ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Գատըգիւղի ընտանիքը հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, անոնց համար նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնին ընդառաջ, դպրոցէն ներս ալ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ արարողութիւն մը։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բիւր յարգանքով վերյիշեց կրթօճախի անմոռանալի հիմնադիրները։ Ուսուցչական կազմէն Առլէթ Ինճիտիւզէնն ալ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներուն կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի աշխատանքին շուրջ։ Արդարեւ, անոնք տիրական ազգային գործիչներ եղած էին իրենց ապրած ու գործած ժամանակաշրջանին։ Ունճեաններու գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած միայն Գատըգիւղի վարժարանի հիմնադրումով՝ քանի անոնց տեսլականը շատ աւելի լայն էր եւ համապատասխան քայլերով անմահ հարազատները երկարաժամկէտ ձեռքբերումներ ապահոված են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան, որ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներու շնորհիւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցին, Արմաշի դպրեվանքը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եւ այլ հաստատութիւններ այդ ժամանակաշրջանին ունեցած էին այնպիսի նպաստներ, որոնք տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ միշտ վերարժեւորուեցան եւ հասան մեր օրերուն։ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեանները ունէին ածուխի հանքեր, նաւեր եւ այդ բոլորով Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններէն ներս ազդու գործունէութիւն կը ծաւալէին։
Ձեռնարկի աւարտին Առլէթ Ինճիտիւզէնին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։