէջ յաջողած է։ Անոր գիրքը մարդու մը զրոյցն է իր սիրած անձին մասին՝ սիրողներուն ուղղուած։ Ինծի կը յիշեցնէ հայրերու պատմած զրոյցները իրենց սիրելի զաւակներուն մասին. թէ ինչպէ՛ս կը խնդան ու կու լան, ինչպէ՛ս կը քալեն իրենց առաջին քայլերով եւ ինչպէ՛ս կը սայթաքին։ Լսողը հաճոյքով կ՚ունկնդրէ այս պատմութիւններուն, եթէ ինք եւս հետաքրքրուած է այդ զաւակներով։ Իսկ եթէ այդ հետաքրքրութիւնը չունի, զրոյցը ուրիշ ուղղութեամբ կը տանի։ Ան իրաւունք չունի զրուցողը մեղադրելու, ճիշդ ինչպէս ընթերցողը, որ ճարտարապետական ուսումնասիրութիւն մը կը փնտռէ, իրաւունք չունի մեղադրելու այն հեղինակները, որոնք ճարտարապետներու ոճով չեն գրեր։

Ես ալ Ապու Ալան սիրողներէն եմ։ Երիտասարդութեանս առաջին տարիներուն երկարօրէն կարդացած եմ զայն։ Կը կարծեմ, թէ գրականութեամբ զբաղող երիտասարդներէն ո՛չ ոք չէ անցած այն շրջանը, երբ իր պատանեկան երազները կը բախին կեանքի դժուարութիւններուն եւ օրերու փորձութիւններուն։ Այդ շրջանին յոռետեսութիւնը մեզի հրապուրիչ կը թուի, իսկ կեանքը քննադատողները՝ հիացում կը ներշնչեն։ Ապա կ՚ազատինք այդ շրջանակէն, սակայն, երբեմն կարօտով կը վերադառնանք այդ տարիներուն՝ զանոնք կապելով երիտասարդութեան եւ երազներու յիշատակներուն։ Անոնց կը նայինք այնպէս, ինչպէս տոկուն մարդը կը գորովի իր մանկութեան լացերուն հանդէպ, թէեւ այդ արցունքները այնքան ալ արժանի չէին այդքան սուգի։

Օրերուն անցնելովը աւելի կը համոզուիմ, թէ կեանքը ատելը աւելի դիւրին է, քան զայն սիրելը։ Կեանքի ցաւերը զգալու եւ ըմբռնելու մեր հոգեկան միջոցները շատ աւելի տարածուած են, աւելի սովորական եւ աւելի մատչելի, քան այն միջոցները, որոնցմով կը զգանք կեանքի բարձրագոյն ուրախութիւններն ու մեծագոյն գեղեցկութիւնները։ Կարծիքովս՝ ուրախութիւնը աւելի խորունկ է, քան տրտմութիւնը եւ ասոր մէջ կասկած չկայ։ Տրտմութիւնը կարողութիւն մը չէ, այլ կարողութեան մը առջեւ տեղի տալն է։ Իսկ ուրախութիւնը կարողութիւնն է եւ յաղթանակը։ 

Տքթ. Հիւսէյին, իր բարեկամին հանդէպ տածած մեծ սիրոյն պատճառով, ինքզինք կը մեղադրէ անոր նկատմամբ կողմնակալ ըլլալու համար եւ կ՚ըսէ. «Ըսէ՛, թէ ես Ապու Ալան կը նախընտրեմ, անոր հանդէպ կողմնակալ եմ եւ անոր մէջ կը հանդուրժեմ բաներ, զորս ուրիշներու մէջ պիտի չընդունէի։ Թերեւս սխալ չես ըլլար եւ հեռու ալ չես ըլլար ճշմարտութենէն։ Կը կարծեմ, թէ այս մասին քեզ նախապէս զգուշացուցի, երբ բազմիցս ըսի, որ գիտական ուսումնասիրութեան կամ գրական քննադատութեան գիրք մը չեմ գրեր, այլ կ՚արձանգրեմ այն խորհրդածութիւնները, զորս ներշնչած է զիս Ապու Ալայի հետ իր բանտին մէջ որոշ ժամանակ մը անցուցած ընկերութիւնը»։ 

Զարմանալի զուգադիպութեամբ՝ ես ալ Ապու Ալայի հանդէպ գրեթէ նոյնպիսի վերաբերմունք ունեցած եմ, սակայն, զայն կողմնակալութիւն չեմ կոչած, այլ՝ խօսքերը խօսողներուն համեմատ գնահատելու ողջամիտ արդարութիւն։ Ես քննադատած եմ անոնք, որոնք մեզի կը թելադրեն նայիլ ըսուածին եւ ո՛չ թէ ըսողին։ Երեսուն տարի առաջ, իմ հաւաքած յուշագրութիւններուս՝ «Օրուան ամփոփում» խորագրով մատեանին մէջ գրած էի, թէ այս սկզբունքը չի՛ կրնար ամէն պարագայի անխտիր կիրարկուիլ։ Խօսքին իմաստը կը փոխուի՝ կախեալ անկէ, թէ ո՛վ կ՚արտասանէ զայն։

Օրինակ, երբ Մաարի կը գրէ. «Կեանքը ամբողջութեամբ տառապանք է. եւ զիս կը զարմացնէ միայն ան՝ որ տակաւին աւելին կը ցանկայ»։

Այս խօսքէն կը քաղենք այնպիսի իմաստ մը, որ չենք քաղեր հասարակ մարդոցմէ ամէն օր լսած կեանքի դժգոհութիւններէն եւ անկէ ազատելու փափաքներէն։ Որովհետեւ կը վստահինք, թէ Մաարին կեանքի էական երեւոյթները ապրած ու ուսումնասիրած է, քննելով այն բոլոր հարցերը, որոնք կեանքը կը դարձնեն քաղցր կամ դառն, դժուար կամ բարեկեցիկ։ Մինչդեռ, հասարակ մարդիկ անոնցմէ միայն այնպիսի երեւոյթներ ճանչցած են, որոնք բաւարար չեն կեանքի էութիւնը դատելու համար։

Հետեւաբար, երկուքս ալ կը լսենք Մաարիին խօսքը եւ կը հիանանք անով, մինչդեռ, նոյն խօսքը ուրիշի մը բերնէն լսելով՝ նոյն հիացումը չենք զգար։ Սակայն մեր բարեկամ տքթ. Հիւսէյին այս վերաբերմունքը կը կոչէ կողմնակալութիւն եւ բարեկամական զիջում։ Ես, ընդհակառակն, կը հետեւիմ սովորական սկզբունքիս՝փաստն ու զգացումը իրարու հետ հաշտեցնելու։ Երբեք չեմ լքեր զգացումը, մինչեւ որ միտքս համոզեմ, թէ ան արժանի է իր հաւանութեան։ Այսպէս, միտքն ու զգացումը կ՚ապրին իրարու հետ ներդաշնակութեան մէջ եւ ես կը խուսափիմ անոնց միջեւ ծագող հակասութիւններէն ու բախումներէն։

Կայ նաեւ ուրիշ հարց մը, որուն մէջ իմ բարեկամութիւնս Ապու Ալայի հետ կը տարբերի տքթ. Հիւսէյինին ունեցած բարեկամութենէն։ Չեմ յիշեր, որ երբեւէ ատած ըլլամ մէկը, որ Ապու Ալան կը սիրէր կամ սիրած ըլլամ մէկը, որու նկատմամբ ան հակակրանք ունէր։ Մինչդեռ, տքթ. Հիւսէյին գիտէ, թէ իր բարեկամը՝ Ապու Ալան, ինչպիսի սէր ու յարգանք ունէր Ապուլ Թայէպ ալ-Մութանապպիի3 հանդէպ։ Սակայն ինք կ՚ըսէ. «Ես կը գնահատեմ Ալ-Մութանապպիի արուեստը եւ անոր գործերէն ոմանց հանդէպ անսահման հիացում կը տածեմ։ Ուրիշներուն հանդէպ հիացումս աւելի համեստ է, եթէ կարելի է հիացումը համեստ ըլլայ, իսկ մնացեալ գործերը բուռն հակակրանք կը պատճառեն ինծի։ Ալ-Մութանապպիի կեանքը իմ մէջս ո՛չ կարեկցանք կը յառաջացնէ, ո՛չ ալ խղճահարութիւն։ Ան պարզապէս մէկն էր, որ ձգտեցաւ այնպիսի բանի մը, որուն համար ստեղծուած չէր եւ ձեռնարկեց այնպիսի արկածախնդրութիւններու, որոնցմէ պէտք էր խուսափէր։ Արդիւնքը եղաւ այն, ինչ որ կը պատահի նման արկածախնդիրներուն»։

Կը հարցնեմ՝ ի՞նչ պիտի ըսէր Մաարին, եթէ տքթ. Հիւսէյինէն լսէր այս խօսքերը։ Կը վախնամ, որ երկու բարեկամներուն միջեւ վէճ մը ծագէր։ Սակայն չեմ վախնար, որ ծերունին դադրի հիանալէ Մութանապպիի այն բանաստեղծութեամբ, որուն սկիզբն է. «Քեզի համար, ո՛վ բնակավայրեր, սիրտերուն մէջ բնակավայրեր կան. դուք ամայացաք, բայց անոնք ձեզմով լեցուն մնացին»։ Որովհետեւ ծերունին գիտէ, թէ տքթ. Հիւսէյին Մութանապպին չ՚ատեր այնպէս՝ ինչպէս նուազ արժանին իրմէ աւելի արժանին կ՚ատէ, այլ՝ անոր համար միջնորդ կը գտնէ անոր բարի մտադրութիւնն ու անկեղծ հաւատարմութիւնը։

Իրապէս, կը զարմանամ, թէ ինչո՛ւ տքթ. Հիւսէյին այսպիսի հակակրանք կը տածէ մեր մեծ արաբ բանաստեղծին հանդէպ։ Ես ալ անոր բոլոր բանաստեղծութիւններուն կամ բոլոր գործերուն հիացողներէն չեմ։ Սակայն կը կշռեմ այն հարստութիւնը, զոր ան աւելցուցած է արաբական գրականութեան գանձարանին եւ այն վնասները, զորս պատճառած է կեանքին՝ իր վատ արարքներով ու նկարագրով։ Եւ կը տեսնեմ, որ Մութանապպիի վատ նկարագրով կեանքը չէ ապականած, մինչդեռ անոր բանաստեղծութեամբ գրականութիւնը հարստացած է։ Աստուծոյ ստեղծած ամենէն աննշան մարդիկը նոյնիսկ կրնան Մութանապպիին սխալներէն շատ աւելի մեծ սխալներ գործած ըլլալ եւ աշխարհը տակաւին հանդուրժած է անոնց։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնայ աշխարհը հանդուրժել այդ աննշաններուն, բայց չհանդուրժել այն մարդուն, որուն բարի գործերը հազարապատիկ աւելի արժէք ունին, քան իր մեղքերը։ Եթէ այդպէս կշռենք, շահողը մենք պիտի ըլլանք։ 

Այստեղ եւս կը վերադառնամ զգացումին ու փաստարկին։ Կը կարծեմ, թէ ես տքթ. Հիւսէյինէն աւելի մօտ եմ Մաարիին հետ բարեկամական ներդաշնակութեան եւ արդար գնահատումի տեսակէտէ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1Թահա Հիւսէյին (1889-1973). եգիպտացի գրող, գրականագէտ, քննադատ եւ մտաւորական, որու տրուած է «Արաբական գրականութեան վարպետ» տիտղոսը։ Մանկութեան տարիներուն կորսնցուցած է տեսողութիւնը։ Ուսանած է Գահիրէի Ալ-Ազհարի եւ Եգիպտոսի համալսարաններուն մէջ, ապա՝ Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն ներս։ Եղած է Աղեքսանդրիոյ համալսարանի տնօրէնը եւ Եգիպտոսի կրթութեան նախարար (1950-1952)։ Իր հարուստ գրական ժառանգութեան նշանաւոր գործերէն են «Օրերը» ինքնակենսագրական երկը եւ Ապուլ Ալա ալ-Մաարիի մասին իր ուսումնասիրութիւնները։

2Ապուլ Ալա ալ-Մաարի (973-1057). արաբ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ գրող: Ծնած Սուրիոյ Մաարաթ ալ-Նուման քաղաքին մէջ։ Մանկութեան տարիներուն կորսնցուցած է տեսողութիւնը, սակայն դարձած է արաբական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկը։ Իր գործերուն մէջ անդրադարձած է մարդկային կեանքին, բարոյականութեան, կրօնին եւ փիլիսոփայական հարցերուն։

3Ապուլ Թայէպ ալ-Մութանապպի (915-965). արաբ նշանաւոր բանաստեղծ: Ծնած է Իրաքի Քուֆա քաղաքը։ Ան կը նկատուի արաբական դասական գրականութեան մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը՝ իր փիլիսոփայական խորիմաստութեամբ, լեզուական վարպետութեամբ եւ հայրենասիրական ու հերոսական քերթուածներով։ Իր ստեղծագործութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն արաբ գրականութեան պատմութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026