«ԵՐԵՒԱՆ ԻՄ ՄԱՅՐՆ Է, ԻՍԿ ՓԱՐԻԶԸ՝ ՀԱՅՐԸ»

Յայտ­նի դե­րա­սան ու բե­մադ­րիչ Նա­րեկ Տու­րեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ զրոյ­ցի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րուն հետ։ Ծա­նօթ է, որ ան կ՚ապ­րի Ֆրան­սա­յի մէջ եւ շա­ռա­ւիղ­նե­րէն է հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­դի հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն հան­գու­ցեալ ե­րաժշ­տա­գէտ ու խմբա­վար Օ­հան Տու­րեա­նի։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Նա­րեկ Տու­րեան ը­սաւ.

«Ե­րե­ւա­նը իմ մայրն է, այս­տեղ ծնած եմ, քա­լել սոր­ված։ Իսկ Փա­րի­զը հայրս է՝ խիստ, ին­ծի սոր­վե­ցուց աշ­խա­տիլ, ըլ­լալ ճշդա­պահ։ Դժբախ­տա­բար ա­նոնք բաժ­նուած են։ Բայց ես որ­քան կը սի­րեմ մայրս, նոյն­քան ալ՝ հայրս»։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Նա­րեկ Տու­րեան նշած է, թէ ինք­զինք մո­լի հա­ւա­տա­ցեալ մը չի նկա­տեր, բայց եւ այն­պէս ան­հա­ւատ ալ չէ։ «Այ­սօ­րուան Ֆրան­սա­յի մէջ ին­ծի ֆան­թաս­թիք քրիս­տո­նեայ մը կը հա­մա­րեն, երբ մար­դիկ կը վախ­նան ը­սե­լու, որ քրիս­տո­նեայ են, ո­րով­հե­տեւ ի պա­տաս­խան կը մե­ղադ­րուին ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մէջ», յայտ­նեց Նա­րեկ Տու­րեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015