ՄԵՐ ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ՉԻՄՈՅԵԱՆԸ (Բ.)
Իններորդ դասարանը իմ եւ մեր բազմաթիւ ընկերներուն ամենազուարճալի դպրոցաշրջանն էր։ Երբ Հրաչը եւ շատեր չյաջողեցան «պրօվէ»ի սուրիական պետական քննութիւնները, ակամայ նոր իրականութիւն մը բացուեցաւ մեր առջեւ. տասներորդ դասարանը անհաճոյ ըլլալու կողքին, մեզ մաղեց ու բաժնեց «ուսում ստացողներու եւ չստացողներու խումբերու»: Ինչքան ալ արտադպրոցական մեր ընկերութիւններն ու յաճախած ակումբներն ու վայրերը մեզ միացնող էին, դպրոցը այլեւս բոլորինը չէր ու այդ մէկը երկկողմանի խղճի խայթ մը կու տար թէ՛ կարգ մը մնացողներուն եւ թէ կարգ մը դպրոցէն հեռացողներուն:
Հրաչին հետ կապս կամաց-կամաց տկարացաւ եւ ինք սկսաւ ուղղուիլ դէպի ուրիշ շրջանակներ եւ վաճառականութեան ու կեանքի ասպարէզի մէջ խորանալով՝ ան շատ փոխուեցաւ ու հեռացում մըն ալ ինքը յառաջացուց: Ընդհանուր առմամբ «ուսում ստացողներս» աւելի մեղմ ու այսպէս ըսած՝ թաւշացած կերպարներու վերածուեցանք մա՛նաւանդ՝ դպրոցէն հառացած մեր դասընկերներուն բաղդատմամբ: Ես անձնապէս կ՚ուզէի ջրել այդ վարկածը, զիս հերոսացումներով ներշնչելով՝ կը փորձէի դուրսի ներկայացուցիչը ըլլալ դպրոցին մէջ եւ յաճախ կը հրաւիրէի դուրսէն ալ ընկերներ դասապահերէն վերջ, որպէսզի մտնեն դպրոց ու այսպէս ըսած՝ մասնակից ըլլան դպրոցի կեանքին: Հրաչը չէր գար, քանի երբ չյաջողեցաւ «պրօվէ»ին՝ հաւանաբար այդ մէկը համարեց դպրոցի հանդէպ մեր դրական կամ բացասական ցասումին ու մեր իրագործած չարաճճութիւններուն պսակադրում, տեսակ մըն ալ ներելով մեզի, որ 9-րդ դասարանէն հինգ հոգի միայն անցանք 10-րդ դասարան, դժկամօրէն չպատկերացնելով, որ մենք կրնայինք 10-րդ դասարանն ալ միասին ըլլալ:
Աղջիկներուն պահն ալ խնդրական էր եւ իգական սեռի ամենօրեայ շփումի յանկարծակի անյայտացումը Հրաչին եւ միւս տղոց կեանքէն (մանաւանդ, որ Հրաչը աղջիկներուն հետ շատ լաւ էր ու բոլորին հետ շփման մէջ)՝ զիրենք դարձուց աւելի կոշտ ու թշնամական:
Կամաց-կամաց սառոյցներ յառաջացան ու արդէն պաքալօրէայէն յետոյ երբ ես Պէյրութ գացի ուսման, Հրաչին հետ մեր կապը գրեթէ խզուեցաւ: Մէկ-մէկ կը տեսնէի զինք Հալէպ, ան արդէն հանրածանօթ դէմք էր իր կատարած գործերուն շնորհիւ ու քաղաքով մէկ գիտէին իր առկածախնդիր կեանքին մասին: Ինչե՜ր կը պատմուէր իր մասին ու մեր մտքին մէջի կարօտն ու խանդավառութիւնը կը նուաղէր իրեն հանդէպ։ Ան ծայրայեղութիւններու մէջ էր՝ խմելու, մութ կապերու ու անկապ գործերու մէջ իյնալով: Անգամ մը ընկերներով նստած էինք ճաշարան մը Հալէպի մէջ, իսկ ան մեր քովի սեղանն էր ուրիշ տղոց հետ։ Երբ զիս տեսաւ, եկաւ եւ շատ ամուր ձեւով փաթթուեցաւ հետս եւ ետքը սկսաւ լալու ու բառացիօրէն գլուխը մօտիկ պատին զարնելու: Բռնեցինք զինք ու նստեցուցինք: Երկար խօսեցաւ անցած ճամբուն, ըրած գործերուն, ահռելի զղջումին ու ապագային ալ մասին: Շատ ցաւալի էր ու սրտաճմլիկ… Ես, Սամիկը, Արամը, Վիգէնն ու Եղիկը մեծ ցնցում ապրեցանք: Կը կրկնէր ըսելով.
-Ես մարդ չեմ ձեր առջեւ: Կը ներէք:
Ներելու խնդիր չկար, բայց ինք գիտէր, որ այլեւս չենք կրնար միանալ ու այդ մեծ ցաւ կը պատճառէր իրեն:
Օր մը փողկապ ու պաշտօնական հագուկապով եկաւ մայրիկին հետ, որ նոյնպէս պաշտօնական հագուած էր, մեր խանութին դիմացը ու իր ինքնաշարժին հնչակը սեղմելով կանչեց զիս: Մօրը ըսաւ.
-Նայէ ասոր, կը յիշե՞ս իրեն, ընկերս եղած էր, ասանկ ընկերներ ալ ունէի:
Մօրը կ՚ուզէր փաստել բան մը։ Ես ալ խոր յուզում ապրեցայ, տեղ մըն ալ թաքուն պարծանք մը, որ բան մը կը ներկայացնեմ Հրաչին արդէն իսկ խաւարացող կեանքին մէջ: Միւս կողմէ խղճալի էր ալ պահը, ես ըսի.
-Հրաչը միշտ ալ մեր լաւ ընկերն է, թանթիկ:
-Այո՛, ըսաւ մայրը։
Գիտէինք, որ մայրիկին ալ լաւ չէր նայեր եւ ահաւոր բաներ լսած էինք այդ նիւթին շուրջ:
Կրկին երկար ատեն չտեսայ զինք, հակառակ խոստացանք իրարու, որ անցեալին պէս պիտի մտերմանայինք, խորքին մէջ գիտնալով, որ անկարելի է այդ մէկը, ո՛չ թէ որովհետեւ մէկս կամ միւսը բարոյական տարբեր համադրութիւններ կը ներկայացնէինք կամ չափանիշացումներ կը փնտռէինք սխալի-ճիշդի մասին, այլ պարզ այն պատճառով, որ ճանապարհները արդէն շատ տարբեր էին:
Երբ մանուկ ես, որքան ալ չար ըլլայ աշխարհն ու ընկերներդ, ներուած է ամէն ինչ ո՛չ միայն քու կողմէ, այլ ընդհանուր այդ աշխարհը ստեղծողներուն կողմէ, ուր քու մանկական ընկալումիդ ալ մէջ կը բնութագրուի աշխարհի, մարդոց ու եղելիութիւններուն կատարելագործական հենքն ու արդարացուածութիւնը: Իսկ այդ արտօնութիւնը, որ «մանուկ-պատանի եւ ուստի աշխարհը քեզի համար կ՚աշխատի»՝ ինքնին եթերային է ու անկրկնելի եւ որքան ալ մեր բարոյագիտական ու ընկերային, անձնական, ազգային ու համամարդկային նուաճումերով (մեր հասունութեան մէջ) կը փորձենք վերադառնալ ու ապրեցնել նոյն մանկապատանեկան այդ անմեղութեան քաղումն ու արդար իւրացումը, սակայն չենք կրնար: Պարզ այն պատճառով, որ մանուկ-պատանի չենք, ուստի անաղարտ չենք:
Հրաչին հետ մեծցած էինք արդէն: Մի քանի տարի չէի տեսած զինք, քանի միշտ Հալէպ չէի։ Եւ օր մըն ալ առինք ցաւալի լուրը՝ Հրաչը մահացած էր։ Անոր մարմինը Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքն է ըսին։ Հրաչի մահուան մասին խօսուեցան շատ մը հաւանականութիւններ, սակայն, առեղծուածային մնաց այդ մէկը:
Գնաց Հրաչը, մեր մանկութեան ու պատանեկութեան իւրայատուկ դէմքերէն մէկը, որ դրոշմներ ձգեց բոլորիս վրայ շատ կամ քիչ… Գնաց իր մեծ խաղերով ու երգերով եւ իր տիեզերական տարփանքով, որ մարդկութեան ու կեանքին մշտապէս ուրիշ, յորդառատ ու խնդագին ապրուածութիւն կու տայ: Երբ մեր դասընկերուհին՝ Գարմէն Յովակիմեանը եկաւ Երեւան եւ մենք հանդիպեցանք երկար ընդմիջումէ վերջ, ուզեց, որ մեր կազմած «զբօսաշրջային խումբը» կոչենք «Չիմոզ Ֆրենտզ»: Եւ Զարեհ Սիւմպիւլեանին հետ մեր բոլոր կատարած գործերը «չիմոյանական» համարեցինք ու ուզեցինք վերապրիլ այդ ապրումները՝ մեր ընկալումներուն տալով «չիմոյանական» զարդարանք ու խինդ: Բոլորս ալ գիտէինք, թէ անոնք գերապրեցնող էին ու զուարճալի, տեսակ մը ներշնչացած ապրելաթէժացում էին, ուր Հրաչին առաքելութիւնը ներկայ էր ու մենք կ՚ըլլայինք նոյն այդ զուլալ չարաճճիները՝ ներուած ապագայով ու լուսաւորուած անցեալով:
Մարդու տեսակ կերտելն ու ըլլալը, այդ կերտումով ու կերտուածութեամբ հպարտանալը ու զայն ըմբոշխնելը առաքելութիւն կրնայ համարուիլ: Եւ այդ մէկը բոլորին չէ ընծայուած: Հրաչը անոնցմէ էր, որոնք կերպար էին ու կերպար կերտելու ի վերուստ ղրկուած կամ ալ ինքնակայացած: Խօսքը գերհամամարդկային փրկուածութեան ու ոգեղինացումներու տանող առաքելութեանց մասին չէ, այլ պարզ ապրելակերպի անսահման քաղցրացման, լուսաւոր պայթեցման, միասնաբար բաժնեկցման մասին, ուր բոլորս կը ձգտինք ու կը փնտռենք Հրաչին տեսքը, նկարագիրն ու հոգին:
Կարծեմ առանց առիթի ալ միշտ վառ է հրաչուն ու չիմոյանական Հրաչին հոգին ու յիշատակը մեզի համար։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան