«ԱՅԲ» ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԴԻՄԷ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Նի­ւեոր­քա­հա­յու­թեան ա­ռի­թը տրուե­ցաւ ներ­կայ գտնուե­լու եւ տա­րօ­րի­նակ ձեռ­նար­կի մը ա­կա­նա­տե­սը ըլ­լա­լու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու: Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի ֆրան­սա­կան «Ա­լիանս» կա­ճա­ռի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին հա­կիրճ կեր­պով ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան հրամ­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի «Այբ» կրթա­կան հիմ­նար­կին կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն  մա­սին զե­կու­ցում մը:

Նախ ը­սենք, որ այս հիմ­նար­կը պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը չէ, այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ութ տես­լա­պաշտ հա­յոր­դի­նե­րու, ո­րոնք մտա­հոգ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան մա­կար­դա­կէն ու աս­տի­ճա­նա­կան ան­կու­մէն, ծրագ­րած են բա­րե­լա­ւել կրթա­կան  հա­մա­կար­գը, հիմ­նե­լով բարձ­րո­րակ ու­սում­նա­րան­ներ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ, մտա­տի­պար ու­նե­նալվ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի ու Ա­մե­րի­կա­յի կրթա­կան ծրագ­րերն  ու դա­սա­ւան­դու­թեանց  յայ­տագ­րե­րը:  Ան­շուշտ յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է այս, ո­րուն յա­ջո­ղու­թեան հա­մար յանձ­նա­ռու կ՚ըլ­լան նուի­րեալ հա­յոր­դի­նե­րը:  Ութ յա­ջո­ղած դէմ­քեր են ա­նոնք՝ տնտե­սա­գի­տու­թեան ու այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, ո­րոնք աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն այդ ե­րե­կոյ հա­ւա­քուած էին հոն, նոյն սրա­հին մէջ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ներ­կա­յաց­նել հիմ­նար­կին ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­նե­րը եւ դի­մել ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան:

ՀԲԸՄ-ը յանձ­նա­ռու դառ­նա­լով այս կրթա­կան ծրագ­րին, ձեռք եր­կա­րած է ա­նոնց:  ՀԲԸՄ-ը՝ դեռ մին­չեւ քսա­նա­մեակ մը ա­ռաջ, հա­ւա­տա­լով իր հիմ­նա­դիր­նե­րու տես­լա­կա­նին եւ ա­պա միու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ նա­խա­գահ­նե­րու հայ դպրո­ցին նկատ­մամբ ու­նե­ցած խոր հա­ւատ­քին, ա­մէ­նու­րեք բարձ­րա­ցու­ցած էր իր վար­ժա­րան­նե­րը:  Ա­մէն ցա­մա­քա­մա­սի վրայ ՀԲԸՄ-ը բա­ցած էր կրթա­կան իր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:  Եւ, դժբախ­տա­բար, այ­սօր, նոր ձեւ եւ ո­րակ ստա­ցած սփիւռ­քի մէջ, միու­թիւ­նը մէկ առ մէկ սկսած է փա­կել զա­նոնք, սկսե­լով Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն:  Ու այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ մեր ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուն ու բար­քե­րը սկսած են կոր­սուիլ, երբ ար­դէն ա­ւան­դա­կան սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րը սկսած են ա­մա­յա­նալ ի­րենց հա­յու­թե­նէն ու տարտղ­նուիլ, երբ հա­մա­կար­գի­չը սկսած է ա­ւեր գոր­ծել ազ­գա­յին մեր ըմբռ­նում­նե­րուն հան­դէպ ու դեռ կազ­մուիլ սկսած են նոր հա­մայնք­ներ:  Եւ ի դէմ այս բո­լո­րին,  ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ մենք կը ջա­նանք փա­կել կրթա­կան մեր վար­ժա­րան­նե­րը, մա­նա­ւանդ ՀԲԸՄ-ի պա­րա­գա­յին, որ բա­րե­բախ­տա­բար տնտե­սա­պէս կը մնայ հայ կեան­քին մէջ միա՛կ հաս­տա­տուն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

Բայց զար­մա­նա­լի կը թուի երբ ՀԲԸՄ-ը զօ­րակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ հայ­րե­նի, այ­լա­պէս օգ­տա­կար, «Այբ» կրթա­կան հիմ­նար­կին:  Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը հաս­տա­տեց  Հայ Սփիւռ­քի մէջ մօտ 110 տա­րի­ներ ա­ռաջ, հաս­նե­լու որ­քա՛ն այդ օ­րե­րու սո­վա­հար հայ­րե­նի ազ­գաբ­նակ­չու­թեան, նոյն­քա՛ն ա­ռա­ւել գաղ­թա­հա­յու­թեան բիւր կա­րիք­նե­րուն:  Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու Կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­ռա­ւե­լա­բար հոգ տա­նիլ մեր հայ­րե­նի­քին կրթա­կան մա­կար­դա­կի բա­րե­լա­ւու­մին:  Խորհր­դա­յին օ­րե­րուն, հպար­տու­թեամբ կ՚ար­ձա­նագ­րէինք մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ու Բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն յա­րա­տեւ մա­կար­դա­կը, գրե­թէ ա­մէն բնա­գա­ւա­ռէ ներս:  Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեամբ զգա­լի ան­կում մը ար­ձա­նագ­րեց մեր կրթա­կան ո­լոր­տը:  Ու ա­սոր պա­տաս­խա­նա­տու են անց­նող քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն իշ­խա­նու­թեան ե­կած բո­լոր քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը:  Ու ա­սոր որ­պէս ար­դիւնք, հայ­րե­նա­սէր, կրթա­նուէր այս ափ մը ազ­գա­յին­նե­րը թե­լադ­րուած այդ տխուր պատ­կե­րէն ծնունդ կու տան «Այբ»ին:

Ու­րախ ենք տես­նե­լու, որ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի այ­սօ­րուան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ իր նա­խա­գա­հին՝ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նին, եր­կար ընդ­մի­ջու­մէ ետք, դար­ձեալ իր մտա­սե­ւե­ռու­մը սկսած է դարձ­նել կրթա­կան գոր­ծը, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ:  Մենք վստահ ենք, որ այդ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տա­րի­նե­րու դա­ւալ­քին հետ երբ դառ­նան ա­ւե­լի հա­սուն, պի­տի վե­րա­դառ­նան միու­թեան կրթա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու դար­ձեալ ի­րենց ծրագ­րե­րուն կեդ­րո­նա­ցու­մը պի­տի դարձ­նեն հայ դպրո­ցը, այս ան­գամ Սփիւռ­քի տա­րած­քին:  Ո­րով­հե­տեւ պի­տի գի­տակ­ցին, որ կա­րե­լի չէ ան­տէր թո­ղուլ հայ մա­նուկն ու պա­տա­նին, ո­րոնք շու­տով պի­տի դառ­նան վա­ղուան մեր նոր սե­րուն­դը:  Այս հե­ռան­կա­րով ալ միու­թեան ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ ու­նինք կրթա­նուէր, ազ­գա­յին հար­ցե­րով մտա­հոգ ե­րի­տա­սարդ յա­ջո­ղած սե­րունդ մը, ո­րոնց­մէ ո­մանք լա­ւա­պէս դաս­տիա­րա­կուած են ազ­գա­յին շուն­չով:

Ու այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն է ան­կաս­կած Սար­գիս Ճէ­պէ­ճեա­նը, որ կա­տա­րեց օ­րուան հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով կա­տա­րուած գոր­ծին նկատ­մամբ  «Այբ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն սքան­չե­լի գոր­ծը եւ կոչ ը­րաւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու ա­նոր ըն­դար­ձակ­ման գոր­ծին:

Հիմ­նար­կի Հո­գա­բար­ձու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ հան­դէս ե­կաւ Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Ա­րա­մեան, ո­րուն կրթա­կան ծրա­գիրն է, որ կը կի­րար­կուի այ­սօր Ե­րե­ւա­նի եւ Դի­լի­ջա­նի վար­ժա­րան­նե­րէն ներս:  Մին­չեւ 2019 թուա­կա­նի ա­ւար­տը նա­խա­տե­սուած է ու­նե­նալ տաս­նե­րեք նոր դպրոց­ներ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տա­րած­քին:  Ան տե­սալ­սո­ղա­կան իր ներ­կա­յա­ցու­մով հա­մո­զիչ կեր­պով տուաւ որ­քան կրթա­կան ծրա­գի­րը, նոյն­քա՛ն եւ ա­նոր ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան ու­սու­ցու­մը, ու­նե­նա­լու հա­մար հա­յա­շունչ նոր սե­րունդ մը ա­պա­գա­յի հա­մար:  Պատ­րաս­տուած նոր դէմ­քեր Սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ գոր­ծուղ­ղե­լու հե­տա­գայ ծրա­գի­րը եւս բա­նա­խօս Տէր Հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց, մա­նա­ւանդ երբ ար­դէն հա­յե­րէն լե­զուի ու­սուց­ման լուրջ խնդիր­ներ այ­սօր ակն­յայտ կեր­պով սկսած են ե­րե­ւան գալ գրե­թէ իւ­րա­քան­չիւր հայ հա­մայն­քէն ներս:

Խօսք ա­ռաւ նաեւ Ա­րամ Բաք­չա­նեան այլ ծրագ­րե­րու մա­սին, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սուին յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րու հա­մար:  Զգա­լի է այս ափ մը ազ­գա­յին­նե­րուն ու­նե­ցած լրջու­թիւ­նը այս գոր­ծին նկատ­մամբ:

Նշմա­րե­լի է, որ այս բո­լոր ա­պա­գա­յի յայ­տագ­րե­րուն հիմք կը կազ­մեն Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ա­մե­րի­կա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րու եւ գո­լէճ­նե­րու դա­սա­ւան­դու­թեանց  ծրագ­րե­րը:  Հա­յաս­տան մի՛շտ մնա­լով ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կան տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, երբ ա­րեւմ­տա­մէտ նոր սե­րունդ մը ծնունդ կ՚առ­նէ, ինչ­պէ՞ս Ռու­սաս­տան պի­տի դի­մա­ւո­րէ զա­նոնք:  Եւ կամ, երբ «Այբ»ի վար­ժա­րան­նե­րէն շրջա­նա­ւարտ­ներ ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ու­զեն շա­րու­նա­կել  Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ֆրան­սա­յի կամ Անգ­լիոյ մէջ, եւ ու­զեն վե­րա­դառ­նալ Հա­յաս­տան եւ չկա­րե­նան հա­մա­պա­տաս­խան  գործ ու­նե­նալ, եւ ո­րո­շեն մնալ Եւ­րո­պա կամ Ա­մե­րի­կա:  Ձե­ւով մը պատ­րաս­տած պի­տի ըլ­լանք ե­րի­տա­սարդ «ու­ղեղ»ներ օ­տա­րին հա­մար... եւ ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի չակն­կա­լենք, որ ա­նոնք օգ­տա­կար կրնան ըլ­լալ հա­յու­թեան, ա­նոնց­մէ քի­չեր՝ թե­րեւս:  Այս հար­ցե­րուն հա­մար պա­տաս­խան­ներ ո­րո­նե­լու են մեր սի­րե­լի ութ կրթա­նուէր գիտ­նա­կան ազ­գա­յին­նե­րը:

Սա­կայն, այս ամ­բողջ բարձ­րա­ձայն մտա­ծում­նե­րէն ան­դին, կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել այս ծրա­գի­րը:  Մաղ­թել ան­կոտ­րում հա­ւատք ի­րենց գոր­ծին նկատ­մամբ:

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015