ԿԵԱՆՔԷՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐԸ

Կեանքը թանկագին է, քանի որ անոր աղբիւրը Աստուած Ի՛նքն է. (ՆԷԵՄ. Թ 6), (ՅՈԲ. ԼԳ 4)։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր կեանքը իր արժէքը չէ կորսնցուցած։ Մարդիկ միշտ ուզած են խուսափիլ մահէն, եւ նոյնիսկ հաւատացեալներ, (Դ ԹԱԳ. Ի 1-3)։ Ծեր մարդու մը իսկ եթէ մահուան մասին խօսուի, դող կը պատէ անոր սիրտը։ Մարդիկ իրենց առողջութեան համար շռայլօրէն կը ծախսեն, իսկ պահանջուած գումարին չգոյութեան պարագային կը յօժարին իրենց ամբողջ ունեցածը ծախել՝ քիչ մը աւելի երկար կեանք մը ապահովելու եւ վայելելու համար…

Կը պատմուի, թէ անապատին մէջ ճամբորդ մը իր ուղղութիւնը կորսնցնելով կը մոլորի։ Աջ ու ձախ կը թափառի շիտակ ճամբան գտնելու յոյսով, սակայն ի զուր։

Օրերը կ՚անցնին, պաշարն ալ կը հատնի։ Անօթութիւնը եւ ծարաւը կը տանջեն զինք։ Յանկարծ, հեռուն կը նշմարէ տուփ մը։ Ուտելու բան մը գտնելու յոյսով իր ուժերը ի մի կը հաւաքէ եւ կը հասնի հոն։ Տուփը կը բանայ եւ ի՞նչ կը տեսնէ… Ոսկեղէններու, ադամանդներու ճոխ հաւաքածոյ մը։ Խեղճ մարդը ձեռքերը ծունկերուն զարնելով կը սկսի լալ, եւ կը հառաչէ. «Երանի՜ թէ պատառ մը չոր հաց գտած ըլլայի այս բոլորին փոխարէն, գոնէ օր մը եւս կ՚ապրէի»։

Կեանքը անուշ է, սակայն ինչո՞ւ համար աշխարհի վրայ մարդիկ անձնասպան կ՚ըլլան։

Պատճառը ա՛յն է, որ անոնք իրենց փնտռած երջանկութեան եւ հոգեկան ներքին խաղաղութեան չեն կրցած տիրանալ, ուստի նախընտրած են մեռնիլ, քան թէ կեանքը բոլորել տրտմութեան մէջ։ Արդարեւ, աշխարհ եւ անոր վայելքները չեն կրնար մարդս երջանկացնել, այլ միայն ցաւ, վիշտ, տառապանք եւ տրտմութիւն կը պատճառեն։ Ասոր համար Աստուծոյ Խօսքը կ՚ըսէ. «Աշխարհի տրտմութիւնը մահ կը գործէ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Է 11)։ Դաւիթի նման մեծ թագաւոր մը նիւթական կամ հաճոյքի պակասը ունէ՞ր, երբ իր անձին համար կը վկայէր ըսելով. «Ամէն օր տրտում կը պտտիմ». (ՍԱՂՄ. ԼԸ 6)։

Մարդուն սրտին մէջ գտնուող մեղքը իրեն թոյլ չի տար, որ ուրախ ըլլայ։ Մինչեւ այն ատեն, որ մեղաւորը Տէր Յիսուս Քրիստոսի արիւնով չէ սրբուած իր մեղքերէն, կը մնայ տխուր եւ ապերջանիկ, զրկուած ըլլալով հոգեկան ներքին խաղաղութենէ եւ ուրախութենէ։

Հետեւեալը, որ կը պատմուի, իրական դէպք մըն է, որ բացայայտօրէն ցոյց կու տայ վերոյիշեալ ճշմարտութիւնը։

Քսանութ տարեկան երիտասարդ մը, որ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր, ստացած էր բարձր ուսում, վայելած էր կեանքի բոլոր մեղսալից հաճոյքները եւ կը ջանար անոնց միջոցաւ երջանիկ ըլլալ։ Սակայն, երջանկութիւնը խոյս կու տար իրմէ եւ միշտ խռոված վիճակ ունէր։ Այս երիտասարդը երջանկութիւնը եւ սրտի ներքին խաղաղութիւնը կ՚որոնէր ամէն տեղ, սակայն, չէր ուզեր փնտռել եւ գտնել զայն Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին մէջ։ Շատ անգամ լսած էր Աստուծոյ Խօսքը, բայց չէր ընդուներ Յիսուս Քրիստոսի քաղցր հրաւէրը, որ կ՚ըսէ. «Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 29) եւ «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27)։

Եւ օր մը այս երիտասարդը նամակ մը գրեց իրեն ծանօթ քահանային, ըսելով. «… Ես մինչեւ այսօր ճոխութիւններու, ուսման, հաճոյքներու եւ այլեւայլ վայելքներու մէջ փնտռած եմ հոգեկան ներքին ուրախութիւն, երջանկութիւն, բայց որեւէ տեղ չեմ գտած զանոնք։ Այսօր կը զգամ, թէ սրտիս մէջ դատարկութիւն մը կայ եւ շարունակ խռովքի մէջ եմ։ Ցարդ չեմ կրցած երջանիկ ըլլալ եւ կը տառապիմ անոր համար։ Ի՞նչ ընեմ…»։

Քահանան նամակը կարդալէ ետք անմիջապէս կը գրէ հետեւեալ պատասխանը. «… Քու սրտիդ դատարկութիւնը կրնաս լեցնել՝ ուրախութիւն ունենալ միա՛յն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ընդունէ՛ զԱյն քու սրտիդ մէջ։ Ան միայն կրնայ քեզ փրկել քու ապերջանիկ վիճակէդ եւ մեղքերէդ, եւ տալ հոգիիդ ներքին խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն…»։

Սակայն երիտասարդը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ իր սիրտը կարծրացուց, չընդունեց քահանային միջոցաւ իրեն եկող Քրիստոսի քաղցր հրաւէրը։ Ան կամակորութեամբ ջանաց այլ վայրերու մէջ փնտռել ներքին խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը։

Երեք օր ետք երիտասարդին հայրը հեռախօսով կ՚իմացնէր եկեղեցւոյ հովիւին, իր զաւկին եղերական մահը։

Հովիւը մեռեալին տունը հասնելով ինքզինք գտաւ ողբալի տեսարանի մը առջեւ։ Բոլոր ներկաները դառնապէս կու լային, կ՚ողբային երիտասարդին կսկծալի մահուան վրայ։ Հայրը լալով ըսաւ հովիւին. «Զաւակս ջանաց սրտի ներքին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն գտնել աշխարհային ունայն հաճոյքներու, վայելքներու եւ նիւթական ճոխութիւններու մէջ՝ մերժելով Քրիստոսի խաղաղութեան հրաւէրը։ Ո՜վ… ան չարաչար սխալեցաւ։ Ուրախութեան եւ երջանկութեան փոխարէն խիստ տրտմութեամբ մը համակուեցաւ իր ընտրած ճամբուն մէջ։ Ի վերջոյ ծայրայեղ յուսահատութեան եւ յուսալքման մը մատնուելով անձնասպան եղաւ երէկ գիշեր»:

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շար. 1

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2026